Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 94

Յիսուս երախաները կը սիրէ

Յիսուս երախաները կը սիրէ

ՀՈՍ Յիսուսի նայեցէք, որ տղեկ մը իր բազուկին մէջ առած է։ Կրնաք ըսել որ Յիսուս իրա՛պէս կը սիրէ երախաները։ Զինք դիտողները՝ իր առաքեալներն են։ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ անոնց։ Տեսնենք.

Յիսուս եւ իր առաքեալները երկար ճամբորդութենէ մը տակաւին նոր հասած են։ Ճամբու ընթացքին առաքեալները իրարու հետ կը վիճէին։ Ուստի ճամբորդութենէն ետք Յիսուս կը հարցնէ անոնց. ‘Ճամբուն վրայ ի՞նչ բանի մասին կը վիճէիք’։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս գիտէ թէ ի՛նչ բանի մասին կը վիճէին։ Բայց ան կը հարցնէ տեսնելու համար թէ առաքեալները պիտի ըսե՞ն իրեն։

Առաքեալները չեն պատասխաներ, քանի որ ճամբուն վրայ անոնք կը վիճէին թէ իրենցմէ ո՛վ ամենէն մեծն է։ Կարգ մը առաքեալներ կ’ուզեն միւսներէն աւելի կարեւոր ըլլալ։ Յիսուս անոնց ինչպէ՞ս պիտի բացատրէ թէ շիտակ չէ փափաքիլ միւսներէն աւելի մեծ ըլլալ։

Ան տղեկ մը կը կանչէ քովը եւ անոնց առջեւ կը կայնեցնէ։ Ապա ան իր աշակերտներուն կ’ըսէ. ‘Կ’ուզեմ որ ասիկա գիտնաք, Եթէ դուք չփոխուիք եւ երախաներու նման չըլլաք, Աստուծոյ թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք։ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ ամենէն մեծը այն է, որ ճիշդ այս երախային նման է’։ Գիտէ՞ք Յիսուս ի՛նչու այսպէս ըսաւ։

Այո, երախաները չեն խորհիր ուրիշներէն աւելի մեծ կամ աւելի կարեւոր ըլլալ։ Ուստի առաքեալները պէտք էր սորվէին այս մարզին մէջ երախաներու նման ըլլալ եւ աւելի կարեւոր կամ աւելի մեծ ըլլալու համար իրարու հետ չվիճիլ։

Ուրիշ առիթներով ալ, Յիսուս ցոյց կու տայ թէ որքան շատ կը սիրէ երախաները։ Քանի մը ամիս ետք, կարգ մը անհատներ իրենց երախաները կը բերեն որպէսզի Յիսուսը տեսնեն։ Առաքեալները կը փորձեն զանոնք հեռացնել։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ իր առաքեալներուն. ‘Ձգեցէք այդ երախաները որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք զանոնք, քանի որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը այսպիսիներուն կը պատկանի’։ Ապա Յիսուս երախաները իր բազուկներուն մէջ կ’առնէ եւ կ’օրհնէ զանոնք։ Հաճելի է գիտնալ թէ Յիսուս երախաները կը սիրէ, այդպէս չէ՞։