Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուսումնասիրութեան հարցումներ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքին համար

Ուսումնասիրութեան հարցումներ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքին համար

Պատմութիւն 1

Աստուած կը սկսի ստեղծել

  1. Բոլոր լաւ բաները ուրկէ՞ եկած են, եւ օրինակ մը կրնա՞ս տալ։

  2. Աստուծոյ ստեղծած առաջին բանը ի՞նչ էր։

  3. Առաջին հրեշտակը ինչո՞ւ մասնայատուկ էր։

  4. Նկարագրէ թէ սկիզբը երկիրը ի՛նչ երեւոյթ ունէր։ (Տես պատկերը։)

  5. Աստուած ի՞նչպէս սկսաւ երկիրը պատրաստել անասուններուն եւ մարդոց համար։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Երեմիա 10։12–ը։

    Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ ո՞ր յատկութիւնները կը յայտնէ։ (Եսա. 40։26. Հռով. 11։33)

  2. Կարդալ՝ Կողոսացիս 1։15-17–ն։

    Յիսուս ստեղծագործութեան մէջ ի՞նչ դեր խաղցաւ, եւ ասիկա իրեն հանդէպ մեր տեսակէտին ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։ (Կող. 1։15-17)

  3. Կարդալ՝ Ծննդոց 1։1-10–ը։

    1. (ա) Երկիրը ի՞նչպէս գոյացաւ։ (Ծննդ. 1։1)

    2. (բ) Առաջին ստեղծագործական օրը ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ (Ծննդ. 1։3-5)

    3. (գ) Նկարագրէ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ երկրորդ ստեղծագործական օրը։ (Ծննդ. 1։7, 8)

Պատմութիւն 2

Գեղեցիկ պարտէզ մը

  1. Աստուած ի՞նչպէս երկիրը պատրաստեց՝ մեր բնակարանը ըլլալու։

  2. Նկարագրէ Աստուծոյ ստեղծած զանազան անասունները։ (Տես պատկերը։)

  3. Եդեմի պարտէզը ինչո՞ւ մասնայատուկ էր։

  4. Աստուած ուզեց որ ամբողջ երկիրը ի՞նչ ըլլայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 1։11-25–ը։

    1. (ա) Աստուած երրորդ ստեղծագործական օրը ի՞նչ ստեղծեց։ (Ծննդ. 1։12)

    2. (բ) Չորրորդ ստեղծագործական օրը ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ (Ծննդ. 1։16)

    3. (գ) Հինգերորդ ու վեցերորդ օրերը Աստուած ի՞նչպիսի անասուններ ստեղծեց։ (Ծննդ. 1։20, 21, 25)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 2։8, 9–ն։

    Աստուած պարտէզին մէջ ի՞նչ երկու մասնայատուկ ծառ դրաւ, եւ անոնք ի՞նչ խորհրդանշեցին։

Պատմութիւն 3

Առաջին մարդը եւ կինը

  1. Պատմութիւն 3–ի պատկերը ի՞նչպէս տարբեր է Պատմութիւն 2–ի պատկերէն։

  2. Ո՞վ ստեղծեց առաջին մարդը, իսկ մարդուն անունը ի՞նչ էր։

  3. Աստուած Ադամին ի՞նչ գործ տուաւ։

  4. Աստուած ինչո՞ւ Ադամը խորունկ քունի մը մէջ ձգեց։

  5. Ադամ ու Եւա ո՞րքան կրնային ապրիլ, եւ ի՞նչ գործ Եհովա ուզեց որ ընեն։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Սաղմոս 83։18–ը։

    Աստուծոյ անունը ի՞նչ է, եւ երկրի վրայ ի՞նչ յատուկ դիրք ունի։ (Երեմ. 16։21. Դան. 4։17)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 1։26-31–ը։

    1. (ա) Վեցերորդ օրը Աստուծոյ ստեղծագործութեան բարձրակէտը ի՞նչ էր, եւ այս ստեղծագործութիւնը ի՞նչպէս անասուններէն տարբեր էր։ (Ծննդ. 1։26)

