Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 70

Յովնանը եւ մեծ ձուկը

Յովնանը եւ մեծ ձուկը

ՆԱՅԵՑԷՔ ջուրին մէջ եղող մարդուն։ Ան շատ մը դժուարութիւններու մէջ է, այդպէս չէ՞։ Այդ ձուկը զինք կլլելու վրայ է։ Գիտէ՞ք ով է այս մարդը։ Անոր անունը Յովնան է։ Տեսնենք թէ ան ի՛նչպէս այսքան դժուարութիւններու մէջ ինկաւ։

Յովնան Եհովայի մարգարէներէն մէկն է։ Եղիսէ մարգարէին մահէն քիչ ետք, Եհովա կ’ըսէ Յովնանի. ‘Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛։ Հոն գտնուող ժողովուրդին չարութիւնը շատ մեծ է եւ ես կ’ուզեմ որ անոնց խօսիս ասոր մասին’։

Սակայն Յովնան չուզեր երթալ։ Ուստի ան Նինուէի հակառակ ուղղութեամբ գացող նաւու մը մէջ կը մտնէ։ Եհովա չի հաւնիր Յովնանի փախուստը։ Ուստի մեծ փոթորիկ մը կը հանէ։ Փոթորիկը այնքան զօրաւոր է որ նաւը ընկղմելու վրայ է։ Նաւաստիները շատ կը վախնան եւ իրենց աստուածներուն կ’աղօթեն օգնութեան համար։

Վերջապէս Յովնան կ’ըսէ անոնց. ‘Ես Եհովան կը պաշտեմ, այն Աստուածը որ երկինքն ու երկիրը ըրաւ։ Իսկ ես Եհովայի ըսած մէկ բանը չընելու համար կը փախչիմ’։ Ուստի նաւաստիները կը հարցնեն. ‘Այս փոթորիկը դադրեցնելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք քեզի’։

‘Զիս ծով նետեցէք ու ծովը դարձեալ պիտի հանդարտի’, կ’ըսէ Յովնան։ Նաւաստիները չեն ուզեր ասիկա ընել, բայց քանի որ փոթորիկը աւելի կը սաստկանայ, անոնք վերջապէս Յովնանը ծով կը նետեն։ Անմիջապէս փոթորիկը կը դադրի եւ ծովը դարձեալ կը հանդարտի։

Երբ Յովնան ջուրին մէջ կ’ընկղմի, մեծ ձուկը կը կլլէ զինք։ Սակայն Յովնան չի մեռնիր եւ երեք օր ու երեք գիշեր ձուկին փորին մէջ կը մնայ։ Յովնան շատ կը զղջայ որ Նինուէ չերթալով Եհովայի անհնազանդ գտնուեցաւ։ Ոստի գիտէ՞ք ինչ կ’ընէ։

Յովնան օգնութեան համար Եհովայի կ’աղօթէ։ Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ ձուկը փսխէ Յովնանը ցամաքին վրայ։ Անկէ ետք Յովնան կ’երթայ Նինուէ։ Ասիկա մեզի չի՞ սորվեցներ որ շատ կարեւոր է Եհովայի բոլոր ըսածները ընել։

Սուրբ Գրոց Յովնանու գիրքը