Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 17

Իրարմէ տարբեր երկուորեակներ

Իրարմէ տարբեր երկուորեակներ

ՊԱՏԿԵՐԻՆ մէջ ձեր տեսած տղաքը իրարմէ տարբեր են, այնպէս չէ՞։ Գիտէ՞ք ինչ են անոնց անունները։ Որսորդը Եսաւ կը կոչուի, իսկ ոչխարներուն հոգ տանողը՝ Յակոբ։

Եսաւ եւ Յակոբ Իսահակի ու Ռեբեկայի երկուորեակներն էին։ Հայրը՝ Իսահակը շատ կը սիրէր Եսաւը, քանի որ ան լաւ որսորդ մըն էր եւ ընտանիքին համար ուտելիք կը բերէր։ Բայց Ռեբեկան կը նախընտրէր Յակոբը, քանի որ ան հանդարտ, խաղաղ տղայ մըն էր։

Մեծ հայրը՝ Աբրահամը տակաւին ողջ էր, իսկ մենք կրնանք երեւակայել որ Յակոբ որքա՜ն կ’ախորժէր մտիկ ընել անոր երբ ան կը խօսէր Եհովայի մասին։ Աբրահամ վերջապէս մեռաւ 175 տարեկանին, երբ երկուորեակները 15 տարեկան էին։

Երբ Եսաւ 40 տարեկան եղաւ, ան ամուսնացաւ Քանանու երկրէն երկու կիներու հետ։ Իսահակ եւ Ռեբեկա շատ տխրեցան, քանի որ այս կիները Եհովան պաշտողներ չէին։

Օր մը բան մը պատահեցաւ, որու համար Եսաւ շատ բարկացաւ իր եղբօրմէն՝ Յակոբէն։ Ժամանակը եկաւ որ Իսահակ օրհնութիւն մը տար իր անդրանիկ որդւոյն։ Քանի որ Եսաւ Յակոբէն աւելի մեծ էր, ան կ’ակնկալէր որ ինք պիտի ստանար այս օրհնութիւնը։ Սակայն Եսաւ նախապէս Յակոբի ծախած էր այս օրհնութիւնը ստանալու իր անդրանկութեան իրաւունքը։ Նաեւ, երբ երկու տղաքը ծնան, Աստուած ըսած էր որ Յակոբ պիտի ստանար օրհնութիւնը։ Իրապէս ալ այդպէս եղաւ։ Իսահակ իր Յակոբ որդւոյն տուաւ օրհնութիւնը։

Հետագային, երբ Եսաւ իմացաւ ասիկա, շատ բարկացաւ Յակոբէն։ Այնքան մեծ էր իր բարկութիւնը որ կը խօսէր սպաննել Յակոբը։ Երբ Ռեբեկա լսեց ասիկա, շատ մտահոգուեցաւ։ Ուստի ան իր ամուսնոյն՝ Իսահակին ըսաւ. ‘Սարսափելի պիտի ըլլայ եթէ Յակոբ ալ Քանանացի կնոջ մը հետ ամուսնանայ’։

Ասոր վրայ Իսահակ կանչեց իր որդին՝ Յակոբը եւ անոր ըսաւ. ‘Քանանացի կնոջ մը հետ մի՛ ամուսնանար։ Քու մեծ հօրդ Բաթուէլի տունը՝ Խառան գնայ եւ անոր որդւոյն՝ Լաբանի աղջիկներէն մէկուն հետ ամուսնացիր’։

Յակոբ մտիկ ըրաւ իր հօրը եւ անմիջապէս ճամբայ ինկաւ այս երկար ճամբորդութիւնը կատարելու եւ Խառան երթալու, ուր կը բնակէին իր ազգականները։