Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 82

Մուրթքէ եւ Եսթեր

Մուրթքէ եւ Եսթեր

ԵԶՐԱՍԻ Երուսաղէմ երթալէն քանի մը տարի առաջ երթանք։ Մուրթքէ եւ Եսթեր Պարսկաստանի թագաւորութեան մէջ ամենէն կարեւոր Իսրայելացիներն են։ Եսթերը Թագուհին է, իսկ իր զարմիկը՝ Մուրթքէ հեղինակութեան գլուխ եղող թագաւորէն վերջ՝ երկրորդն է։ Տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչպէս պատահեցաւ։

Եսթերի ծնողքը մահացան երբ ան շատ փոքր էր, ուստի Մուրթքէն զինք մեծցուցած է։ Ասուերոս՝ Պարսկաստանի թագաւորը՝ Շուշան քաղաքին մէջ պալատ մը ունի, իսկ Մուրթքէ իր ծառաներէն մէկն է։ Արդ օր մը թագաւորին կինը՝ Վաշթին, իրեն չհնազանդիր, ուստի թագաւորը իրեն նոր կին մը կ’ընտրէ որպէս թագուհի։ Գիտէ՞ք որու կ’ընտրէ ան։ Այո, գեղեցիկ երիտասարդուհի մը՝ Եսթերը։

Կը տեսնէ՞ք այս հպարտ մարդը որուն առջեւ կը խոնարհին մարդիկ։ Այս մարդը Համանն է։ Ան Պարսկաստանի մէջ շատ կարեւոր անձնաւորութիւն մըն է։ Համան կ’ուզէ որ Մուրթքէն ալ՝ որու կը տեսնէք հոս նստած՝ իր առջեւ խոնարհի։ Բայց Մուրթքէ չուզեր ասիկա ընել։ Ան կը խորհի որ շիտակ չէ այսպիսի չար մարդու մը առջեւ խոնարհիլ։ Ասիկա Համանը շատ կը բարկացնէ։ Ուստի ան հետեւեալ ծրագիրը կը յղանայ։

Համան թագաւորին սուտեր կը խօսի Իսրայելացիներուն մասին։ ‘Անոնք չար ժողովուրդ մըն են, որոնք չեն ուզեր քու օրէնքներուդ հնազանդիլ’, կ’ըսէ ան։ ‘Անոնք մահուամբ պէտք է կորսուին’։ Ասուերոս չի գիտեր թէ իր կինը՝ Եսթեր Իսրայելացի մըն է։ Ուստի ան մտիկ կ’ընէ Համանի եւ օրէնք մը կը հանէ որ որոշ օր մը բոլոր Իսրայելացիները սպաննուին։

Երբ Մուրթքէ կը լսէ այս օրէնքին մասին, տակնուվրայ կ’ըլլայ։ Ան պատգամ մը կը ղրկէ Եսթերի. ‘Դուն թագաւորին պէտք է ըսես եւ իրմէ խնդրես որ մեզ փրկէ’։ Պարսկաստանի օրէնքին դէմ է թագաւորին ներկայանալ մինչեւ որ չհրաւիրուիք։ Բայց Եսթեր թագաւորին կը ներկայանայ առանց հրաւիրուելու։ Թագաւորը իր ոսկիէ գաւազանը իրեն կ’երկարէ, որ կը նշանակէ թէ ան պիտի չսպաննուի։ Եսթեր թագաւորը եւ Համանը մեծ խնճոյքի մը կը հրաւիրէ։ Հոն թագաւորը Եսթերի կը հարցնէ թէ ի՛նչ է իր խնդրանքը։ Եսթեր կ’ըսէ թէ պիտի ըսէ իրեն եթէ յաջորդ օրը ինք եւ Համան դարձեալ խնճոյքի գան։

Այդ խնճոյքին Եսթեր կ’ըսէ թագաւորին. ‘Իմ ժողովուրդս եւ ես պիտի սպաննուինք’։ Թագաւորը կը բարկանայ. ‘Ո՞վ կը համարձակի այսպիսի բան մը ընել’, կը հարցնէ ան։

‘Այդ մարդը, թշնամին, այս չար Համանն է’, կ’ըսէ Եսթեր։

Արդ թագաւորը շատ կը զայրանայ։ Ան կը հրամայէ որ Համան սպաննուի։ Ապա, թագաւորը Մուրթքէն իրմէ վերջ հեղինակութեան գլուխ եղող երկրորդ անձնաւորութիւնը կը դարձնէ։ Մուրթքէ այն ատեն հոգ կը տանի որ նոր օրէնք մը ելլէ, թոյլ տալով Իսրայելացիներուն որ իրենց կեանքերը պաշտպանելու համար կռուին, այն օրը որ ծրագրուած էր զիրենք բնաջնջել։ Արդ քանի որ Մուրթքէն այսքան կարեւոր անձնաւորութիւն մըն է, շատեր կ’օգնեն Իսրայելացիներուն եւ անոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատին։

Սուրբ Գրոց Եսթերայ գիրքը