Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 108

Դամասկոսի ճամբուն վրայ

Դամասկոսի ճամբուն վրայ

ԳԻՏԷ՞Ք ով է գետին ինկողը։ Ան Սօղոսն է։ Յիշեցէք որ ինքն է Ստեփանոսը քարկոծած մարդոց վերարկուներուն հսկած երիտասարդը։ Նայեցէք այդ փայլուն լոյսին։ Ի՞նչ կը պատահի։

Ստեփանոս սպաննուելէ ետք, Սօղոս առաջնորդութիւնը կ’առնէ Յիսուսի հետեւորդները հալածելու մէջ։ Ան տունէ տուն կ’երթայ եւ զանոնք դուրս կը քշէ եւ բանտ կը նետէ։ Աշակերտներէն շատեր ուրիշ քաղաքներ կը փախչին եւ հոն կը սկսին «բարի լուրը» քարոզել։ Բայց Սօղոս ուրիշ քաղաքներ կ’երթայ Յիսուսի հետեւորդները փնտռելու համար։ Արդ ան Դամասկոս կ’երթայ։ Բայց, ճամբուն վրայ, հետեւեալ ապշեցուցիչ բանը կը պատահի.

Յանկարծ Սօղոսի շուրջ երկինքէն լոյս մը կը փայլի։ Ան գետին կ’իյնայ, ինչպէս կը տեսնենք հոս։ Ապա ձայն մը կ’ըսէ. ‘Սօղո՛ս, Սօղո՛ս։ Ինչո՞ւ կը հալածես զիս’։ Սօղոսի հետ եղող մարդիկը լոյսը կը տեսնեն եւ ձայնը կը լսեն, բայց չեն հասկնար թէ ի՛նչ կ’ըսէ։

‘Ո՞վ ես դուն, Տէր’, կը հարցնէ Սօղոս։

‘Ես Յիսուսն եմ, որու կը հալածես’, կ’ըսէ ձայնը։ Յիսուս ասիկա կ’ըսէ քանի որ երբ Սօղոս կը հալածէ Յիսուսի հետեւորդները, Յիսուս այնպէս կը զգայ թէ զինք կը հալածէ։

Արդ Սօղոս կը հարցնէ. ‘Ի՞նչ պէտք է ընեմ, Տէր’։

‘Ոտքի՛ ել եւ Դամասկոս գնա՛’, կ’ըսէ Յիսուս։ ‘Հոն քեզի պիտի ըսուի թէ ի՛նչ պէտք է ընես’։ Երբ Սօղոս ոտքի կ’ելլէ եւ իր աչքերը կը բանայ, ան բան մը չի տեսներ։ Ան կոյր է։ Ուստի իրեն հետ եղող մարդիկը իր ձեռքէն կը բռնեն եւ զինք Դամասկոս կ’առաջնորդեն։

Արդ Յիսուս Դամասկոսի մէջ գտնուող իր աշակերտներէն մէկուն կը խօսի, ըսելով. ‘Ոտքի՛ ել, Անանիա։ Գնա Ուղիղ կոչուող փողոցը։ Հոն, Յուդայի տան մէջ Սօղոս անունով մարդը տես։ Ես զինք ընտրած եմ որ ինծի մասնաւոր ծառայ մը ըլլայ’։

Անանիա կը հնազանդի։ Երբ ան Սօղոսի կը հանդիպի, իր ձեռքերը անոր վրայ կը դնէ եւ կ’ըսէ. ‘Տէրը զիս կը ղրկէ որպէսզի դուն դարձեալ տեսնես եւ սուրբ հոգիով լեցուիս’։ Անմիջապէս թեփերու նմանող բան մը կ’իյնայ Սօղոսի աչքերէն եւ ան իր տեսողութիւնը կը վերագտնէ։

Սօղոս ազդեցիկ կերպով կը գործածուի շատ մը ազգերու մարդոց քարոզելու։ Ան կը ճանչցուի որպէս Պօղոս առաքեալ որու մասին շատ բան պիտի սորվինք։ Բայց նախ, տեսնենք թէ Աստուած Պետրոսը ո՛ւր կը ղրկէ։