Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 29

Մովսէս կը փախչի

Մովսէս կը փախչի

ՆԱՅԵՑԷՔ, Մովսէս կը փախչի Եգիպտոսէն։ Զինք հալածողները կը տեսնէ՞ք։ Գիտէ՞ք անոնք ի՛նչու կ’ուզեն սպաննել Մովսէսը։ Տեսնենք պատճառը։

Մովսէս մեծցաւ Եգիպտոսի կառավարիչ Փարաւոնին տան մէջ։ Ան շատ իմաստուն եւ մեծ մարդ մը եղաւ։ Մովսէս գիտէր որ ինք Եգիպտացի մը չէր եւ թէ իր իրական ծնողքը Իսրայելացի գերիներ էին։

Օր մը, երբ ան 40 տարեկան էր, Մովսէս որոշեց երթալ եւ տեսնել իր ժողովուրդին վիճակը։ Անոնց հետ շատ բիրտ կերպով կը վարուէին։ Ան տեսաւ որ Եգիպտացի մը Իսրայելացի գերիի մը կը ծեծէր։ Մովսէս իր շուրջը նայեցաւ եւ երբ տեսաւ որ մէկը չկար, Եգիպտացիին զարկաւ ու ան մեռաւ։ Յետոյ Մովսէս Եգիպտացիին մարմինը աւազին մէջ պահեց։

Յաջորդ օրը, Մովսէս դարձեալ գնաց իր ժողովուրդը տեսնելու։ Ան կը խորհէր որ անոնց կրնար օգնել որպէսզի անոնք այլեւս գերիներ չըլլային։ Սակայն ան տեսաւ երկու Իսրայելացիներ որոնք կը կռուէին, ուստի Մովսէս յանցաւոր եղողին ըսաւ. ‘Ինչո՞ւ եղբայրդ կը ծեծես’։

Մարդը ըսաւ. ‘Ո՞վ քեզի մեր վրայ իշխան կամ դատաւոր դրաւ։ Ինչպէս այդ Եգիպտացին մեռցուցիր, զի՞ս ալ պիտի մեռցնես’։

Մովսէս սկսաւ վախնալ։ Ան հասկցաւ որ մարդիկ գիտցած էին ինչ որ Եգիպտացիին ըրած էր։ Նոյնիսկ Փարաւոնը լսեց այս մասին եւ մարդ ղրկեց որպէսզի սպաննեն Մովսէսը։ Անոր համար է որ Մովսէս պէտք էր փախչէր Եգիպտոսէն։

Երբ Մովսէս Եգիպտոսը ձգեց, ան Մադիամու հեռաւոր երկիրը գնաց։ Հոն, ան հանդիպեցաւ Յոթորի ընտանիքին եւ անոր աղջիկներէն մէկուն՝ Սեպփօրայի հետ ամուսնացաւ։ Մովսէս հովիւ եղաւ եւ Յոթորի ոչխարները սկսաւ արածել։ Ան 40 տարի բնակեցաւ Մադիամու երկիրը։ Արդ, ան 80 տարեկան էր։ Օր մը, երբ Մովսէս Յոթորի ոչխարները կ’արածէր, ապշեցուցիչ բան մը պատահեցաւ, որ փոխեց իր ամբողջ կեանքը։ Դարձուցէք էջը եւ տեսնենք թէ ի՛նչ է այդ ապշեցուցիչ բանը։