Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 31

Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնին կը ներկայանան

Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնին կը ներկայանան

ԵՐԲ Մովսէս վերադարձաւ Եգիպտոս, ան իր եղբօրը՝ Ահարոնին պատմեց հրաշքներուն մասին։ Երբ Մովսէս եւ Ահարոն Իսրայելացիներուն ցոյց տուին այս հրաշքները, անոնք հաւատացին որ Եհովան իրենց հետ էր։

Ապա Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնին ներկայացան։ Անոնք իրեն ըսին. ‘Իսրայէլի Աստուածը՝ Եհովա կ’ըսէ. «Ձգէ իմ ժողովուրդս երեք օր որպէսզի երթան եւ անապատին մէջ զիս պաշտեն»’։ Բայց Փարաւոն պատասխանեց. ‘Ես Եհովային չեմ հաւատար եւ պիտի չձգեմ որ Իսրայէլ երթայ’։

Փարաւոն բարկացած էր, քանի որ ժողովուրդը կ’ուզէին իրենց գործը դադրեցնել եւ Եհովան պաշտել։ Ուստի ան ստիպեց որ անոնք աւելի ծանր աշխատին։ Իսրայելացիները Մովսէսը այպանեցին իրենց այս տաժանակիր աշխատանքին համար եւ Մովսէս տխրեցաւ։ Բայց Եհովա իրեն ըսաւ որ չմտահոգուի։ ‘Փարաւոնին պիտի ստիպեմ որ իմ ժողովուրդս ձգէ որ երթան’, ըսաւ Եհովա։

Մովսէս եւ Ահարոն դարձեալ Փարաւոնին ներկայացան։ Այս անգամ անոնք հրաշք մը ըրին։ Ահարոն իր ձեռքի գաւազանը գետին նետեց եւ անիկա մեծ օձ մը եղաւ։ Սակայն Փարաւոնին իմաստուններն ալ իրենց գաւազանները գետին նետեցին, որոնք օձեր եղան։ Բայց, նայեցէ՜ք, Ահարոնին օձը կը կլլէ իմաստուններուն օձերը։ Այսուհանդերձ, Փարաւոն չձգեց որ Իսրայէլ երթայ։

Ուստի ժամանակը եկաւ որ Եհովա դաս մը տայ Փարաւոնին։ Գիտէ՞ք ինչ ըրաւ։ Ան Եգիպտոսի վրայ 10 պատուհասներ կամ մեծ նեղութիւններ բերաւ։

Պատուհասներուն քանի մը հատին ընթացքին, Փարաւոն կանչել տուաւ Մովսէսը եւ ըսաւ. ‘Պատուհասը դադրեցուր եւ պիտի ձգեմ որ Իսրայէլ երթայ’։ Բայց երբ պատուհասը կը դադրէր, Փարաւոն իր միտքը կը փոխէր։ Ան չէր ձգեր որ ժողովուրդը երթային։ Բայց, վերջապէս, 10–րդ պատուհասէն ետք, Փարաւոն ձգեց որ Իսրայելացիները երթան։

Այս տասը պատուհասները գիտէ՞ք ինչ են։ Էջը դարձնենք եւ անոնց մասին սորվինք։