Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 33

Կարմիր ծովէն անցքը

Կարմիր ծովէն անցքը

ՆԱՅԵՑԷՔ թէ ի՜նչ տեղի կ’ունենայ։ Իր գաւազանը Կարմիր Ծովուն վրայ երկարած մարդը Մովսէսն է։ Իրեն հետ ապահով միւս ծովափը գտնուողները Իսրայելացիներն են։ Բայց Փարաւոնը եւ իր ամբողջ բանակը կը խեղթուին ծովուն մէջ։ Տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչպէս պատահեցաւ։

Ինչպէս սորվեցանք, Փարաւոն ըսաւ որ Իսրայելացիները ձգեն Եգիպտոսը, Եգիպտացիներուն վրայ Աստուծոյ բերած 10–րդ պատուհասէն ետք։ Մօտաւորապէս 600,000 այր մարդիկ, ինչպէս նաեւ շատ մը կիներ եւ երախաներ դուրս ելան։ Նաեւ, մեծ թիւով ուրիշ անհատներ որոնք Եհովայի կը հաւատային, Իսրայելացիներուն հետ դուրս ելան։ Անոնք իրենց հետ տարին իրենց ոչխարները, այծերը եւ արջառները։

Երկիրը ձգելէն առաջ, Իսրայելացիները Եգիպտացիներէն հագուստներ եւ ոսկեղէն ու արծաթեղէն ուզեցին։ Եգիպտացիները իրենց վրայ եկած վերջին պատուհասին պատճառաւ շատ վախցած ըլլալով, Իսրայելացիներուն տուին ինչ որ իրենցմէ կը խնդրէին։

Քանի մը օր ետք, Իսրայելացիները Կարմիր Ծով հասան։ Անոնք հոն կեցան։ Մինչ այդ, Փարաւոն եւ իր մարդիկը նեղուեցան, քանի որ ձգած էին որ Իսրայելացիները երթան. ‘Ձգեցինք որ մեր գերիները երթան’, կ’ըսէին անոնք։

Ուստի Փարաւոն անգամ մը եւս իր միտքը փոխեց։ Ան անմիջապէս իր ռազմական կառքերը եւ իր բանակը պատրաստեց։ Յետոյ ան սկսաւ Իսրայելացիները հալածել 600 մասնայատուկ կառքերով, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի բոլոր մնացեալ կառքերով։

Իսրայելացիները երբ տեսան Փարաւոնին եւ անոր բանակին իրենց ետեւէն գալը, շա՜տ վախցան։ Փախուստի ճամբայ չկար։ Իրենց մէկ կողմը կը գտնուէր Կարմիր Ծովը, իսկ միւս կողմը՝ Եգիպտական բանակը։ Բայց Եհովա ամպ մը դրաւ իր ժողովուրդին եւ Եգիպտացիներուն միջեւ։ Ուստի Եգիպտացիները չէին կրնար տեսնել Իսրայելացիները որպէսզի անոնց վրայ յարձակէին։

Այն ատեն Եհովա ըսաւ Մովսէսի որ իր գաւազանը Կարմիր Ծովուն վրայ երկարէ։ Երբ ան իր գաւազանը երկարեց, Եհովա արեւելեան զօրաւոր հով մը հանեց։ Ծովուն ջուրերը բաժնուեցան եւ երկու կողմերը կայնած մնացին։

Ուստի Իսրայելացիները ծովուն ցամքած հունէն անցան։ Ժամեր տեւեց մինչեւ որ միլիոնաւոր Իսրայելացիներ իրենց անասուններով ապահով ծովուն մէջէն միւս կողմը անցնին։ Վերջապէս Եգիպտացիները կրցան դարձեալ տեսնել Իսրայելացիները։ Իրենց գերիները կը փախչէի՜ն։ Ուստի անոնց ետեւէն անոնք ալ ծով մտան։

Երբ անոնք ծով մտան, Աստուած այնպէս մը ըրաւ որ իրենց կառքերուն անիւները իյնան։ Եգիպտացիները շատ վախցան եւ սկսան աղաղակել. ‘Եհովա Իսրայելացիներուն համար մեզի դէմ կը պատերազմի։ Ասկէ դուրս ելլենք’։ Բայց շա՜տ ուշ էր։

Այս պահուն է որ Եհովա ըսաւ Մովսէսի որ իր գաւազանը Կարմիր Ծովուն վրայ երկարէ, (տես պատկերը)։ Երբ Մովսէս իր գաւազանը երկարեց, կայնած ջուրերը սկսան հոսիլ եւ ծածկեցին Եգիպտացիները եւ անոնց կառքերը։ Ամբողջ բանակը ծով մտած էր Իսրայելացիներուն ետեւէն։ Ուստի Եգիպտացիներէն ո՛չ մէկը ողջ մնաց։

Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը ազատուած ըլլալով, ի՜նչ ուրախ էին։ Այր մարդիկը Եհովայի շնորհակալութեան երգ մը երգեցին, ըսելով. ‘Եհովա փառաւոր յաղթանակ տարաւ։ Ան ձիերը եւ անոնց հեծեալները ծովուն մէջ նետեց’։ Մովսէսի քոյրը՝ Մարիամ իր թմբուկը առաւ եւ բոլոր կիները իրենց թմբուկները առնելով անոր միացան։ Ուրախութեամբ պարելով, անոնք այր մարդոց հետ կ’երգէին. ‘Եհովա փառաւոր յաղթանակ տարաւ։ Ան ձիերը եւ անոնց հեծեալները ծովուն մէջ նետեց’։

Ելից 1215 գլուխները