Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 46

Երիքովի պարիսպները

Երիքովի պարիսպները

Ի՞ՆՉ բան պատճառ կ’ըլլայ որ Երիքովի պարիսպները փլին։ Կարծես թէ մեծ ռումբ մը հարուածած է զանոնք։ Բայց այն օրերուն անոնք ռումբեր չունէին. անոնք նոյնիսկ հրացան չունէին։ Ահաւասիկ Եհովայի ուրիշ մէկ հրաշքը։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս պատահեցաւ անիկա։

Մտիկ ըրէք թէ Եհովա ի՛նչ կ’ըսէ Յեսուի. ‘Դուն եւ քու ռազմիկներդ քաղաքին շուրջը պէտք է դառնաք։ Վեց օր, օրական մէկ անգամ անոր շուրջը դարձէք։ Ուխտի տապանակը ձեզի հետ առէք։ Անոր առջեւէն եօթը քահանաներ պէտք է քալեն եւ իրենց փողերը հնչեցնեն’։

‘Եօթներորդ օրը քաղաքին շուրջը եօ՛թը անգամ պէտք է դառնաք։ Յետոյ փողը երկար հնչեցուցէք եւ ամէն մարդ բարձրաձայն աղաղակէ, ու պարիսպները պիտի փլի՛ն’։

Յեսուն եւ ժողովուրդը կ’ընեն Եհովայի ըսածը։ Քալելու ատեն, բոլորն ալ լուռ են. բառ մը չեն խօսիր։ Միմիայն փողերուն եւ քալուածքի ձայնը կը լսուի։ Երիքովի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիները հաւանաբար ահ ու սարսափի մէջ են։ Կը տեսնէ՞ք պատուհանէ մը կախուած կարմիր պարանը։ Անիկա որո՞ւ պատուհանն է։ Այո, Ռախաբ մտիկ ըրած է երկու լրտեսներուն։ Իր ամբողջ ընտանիքը ներսն են եւ իրեն հետ կը դիտեն։

Վերջապէս, եօթներորդ օրը, քաղաքին շուրջը եօթը անգամ դառնալէ ետք, փողերը կը հնչեցնեն, պատերազմողները կ’աղաղակեն եւ պարիսպները կը փլին։ Այն ատեն, Յեսու կ’ըսէ. ‘Քաղաքին բոլոր բնակիչները սպաննեցէք եւ այրեցէք զանիկա։ Ամէն բան այրեցէք։ Միայն ոսկին, արծաթը, պղինձը եւ երկաթը պահեցէք եւ զանոնք Եհովայի վրանին գանձանակը տարէք’։

Իսկ Յեսու երկու լրտեսներուն կ’ըսէ. ‘Գացէք Ռախաբի տունը եւ զինք ու իր ամբողջ ընտանիքը դուրս հանեցէք’։ Ինչպէս որ լրտեսները խոստացած էին, Ռախաբ եւ իր ընտանիքը կը փրկուին։