Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 102

Յիսուս կենդանի է

Յիսուս կենդանի է

ԳԻՏԷ՞Ք այս կինը եւ այս երկու մարդիկը որոնք են։ Կինը Յիսուսի բարեկամուհին՝ Մարիամ Մագդաղինացին է։ Իսկ ճերմակ հանդերձներով երկու մարդիկը հրեշտակներ են։ Այս պզտիկ սենեակը ուր Մարիամ ներս կը նայի, այն տեղն է ուր Յիսուսի մարմինը դրուեցաւ իր մահէն ետք։ Ան գերեզման կը կոչուի։ Բայց մարմինը հոն չէ։ Ո՞վ առաւ զանիկա։ Տեսնենք.

Յիսուս մեռնելէ ետք, քահանաները Պիղատոսի կ’ըսեն. ‘Երբ Յիսուս ողջ էր, ան ըսաւ որ ինք երեք օր ետք պիտի յարուցուէր։ Ուստի հրաման տուր որ գերեզմանը պահուի։ Այն ատեն իր աշակերտները չեն կրնար անոր մարմինը գողնալ եւ ըսել թէ ան մեռելներէն յարուցուած է’։ Պիղատոս քահանաներուն կ’ըսէ որ զինուորներ ղրկեն գերեզմանը պահելու համար։

Բայց Յիսուսի մահուան երրորդ օրը շատ կանուխ, Եհովայի հրեշտակը յանկարծ կու գայ։ Ան գերեզմանին առջեւ դրուած քարը մէկդի կը հրէ։ Զինուորները այնքան կը վախնան որ անշարժ կը մնան։ Վերջապէս, երբ գերեզմանին ներսը կը նային, մարմինը հոն չէ։ Զինուորներէն ոմանք քաղաք կը մտնեն եւ քահանաներուն կը պատմեն։ Գիտէ՞ք չար քահանաները ինչ կ’ընեն։ Անոնք զինուորներուն կը վճարեն որ սուտ խօսին։ ‘Ըսէք թէ իր աշակերտները գիշերով եկան, երբ մենք կը քնանայինք եւ մարմինը գողցան’, կ’ըսեն քահանաները զինուորներուն։

Մինչ այդ, Յիսուսի բարեկամուհիներէն ոմանք գերեզման կ’այցելեն։ Անոնք շա՜տ կը զարմանան երբ գերեզմանը պարապ կը գտնեն։ Յանկարծ փայլուն հանդերձներով երկու հրեշտակներ կ’երեւնան։ ‘Ինչո՞ւ Յիսուսը հոս կը փնտռէք’, կը հարցնեն անոնք։ ‘Ան յարութիւն առած է։ Շուտով գացէք եւ իր աշակերտներուն պատմեցէք’։ Կիները ի՜նչ արագ կը վազեն։ Բայց ճամբուն վրայ մարդ մը կը կեցնէ զիրենք։ Գիտէ՞ք ով է ան. Յիսո՛ւսն է։ ‘Գացէք եւ ըսէք իմ աշակերտներուս’, կ’ըսէ ան։

Երբ կիները աշակերտներուն կ’ըսեն թէ Յիսուս ողջ է եւ թէ զինք տեսան, աշակերտները շատ չեն հաւատար անոնց։ Պետրոս եւ Յովհաննէս գերեզման կը վազեն անձամբ տեսնելու, բայց գերեզմանը պարապ կը գտնեն։ Երբ Պետրոս եւ Յովհաննէս կը մեկնին, Մարիամ Մագդաղինացին հոն կը մնայ։ Այն ատեն է որ ան գերեզմանին ներսը կը նայի եւ երկու հրեշտակները կը տեսնէ։

Գիտէ՞ք ինչ պատահեցաւ Յիսուսի մարմնին։ Աստուած պատճառ եղաւ որ ան անյայտանայ։ Աստուած Յիսուսը իր մեռած մսեղէն մարմնով չյարուց։ Ան հոգեղէն նոր մարմին մը տուաւ Յիսուսին, երկնքի հրեշտակներուն նման։ Բայց իր աշակերտներուն ցոյց տալու համար թէ ինք ողջ է, Յիսուս կրնայ մարմին առնել որպէսզի մարդիկ զինք տեսնեն, ինչպէս պիտի սորվինք։