Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 100

Յիսուս պարտէզին մէջ

Յիսուս պարտէզին մէջ

ՎԵՐՆԱՅԱՐԿ սենեակէն մեկնելէն ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները Գեթսեմանի պարտէզը կ’երթան։ Նախապէս անոնք շատ անգամ հոս եկած են։ Արդ Յիսուս անոնց կ’ըսէ որ արթուն կենան եւ աղօթեն։ Ապա Յիսուս քիչ մը կը հեռանայ, դէմքը մինչեւ գետին կը խոնարհեցնէ եւ կ’աղօթէ։

Ապա Յիսուս իր առաքեալներուն քով կը վերադառնայ։ Արդեօք անոնք ի՞նչ կ’ընեն, կը խորհիք։ Անոնք կը քնանան։ Յիսուս անոնց երեք անգամ կ’ըսէ որ արթուն պէտք է կենան, բայց իւրաքանչիւր վերադարձին անոնց քնացած կը գտնէ։ ‘Ինչպէ՞ս կրնաք քնանալ այսպիսի ժամանակի մը մէջ’, կ’ըսէ Յիսուս իր վերջին վերադարձին։ ‘Ժամանակը եկած է որ ես իմ թշնամիներուս ձեռքը մատնուիմ’։

Ճիշդ այդ պահուն մեծ ամբոխի մը ձայնը կը լսուի։ Ահա, մարդիկ կու գան սուրերով եւ բիրերով։ Իրենց ճամբան լուսաւորելու համար անոնք իրենց ձեռքը ջահեր ունին։ Երբ անոնք աւելի կը մօտենան, ամբոխին մէջէն անհատ մը կը յառաջանայ եւ ուղղակի Յիսուսի կը մօտենայ։ Ան կը համբուրէ Յիսուսը, ինչպէս կը տեսնէք հոս։ Այս մարդը Իսկարիովտացի Յուդան է։ Ան ինչո՞ւ կը համբուրէ Յիսուսը։

Յիսուս կը հարցնէ. ‘Յուդա, համբոյրո՞վ մը զիս կը մատնես’։ Այո, համբոյրը նշան մըն է, որպէսզի Յուդայի հետ եղող մարդիկը գիտնան թէ ան է Յիսուսը, այն մարդը զոր կը փնտռեն։ Ուստի Յիսուսի թշնամիները կը յառաջանան որ զինք ձերբակալեն։ Բայց Պետրոս չուզեր թոյլ տալ որ անոնք առանց պայքարելու Յիսուսը տանին։ Ան իրեն հետ բերած սուրը կը քաշէ եւ իր մօտ գտնուող մարդուն հարուած մը կու տայ։ Սուրը մարդուն գլուխէն կը վրիպի եւ անոր աջ ականջը կը փրցնէ։ Բայց Յիսուս կը դպչի մարդուն ականջին եւ կը բուժէ զանիկա։

Յիսուս կ’ըսէ Պետրոսի. ‘Սուրդ իր տեղը դարձուր։ Չե՞ս խորհիր որ ես կրնամ իմ Հօրմէս խնդրել որ հազարաւոր հրեշտակներ ղրկէ զիս ազատելու համար’։ Այո, ան կրնայ։ Բայց Յիսուս չի խնդրեր Աստուծմէ որ հրեշտակ մը ղրկէ, քանի որ ինք գիտէ թէ ժամանակը հասած է որ իր թշնամիները զինք ձերբակալեն։ Ուստի ան թոյլ կու տայ որ անոնք զինք տանին։ Տեսնենք թէ ինչ կը պատահի Յիսուսի։