    2. (բ) Եհովա մարդուն եւ անասուններուն համար ի՞նչ հայթայթում ըրաւ։ (Ծննդ. 1։30)

  3. Կարդալ՝ Ծննդոց 2։7-25–ը։

    1. (ա) Անասունները անուանելու Ադամի նշանակումը ի՞նչ կը պարփակէր։ (Ծննդ. 2։19)

    2. (բ) Ծննդոց 2։24–ը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ ամուսնութեան, բաժանումի եւ ամուսնալուծման շուրջ Եհովայի տեսակէտը հասկնանք։ (Մատ. 19։4-6, 9)

Պատմութիւն 4

Ինչո՛ւ կորսնցուցին իրենց բնակարանը

  1. Պատկերին մէջ, Ադամի ու Եւայի ի՞նչ կը պատահի։

  2. Եհովա զիրենք ինչո՞ւ պատժեց։

  3. Օձ մը Եւային ի՞նչ ըսաւ։

  4. Ո՞վ օձին միջոցաւ Եւայի հետ խօսեցաւ։

  5. Ադամ ու Եւա ինչո՞ւ իրենց դրախտային բնակարանը կորսնցուցին։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 2։16, 17 եւ 3։1-13, 24–ը։

    1. (ա) Օձին կողմէ Եւայի ուղղուած հարցումը ի՞նչպէս Եհովան սխալ ներկայացուց։ (Ծննդ. 3։1-5. Ա. Յովհ. 5։3)

    2. (բ) Եւա ի՞նչպէս մեզի համար ազդարարական օրինակ մըն է։ (Փիլ. 4։8. Յակ. 1։14, 15. Ա. Յովհ. 2։16)

    3. (գ) Ադամ ու Եւա ի՞նչ կերպով չընդունեցին իրենց արարքներուն համար պատասխանատու ըլլալ։ (Ծննդ. 3։12, 13)

    4. (դ) Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողը դրուած քերովբէները ի՞նչպէս Եհովայի գերիշխանութիւնը պաշտպանեցին։ (Ծննդ. 3։24)

  2. Կարդալ՝ Յայտնութիւն 12։9–ն։

    Սատանան ո՞ր տարողութեամբ յաջողած է մարդկութիւնը Աստուծոյ իշխանութեան դէմ հանել։ (Ա. Յովհ. 5։19)

Պատմութիւն 5

Դժուար կեանք մը

  1. Եդեմի պարտէզէն դուրս, Ադամի ու Եւայի կեանքը ի՞նչպէս էր։

  2. Ադամի ու Եւայի ի՞նչ սկսաւ պատահիլ եւ ինչո՞ւ։

  3. Ադամի ու Եւայի զաւակները ինչո՞ւ պիտի ծերանային ու մեռնէին։

  4. Եթէ Ադամ ու Եւա Եհովայի հնազանդէին, իրենց եւ իրենց զաւակներուն համար կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլար։

  5. Եւայի ըմբոստութիւնը ի՞նչպէս իրեն ցաւ պատճառեց։

  6. Ադամի ու Եւայի առաջին երկու որդիներուն անունները ի՞նչ էին։

  7. Պատկերին մէջ միւս երախաները ո՞վ են։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 3։16-23 եւ 4։1, 2–ը։

    1. (ա) Գետինը անիծեալ ըլլալով, Ադամի կեանքը ի՞նչպէս ազդուեցաւ։ (Ծննդ. 3։17-19. Հռով. 8։20, 22)

    2. (բ) Եւա անունը որ «կեանք» կը նշանակէ, ինչո՞ւ յարմար էր։ (Ծննդ. 3։20)

    3. (գ) Եհովա Ադամի ու Եւայի հանդէպ ի՞նչպէս նկատառութիւն ցուցաբերեց, նոյնիսկ անոնց մեղանչումէն ետք։ (Ծննդ. 3։7, 21)

