Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 72

Աստուած Եզեկիա թագաւորին կ’օգնէ

Աստուած Եզեկիա թագաւորին կ’օգնէ

ԳԻՏԷ՞Ք այս մարդը ի՛նչու կ’աղօթէ Եհովայի։ Ան ինչո՞ւ այս նամակները Եհովայի խորանին առջեւ դրած է։ Այս մարդը Եզեկիան է։ Ան Իսրայէլի հարաւային երկու ցեղեան թագաւորն է, որ շատ մը դժուարութիւններու մէջ է. ինչո՞ւ։

Քանի որ Ասորական բանակները արդէն հիւսիսային 10 ցեղերը կործանած են։ Եհովա թոյլ տուաւ որ ասիկա պատահի քանի որ այդ ժողովուրդը չար էին։ Հիմա Ասորական բանակները եկած են երկու ցեղեան թագաւորութեան դէմ պատերազմելու։

Ասորեստանի թագաւորը նամակներ ղրկած է Եզեկիա Թագաւորին։ Այդ նամակներն են, զորս Եզեկիա Եհովայի առջեւ դրած է հոս։ Նամակները կը ծաղրեն Եհովան եւ Եզեկիայի կ’ըսեն որ յանձնուի։ Անոր համար Եզեկիա կ’աղօթէ, ըսելով. ‘Ո՛վ Եհովա, Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն մեզ ազատէ։ Այն ատեն բոլոր ազգերը պիտի գիտնան որ միայն դուն Աստուած ես’։ Եհովա մտիկ պիտի ընէ՞ Եզեկիային։

Եզեկիա բարի թագաւոր մըն է։ Ան Իսրայէլի 10 ցեղեան թագաւորութեան թագաւորներուն նման չէ, ոչ ալ իր չար հօր՝ Աքազի նման է։ Եզեկիա ուշադրութեամբ հետեւած է Եհովայի բոլոր օրէնքներուն։ Ուստի, Եզեկիա իր աղօթքը վերջացնելէն ետք, Եսայի մարգարէն Եհովայէ եկած այս պատգամը կը ղրկէ իրեն. ‘Ասորեստանի թագաւորը Երուսաղէմ պիտի չմտնէ։ Անոր զինուորներէն ոչ մէկը Երուսաղէմին պիտի մօտենայ։ Անոնք քաղաքին վրայ աղեղ մը իսկ պիտի չնետեն’։

Նայեցէք այս էջին վրայի պատկերին։ Գիտէ՞ք այս բոլոր մեռած զինուորները որո՛նք են։ Անոնք Ասորեստանցիներ են։ Եհովա իր հրեշտակը ղրկեց եւ մէկ գիշերուան մէջ հրեշտակը սպաննեց 185,000 Ասորի զինուորներ։ Ուստի Ասորեստանի թագաւորը տեղի կու տայ եւ իր երկիրը կը վերադառնայ։

Երկու ցեղեան թագաւորութիւնը կը փրկուի եւ ատեն մը ժողովուրդը խաղաղութիւն կը վայելէ։ Եզեկիայի մահէն ետք, իր որդին՝ Մանասէն թագաւոր կ’ըլլայ։ Թէ՛ Մանասէն եւ թէ իր յաջորդը՝ Ամոնը, չար թագաւորներ են։ Անոր համար երկիրը դարձ­եալ ոճիրով եւ բռնութեամբ կը լեցուի։ Երբ Ամոն Թագաւորը իր ծառաներուն կողմէ կը սպաննուի, իր որդին՝ Յովսիան երկու ցեղեան թագաւորութեան թագաւորը կը հռչակուի։