Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 106

Բանտէն ազատ արձակուիլ

Բանտէն ազատ արձակուիլ

ՆԱՅԵՑԷՔ բանտին բաց դուռը բռնող հրեշտակին։ Իր ազատ արձակած մարդիկը Յիսուսի առաքեալներն են։ Տեսնենք թէ ի՛նչ բան առաջնորդեց անոնց բանտարկուելուն։

Յիսուսի աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին թափուելէն քիչ ետք, հետեւեալը կը պատահի։ Պետրոս եւ Յովհաննէս Երուսաղէմի տաճարը կ’երթան կէսօրէ ետք մը։ Հոն, դրան մօտ, կաղ ծնած մարդ մը կայ։ Մարդիկ զինք ամէն օր հոն կը բերեն որպէսզի տաճար մտնողներէն դրամ մուրայ։ Երբ ան Պետրոսը եւ Յովհաննէսը կը տեսնէ, անոնցմէ կը խնդրէ որ իրեն բան մը տան։ Առաքեալները ի՞նչ պիտի ընեն։

Անոնք կը կենան եւ աղքատ մարդուն կը նային։ ‘Ես դրամ չունիմ’, կ’ըսէ Պետրոս։ ‘Բայց քեզի պիտի տամ ինչ որ ունիմ։ Յիսուսի անունով ոտքի՛ ել ու քալէ’։ Ապա Պետրոս մարդուն աջ ձեռքէն կը բռնէ եւ ան անմիջապէս կը ցատկէ եւ կը սկսի քալել։ Երբ մարդիկ ասիկա կը տեսնեն, կ’ապշին եւ մեծապէս կ’ուրախանան այս սքանչելի հրաշքին համար։

‘Յիսուսը մեռելներէն յարուցանած Աստուծոյ զօրութեամբ է որ այս հրաշքը ըրինք’, կ’ըսէ Պետրոս։ Մինչ ան եւ Յովհաննէս կը խօսին, կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կու գան։ Անոնք կը բարկանան քանի որ Պետրոս եւ Յովհաննէս մարդոց կը խօսին մեռելներէն յարուցուած Յիսուսի մասին։ Ուստի զանոնք կը ձերբակալեն եւ բանտ կը դնեն։

Յաջորդ օրը կրօնական առաջնորդները մեծ ժողով մը ունին։ Պետրոսը, Յովհաննէսը եւ իրենց բժշկած մարդը հոն կը բերուին։ ‘Ի՞նչ զօրութեամբ ըրիք այս հրաշքը’, կը հարցնեն կրօնական առաջնորդները։

Պետրոս անոնց կ’ըսէ թէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանած Աստուծոյ զօրութեամբ է։ Քահանաները չեն գիտեր թէ ի՛նչ ընեն, քանի որ չեն կրնար ուրանալ որ այս սքանչելի հրաշքը իրապէս պատահեցաւ։ Ուստի անոնք առաքեալները կը զգուշացնեն որ անգամ մը եւս Յիսուսի մասին չխօսին եւ ապա թոյլ կու տան որ անոնք երթան։

Մինչ օրերը կ’անցնին, առաքեալները կը շարունակեն Յիսուսի մասին քարոզել եւ հիւանդները բուժել։ Այս հրաշքներուն մասին լուրը կը տարած­ուի։ Ուստի նոյնիսկ Երուսաղէմի շրջակայքը եղող քաղաքներէն ամբոխներ հիւանդներ կը բերեն որպէսզի առաքեալները բուժեն զանոնք։ Ասիկա կրօնական առաջնորդներուն նախանձը կը գրգռէ, ուստի անոնք կը ձերբակալեն առաքեալները եւ բանտ կը դնեն։ Բայց անոնք հոն երկար չեն մնար։

Գիշերուան ընթացքին, Աստուծոյ հրեշտակը բանտին դուռը կը բանայ, ինչպէս կը տեսնէք հոս։ Հրեշտակը կ’ըսէ. ‘Գացէք եւ տաճարին մէջ կայնելով շարունակեցէք մարդոց խօսիլ’։ Յաջորդ առաւօտ, երբ կրօնական առաջնորդները բանտ մարդ կը ղրկեն որպէսզի առաքեալները բերեն, կը տեսնեն որ անոնք հոն չեն։ Ապա այդ մարդիկը առաքեալները կը գտնեն տաճարին մէջ սորվեցնելու վրայ. ուստի զանոնք կը բերեն Սենետրիոնին սրահը։

‘Ձեզի խիստ պատուիրեցինք որ այլեւս Յիսուսի մասին չսորվեցնէք’, կ’ըսեն կրօնական առաջնորդները։ ‘Բայց դուք ամբողջ Երուսաղէմը ձեր ուսուցումով լեցուցիք’։ Ապա առաքեալները կը պատասխանեն. ‘Մենք Աստուծոյ պիտի հնազանդինք որպէս իշխան քան մարդոց’։ Ուստի անոնք կը շարունակեն սորվեցնել «բարի լուր»ի մասին։ Ասիկա մեզի համար գեղեցիկ օրինակ մը չէ՞։

Գործք 35 գլուխները