Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 66

Յեզաբէլ՝ չար թագուհին

Յեզաբէլ՝ չար թագուհին

ՅԵՐՈԲՈՎԱՄ Թագաւոր մեռնելէ ետք, Իսրայէլի 10 ցեղեան թագաւորութեան վրայ իշխող բոլոր թագաւորները չար կ’ըլլան։ Անոնցմէ ամենէն չարը Աքաաբ Թագաւորն է։ Գիտէ՞ք ինչու։ Գլխաւոր պատճառը իր կինն է՝ Յեզաբէլ՝ չար թագուհին։

Յեզաբէլ Իսրայելացի կին մը չէ։ Ան Սիդոնի թագաւորին աղջիկն է։ Ան Բահաղ կեղծ աստուածը կը պաշտէ եւ Աքաաբին ու շատ մը Իսրայելացիներու ալ կը մղէ որ Բահաղը պաշտեն։ Յեզաբէլ կ’ատէ Եհովան եւ կը սպաննէ անոր շատ մը մարգարէները։ Ուրիշներ մառաններու մէջ կը պահուըտին որպէսզի չսպաննուին։ Երբ Յեզաբէլ բան մը ուզէ, զայն ձեռք ձգելու համար նոյնիսկ մարդասպանութեան կը դիմէ։

Օր մը Աքաաբ Թագաւոր շատ տխուր է։ Ուստի Յեզաբէլ կը հարցնէ անոր. ‘Ինչո՞ւ տխուր ես այսօր’։

‘Նաբովթի ըսածին համար’, կը պատասխանէ Աքաաբ։ ‘Ուզեցի իր այգին գնել, բայց ան ինծի ըսաւ որ չէի կրնար գնել զանիկա’։

‘Մի՛ նեղուիր։ Ես այգին քեզի համար կ’առնեմ’, կ’ըսէ Յեզաբէլ։

Ուստի Յեզաբէլ Նաբովթի բնակած քաղաքին գլխաւորներուն նամակ մը կը գրէ։ ‘Անպէտ մարդիկ գտէք, որոնք ըսեն թէ Նաբովթը Աստուծոյ եւ Թագաւորին նախատեց’, կ’ըսէ անոնց։ ‘Յետոյ Նաբովթը քաղաքէն դուրս հանեցէք եւ քարկոծեցէք զայն մինչեւ որ մեռնի’։

Անմիջապէս որ Յեզաբէլ կը տեղեկանայ թէ Նաբովթ մեռաւ, ան կ’ըսէ Աքաաբի. ‘Հիմա գնա՛ եւ անոր այգին առ’։ Համաձայն չէ՞ք որ Յեզաբէլ պէտք է պատժուի իր այս ըրած սոսկալի բանին համար։

Ուստի, Եհովա Յէուն կը ղրկէ զինք պատժելու համար։ Երբ Յեզաբէլ կը լսէ թէ Յէուն կու գայ, ան իր աչքերը կը ներկէ եւ կը ջանայ գրաւիչ եւ գեղեցիկ երեւնալ։ Բայց երբ Յէուն կու գայ եւ կը տեսնէ Յեզաբէլը պատուհանը կայնած, ան պալատի մարդոց կ’ըսէ. ‘Զայն վար նետեցէք’։ Մարդիկը կը հնազանդին, ինչպէս կը տեսնէք պատկերին մէջ։ Անոնք զինք վար կը նետեն եւ ան կը մեռնի։ Այսպիսի վախճան մը կ’ունենայ Յեզաբէլ՝ չար թագուհին։