Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ Ը

Աստուածաշունչի նախագուշակութիւնները շիտակ կ’ելլեն

Աստուածաշունչի նախագուշակութիւնները շիտակ կ’ելլեն

Աստուածաշունչը ոչ միայն անցեալին պատահած ճշմարիտ պատմութիւնները կու տայ, այլ նաեւ կը պատմէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի ապագային։ Մարդիկ չեն կրնար ապագան գուշակել։ Անոր համար է որ գիտենք թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ ապագային մասին։

Ան կը խօսի Աստուծոյ մեծ պատերազմին մասին։ Այս պատերազմին մէջ, Աստուած երկիրը բոլոր չարութենէ եւ չար մարդոցմէ պիտի մաքրէ, բայց իրեն ծառայողները պիտի պահպանէ։ Աստուծոյ թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ հոգ պիտի տանի որ Աստուծոյ ծառաները խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն վայելեն եւ այլեւս բնաւ չհիւանդանան կամ չմեռնին։

Ուրախ ենք որ Աստուած երկիրը նոր դրախտի մը պիտի վերածէ, այդպէս չէ՞։ Բայց մենք բան մը պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք այս դրախտին մէջ ապրիլ։ Այս գրքին վերջին պատմութեան մէջ պիտի սորվինք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, իրեն ծառայողներուն համար Աստուծոյ վերապահած այդ հոյակապ բաները վայելելու համար։ Ուստի կարդացէք ՄԱՍ Ը.–ը եւ տեսէք թէ ապագայի մասին Աստուածաշունչը ի՛նչ կը նախագուշակէ։

 

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 114

Ամբողջ չարութեան վախճանը

Աստուած ինչո՞ւ իր բանակը Արմագեդոնի պատերազմին կ’ուղարկէ Յիսուսի առաջնորդութեամբ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 115

Երկրի վրայ նոր դրախտ մը

Մարդիկ ատեն մը դրախտային երկրի վրայ կ’ապրէին եւ ասիկա դարձեալ պիտի իրականանայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 116

Ինչպէ՛ս կրնանք յաւիտեան ապրիլ

Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսին մասին սորվիլը բաւարա՞ր է։ Եթէ ո՛չ ի՞նչ բանի պէտք ունինք։