Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 15

Ղովտի կինը ետ կը նայի

Ղովտի կինը ետ կը նայի

ՂՈՎՏ եւ իր ընտանիքը Աբրահամի հետ կը բնակէին Քանանու երկրին մէջ։ Օր մը Աբրահամ ըսաւ Ղովտին. ‘Հոս մեր անասուններուն համար բաւարար առօտ չկայ։ Հաճիս, իրարմէ բաժնուինք։ Եթէ դուն մէկ կողմ երթաս, ես միւս կողմը կ’երթամ’։

Ղովտ նայեցաւ իր շուրջը եւ գեղեցիկ, լաւ ջրուած գիւղաքաղաք մը տեսաւ, ուր իր անասուններուն համար լաւ խոտ կար։ Անիկա Յորդանանի Հովիտն էր։ Ուստի, Ղովտ իր ընտանիքը եւ անասունները հոն փոխադրեց։ Վերջապէս անոնք Սոդոմ քաղաքին մէջ հաստատուեցան։

Սոդոմի բնակիչները շատ չար էին։ Ասիկա խռովեցուց Ղովտը, քանի որ ան բարի մարդ մըն էր։ Աստուած ալ դժգոհ էր անոնցմէ։ Ուստի, Աստուած երկու հրեշտակներ ղրկեց Ղովտի տեղեկացնելու որ ինք Սոդոմ եւ մօտակայ Գոմոր քաղաքները պիտի կործանէր իրենց չարութեան համար։

Հրեշտակները ըսին Ղովտին. ‘Աճապարէ՛. ա՛ռ կինդ եւ երկու աղջիկներդ եւ այս տեղէն գնա’։ Ղովտ եւ իր ընտանիքը կը դանդաղէին, ուստի հրեշտակները անոնց ձեռքերէն բռնեցին եւ քաղաքէն դուրս հանեցին զիրենք։ Ապա հրեշտակներէն մէկը ըսաւ. ‘Դուք ձեր կեանքերը ազատեցէ՛ք։ Ետ մի՛ նայիք։ Դէպի բլուրները փախէք որպէսզի չսպաննուիք’։

Ղովտ եւ իր աղջիկները հնազանդեցան եւ Սոդոմէ փախան։ Անոնք վայրկեան մը իսկ չկեցան եւ ետ չնայեցան։ Բայց Ղովտի կինը անհնազանդ գտնուեցաւ։ Սոդոմէ քիչ մը դուրս ելլելէն ետք, ան կեցաւ եւ ետ նայեցաւ։ Այն ատեն Ղովտի կինը աղի արձան մը դարձաւ։ Պատկերին մէջ կը տեսնէ՞ք զինք։

Ասկէ լաւ դաս մը կրնանք սորվիլ։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Աստուած կ’ազատէ իրեն հնազանդողները, իսկ իրեն չհնազանդողները իրենց կեանքերը պիտի կորսնցնեն։