Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 38

12 Լրտեսները

12 Լրտեսները

ՆԱՅԵՑԷՔ այս մարդոց բերած պտուղներուն։ Խաղողին ողկոյզները ի՜նչ մեծ են։ Երկու հոգիներու կարիքը կայ ձողի մը վրայ զանոնք կրելու համար։ Նայեցէք թուզերուն եւ նուռերուն։ Այս գեղեցիկ պտուղները ուրկէ՞ բերուեցան։ Քանանու երկրէն։ Յիշեցէք որ Քանանը այն երկիրն է, ուր Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ ժամանակին բնակեցան։ Բայց քանի որ հոն սով եղաւ, Յակոբ իր ընտանիքով Եգիպտոս փոխադրուեցաւ։ Հիմա, 216 տարի ետք, Մովսէս Իսրայելացիները դարձեալ Քանանու երկիրը կ’առաջնորդէ։ Անոնք անապատին մէջ տեղ մը հասած են, որ Կադէս կը կոչուի։

Քանանու երկրին բնակիչները չար են։ Ուստի Մովսէս 12 լրտեսներ կը ղրկէ եւ անոնց կ’ըսէ. ‘Նայեցէք թէ որքան շատ մարդ կը բնակի հոն եւ որքան զօրաւոր են անոնք։ Նայեցէք որ հողը բարեբե՞ր է եւ մանաւանդ այդտեղի պտուղներէն քիչ մը բերէք’։

Երբ լրտեսները Կադէս կը վերադառնան, Մովսէսի կ’ըսեն. ‘Իրապէս գեղեցիկ երկիր մըն է’։ Ասիկա փաստելու համար, անոնք Մովսէսի կարգ մը պտուղներ ցոյց կու տան։ Բայց լրտեսներէն տասն կ’ըսեն. ‘Հոն բնակող ժողովուրդը հսկայ եւ զօրաւոր են։ Եթէ փորձենք այդ երկիրը գրաւել, մենք պիտի սպաննուինք’։

Երբ Իսրայելացիները կը լսեն ասիկա, կը վախնան։ ‘Նախընտրելի էր որ Եգիպտոսի մէջ կամ հիմա հոս, անապատին մէջ մեռնէինք’, կ’ըսեն անոնք։ ‘Մենք պատերազմին մէջ պիտի մեռնինք եւ մեր կիները ու զաւակները գերի պիտի տարուին։ Ուստի Մովսէսի տեղ նոր առաջնորդ մը ընտրենք եւ Եգիպտոս վերադառնանք’։

Սակայն, լրտեսներէն երկուքը՝ Յեսու եւ Քաղէբ՝ Եհովայի կը վստահին եւ կը ջանան ժողովուրդը հանդարտեցնել։ Անոնք կ’ըսեն. ‘Մի՛ վախնաք։ Եհովան մեզի հետ է։ Շատ դիւրութեամբ երկիրը պիտի գրաւենք’։ Բայց ժողովուրդը մտիկ չեն ըներ եւ կ’ուզեն նոյնիսկ սպաննել Յեսուն եւ Քաղէբը։

Ասիկա շատ կը բարկացնէ Եհովան։ Ուստի կ’ըսէ Մովսէսի. ‘Քսան տարեկանէն վեր եղողներէն ո՛չ մէկը պիտի մտնէ Քանանու երկիրը։ Անոնք տեսան այն հրաշքները զորս կատարեցի Եգիպտոսի եւ անապատին մէջ եւ տակաւին չեն վստահիր ինծի։ Ուստի, 40 տարի անապատին մէջ պիտի թափառին, մինչեւ որ բոլորն ալ մեռնին։ Միայն Քաղէբը եւ Յեսուն պիտի մտնեն Քանանու երկիրը’։