Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 43

Յեսու առաջնորդ կ’ըլլայ

Յեսու առաջնորդ կ’ըլլայ

ՄՈՎՍԷՍ կ’ուզէ Իսրայելացիներուն հետ Քանանու երկիրը մտնել։ Ուստի ան կը խնդրէ. ‘Եհովա, թոյլ տուր որ ես ալ Յորդանան Գետէն անցնիմ եւ այդ լաւ երկիրը տեսնեմ’։ Բայց Եհովա կ’ըսէ. ‘Կը բաւէ՛, այս մասին դա՛րձեալ չխօսիս’։ Գիտէ՞ք Եհովան ինչու այսպէս ըսաւ։

Պատճառը կը յիշէք թերեւս, թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ Մովսէս ժայռին զարկաւ։ Ինք եւ Ահարոն պատիւը Եհովայի չտուին։ Անոնք ժողովուրդին չըսին որ Եհովան էր, որ ժայռէն ջուր կը հանէր։ Այս պատճառով Եհովա ըսաւ որ իրենց թոյլ պիտի չտար որ Քանանու երկիրը մտնէին։

Ուստի Ահարոնին մահէն քանի մը ամիսներ ետք, Եհովա կ’ըսէ Մովսէսի. ‘Յեսուն առ եւ զայն Եղիազար քահանային եւ ժողովուրդին առջեւ կայնեցուր. եւ անոնց առջեւ ամենուն ըսէ որ Յեսուն է նոր առաջնորդը’։ Ինչպէս կը տեսնէք պատկերին մէջ, Մովսէս Եհովայի ըսածը կ’ընէ։

Ապա Եհովա կ’ըսէ Յեսուի. ‘Զօրացիր եւ մի՛ վախնար։ Դուն պիտի առաջնորդես Իսրայելացիները Քանանու երկիրը զոր ես խոստացած եմ անոնց եւ ես քեզի հետ պիտի ըլլամ’։

Հետագային Եհովա կ’ըսէ Մովսէսի որ Մովաբի երկրին մէջ գտնուող Նաբաւ Լերան գագաթը ելլէ։ Այդ տեղէն Մովսէս կրնայ նայիլ Յորդանան Գետին անդիի կողմը գտնուող Քանանու գեղեցիկ երկրին։ Եհովա կ’ըսէ. ‘Այս է այն երկիրը զոր ես խոստացայ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի որդիներուն։ Քեզի թոյլ տուի որ տեսնես զայն, բայց թոյլ պիտի չտամ որ մտնես հոն’։

Հոն, Նաբաւ Լերան գագաթը Մովսէս կը մեռնի 120 տարեկանին։ Ան տակաւին զօրաւոր էր եւ իր տեսողութիւնն ալ լաւ էր։ Մովսէսի մահուան համար ժողովուրդը շատ կը տխրին եւ կու լան։ Բայց անոնք ուրախ են որ Յեսուն իրենց նոր առաջնորդն է։