Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 96

Յիսուս հիւանդներ կը բուժէ

Յիսուս հիւանդներ կը բուժէ

ՄԻՆՉ Յիսուս կը ճամբորդէ երկրին մէջ, ան հիւանդներ կը բուժէ։ Այս հրաշքներուն լուրը կը տարածուի բոլոր շրջակայ գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ։ Ուստի մարդիկ իրեն կը բերեն բոլոր հաշմանդամները, կոյրերը, խուլերը եւ շատ մը ուրիշ հիւանդներ։ Յիսուս բոլորն ալ կը բժշկէ։

Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսը մկրտելէն երեք տարի անցած է։ Յիսուս իր առաքեալներուն կ’ըսէ որ շուտով Երուսաղէմ պիտի երթայ, ուր պիտի սպաննուի եւ ապա մեռելներէն պիտի յարուցուի։ Մինչ այդ, Յիսուս կը շարունակէ հիւանդները բուժել։

Շաբաթ օր մը Յիսուս կը սորվեցնէ։ Շաբաթը Հրեաներուն համար հանգստութեան օր մըն է։ Այս կինը որ հոս կը տեսնէք, շատ հիւանդ է։ Ան 18 տարիէ ի վեր ծռած էր եւ չէր կրնար ուղիղ կայնիլ։ Ուստի Յիսուս իր ձեռքերը կնոջ վրայ կը դնէ եւ ան կը սկսի ուղիղ կայնիլ։ Ան կը բժշկուի։

Ասիկա կը բարկացնէ կրօնական առաջնորդները։ ‘Մենք 6 օր ունինք աշխատելու համար’, կը պոռայ անոնցմէ մէկը ամբոխին։ ‘Այդ օրերուն է որ բուժուելու համար կու գան եւ ոչ թէ Շաբաթ օրը’։

Բայց Յիսուս կը պատասխանէ. ‘Ի՜նչ չար էք դուք. ձեզմէ ամէն մէկը իր էշը պիտի քակէր եւ անոր ջուր խմցնէր Շաբաթ օրը։ Ուստի այս խեղճ կինը որ 18 տարիէ ի վեր հիւանդ է, Շաբաթ օրը պէտք չէ՞ բուժուի’։ Յիսուսի պատասխանը պատճառ կ’ըլլայ որ այս չար մարդիկը ամչնան։

Ապա Յիսուս եւ իր առաքեալները դէպի Երուսաղէմ կը ճամբորդեն։ Անոնք Երիքովի քաղաքէն հազիւ թէ դուրս կ’ելլեն, երկու կոյր մուրացկաններ կը լսեն թէ Յիսուս այդ տեղէն կ’անցնի։ Ուստի անոնք կը պոռան. ‘Յիսուս, օգնէ մեզի’։

Յիսուս իր քով կը կանչէ կոյրերը եւ անոնց կը հարցնէ. ‘Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ ձեզի’։ Անոնք կ’ըսեն. ‘Տէ՛ր, մեր աչքերը բաց’։ Յիսուս կը դպչի անոնց աչքերուն եւ անմիջապէս անոնք կը տեսնեն։ Գիտէ՞ք Յիսուս ի՛նչու կ’ընէ այս բոլոր սքանչելի հրաշքները։ Քանի որ ան մարդիկը կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ անոնք իրեն հաւատան։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ երբ ինք որպէս թագաւոր իշխէ, երկրի վրայ ո՛չ մէկը դարձեալ պիտի հիւանդանայ։