Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 32

10 Պատուհասները

10 Պատուհասները

ԱՅՍ պատկերներուն նայեցէք։ Իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ այն պատուհասներէն մէկը զոր Եհովա բերաւ Եգիպտոսի վրայ։ Առաջին պատկերին մէջ կը տեսնէք Ահարոնը որ իր գաւազանով կը զարնէ Նեղոս Գետին։ Երբ զարկաւ, գետին ջուրը արիւնի վերածուեցաւ։ Ձուկերը մեռան եւ գետը սկսաւ նեխիլ։

Անկէ ետք, Եհովա պատճառ եղաւ որ Նեղոս Գետէն գորտեր դուրս գան։ Գորտեր կը վխտային ամէ՛ն տեղ. թոնիրներուն, ամաններուն, մարդոց անկողիններուն մէջ։ Երբ գորտերը մեռան, Եգիպտացիները զանոնք տեղ տեղ դիզեցին եւ երկիրը դարձեալ նեխեցաւ։

Յետոյ Ահարոն իր գաւազանով գետնին զարկաւ եւ փոշիները մժեղներու վերածուեցան։ Մժեղը կամ մունը թռչող պզտիկ միջատ մըն է, որ կը կծէ։ Մժեղները Եգիպտոսը հարուածող երրորդ պատուհասն էր։

Մնացեալ պատուհասները հարուածեցին միայն Եգիպտացիները եւ ոչ թէ Իսրայելացիները։ Չորրորդ պատուհասն էր՝ մեծ ճանճեր որոնք լեցուցին բոլոր Եգիպտացիներուն տուները։ Հինգերորդ պատուհասը անասուններուն վրայ եկաւ։ Եգիպտացիներուն շատ մը արջառները, ոչխարները եւ այծերը մեռան։

Ապա Մովսէս եւ Ահարոն մոխիր առին ու օդին մէջ նետեցին եւ մարդոց ու անասուններուն վրայ գէշ ուռեցքներ եղան։ Ասիկա վեցերորդ պատուհասն էր։

Ատկէ ետք, Մովսէս իր ձեռքը դէպի երկինք բարձրացուց եւ Եհովա ոռոտում եւ կարկուտ ղրկեց։ Եգիպտոսի վրայ այսպիսի կարկուտ բնաւ տեղացած չէր։

Ութներորդ պատուհասն էր՝ մարախներու երամակ մը։ Անկէ առաջ եւ անկէ ի վեր երբեք այսքան շատ մարախներ եղած չեն հոն։ Անոնք կերան ինչ որ կարկուտէն մնացած էր։

Իններորդ պատուհասը խաւարն էր։ Թանձր խաւար մը պատեց երկիրը երեք օր։ Սակայն Իսրայելացիները իրենց բնակած վայրին մէջ լոյս ունէին։

Վերջապէս, Աստուած ըսաւ իր ժողովուրդին որ իրենց երկու դրանդիքներուն վրայ ուլի կամ գառնուկի մը արիւնը քսեն։ Յետոյ Աստուծոյ հրեշտակը անցաւ Եգիպտոսի վրայէն։ Երբ հրեշտակը արիւնը կը տեսնէր, այդ տունէն ոեւէ մէկը չէր սպաններ։ Բայց այն բոլոր տուներուն մէջ ուր դրանդիքներուն վրայ արիւն չկար, Աստուծոյ հրեշտակը կը սպաննէր թէ՛ մարդոց եւ թէ անասուններուն անդրանիկները։ Ասիկա տասներորդ պատուհասն էր։

Այս վերջին պատուհասէն ետք, Փարաւոն ըսաւ որ Իսրայելացիները մեկնին։ Աստուծոյ ժողովուրդը արդէն պատրաստ էին մեկնելու եւ այդ նոյն գիշերը, անոնք Եգիպտոսէ դուրս ելան։

Ելից 712 գլուխները