Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 52

Գեդէօն եւ իր 300 մարդիկը

Գեդէօն եւ իր 300 մարդիկը

ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞Ք ինչ տեղի կ’ունենայ հոս։ Ասոնք Իսրայէլի ռազմիկներն են։ Իսկ ծնրադրողները՝ ջուր կը խմեն։ Անոնց քով կայնողը Գեդէօն Դատաւորն է։ Ան կը դիտէ թէ անոնք ի՛նչպէս ջուր կը խմեն։

Ուշադրութեամբ նայեցէք տարբեր կերպով ջուր խմողներուն։ Անոնցմէ ոմանք ուղղակի իրենց երեսը ջուրին կը ծռեն։ Բայց անոնցմէ մէկը իր ափով ջուր կ’առնէ որպէսզի տեսնէ թէ իր շուրջը ի՛նչ կ’անցնի կը դառնայ։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ Եհովա Գեդէօնի ըսաւ որ միայն այն մարդիկը ընտրէ, որոնք ջուր խմելու ատեն զգոյշ են։ Իսկ Աստուած ըսաւ որ մնացեալը տուն ղրկուին։ Տեսնենք թէ ինչո՛ւ։

Դարձեալ Իսրայելացիները դժուարութեան կը մատնուին, քանի որ Եհովայի հնազանդած չեն։ Մադիանացիները անոնց դէմ զօրացած են եւ անոնց կը վնասեն։ Ուստի Իսրայելացիները օգնութեան համար Եհովայի կ’աղաղակեն եւ Եհովա կը լսէ անոնց աղաղակը։

Եհովա Գեդէօնի կ’ըսէ որ բանակ մը պատրաստէ։ Ուստի ան 32,000 ռազմիկ կը հաւաքէ։ Բայց Իսրայէլի դէմ 135,000 մարդոցմէ բաղկացած բանակ մը կայ։ Հակառակ ասոր, Եհովա կ’ըսէ Գեդէօնի. ‘Պէտք եղածէն աւելի մարդ ունիս’։ Ինչո՞ւ Եհովա այդպէս ըսաւ։

Քանի որ երբ Իսրայէլ շահէր պատերազմը, անոնք կրնային խորհիլ որ իրենց անձնական ուժով յաղթեցին։ Անոնք կրնային մտածել որ յաղթելու համար Եհովայի օգնութեան կարիքը չունեցան։ Ուստի Եհովա կ’ըսէ Գեդէօնի. ‘Բոլոր վախկոտներուն ըսէ որ տուն դառնան’։ Երբ Գեդէօն ասիկա կ’ըսէ, իր ռազմիկներէն 22,000–ը տուն կը դառնան։ Ուստի հիմա իրեն 10,000 մարդ կը մնայ 135,000 զինուորներուն դէմ կռուելու համար։

Սակայն, մտիկ ըրէք թէ ի՛նչ կ’ըսէ Եհովա. ‘Տակաւին շատ մարդ ունիս’։ Ուստի ան Գեդէօնի կ’ըսէ որ այս բոլոր մարդիկը այս գետակը տանի եւ ան որ երեսը ջուրին ծռած ջուր խմէ, իր տունը ղրկէ։ ‘Ես քեզի յաղթանակը պիտի տամ այն 300 մարդոցմով որոնք խմելու ատեն զգոյշ են’, կը խոստանայ Եհովա։

Ժամանակը կու գայ պատերազմելու։ Գեդէօն իր 300 մարդիկը երեք խումբերու կը բաժնէ։ Ան իւրաքանչիւրին կու տայ փող մը եւ սափոր մը, որուն մէջ ջահ կայ։ Կէս գիշերին, անոնք կը հաւաքուին թշնամի զինուորներուն բանակավայրին շուրջ։ Յետոյ, նոյն ժամուն, բոլորն ալ իրենց փողերը կը հնչեցնեն ու իրենց սափորները կը կոտրեն եւ կը պոռան. ‘Եհովայի եւ Գեդէօնի սուրը’։ Թշնամի զինուորները արթննալով, կը շփոթին ու կը վախնան։ Բոլորը կը սկսին փախչիլ եւ Իսրայելացիները կը շահին պատերազմը։

Դատաւորաց 68 գլուխները