Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 35

Եհովա իր օրէնքները կու տայ

Եհովա իր օրէնքները կու տայ

ԵԳԻՊՏՈՍԷ դուրս ելլելէ շուրջ երկու ամիս ետք, Իսրայելացիները կը հասնին Սինա Լեռ որ կը կոչուի նաեւ Քորեբ։ Հոս է որ Եհովա Մովսէսի հետ խօսեցաւ այրող մորենիին մէջէն։ Ժողովուրդը հոն կ’իջեւանին եւ կը հանգստանան որոշ ատեն մը։

Մինչ ժողովուրդը վարը կը սպասեն, Մովսէս լեռ կը բարձրանայ։ Երբ ան լերան գագաթին կը հասնի, Եհովա կ’ըսէ Մովսէսին թէ Ինք կ’ուզէ որ Իսրայելացիները Իրեն հնազանդին եւ իր սեփական ժողովուրդը ըլլան։ Երբ Մովսէս լեռնէն վար կ’իջնէ, ան Եհովայի ըսածը Իսրայելացիներուն կ’ըսէ։ Ժողովուրդը կը համաձայնին Եհովայի հնազանդիլ եւ կ’ուզեն իր ժողովուրդը ըլլալ։

Արդ Եհովա տարօրինակ բան մը կ’ընէ։ Ան լերան գագաթը մուխով կը լեցնէ եւ սաստիկ որոտում մը կը պատճառէ։ Ան նաեւ ժողովուրդին կը խօսի. ‘Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեցի’։ Յետոյ ան կը պատուիրէ. ‘Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ պէտք չէ պաշտէք’։

Աստուած Իսրայելացիներուն ինը ուրիշ պատուիրաններ կամ օրէնքներ ալ կու տայ։ Ժողովուրդը շատ կը վախնան։ Անոնք Մովսէսին կ’ըսեն. ‘Դուն խօսէ մեզի, քանի որ կը վախնանք, բայց Աստուած չխօսի մեզի, որպէսզի չմեռնինք’։

Հետագային Եհովա կ’ըսէ Մովսէսի. ‘Լեռ բարձրացի՛ր։ Քեզի պիտի տամ երկու տափակ քարեր որոնց վրայ գրած եմ այն օրէնքները զորս կ’ուզեմ որ ժողովուրդը պահեն’։ Ուստի Մովսէս դարձեալ լեռ կը բարձրանայ եւ հոն կը մնայ 40 ցորեկ եւ գիշեր։

Աստուած շա՜տ մը օրէնքներ ունի տալիք իր ժողովուրդին։ Մովսէս այս օրէնքները կը գրէ։ Աստուած Մովսէսի կու տայ նաեւ երկու տափակ քարերը։ Անոնց վրայ, Աստուած ինք անձամբ գրած է այն 10 օրէնքները զորս բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ։ Անոնք կը կոչուին Տասը Պատուիրաններ։

Տասը Պատուիրանները կարեւոր օրէնքներ են։ Բայց Իսրայելացիներուն տուած Աստուծոյ միւս օրէնքներն ալ կարեւոր են։ Անոնցմէ մէկն է. ‘Եհովա քու Աստուածդ պէտք է սիրես քու բոլոր սրտովդ, քու բոլոր մտքովդ, քու բոլոր հոգիովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Իսկ ուրիշ մը կ’ըսէ. ‘Դրացիդ պէտք է սիրես քու անձիդ պէս’։ Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին, ըսաւ որ ասոնք իր ժողովուրդին՝ Իսրայելացիներուն տուած Եհովայի երկու մեծագոյն օրէնքներն են։ Հետագային շատ բաներ պիտի սորվինք Աստուծոյ Որդւոյն եւ անոր ուսուցումներուն մասին։