Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 114

Ամբողջ չարութեան վախճանը

Ամբողջ չարութեան վախճանը

Ի՞ՆՉ կը տեսնէք հոս։ Այո, ճերմակ ձիերու բանակ մը։ Բայց նկատեցէք թէ անոնք ուրկէ՛ կու գան։ Ձիերը երկինքէն կ’իջնեն ամպերու վրայ քառասմբակ վազելով։ Արդեօք երկնքի մէջ իրապէս ձիե՞ր կան։

Ո՛չ, ասոնք իրական ձիեր չեն։ Ասիկա գիտենք քանի որ ձիերը չեն կրնար ամպերու վրայ քառասմբակ վազել, այդպէս չէ՞։ Բայց Աստուածաշունչը կը խօսի երկնքի մէջ եղող ձիերու մասին։ Գիտէ՞ք ինչու։

Քանի որ անցեալին ձիեր գործածուեցան շատ մը պատերազմներու մէջ։ Ուստի Աստուածաշունչը երկինքէն իջնող ձիերու վրայ հեծած անհատներու մասին կը խօսի, ցոյց տալու համար թէ Աստուած երկրի վրայ մարդոց հետ պատերազմ պիտի ընէ։ Գիտէ՞ք այս պատերազմին վայրը ինչ կը կոչուի։ Արմագեդոն։ Այդ պատերազմը երկրի վրայէն ամբողջ չարութիւնը պիտի վերցնէ։

Արմագեդոնի պատերազմը առաջնորդողը Յիսուսը պիտի ըլլայ։ Յիշեցէք որ Եհովա Յիսուսը ընտրեց որ Իր կառավարութեան թագաւորը ըլլայ։ Անոր համար է որ Յիսուս իր գլխուն վրայ թագ մը ունի։ Իսկ ձեռքի սուրը ցոյց կու տայ թէ ան Աստուծոյ բոլոր թշնամիները պիտի սպաննէ։ Պէ՞տք է զարմանաք որ Աստուած պիտի կործանէ բոլոր չար մարդիկը։

Դարձեալ նայեցէք 10–րդ Պատմութեան։ Ի՞նչ կը տեսնէք հոն։ Այո, հսկայ Ջրհեղեղը որ չար մարդիկը կործանեց։ Ո՞վ պատճառ եղաւ այդ Ջրհեղեղին։ Եհովա Աստուած։ Հիմա նայեցէք 15–րդ Պատմութեան։ Հոն ի՞նչ կը պատահի։ Սոդոմը եւ Գոմորը կը կործանին Եհովայի կողմէ ղրկուած կրակով մը։

Հիմա բացէք 33–րդ Պատմութիւնը։ Տեսէք թէ ի՛նչ կը պատահի Եգիպտացիներու ձիերուն եւ պատերազմի կառքերուն։ Ո՞վ պատճառ եղաւ որ ջուրերը ծածկեն զանոնք։ Եհովան։ Ան պահպանեց իր ժողովուրդը։ Նայեցէք 76–րդ Պատմութեան։ Հոն պիտի տեսնէք թէ Եհովա թոյլ կու տայ որ նոյնիսկ իր ժողովուրդը՝ Իսրայելացիները կործանին անոնց չարութեան պատճառաւ։

Ուստի, պէտք չէ զարմանանք որ Եհովա իր երկնային բանակները պիտի ղրկէ որպէսզի վախճան մը դնէ երկրի վրայ եղող ամբողջ չարութեան։ Բայց խորհեցէք թէ անիկա ինչ պիտի նշանակէ։ Էջը դարձուցէք եւ տեսնենք։