Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ Բ

Ջրհեղեղէն մինչեւ Եգիպտոսէ ազատագրումը

Ջրհեղեղէն մինչեւ Եգիպտոսէ ազատագրումը

Ջրհեղեղէն միայն ութը հոգի վերապրեցան, բայց ժամանակի ընթացքին, անոնք բազմացան եւ հազարաւորներու հասան։ Ջրհեղեղէն 352 տարի ետք, Աբրահամ ծնաւ։ Աստուած իր խոստումը պահեց Աբրահամի տալով որդի մը՝ Իսահակ անունով։ Յետոյ, Իսահակի երկու որդիներէն, Աստուած Յակոբը ընտրեց։

Յակոբ 12 որդիներ եւ քանի մը աղջիկներ ունեցաւ։ Յակոբի 10 զաւակները ատեցին իրենց կրտսեր եղբայրը՝ Յովսէփը եւ զայն Եգիպտոսի մէջ գերի ըլլալու ծախեցին։ Հետագային, Յովսէփ մեծ իշխան մը եղաւ Եգիպտոսի մէջ։ Երբ սաստիկ սով մը եղաւ, Յովսէփ փորձեց իր եղբայրները, տեսնելու համար թէ անոնք իրենց սրտի վիճակը փոխած են թէ ոչ։ Վերջապէս, Յակոբի ամբողջ ընտանիքը, Իսրայելացիները, Եգիպտոս փոխադրուեցան։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Աբրահամի ծնունդէն 290 տարի ետք։

Յաջորդ 215 տարիներու ընթացքին, Իսրայելացիները բնակեցան Եգիպտոսի մէջ։ Յովսէփի մահէն ետք, անոնք հոն գերիներ եղան։ Ատեն մը ետք, Մովսէս ծնաւ եւ Աստուած զինք գործածեց Իսրայելացիները Եգիպտոսէ ազատագրելու համար։ Այս ԵՐԿՐՈՐԴ Մասը ընդամէնը 857 տարուայ պատմութիւն մը կը ծածկէ։

 

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 11

Առաջին ծիածանը

Երբ ծիածան մը տեսնես, ի՞նչ պէտք է յիշես

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 12

Մարդիկ կը շինեն մեծ աշտարակ մը

Մարդոց այս արարքը Աստուած չհաճեցուց եւ իր տուած պատիժը տակաւին մինչեւ օրս մարդոց կ’ազդէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 13

Աբրահամ՝ Աստուծոյ բարեկամը

Աբրահամ ինչո՛ւ իր հանգստաւէտ տունը ձգեց եւ մնացեալ կեանքը վրանաբնակ դարձաւ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 14

Աստուած կը փորձէ Աբրահամի հաւատքը

Աստուած Աբրահամէն ինչո՞ւ խնդրեց որ Իսահակը զոհէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 15

Ղովտի կինը ետ կը նայի

Իր ըրածը մեզի արժէքաւոր դաս մը կը սորվեցնէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 16

Իսահակ լաւ կին մը կը գտնէ

Ռեբեկան լաւ կին մըն էր իր գեղեցկութեա՞ն պատճառով թէ ոչ ուրիշ բանի պատճառով։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 17

Իրարմէ տարբեր երկուորեակներ

Իրենց հայրը՝ Իսահակ Եսաւին աւելի կը սիրէր, բայց մայրը՝ Յակոբին։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 18

Յակոբ Խառան կ’երթայ

Յակոբ նախ ամուսնացաւ Լիային հետ, հակառակ անոր որ Ռաքէլին սիրահարուած էր։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 19

Յակոբ բազմանդամ ընտանիք մը ունի

Իսրայէլի 12 ցեղերը Յակոբին 12 որդիներուն անունո՞վ կոչուեցան։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 20

Դինա դժուարութեան կը մատնուի

Ամէն բան սկսաւ սխալ բարեկամներ ունենալով։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 21

Յովսէփի եղբայրները կ’ատեն զինք

Ի՞նչ բանի պատճառաւ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ուզեցին սպաննել իրենց եղբայրը։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 22

Յովսէփ բանտ կը նետուի

Ան հոն կը տարուի ո՛չ թէ օրինազանց ըլլալուն պատճառաւ, այլ ճիշդ բանը ընելուն պատճառաւ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 23

Փարաւոնին երազները

Եօթը կովերը եւ ցորենի եօթը հասկերը հասարակաց գետին մը ունին։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 24

Յովսէփ կը փորձէ իր եղբայրները

Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ անոնք իրենց եղբայրը ծախելէն ի վեր փոխուա՛ծ են թէ ոչ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 25

Ընտանիքը կը փոխադրուի Եգիպտոս

Յակոբին ընտանիքին անդամները ինչո՞ւ իսրայէլացի կը կոչուին եւ ո՛չ յակոբացի։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 26

Աստուծոյ հաւատարիմ Յոբը

Յոբ իր հարստութիւնը, առողջութիւնը եւ զաւակները կորսնցուց։ Արդեօք Աստուած կը պատժէ՞ր զինք։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 27

Չար թագաւոր մը կ’իշխէ Եգիպտոսի վրայ

Ան ինչո՞ւ իր ժողովուրդին ըսաւ որ բոլոր իսրայէլացի մանչ երեխաները սպաննեն։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 28

Մանուկ Մովսէսը ինչպէ՛ս ազատուեցաւ

Իր մայրը ձեւ մը կը գտնէ որ իր մանուկը չսպաննուի եգիպտական օրէնքին համաձայն։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 29

Մովսէս կը փախչի

Մովսէս 40 տարեկանին կը կարծէր թէ պատրաստ էր իսրայէլացիները ազատելու, բայց ան պատրաստ չէր։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 30

Այրող մորենին

Զանազան հրաշքներու միջոցաւ, Աստուած Մովսէսին կ’ըսէ որ ժամանակը եկած է որ Մովսէս իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 31

Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնին կը ներկայանան

Փարաւոն ինչո՞ւ Մովսէսին մտիկ չ’ըներ եւ չի ձգեր որ իսրայէլացիները երթան։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 32

10 Պատուհասները

Աստուած 10 պատուհասներ բերաւ Եգիպտոսի վրայ, քանի որ փառաւոն յամառօրէն մերժեց իսրայելացիները ազատ արձակել։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 33

Կարմիր ծովէն անցքը

Մովսէս Աստուծոյ ուժովը Կարմիր ծովը կը բաժնէ եւ իսրայէլացիները ցամաքով կ’անցնին։