  2. Կարդալ՝ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը։

    Ո՞ր «առաջուան բաները» անձկագին կը սպասես որ չքանան։

Պատմութիւն 6

Բարի որդի մը եւ չար որդի մը

  1. Կայէն եւ Աբէլ ի՞նչ գործերով կը զբաղին։

  2. Կայէն եւ Աբէլ Եհովայի ի՞նչ ընծաներ կը բերեն։

  3. Եհովա ինչո՞ւ Աբէլի ընծան կը հաւնի, եւ ինչո՞ւ Կայէնի ընծան չի հաւնիր։

  4. Կայէն ի՞նչպիսի անձ մըն է, եւ Եհովա ի՞նչպէս կը փորձէ զինք սրբագրել։

  5. Կայէն ի՞նչ կ’ընէ երբ իր եղբօր հետ դաշտն է։

  6. Բացատրէ թէ Կայէնի ի՛նչ պատահեցաւ՝ իր եղբայրը սպաննելէ ետք։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 4։2-26–ը։

    1. (ա) Եհովա ի՞նչպէս նկարագրեց Կայէնի վտանգաւոր վիճակը։ (Ծննդ. 4։7)

    2. (բ) Կայէն ի՞նչպէս իր սրտին կեցուածքը յայտնեց։ (Ծննդ. 4։9)

    3. (գ) Անմեղ արիւն թափելու շուրջ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչ է։ (Ծննդ. 4։10. Եսա. 26։21)

  2. Կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 3։11, 12–ը։

    1. (ա) Կայէն ինչո՞ւ շատ բորբոքեցաւ, իսկ ասիկա ի՞նչպէս որպէս ազդարարութիւն կը ծառայէ մեզի։ (Ծննդ. 4։4, 5. Առ. 14։30. 28։22)

    2. (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ նոյնիսկ երբ ընտանիքի բոլոր անդամները Եհովայի հակառակին, կրնանք մեր ուղղամտութիւնը պահել։ (Սաղ. 27։10. Մատ. 10։21, 22)

  3. Կարդալ՝ Յովհաննէս 11։25–ը։

    Արդարութեան սիրոյն մեռնող բոլոր անհատներուն նկատմամբ Եհովա ի՞նչ երաշխիք կու տայ։ (Յովհ. 5։24)

Պատմութիւն 7

Քաջ մարդ մը

  1. Ենովք ի՞նչպէս տարբեր էր։

  2. Ենովքի օրերուն, մարդիկ ինչո՞ւ շատ չարութիւն գործեցին։

  3. Մարդիկ ի՞նչ չար բաներ կ’ընէին։ (Տես պատկերը։)

  4. Ենովք ինչո՞ւ քաջ ըլլալու պատճառ ունէր։

  5. Մարդիկ այդ ատեն ո՞րքան կ’ապրէին, բայց Ենովք ո՞րքան ապրեցաւ։

  6. Ենովքի մահէն ետք, ի՞նչ պատահեցաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 5։21-24, 27–ն։

    1. (ա) Ենովք Եհովայի հետ ի՞նչպիսի յարաբերութիւն ունէր։ (Ծննդ. 5։24)

    2. (բ) Աստուածաշունչին համաձայն, ո՞վ ամենէն շատ ապրեցաւ, եւ քանի՞ տարեկան էր երբ մեռաւ։ (Ծննդ. 5։27)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 6։5–ը։

    Ենովքի մահէն ետք, երկրի վրայ կացութիւնը ո՞րքան վատթարացաւ, եւ ասիկա ի՞նչպէս կարելի է համեմատել մեր օրերուն հետ։ (Բ. Տիմ. 3։13)

  3. Կարդալ՝ Եբրայեցիս 11։5–ը։

    Ենովքի ո՞ր յատկութիւնը «Աստուծոյ հաճելի էր», եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ (Ծննդ. 5։22)

  4. Կարդալ՝ Յուդա 14, 15–ը։

    Ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան Ենովքի քաջութիւնը ընդօրինակել, երբ մօտալուտ Արմագեդոնի պատերազմին նկատմամբ մարդիկը կ’ազդարարեն։ (Բ. Տիմ. 4։2. Եբր. 13։6)

