Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 11

Առաջին ծիածանը

Առաջին ծիածանը

ԵՐԲ Նոյ եւ իր ընտանիքը տապանէն դուրս ելան, գիտէ՞ք Նոյ նախ ինչ ըրաւ։ Ան Աստուծոյ զոհ մը կամ ընծայ մը մատուցանեց։ Պատկերին մէջ կը տեսնէք զինք որ ասիկա կ’ընէ։ Նոյ այս անասնական զոհը մատուցանեց, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու համար որ իր ընտանիքը ազատած էր հսկայ ջրհեղեղէն։

Եհովա հաւնեցա՞ւ այս ընծան։ Այո՛։ Եւ ան խոստացաւ Նոյի որ այլեւս աշխարհը բնաւ պիտի չկործանէր ջրհեղեղով մը։

Երկիրը ցամքեցաւ եւ Նոյ ու իր ընտանիքը նոր կեանք մը սկսան տապանէն դուրս։ Աստուած օրհնեց զանոնք եւ անոնց ըսաւ. ‘Շա՜տ զաւակներ ունեցէք։ Շատցէք մինչեւ որ երկիրը լեցնէք’։

Սակայն հետագային, մարդիկ երբ լսէին հսկայ ջրհեղեղին մասին, պիտի վախնային որ անիկա դարձեալ կրնար պատահիլ։ Անոր համար Աստուած նշան մը տուաւ, որ մարդոց պիտի յիշեցնէր թէ Աստուած խոստացած էր անգամ մը եւս երկրի վրայ ջրհեղեղ չբերել։ Գիտէ՞ք Աստուած ի՛նչ նշան տուաւ ասիկա յիշեցնելու համար։ Անիկա ծիածան մըն էր։

Անձրեւէն ետք ամէն անգամ որ արեւը կը փայլի, յաճախ ծիածան մը կ’երեւնայ։ Ծիածանները շատ մը գեղեցիկ գոյներ կրնան ունենալ։ Տեսա՞ծ էք ծիածան մը։ Պատկերին ծիածանը կը տեսնէ՞ք։

Աստուած ըսաւ. ‘Կը խոստանամ որ անգամ մը եւս բոլոր մարդիկը եւ անասունները ջրհեղեղով մը պիտի չկործանեմ։ Իմ ծիածանս կը դնեմ ամպերուն մէջ։ Երբ ծիածանը երեւնայ, ես պիտի տեսնեմ զանիկա եւ պիտի յիշեմ իմ խոստումս’։

Ուստի, դուք ալ երբ ծիածան մը տեսնէք, ի՞նչ պէտք է յիշէք։ Այո, պիտի յիշէք Աստուծոյ խոստումը թէ ան անգամ մը եւս ամբողջ երկիրը հսկայ ջրհեղեղով մը պիտի չկործանէ։