Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 28

Մանուկ Մովսէսը ինչպէ՛ս ազատուեցաւ

Մանուկ Մովսէսը ինչպէ՛ս ազատուեցաւ

ՆԱՅԵՑԷՔ տիկինին ձեռքը բռնող եւ լացող այս երախային։ Ան Մովսէսն է։ Բայց գիտէ՞ք այս գեղանի կինը ով է։ Ան Եգիպտացի իշխանուհի մըն է. Փարաւոնին աղջիկը։

Մովսէսի մայրը պահեց իր մանուկը մինչեւ երեք ամիս, քանի որ չուզեց որ ան սպաննուի Եգիպտացիներուն կողմէ։ Բայց գիտէր թէ վերջապէս Մովսէսի գոյութիւնը կրնար երեւան գալ, ուստի զայն ազատելու համար հետեւեալ բանը ըրաւ։

Ան կողով մը առաւ եւ զանիկա ծեփեց որպէսզի մէջը ջուր չմտնէ։ Յետոյ Մովսէսը անոր մէջ դրաւ եւ կողովը Նեղոս Գետին եզերքը գտնուող շամբին մէջ ձգեց։ Մովսէսի քրոջ՝ Մարիամին ալ ըսաւ որ մերձակայքը կենայ եւ տեսնէ թէ ի՛նչ պիտի պատահէր։

Քիչ մը վերջ, Փարաւոնին աղջիկը եկաւ որպէսզի Նեղոս Գետին մէջ լոգնայ։ Յանկարծ, ան շամբին մէջ կողովը տեսաւ։ Ան իր աղախիններէն մէկը կանչեց ու ըսաւ. ‘Գնա եւ այդ կողովը ինծի բեր’։ Երբ իշխանուհին կողովը բացաւ, ի՜նչ գեղեցիկ մանուկ մը տեսաւ անոր մէջ։ Մանուկ Մովսէսը կու լար. իշխանուհին մեղքցաւ անոր։ Ան չուզեց որ այս երախան սպաննուի։

Այն ատեն Մարիամ մօտեցաւ, ինչպէս զինք կը տեսնէք պատկերին մէջ։ Ան Փարաւոնին աղջկան հարցուց. ‘Կ’ուզե՞ս որ երթամ ու Իսրայելացի կին մը կանչեմ որ մանուկին խնամէ քեզի համար’։

‘Խնդրեմ, կանչէ՛’, ըսաւ իշխանուհին։

Ուստի Մարիամ վազեց եւ իր մօրը պատմեց։ Երբ Մովսէսի մայրը եկաւ իշխանուհիին քով, ան ըսաւ. ‘Ա՛ռ այս մանուկը եւ զայն խնամէ ինծի համար եւ ես քու վարձքդ պիտի տամ’։

Ուստի Մովսէսին մայրը ինքն իր երախային հոգ տարաւ։ Հետագային երբ Մովսէս բաւական մեծցաւ, մայրը զինք տարաւ Փարաւոնին աղջկան քով, որ որդեգրեց զինք որպէս իր որդին։ Այս կերպով էր որ Մովսէս Փարաւոնին տան մէջ մեծցաւ։