Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 60

Աբիգիա եւ Դաւիթ

Աբիգիա եւ Դաւիթ

ԿԸ ՃԱՆՉՆԱ՞Ք այս գեղեցիկ կինը որ Դաւիթը դիմաւորելու կու գայ։ Անոր անունը Աբիգիա է։ Ան խոհեմ կին մըն է եւ Դաւիթը ետ կը պահէ գէշ արարքէ մը։ Բայց այդ մասին սորվելէ առաջ, տեսնենք թէ ի՛նչ պատահած է Դաւիթի։

Սաւուղէն փախչելէ ետք, Դաւիթ քարայրի մը մէջ կը պահուըտի։ Իր եղբայրները եւ իր մնացեալ ընտանիքը հոն իրեն կը միանան։ Մօտաւորապէս 400 մարդ հոն իրեն կու գան եւ Դաւիթ անոնց առաջնորդը կ’ըլլայ։ Ապա Դաւիթ Մովաբի թագաւորին կ’երթայ ու կ’ըսէ. ‘Հաճիս, հայրս ու մայրս ձեր քով մնան մինչեւ որ գիտնամ թէ ի՛նչ պիտի պատահի ինծի’։ Յետոյ Դաւիթ եւ իր մարդիկը բլուրներուն մէջ կը սկսին պահուըտիլ։

Անկէ ետքն է որ Դաւիթ կը հանդիպի Աբիգիային։ Անոր ամուսինը՝ Նաբաղ, հարուստ կալուածատէր մըն է։ Ան 3,000 ոչխար եւ 1,000 այծ ունի։ Նաբաղ չար մարդ մըն է։ Բայց իր կինը՝ Աբիգիա շատ գեղեցիկ կին մըն է։ Նաեւ, ան գիտէ շիտակը ընել։ Առիթով մը ան նոյնիսկ իր ընտանիքը կը փրկէ։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։

Դաւիթ եւ իր մարդիկը ազնիւ վարուած են Նաբաղին հետ։ Անոնք անոր ոչխարները պաշտպանած են։ Ուստի օր մը Դաւիթ իր մարդոցմէ ոմանք Նաբաղի կը ղրկէ եւ քիչ մը պահեստ կը խնդրէ։ Դաւիթի մարդիկը Նաբաղի քով կու գան երբ ան եւ իր օգնականները ոչխարներ կը խուզեն։ Խնճոյքի օր մըն է եւ Նաբաղ շատ ուտելիք ունի։ Ուստի Դաւիթի մարդիկը կ’ըսեն. ‘Մենք քեզի հետ ազնիւ վարուած ենք եւ ոչխարներդ չենք գողցած, այլ զանոնք պաշտպանած ենք։ Հիմա, հաճիս, մեզի քիչ մը ուտելիք տուր’։

‘Ձեզի պէս մարդոց ես ուտելիք չեմ տար’, կ’ըսէ Նաբաղ։ Ան կոշտ կերպով կը խօսի եւ Դաւիթի մասին գէշ բաներ կ’ըսէ։ Երբ մարդիկը կը վերադառնան եւ Դաւիթի կը պատմեն եղածը, Դաւիթ շատ կը բարկանայ։ ‘Ձեր սուրերը կապեցէ՛ք’, կ’ըսէ ան իր մարդոց։ Անոնք ճամբայ կ’ելլեն որ Նաբաղը եւ իր մարդիկը սպաննեն։

Իր տիրոջ վարկաբեկիչ խօսքերը լսող Նաբաղի մարդոցմէ մէկը Աբիգիայի կը պատմէ պատահածը։ Աբիգիա անմիջապէս ուտելիքներ կը պատրաստէ։ Քանի մը էշերու վրայ կը բեռնաւորէ զանոնք եւ ճամբայ կ’ելլէ։ Երբ Դաւիթի կը հանդիպի, ան էշէն վար կ’իջնէ, կը խոնարհի ու կ’ըսէ. ‘Հաճիք, ո՛վ տէր, ամուսինիս՝ Նաբաղի ըսածին ուշադրութիւն մի՛ ընծայէք։ Ան յիմար է եւ յիմարական բաներ կ’ընէ։ Ահաւասիկ ընծայ մը։ Հաճիք ընդունեցէք եւ եղած բանին համար ներողամիտ գտնուեցէք’։

‘Դուն իմաստուն կին մըն ես’, կ’ըսէ Դաւիթ։ ‘Իր չարութեանը փոխարէն Նաբաղը սպաննելէ զիս ետ պահեցիր։ Գնա՛ խաղաղութեամբ’։ Հետագային, երբ Նաբաղ կը մեռնի, Աբիգիա Դաւիթի կիներէն մէկը կ’ըլլայ։