Պատմութիւն 8

Հսկաներ երկրի վրայ

  1. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Աստուծոյ հրեշտակներէն ոմանք Սատանայի մտիկ ըրին։

  2. Կարգ մը հրեշտակներ ինչո՞ւ երկինքի մէջ իրենց գործը կեցուցին ու երկիր եկան։

  3. Ինչո՞ւ սխալ էր որ հրեշտակներ երկիր գային եւ մարդկային մարմիններ հագնէին։

  4. Հրեշտակներուն զաւակները ի՞նչպէս տարբեր էին։

  5. Ինչպէս պատկերին մէջ կը տեսնես, հրեշտակներուն զաւակները ի՞նչ ըրին երբ հսկաներ եղան։

  6. Ենովքէն ետք, երկրի վրայ ո՞ր բարի մարդը ապրեցաւ, եւ Աստուած ինչո՞ւ զայն սիրեց։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 6։1-8–ը։

    Մեր վարքը Եհովայի զգացումներուն ազդելուն մասին Ծննդոց 6։6–ը ի՞նչ կը յայտնէ։ (Սաղ. 78։40, 41. Առ. 27։11)

  2. Կարդալ՝ Յուդա 6–ը։

    Այն հրեշտակները, որոնք Նոյի օրերուն «իրենց իշխանութիւնը չպահեցին», ի՞նչպէս իբրեւ ազդարարութիւն կը ծառայեն։ (Ա. Կոր. 3։5-9. Բ. Պետ. 2։4, 9, 10)

Պատմութիւն 9

Նոյ տապան մը կը շինէ

  1. Նոյի ընտանիքը քանի՞ անդամէ կը բաղկանար, եւ անոր երեք որդիներուն անունները ի՞նչ էին։

  2. Աստուած Նոյէն ի՞նչ արտասովոր բան պահանջեց եւ ինչո՞ւ։

  3. Նոյի դրացիները ի՞նչպէս հակազդեցին, երբ ան տապանին մասին անոնց պատմեց։

  4. Անասուններուն նկատմամբ Աստուած Նոյի ի՞նչ ըսաւ որ ընէ։

  5. Աստուած տապանին դուռը գոցելէ ետք, Նոյ ու իր ընտանիքը ի՞նչ ըրին։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 6։9-22–ը։

    1. (ա) Ի՞նչ բան Նոյը ճշմարիտ Աստուծոյ ուշագրաւ մէկ երկրպագուն դարձուց։ (Ծննդ. 6։9, 22)

    2. (բ) Եհովա բռնութեան նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ, եւ ասիկա մեր զբօսանքի ընտրութեան ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։ (Ծննդ. 6։11, 12. Սաղ. 11։5)

    3. (գ) Ի՞նչպէս կրնանք Նոյը ընդօրինակել, երբ Եհովայի կազմակերպութեան միջոցաւ ուղղութիւն ստանանք։ (Ծննդ. 6։22. Ա. Յովհ. 5։3)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 7։1-9–ն։

    Այն իրողութիւնը թէ Եհովա անկատար Նոյը արդար նկատեց, ներկայիս մեզ ի՞նչպէս կը քաջալերէ։ (Ծննդ. 7։1. Առ. 10։16. Եսա. 26։7)

Պատմութիւն 10

Հսկայ Ջրհեղեղը

  1. Անձրեւը սկսելէն ետք, ինչո՞ւ ո՛չ ոք կրնար տապանը մտնել։

  2. Եհովա քանի՞ օր անձրեւ բերաւ, իսկ ջուրերը ո՞րքան բարձրացան։

  3. Երբ ջուրերը սկսան երկիրը ծածկել, տապանին ի՞նչ պատահեցաւ։

  4. Հսկաները Ջրհեղեղէն վերապրեցա՞ն, իսկ անոնց հայրերուն ի՞նչ պատահեցաւ։

  5. Հինգ ամիս ետք, տապանին ի՞նչ պատահեցաւ։

  6. Նոյ ինչո՞ւ ագռաւ մը արձակեց տապանէն դուրս։

  7. Նոյ ի՞նչպէս գիտցաւ թէ ջուրերը երկրի վրայէն քիչցած են։

  8. Նոյ ու իր ընտանիքը տապանին մէջ աւելի քան մէկ տարի մնալէ ետք, Աստուած իրեն ի՞նչ ըսաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 7։10-24–ը։

