Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 56

Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղ

Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղ

ՆԱՅԵՑԷՔ Սամուէլին որ մարդուն գլխուն վրայ իւղ կը թափէ։ Այսպէս կ’ընէին ցոյց տալու համար որ անհատ մը թագաւոր ընտրուած էր։ Եհովա կ’ըսէ Սամուէլի որ Սաւուղի գլխուն վրայ թափէ իւղը, որ մասնաւոր անուշահոտ իւղ մըն է։

Սաւուղ ինքզինք արժանի չէր սեպեր թագաւոր ըլլալու։ ‘Ես Բենիամինի ցեղին, ամենէն պզտիկ ցեղին կը պատկանիմ’, կ’ըսէ ան Սամուէլի։ ‘Ինչո՞ւ կ’ըսես որ թագաւոր պիտի ըլլամ’։ Եհովա կը սիրէ Սաւուղը քանի որ ան ինքզինք մեծ կամ կարեւոր չի նկատեր։ Անոր համար է որ զինք կ’ընտրէ թագաւոր ըլլալու։

Բայց Սաւուղ աղքատ կամ պզտիկ մարդ մը չէ։ Ան հարուստ ընտանիքի մը զաւակն է եւ շատ գեղեցիկ, բարձրահասակ մարդ մըն է։ Ան Իսրայէլի մէջ գտնուող բոլոր մարդոցմէ աւելի երկա՜ր է։ Սաւուղ նաեւ արագ վազող մըն է եւ շատ զօրաւոր ալ է։ Ժողովուրդը ուրախ են որ Եհովա Սաւուղը թագաւոր ընտրած է։ Բոլորն ալ կը սկսին պոռալ. ‘Կեցցէ՛ արքան’։

Իսրայէլի թշնամիները դարձեալ շատ զօրաւոր են եւ Իսրայելացիներուն շատ կը նեղեն։ Սաւուղ թագաւոր նշանակուելէն անմիջապէս ետք, Ամմոնացիները իրեն դէմ պատերազմի կ’ելլեն։ Բայց Սաւուղ մեծ բանակ մը կը հաւաքէ եւ Ամմոնացիներուն վրայ յաղթանակ կը տանի։ Ասիկա ժողովուրդը աւելի կ’ուրախացնէ որ Սաւուղ իրենց թագաւորն է։

Մինչ տարիները կ’անցնին, Սաւուղ շատ մը յաղթանակներ կը տանի Իսրայէլի թշնամիներուն վրայ։ Սաւուղ քաջ որդի մըն ալ ունի Յովնաթան անունով։ Ան ալ կ’օգնէ Իսրայէլի որ շատ մը պատերազմներ շահի։ Փղշտացիները տակաւին Իսրայելացիներուն յոռեգոյն թշնամիներն են։ Օր մը հազարաւոր Փղշտացիներ կու գան Իսրայէլի դէմ պատերազմելու։

Սամուէլ կ’ըսէ Սաւուղի որ սպասէ մինչեւ ինք գայ եւ զոհ մը կամ ընծայ մը մատուցանէ Եհովայի։ Բայց Սամուէլ կ’ուշանայ։ Սաւուղ ալ վախնալով որ Փղշտացիները պատերազմելու պիտի սկսին, ի՛նք զոհը կը մատուցանէ։ Երբ վերջապէս Սամուէլ կը հասնի, ան Սաւուղի կ’ըսէ որ անհնազանդ գտնուած է։ Սամուէլ կ’ըսէ. ‘Եհովա ուրիշ անձ մը որպէս թագաւոր պիտի ընտրէ Իսրայէլի համար’։

Հետագային Սաւուղ դարձեալ անհնազանդ կը գտնուի։ Ուստի Սամ­ուէլ կ’ըսէ իրեն. ‘Աւելի լաւ է Եհովայի հնազանդիլ, քան թէ անոր մատուցանել լաւագոյն ոչխարներ։ Քանի որ Եհովայի հնազանդ չես գտնուած, Եհովա քեզ Իսրայէլի թագաւորը ըլլալէ պիտի զրկէ’։

Մենք ասկէ լաւ դաս մը կը սորվինք։ Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ որքա՜ն կարեւոր է միշտ Եհովայի հնազանդիլ։ Նաեւ, ասիկա կ’ապացուցանէ թէ նոյնիսկ լաւ անհատ մը՝ ինչպէս եղած էր Սաւուղ, կրնայ փոխուիլ եւ չարանալ։ Բնաւ չենք ուզեր չարանալ, այդպէս չէ՞։