Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 25

Ընտանիքը կը փոխադրուի Եգիպտոս

Ընտանիքը կը փոխադրուի Եգիպտոս

ՅՈՎՍԷՓ այլեւս չի կրնար իր զգացումները զսպել։ Իր բոլոր ծառաներուն կը հրամայէ որ սենեակէն դուրս ելլեն։ Երբ իր եղբայրներուն հետ առանձին կը մնայ, Յովսէփ կը սկսի լալ։ Կրնանք երեւակայել որ իր եղբայրները որքա՜ն կը զարմանան քանի որ չեն գիտեր իր լալուն պատճառը։ Ան վերջապէս կ’ըսէ. ‘Ես Յովսէփն եմ։ Իմ հայրս տակաւին ո՞ղջ է’։

Իր եղբայրները այնքան կը զարմանան որ չեն կրնար խօսիլ։ Անոնք կը վախնան։ Բայց Յովսէփ կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, աւելի մօտեցէք’։ Երբ անոնք կը մօտենան, ան կ’ըսէ. ‘Ես ձեր Յովսէփ եղբայրն եմ, որ դուք Եգիպտոս տարուելու ծախեցիք’։

Յովսէփ կը շարունակէ ազնուօրէն խօսիլ։ ‘Զիս հոս ծախելնուդ համար դուք ձեզ մի՛ մեղադրէք։ Աստուած զիս Եգիպտոս ղրկեց, որպէսզի մարդոց կեանքերը ազատեմ։ Փարաւոնը զիս ամբողջ երկրին կառավարիչը ըրաւ։ Ուստի, շուտով գացէք հօրս քով, ու պատմեցէք ասիկա եւ իրեն ըսէք որ թող գայ ու հոս բնակի’։

Յետոյ Յովսէփ կը փաթթուի իր եղբայրներուն եւ բոլորն ալ կը համբուրէ։ Երբ Փարաւոն կը լսէ որ Յովսէփի եղբայրները եկած են, ան կ’ըսէ Յովսէփի. ‘Թող կառքեր առնեն եւ երթան իրենց հայրը եւ իրենց ընտանիքները բերեն։ Ես անոնց Եգիպտոսի երկրին լաւագոյն մասը պիտի տամ’։

Այդպէս ալ ըրին։ Հոս կը տեսնէք Յովսէփը որ իր հօրը հետ կ’ողջագուրուի, երբ ան իր ամբողջ ընտանիքով Եգիպտոս կու գայ։

Յակոբի ընտանիքը շատ մեծցած էր։ Երբ Եգիպտոս փոխադրուեցան, ընդամէնը 70 հոգի էին. Յակոբ, իր զաւակները եւ թոռները։ Բայց կային նաեւ կիները եւ հաւանաբար աղախինները։ Բոլորը Եգիպտոսի մէջ հաստատուեցան։ Անոնք Իսրայելացիներ կը կոչուէին, քանի որ Աստուած Յակոբի անունը Իսրայէլի փոխած էր։ Իսրայելացիները Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը եղան, ինչպէս պիտի տեսնենք հետագային։