Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 42

Էշ մը կը խօսի

Էշ մը կը խօսի

ԲՆԱՒ լսա՞ծ էք իշու մը խօսիլը։ Վստահաբար ‘Ո՛չ’, պիտի ըսէք։ ‘Անասունները չեն խօսիր’։ Բայց Աստուածաշունչը կը յիշէ էշ մը, որ խօսեցաւ։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս ասիկա պատահեցաւ։

Իսրայելացիները գրեթէ Քանանու երկիրը մտնելու պատրաստ են։ Մովաբի թագաւորը՝ Բաղակ, Իսրայելացիներէն կը վախնայ։ Ուստի մարդ կը ղրկէ Բաղաամ անունով խելացի մարդու մը քով, որպէսզի գայ եւ Իսրայելացիները անիծէ։ Բաղակ շատ դրամ կը խոստանայ Բաղաամի, ուստի Բաղաամ իր իշուն վրայ կը նստի ու ճամբայ կ’իյնայ Բաղակը տեսնելու։

Եհովա չուզեր որ Բաղաամ Իր ժողովուրդը անիծէ։ Ուստի երկար սուր ունեցող հրեշտակ մը կը ղրկէ որպէսզի ճամբուն մէջ կենալով արգելք հանդիսանայ Բաղաամի։ Բաղաամ չի կրնար տեսնել հրեշտակը, բայց իր էշը կը տեսնէ։ Ուստի ան կը ջանայ հրեշտակէն խուսափիլ եւ վերջապէս գետին կը նստի։ Բաղաամ շատ կը բարկանայ եւ իր ձեռքի գաւազանով կը ծեծէ իր էշը։

Այն ատեն Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ Բաղաամ լսէ իր իշուն խօսիլը։ ‘Ի՞նչ ըրի քեզի որ ինծի կը ծեծես’, կը հարցնէ էշը։

‘Իմ վրաս խնդացիր’, կը պատասխանէ Բաղաամ։ ‘Եթէ սուր մը ունենայի, քեզ պիտի սպաննէի’։

‘Ես քեզի հետ բնաւ այսպէս վարուա՞ծ եմ’, կը հարցնէ էշը։

‘Ոչ’, կ’ըսէ Բաղաամ։

Այն ատեն Եհովա թոյլ կու տայ որ Բաղաամ տեսնէ ճամբուն վրայ կեցող եւ ձեռքը սուր ունեցող հրեշտակը։ Հրեշտակը կ’ըսէ. ‘Ինչո՞ւ ծեծեցիր էշդ։ Ես եկայ որ ճամբադ գոցեմ, քանի որ Իսրայէլը անիծելու պէտք չէ երթաս։ Եթէ էշդ ինծմէ չքաշուեր, ես քեզ սպաննած պիտի ըլլայի, բայց իշուդ վնաս մը պիտի չհասցնէի’։

Բաղաամ կ’ըսէ. ‘Ես մեղք գործեցի։ Չգիտցայ որ դուն ճամբուն մէջ կը կայնէիր’։ Հրեշտակը կը ձգէ որ Բաղաամ երթայ, իսկ Բաղաամ կ’երթայ Բաղակը տեսնելու։ Ան տակաւին կը փորձէ անիծել Իսրայէլը, բայց երեք անգամ ալ Եհովա անէծքը օրհնութեան կը վերածէ։