    1. (ա) Երկրի վրայ կեանքը ո՞ր տարողութեամբ կործանեցաւ։ (Ծննդ. 7։23)

    2. (բ) Ջրհեղեղին ջուրերը երկրի վրայ քանի՞ օր բարձրացած մնացին։ (Ծննդ. 7։24)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 8։1-17–ն։

    Ծննդոց 8։17–ն ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ երկրի նկատմամբ Եհովայի սկզբնական նպատակը չփոխուեցաւ։ (Ծննդ. 1։22)

  3. Կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։19, 20–ը։

    1. (ա) Երբ ըմբոստ հրեշտակները երկինք վերադարձան, ի՞նչ դատաստան ստացան։ (Յուդա 6)

    2. (բ) Նոյի եւ իր ընտանիքին պատմութիւնը ի՞նչպէս Իր ժողովուրդը ազատելու Եհովայի կարողութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրացնէ։ (Բ. Պետ. 2։9)

Պատմութիւն 11

Առաջին ծիածանը

  1. Ինչպէս պատկերին մէջ կը տեսնուի, Նոյ նախ ի՞նչ ըրաւ երբ տապանէն դուրս ելաւ։

  2. Ջրհեղեղէն ետք, Աստուած Նոյի եւ իր ընտանիքին ի՞նչ պատուէր տուաւ։

  3. Աստուած ի՞նչ խոստացաւ։

  4. Երբ ծիածան մը տեսնենք, անիկա մեզի ի՞նչ պէտք է յիշեցնէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 8։18-22–ը։

    1. (ա) Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք «անոյշ հոտ» ներկայացնել Եհովայի։ (Ծննդ. 8։21. Եբր. 13։15, 16)

    2. (բ) Եհովա մարդուն սրտի վիճակին մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ հետեւաբար ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։ (Ծննդ. 8։21. Մատ. 15։18, 19)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 9։9-17–ն։

    1. (ա) Եհովա երկրի բոլոր արարածներուն հետ ի՞նչ ուխտ ըրաւ։ (Ծննդ. 9։10, 11)

    2. (բ) Ծիածանի ուխտը ո՞րքան ժամանակ ի զօրու պիտի մնայ։ (Ծննդ. 9։16)

Պատմութիւն 12

Մարդիկ կը շինեն մեծ աշտարակ մը

  1. Ո՞վ էր Նեբրովթ, եւ Աստուած զինք ի՞նչպէս նկատեց։

  2. Պատկերին մէջ, մարդիկ ինչո՞ւ աղիւսներ կը շինէին։

  3. Եհովա ինչո՞ւ կառուցանելու գործին չհաճեցաւ։

  4. Աստուած աշտարակին շինութիւնը ի՞նչպէս դադրեցուց։

  5. Քաղաքը ի՞նչ կոչուեցաւ, եւ անունը ի՞նչ կը նշանակէր։

  6. Աստուած մարդոց լեզուն խառնակելէ ետք, անոնց ի՞նչ պատահեցաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 10։1, 8-10–ը։

    Նեբրովթ ի՞նչ յատկանիշներ ցուցաբերեց, եւ ասիկա մեզի համար ի՞նչ զգուշացում մըն է։ (Առ. 3։31)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 11։1-9–ն։

    Ի՞նչ շարժառիթով աշտարակը կը շինուէր, եւ ծրագիրը ինչո՞ւ ձախողութեան դատապարտուած էր։ (Ծննդ. 11։4. Առ. 16։18. Յովհ. 5։44)

