Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 93

Յիսուս մեծ բազմութիւն մը կը կերակրէ

Յիսուս մեծ բազմութիւն մը կը կերակրէ

ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ բան մը պատահած է. Յովհաննէս Մկրտիչ նոր սպաննուած է։ Հերովդիա՝ թագաւորին կինը՝ զինք չէր սիրեր եւ կրցած է համոզել թագաւորը որ Յովհաննէսը գլխատել տայ։

Երբ Յիսուս ասիկա կը լսէ, շա՜տ կը տխրի։ Ան ամայի տեղ մը կ’երթայ։ Բայց բազմութիւնը իրեն կը հետեւի։ Երբ Յիսուս կը տեսնէ ամբոխը՝ կը մեղքնայ։ Ուստի անոնց Աստուծոյ թագաւորութեան մասին կը խօսի եւ անոնց հիւանդները կը բուժէ։

Այդ իրիկուն իր աշակերտները իրեն կը մօտենան եւ կ’ըսեն. ‘Արդէն ուշ է եւ հոս ամայի տեղ մըն է։ Ղրկէ՛ բազմութիւնը որպէսզի կարենան իրենց համար ուտելիք գնել մօտակայ գիւղերէն’։

‘Անոնք երթալու պէտք չունին’, կը պատասխանէ Յիսուս։ ‘Դո՛ւք իրենց ուտելիք տուէք’։ Փիլիպպոսի դառնալով, Յիսուս կը հարցնէ. ‘Ուրկէ՞ կրնանք բաւարար ուտելիք գնել այս ամբողջ բազմութիւնը կերակրելու համար’։

‘Այսքան մարդ նոյնիսկ քիչով կերակրելը շա՜տ, շատ դրամի պիտի կարօտի’, կը պատասխանէ Փիլիպպոս։ Անդրէաս կ’ըսէ. ‘Այս տղան որ մեր ուտելիքը կը կրէ, հինգ նկանակ եւ երկու ձուկ ունի։ Բայց ատիկա բաւարար պիտի չըլլայ այս ամբողջ բազմութեան համար’։

‘Ըսէք բազմութեան որ խոտին վրայ նստին’, կ’ըսէ Յիսուս։ Ապա ան Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ եղած ուտելիքին համար եւ կը սկսի զանոնք կտրտել։ Ապա, աշակերտները հացը եւ ձուկը կը բաշխեն ամբողջ բազմութեան։ Հինգ հազար այր մարդ եւ հազարաւոր կիներ եւ երախաներ կան։ Անոնք բոլորը մինչեւ կշտանան կ’ուտեն եւ երբ աշակերտները աւելցուքները կը հաւաքեն, տակաւին 12 լեցուն կողով կ’աւելնայ։

Ասկէ ետք Յիսուս իր առաքեալներուն կ’ըսէ որ նաւ մտնեն Գալիլիոյ Ծովը կտրելու համար։ Գիշերը մեծ փոթորիկ մը կը սկսի եւ ալիքները նաւը ասդին անդին կ’երերցնեն։ Աշակերտները շատ կը վախնան։ Ապա, կէս գիշերին, անոնք մէկը կը տեսնեն, որ ջուրին վրայէն քալելով դէպի իրենց կու գայ։ Անոնք սարսափած կը պոռան, քանի որ չեն գիտեր թէ ի՛նչ է իրենց տեսածը։

‘Մի՛ վախնաք, ես եմ’, կ’ըսէ Յիսուս։ Անոնք տակաւին չեն հաւատար։ Ուստի Պետրոս կ’ըսէ. ‘Տէ՛ր, եթէ իրապէս դուն ես, ըսէ որ ես ջուրին վրայէն քալելով քեզի գամ’։ Յիսուս կը պատասխանէ. ‘Եկո՛ւր’ եւ Պետրոս նաւէն կ’իջնէ ու ջուրին վրայէն կը քալէ։ Ապա ան կը վախնայ եւ կը սկսի ընկղմիլ, բայց Յիսուս կ’ազատէ զինք։

Հետագային, Յիսուս դարձեալ կը կերակրէ հազարաւորներ։ Այս անգամ ասիկա կ’ընէ եօթը նկանակով եւ քանի մը պզտիկ ձուկերով, ու դարձեալ ամէնքն ալ կը կշտանան։ Ի՜նչ սքանչելի կերպով Յիսուս կը հոգայ բազմութեան, այնպէս չէ՞։ Երբ ան իշխէ որպէս Աստուծոյ թագաւորը, այլեւս ոչ մէկ բանի համար հոգ ընելու կարիքը պիտի ունենանք։