Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 79

Դանիէլ առիւծներու գուբին մէջ

Դանիէլ առիւծներու գուբին մէջ

ՉԷ՞Ք կարծեր թէ Դանիէլ շատ մեծ դժուարութեան մէջ է։ Բայց առիւծները իրեն վնաս չեն հասցներ։ Գիտէ՞ք ինչու։ Ո՞վ դրաւ Դանիէլը այս բոլոր առիւծներուն հետ։ Տեսնենք։

Բաբելոնի թագաւորը Դարեհ անունով մարդ մըն է։ Ան շատ կը սիրէ Դանիէլը քանի որ Դանիէլ շատ ազնիւ եւ իմաստուն է։ Դարեհ Դանիէլը իր թագաւորութեան մէջ գլխաւոր իշխանը կը դարձնէ։ Ասիկա թագաւորութեան մէջ գտնուող միւս մարդոց նախանձը կը գրգռէ, ուստի հետեւեալը կ’ընեն։

Անոնք Դարեհի քով կ’երթան ու կ’ըսեն. ‘Մենք համաձայնած ենք, Ո՛վ թագաւոր, որ օրէնք մը հանես, ըսելով որ 30 օր ոեւէ մէկը ուրիշ աստուծոյ մը կամ մարդու մը չաղօթէ, այլ՝ միայն քեզի, Ո՛վ թագաւոր։ Եթէ մէկը անհնազանդ գտնուի, առիւծներուն թող նետուի’։ Դարեհ չի գիտեր թէ այս մարդիկը ինչո՛ւ այսպիսի օրէնք մը հանել կ’ուզեն։ Բայց ան կը խորհի որ ասիկա լաւ գաղափար մըն է, հետեւաբար օրէնքը գրել կու տայ։ Այլեւս կարելի չէ օրէնքը փոխել։

Երբ Դանիէլ օրէնքին մասին կը տեղեկանայ, տուն կ’երթայ եւ իր սովորութեանը պէս կ’աղօթէ։ Չար մարդիկը գիտէին թէ Դանիէլ պիտի չդադրեր Եհովայի աղօթելէ։ Անոնք կ’ուրախանան, քանի որ Դանիէլը մէջտեղէն վերցնելու իրենց ծրագիրը կարծես թէ իրականանալու վրայ է։

Երբ Դարեհ Թագաւոր կը հասկնայ թէ այդ մարդիկը ինչո՛ւ այս օրէնքը հանել ուզեցին, շատ կը տխրի։ Բայց ան կարող չէ օրէքը փոխել, ուստի հրաման պէտք է տայ որ Դանիէլը նետեն առիւծներուն գուբին մէջ։ Բայց թագաւորը Դանիէլի կ’ըսէ. ‘Յուսամ որ քու Աստուածդ որու կը ծառայես, փրկէ քեզ’։

Դարեհ այնքան անհանգիստ է որ չի կրնար քնանալ այդ գիշեր։ Յաջորդ առաւօտ, ան կը վազէ առիւծներուն գուբը։ Պատկերին մէջ կը տեսնէ՞ք զինք։ Ան կը պոռայ. ‘Դանիէ՛լ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ որու կը ծառայես կրցա՞ւ քեզ փրկել առիւծներէն’։

Դանիէլ կը պատասխանէ. ‘Աստուած իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանները գոցեց, այնպէս որ անոնք ինծի վնաս մը չհասցուցին’։

Թագաւորը շատ կ’ուրախանայ։ Ան կը հրամայէ որ Դանիէլը գուբէն հանեն։ Յետոյ ան կը պատուիրէ որ Դանիէլը մէջտեղէն վերցնել փորձած այն չար մարդիկը նետեն առիւծներուն։ Անոնք տակաւին գուբին յատակը չհասած, առիւծները կը յարձակին եւ անոնց բոլոր ոսկորները կը փշրեն։

Ասկէ ետք Դարեհ Թագաւորը իր թագաւորութեան մէջ գտնուող բոլորին կը գրէ. ‘Կը հրամայեմ որ ամէն մարդ յարգէ Դանիէլի Աստուածը։ Ան մեծ հրաշքներ կ’ընէ։ Ան Դանիէլը փրկեց առիւծներուն կեր դառնալէ’։