Պատմութիւն 13

Աբրահամ՝ Աստուծոյ բարեկամը

  1. Ուր քաղաքին մէջ ի՞նչպիսի մարդիկ կը բնակէին։

  2. Պատկերին մէջի մարդը ո՞վ է, ան ե՞րբ ծնաւ եւ ո՞ւր ապրեցաւ։

  3. Աստուած Աբրահամին ի՞նչ ըսաւ որ ընէ։

  4. Աբրահամ ինչո՞ւ Աստուծոյ բարեկամը կոչուեցաւ։

  5. Երբ Աբրահամ Ուր քաղաքէն ելաւ, իրեն հետ որո՞նք գացին։

  6. Երբ Աբրահամ Քանանի երկիրը հասաւ, Աստուած իրեն ի՞նչ ըսաւ։

  7. Երբ Աբրահամ 99 տարեկան էր, Աստուած իրեն ի՞նչ խոստացաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 11։27-32–ը։

    1. (ա) Աբրահամ ու Ղովտ ի՞նչպէս ազգականներ էին։ (Ծննդ. 11։27)

    2. (բ) Թէեւ կ’ըսուի թէ Թարան իր ընտանիքը փոխադրեց դէպի Քանան, բայց ի՞նչպէս գիտենք որ Աբրահամն էր որ նախաքայլը առաւ, եւ ան ինչո՞ւ ըրաւ ասիկա։ (Ծննդ. 11։31. Գործք 7։2-4)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 12։1-7–ն։

    Աբրահամ Քանանի երկիրը հասնելէ ետք, Եհովա ի՞նչպէս Աբրահամական ուխտը ընդարձակեց։ (Ծննդ. 12։7)

  3. Կարդալ՝ Ծննդոց 17։1-8, 15-17–ն։

    1. (ա) Երբ 99 տարեկան էր, Աբրամի անունը ի՞նչ փոփոխութիւն կրեց եւ ինչո՞ւ։ (Ծննդ. 17։5)

    2. (բ) Եհովա Սառայի ի՞նչ ապագայ օրհնութիւններ խոստացաւ։ (Ծննդ. 17։15, 16)

  4. Կարդալ՝ Ծննդոց 18։9-19–ն։

    1. (ա) Ծննդոց 18։19–ի մէջ, հայրերուն համար ի՞նչ պատասխանատուութիւններ կը նշուին։ (Բ. Օր. 6։6, 7. Եփ. 6։4)

    2. (բ) Սառայի ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովայէ բան մը չենք կրնար պահել։ (Ծննդ. 18։12, 15. Սաղ. 44։21)

Պատմութիւն 14

Աստուած կը փորձէ Աբրահամի հաւատքը

  1. Աստուած Աբրահամին ի՞նչ խոստացաւ, եւ ի՞նչպէս իր խոստումը պահեց։

  2. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Աստուած Աբրահամի հաւատքը ի՞նչպէս փորձեց։

  3. Աբրահամ ի՞նչ ըրաւ, թէեւ Աստուծոյ պատուէրին պատճառը չհասկցաւ։

  4. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Աբրահամ դանակը առաւ որ իր որդին մորթէ։

  5. Աստուծոյ հանդէպ Աբրահամի հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր էր։

  6. Աստուած Աբրահամի ի՞նչ հայթայթեց որ զոհէ, եւ ի՞նչպէս։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 21։1-7–ն։

    Աբրահամ ինչո՞ւ թլփատեց իր որդին, երբ ութ օրուան եղաւ։ (Ծննդ. 17։10-12. 21։4)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 22։1-18–ը։

    Իսահակ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ իր հօր՝ Աբրահամի կ’ենթարկուի, եւ ասիկա ի՞նչպէս աւելի նշանակալից դէպք մը նախապատկերացուց։ (Ծննդ. 22։7-9. Ա. Կոր. 5։7. Փիլ. 2։8, 9)

Պատմութիւն 15

Ղովտի կինը ետ կը նայի

  1. Աբրահամ ու Ղովտ ինչո՞ւ բաժնուեցան։

  2. Ղովտ ինչո՞ւ ընտրեց Սոդոմի մէջ բնակիլ։

  3. Սոդոմի բնակիչները ի՞նչպիսի մարդիկ էին։

  4. Երկու հրեշտակ Ղովտի ի՞նչ ազդարարութիւն տուին։

  5. Ղովտի կինը ինչո՞ւ աղէ արձան եղաւ։

  6. Ղովտի կնոջ պարագայէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 13։5-13–ը։

