Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 67

Յովսափատ Եհովայի կը վստահի

Յովսափատ Եհովայի կը վստահի

ԳԻՏԷ՞Ք այս մարդիկը որոնք են եւ ինչ կ’ընեն։ Անոնք պատերազմի կ’երթան եւ անոնց առջեւէն գացող անհատները կ’երգեն։ Բայց թերեւս հարցնէք. ‘Երգողները ինչո՞ւ սուրեր եւ նիզակներ չունին կռուելու համար’։ Տեսնենք։

Յովսափատ Իսրայէլի երկու ցեղեան թագաւորութեան թագաւորն է։ Ան հիւսիսային տասը ցեղեան թագաւորութեան վրայ տիրող Աքաաբ Թագաւորին եւ Յեզաբէլի ժամանակակից է։ Բայց Յովսափատ բարի թագաւոր մըն է եւ իր հայրը՝ Ասան ալ բարի թագաւոր մըն էր։ Ուստի հարաւային երկու ցեղեան թագաւորութեան ժողովուրդը երկար տարիներ լաւ կեանք մը կը վայելեն։

Բայց բան մը կը պատահի եւ պատճառ կ’ըլլայ որ ժողովուրդը վախնան։ Պատգամաբերներ կու գան եւ կը տեղեկագրեն Յովսափատի. ‘Մովաբի, Ամմոնի եւ Սէիր Լերան բնակիչները, հսկայ բանակով վրադ յարձակումի կու գան’։ Շատ մը Իսրայելացիներ Երուսաղէմ կը հաւաքուին եւ Եհովայէ օգնութիւն կը խնդրեն։ Անոնք տաճար կ’երթան եւ հոն Յովսափատ կ’աղօթէ. ‘Ո՛վ Եհովա, մեր Աստուածը, չենք գիտեր ինչ ընենք։ Այս հսկայ բանակին դիմաց անօգնական ենք։ Օգնութիւնը քեզմէ կ’ակնկալենք’։

Եհովա մտիկ կ’ընէ եւ իր ծառաներէն մէկը կը ղրկէ որ ժողովուրդին ըսէ. ‘Պատերազմը ձերը չէ, այլ՝ Աստուծոյն է։ Դուք պիտի չկռուիք։ Միայն դիտեցէք եւ տեսէք թէ Եհովա ի՛նչպէս պիտի փրկէ ձեզ’։

Ուստի յաջորդ օրը, Յովսափատ կ’ըսէ ժողովուրդին. ‘Եհովայի վստահեցէ՛ք’։ Ուստի ան երգողները իր բանակին առջեւ կը դնէ եւ մինչ անոնք կը քալեն՝ Եհովան կը փառաբանեն։ Գիտէ՞ք ինչ կը պատահի երբ պատերազմի վայրին կը մօտենան։ Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ թշնամի զինուորները իրարու դէմ պատերազմին։ Իսկ երբ Իսրայելացիները կը հասնին, թշնամի բոլոր զինուորները արդէն մեռած են։

Եհովայի վստահելով, Յովսափատ իմաստութեամբ կը վարուէր, այդպէս չէ՞։ Մենք ալ իմաստուն կ’ըլլանք եթէ Եհովայի վստահինք։