Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 57

Աստուած կ’ընտրէ Դաւիթը

Աստուած կ’ընտրէ Դաւիթը

ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞Ք ինչ տեղի ունեցած է։ Այս տղեկը գառնուկը ազատած է արջէն։ Արջը եկաւ եւ այս գառնուկը յափշտակեց որպէսզի լափէր զայն։ Բայց այս տղեկը անոր ետեւէն վազեց եւ ազատեց գառնուկը արջուն բերնէն։ Երբ կատղած արջը իր ետեւի թաթերուն վրայ կայնեցաւ, այս տղեկը արջը բռնեց եւ գետին տապալեց։ Ուրիշ առիթով մը, ան իր ոչխարներէն մէկը ազատեց առիւծէ մը։ Քաջ տղայ մըն է, այդպէս չէ՞։ Գիտէ՞ք ով է ան։

Ան պատանի Դաւիթն է, որ Բեթլէհէմի մէջ կ’ապրի։ Իր մեծ–հայրն էր՝ Ովբէդը, Հռութի եւ Բոոսի որդին։ Կը յիշէ՞ք զանոնք։ Իսկ Դաւիթի հայրն է՝ Յեսսէն։ Դաւիթ իր հօր ոչխարներուն հոգ կը տանի։ Եհովա Սաւուղը թագաւոր ընտրելէն 10 տարի ետք, ծնաւ Դաւիթ։

Օր մը Եհովա կ’ըսէ Սամուէլին. ‘Հետդ մասնաւոր իւղ ա՛ռ եւ գնա՛ Բեթլէհէմ, Յեսսէի տունը։ Անոր որդիներէն մէկը թագաւոր ընտրած եմ’։ Երբ Սամուէլ կը տեսնէ Յեսսէի անդրանիկ որդին՝ Եղիաբը, ինքն իրեն կ’ըսէ. ‘Եհովա անպայման ասիկա ընտրած է’։ Բայց Եհովա անոր կ’ըսէ. ‘Անոր հասակին երկայնութեան եւ գեղեցկութեան մի՛ նայիր։ Զինք չեմ ընտրած որպէս թագաւոր’։

Ուստի Յեսսէ իր որդին՝ Աբինադաբը կը կանչէ եւ Սամուէլի կը մօտեցնէ։ Բայց Սամուէլ կ’ըսէ. ‘Ո՛չ, Եհովա ասոր ալ չէ ընտրած’։ Յետոյ, Յեսսէ իր որդին՝ Սամաան կը բերէ։ ‘Ո՛չ, Եհովա ասոր ալ չէ ընտրած’, կ’ըսէ Սամուէլ։ Յեսսէ իր եօթը որդիները Սամուէլի կը բերէ, բայց Եհովա անոնցմէ ո՛չ մէկը կ’ընտրէ։ ‘Միայն ասո՞նք են, տղաքդ’, կը հարցնէ Սամուէլ։

‘Տակաւին կայ կրտսերը’, կ’ըսէ Յեսսէ։ ‘Բայց ան դուրսն է, ոչխարներուն հոգ կը տանի’։ Երբ Դաւիթ ներս կը բերուի, Սամուէլ կը տեսնէ որ ան գեղադէմ տղայ մըն է։ ‘Ասիկա է ընտրեալը’, կ’ըսէ Եհովա։ ‘Իւղը թափէ անոր վրայ’։ Սամուէլ կը հնազանդի։ Ժամանակը պիտի գայ երբ Դաւիթ Իսրայէլի թագաւորը պիտի ըլլայ։