    Անհատներու միջեւ խնդիրներ լուծելու առնչութեամբ, Աբրահամէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ (Ծննդ. 13։8, 9. Հռով. 12։10. Փիլ. 2։3, 4)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 18։20-33–ը։

    Աբրահամի հետ Եհովայի գործառնութիւնները ի՞նչպէս մեզ կը հաւաստիացնեն թէ Եհովա ու Յիսուս արդարութեամբ պիտի դատեն։ (Ծննդ. 18։25, 26. Մատ. 25։31-33)

  3. Կարդալ՝ Ծննդոց 19։1-29–ն։

    1. (ա) Այս արձանագրութիւնը՝ միասեռականութեան հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտին մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ (Ծննդ. 19։5, 13. Ղեւ. 20։13)

    2. (բ) Աստուծոյ ուղղութեան ընդառաջելու կերպին մէջ ի՞նչպէս Ղովտ ու Աբրահամ իրարմէ տարբեր էին, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Ծննդ. 19։15, 16, 19, 20. 22։3)

  4. Կարդալ՝ Ղուկաս 17։28-32–ը։

    Ղովտի կինը նիւթական բաներու հանդէպ ի՞նչ սրտի վիճակ ունէր, եւ ասիկա ի՞նչպէս մեզի համար որպէս ազդարարութիւն կը ծառայէ։ (Ղուկ. 12։15. 17։31, 32. Մատ. 6։19-21, 25)

  5. Կարդալ՝ Բ. Պետրոս 2։6-8–ը։

    Ղովտի նման, մեր շուրջ գտնուող անբարեպաշտ աշխարհին հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։ (Եզեկ. 9։4. Ա. Յովհ. 2։15-17)

Պատմութիւն 16

Իսահակ լաւ կին մը կը գտնէ

  1. Պատկերին մէջ, մարդն ու կինը ո՞վ են։

  2. Աբրահամ իր որդիին կին մը առնելու համար ի՞նչ ըրաւ եւ ինչո՞ւ։

  3. Աբրահամի ծառային աղօթքը ի՞նչպէս պատասխանուեցաւ։

  4. Ռեբեկա ի՞նչ պատասխանեց, երբ հարցուեցաւ թէ կ’ուզէ՛ր Իսահակի հետ ամուսնանալ։

  5. Իսահակ ի՞նչպէս իր ուրախութիւնը վերագտաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 24։1-67–ն։

    1. (ա) Ռեբեկա ի՞նչ լաւ յատկութիւններ ցուցաբերեց, երբ ջրհորին քով Աբրահամի ծառային հանդիպեցաւ։ (Ծննդ. 24։17-20. Առ. 31։17, 31)

    2. (բ) Իսահակի համար Աբրահամի ըրած կարգադրութիւնը, ներկայիս Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ ընտիր օրինակ մըն է։ (Ծննդ. 24։37, 38. Ա. Կոր. 7։39. Բ. Կոր. 6։14)

    3. (գ) Ինչո՞ւ խոկալու համար ժամանակ պէտք է յատկացնենք, ինչպէս Իսահակ ըրաւ։ (Ծննդ. 24։63. Սաղ. 77։12. Փիլ. 4։8)

Պատմութիւն 17

Իրարմէ տարբեր երկուորեակներ

  1. Ո՞վ էին Եսաւ ու Յակոբ, եւ ի՞նչպէս իրարմէ տարբեր էին։

  2. Եսաւ ու Յակոբ քանի՞ տարեկան էին, երբ իրենց մեծ–հայրը Աբրահամ մահացաւ։

  3. Եսաւ ի՞նչպէս իր հայրն ու մայրը շատ տխրեցուց։

  4. Եսաւ ինչո՞ւ Յակոբի դէմ շատ բարկացաւ։

  5. Իսահակ իր որդիին՝ Յակոբի ի՞նչ պատուէր տուաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 25։5-11, 20-34–ը։

