Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 103

Դուռը կղպուած սենեակի մը մէջ

Դուռը կղպուած սենեակի մը մէջ

ՊԵՏՐՈՍ եւ Յովհաննէս գերեզմանէն մեկնելէ ետք, ուր Յիսուսի մարմինը դրուած էր, Մարիամ հոն առանձին կը մնայ։ Ան կը սկսի լալ։ Ապա կը ծռի եւ գերեզմանին ներսը կը նայի, ինչպէս տեսանք նախկին պատկերին մէջ։ Հո՛ն է որ կը տեսնէ երկու հրեշտակները։ Անոնք կը հարցնեն իրեն. ‘Ինչո՞ւ կու լաս’։

Մարիամ կը պատասխանէ. ‘Իմ տէրս առեր են եւ ես չեմ գիտեր թէ զայն ո՛ւր դրած են’։ Ապա Մարիամ իր շուրջը կը նայի եւ մարդ մը կը տեսնէ։ Մարդը կը հարցնէ իրեն. ‘Որո՞ւ կը փնտռես’։

Մարիամ կը խորհի թէ մարդը պարտիզպանն է եւ թէ թերեւս ան առած է Յիսուսի մարմինը։ Ուստի անոր կ’ըսէ. ‘Եթէ դուն առած ես զայն, ըսէ՛ ինծի թէ ուր դրած ես’։ Բայց, իրականութեան մէջ, այս մարդը Յիսուսն է։ Ան մարմին մը առած է, զոր Մարիամ չի ճանչնար։ Բայց երբ Յիսուս իր անունով կը կանչէ զինք, Մարիամ կը ճանչնայ թէ ան Յիսուսն է։ Ան կը վազէ եւ աշակերտներուն կ’ըսէ. ‘Տէրը տեսայ’։

Նոյն օրը աւելի ուշ, մինչ երկու աշակերտներ կը քալեն դէպի Էմմաուսի գիւղը, մարդ մը կը միանայ անոնց։ Աշակերտները շատ տխուր են քանի որ Յիսուս սպաննուած է։ Բայց մինչ անոնք կը քալեն, մարդը Աստուածաշունչէն շատ մը բաներ կը բացատրէ եւ անոնք աւելի լաւ կը զգան։ Վերջապէս, երբ անոնք ճաշի համար կը կենան, աշակերտները կը ճանչնան թէ այս մարդը Յիսուսն է։ Ապա Յիսուս կ’անյայտանայ եւ այս երկու աշակերտները հապճեպով Երուսաղէմ կը վերադառնան ասոր մասին առաքեալներուն պատմելու։

Մինչ այդ, Յիսուս Պետրոսի ալ կ’երեւնայ։ Միւսները կը հրճուին երբ ասիկա կը լսեն։ Ապա այս երկու աշակերտները Երուսաղէմ կը հասնին եւ առաքեալները կը տեսնեն։ Անոնց կը պատմեն թէ Յիսուս ի՛նչպէս իրենց ալ երեւցաւ ճամբուն վրայ։ Մինչ ասոր մասին կը խօսին, գիտէ՞ք ի՛նչ ապշեցուցիչ բան տեղի կ’ունենայ։

Նայեցէք պատկերին։ Ճիշդ սենեակին մէջտեղ Յիսուս կ’երեւնայ, հակառակ անոր որ դուռը կղպուած է։ Աշակերտները որքա՜ն կ’ուրախանան։ Իրապէս խայտալի օր մը չէ՞։ Հիմա կրնա՞ք համրել թէ Յիսուս արդէն քանի՛ անգամ երեւցաւ իր հետեւորդներուն։ Հի՞նգ անգամ։

Թովմաս առաքեալ ներկայ չէ երբ Յիսուս անոնց կ’երեւնայ։ Ուստի աշակերտները կ’ըսեն իրեն. ‘Տէրը տեսանք’։ Բայց Թովմաս կ’ըսէ որ Յիսուսը անձամբ պէտք է տեսնէ որպէսզի հաւատայ։ Արդ, ութը օր ետք, աշակերտները դարձեալ կը հաւաքուին դուռը կղպուած սենեակի մը մէջ եւ այս անգամ Թովմաս անոնց հետ է։ Յանկարծ, ճիշդ սենեակին մէջտեղ Յիսուս կ’երեւնայ։ Արդ Թովմաս կը հաւատայ։