Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 47

Գող մը Իսրայէլի մէջ

Գող մը Իսրայէլի մէջ

ՆԱՅԵՑԷՔ թէ այս մարդը ի՛նչ կը թաղէ իր վրանին մէջ։ Գեղեցիկ պատմուճան մը, ոսկիէ ձող մը եւ քանի մը կտոր արծաթ։ Ան զանոնք առած է Երիքով քաղաքէն։ Բայց կը յիշէ՞ք թէ Երիքովի աւարը ինչ պէտք էր ընէին։

Աւարը պէտք էր բնաջնջէին, իսկ ոսկին ու արծաթը Եհովայի տաղաւարին գանձանակը պէտք էր տանէին։ Ուստի այս մարդիկը անհնազանդ գտնուած են Աստուծոյ։ Անոնք գողցած են ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի։ Այս մարդուն անունն է Աքար, իսկ իրեն հետ եղողները իր ընտանիքի անդամներն են։ Տեսնենք թէ ի՛նչ կը պատահի։

Աքար այս բաները գողնալէ ետք, Յեսու կարգ մը մարդիկ կը ղրկէ որպէսզի Գայի քաղաքին դէմ պատերազմին։ Բայց անոնք պատերազմը կը կորսնցնեն. ոմանք կը սպաննուին, իսկ մնացեալը կը փախչին։ Յեսու շատ կը տխրի։ Ան երեսին վրայ գետին կը պառկի եւ Եհովայի կ’աղօթէ. ‘Ինչո՞ւ թոյլ տուիր որ այս բանը պատահի մեզի’։

Եհովա կը պատասխանէ. ‘Ոտքի ե՛լիր. Իսրայէլ մեղանչած է։ Անոնք կարգ մը բաներ առած են, զորս պէտք էր բնաջնջէին կամ Եհովայի տաղաւարը տանէին։ Անոնք գեղեցիկ պատմուճան մը գողցան եւ զանիկա պահեցին։ Ձեզի պիտի չօրհնեմ մինչեւ որ զանոնք եւ այս բաները առնողը կորսնցնէք’։ Եհովա կ’ըսէ թէ ինք Յեսուի ցոյց պիտի տայ թէ ո՛վ է այդ չար մարդը։

Ուստի Յեսու բոլոր ժողովուրդը կը հաւաքէ եւ Եհովա չար մարդը՝ Աքարը կը մատնանշէ։ Աքար կ’ըսէ. ‘Ես մեղք գործած եմ։ Գեղեցիկ պատմուճան մը եւ ոսկիէ ձող մը, ինչպէս նաեւ քանի մը կտոր արծաթ տեսայ, այնքան ուզեցի զանոնք ունենալ որ առի։ Իմ վրանիս ներսը հողին տակ թաղուած պիտի գտնէք զանոնք’։

Երբ այս իրերը կը գտնուին եւ Յեսուի կը բերուին, ան կ’ըսէ Աքարի. ‘Ինչո՞ւ մեր վրայ այս դժուարութիւնը բերիր։ Հիմա Եհովան քու վրադ դժուարութիւն պիտի բերէ՛’։ Ասոր վրայ բոլոր ժողովուրդը կը քարկոծեն Աքարը եւ իր ընտանիքը մինչեւ որ մեռնին։ Ասիկա ցոյց չի՞ տար որ մեզի չպատկանած բան մը պէտք չէ առնենք։

Ասկէ ետք Իսրայէլ դարձեալ Գայիի դէմ պատերազմելու կ’երթայ։ Այս անգամ Եհովա կ’օգնէ իր ժողովուրդին եւ անոնք կը շահին պատերազմը։