    1. (ա) Եհովա Ռեբեկայի երկու որդիներուն նկատմամբ ի՞նչ մարգարէացաւ։ (Ծննդ. 25։23)

    2. (բ) Յակոբ ու Եսաւ ի՞նչպէս կը նկատէին ծննդեան իրաւունքը։ (Ծննդ. 25։31-34)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 26։34, 35. 27։1-46. եւ 28։1-5–ը։

    1. (ա) Հոգեւոր բաներու հանդէպ Եսաւի թերագնահատութիւնը ի՞նչպէս բացայայտ էր։ (Ծննդ. 26։34, 35. 27։46)

    2. (բ) Իսահակ Յակոբի ի՞նչ ըսաւ որ ընէ, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանայ։ (Ծննդ. 28։1-4)

  3. Կարդալ՝ Եբրայեցիս 12։16, 17–ն։

    Ինչպէս Եսաւի օրինակը ցոյց կու տայ, ի՞նչ պիտի պատահի անոնց՝ որոնք սրբազան բաները կ’արհամարհեն։

Պատմութիւն 18

Յակոբ Խառան կ’երթայ

  1. Պատկերին մէջի երիտասարդուհին ո՞վ է, եւ Յակոբ անոր համար ի՞նչ ըրաւ։

  2. Յակոբ յօժարեցաւ ի՞նչ ընել, որպէսզի Ռաքէլի հետ ամուսնանայ։

  3. Լաբան ի՞նչ ըրաւ, երբ ժամանակը եկաւ որ Յակոբ Ռաքէլի հետ ամուսնանայ։

  4. Յակոբ համաձայնեցաւ ի՞նչ ընել, որպէսզի Ռաքէլ իր կինը ըլլայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 29։1-30–ը։

    1. (ա) Նոյնիսկ երբ Լաբան զինք խաբեց, Յակոբ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ինք պատուաւոր էր, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Ծննդ. 25։27. 29։26-28. Մատ. 5։37)

    2. (բ) Յակոբի օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ սիրոյ ու սիրահարութեան միջեւ եղած տարբերութիւնը։ (Ծննդ. 29։18, 20, 30. Երգ 8։6)

    3. (գ) Ո՞ր չորս կիները Յակոբի ընտանիքին մաս կազմեցին եւ հետագային իրեն որդիներ ծնանեցան։ (Ծննդ. 29։23, 24, 28, 29)

Պատմութիւն 19

Յակոբ բազմանդամ ընտանիք մը ունի

  1. Իր առաջին կնոջ՝ Լիայի միջոցաւ Յակոբի ունեցած վեց որդիներուն անունները ի՞նչ էին։

  2. Լիայի աղախինը՝ Զեղփա Յակոբի ծնաւ ո՞ր երկու որդիները։

  3. Ռաքէլի աղախինը՝ Բաղղա Յակոբի ծնաւ ո՞ր երկու որդիները։

  4. Ռաքէլի երկու որդիները որո՞նք էին, իսկ ի՞նչ պատահեցաւ երբ երկրորդ զաւակը ծնաւ։

  5. Պատկերին համաձայն, Յակոբ քանի՞ որդի ունէր, եւ անոնցմէ ի՞նչ յառաջ եկաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 29։32-35. 30։1-26. եւ 35։16-19–ն։

    Ինչպէս Յակոբի 12 որդիներուն պարագան ցոյց կու տայ, վաղեմի ժամանակներուն յաճախ Եբրայեցի մանչերուն ի՞նչպէս անուն կը տրուէր։

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 37։35–ը։

    Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ միայն Դինան կը նշուի, բայց ի՞նչպէս գիտենք թէ Յակոբ մէկէ աւելի աղջիկներ ունէր։ (Ծննդ. 37։34, 35)

Պատմութիւն 20

Դինա դժուարութեան կը մատնուի

  1. Աբրահամ եւ Իսահակ ինչո՞ւ չուզեցին որ իրենց զաւակները Քանանի երկրէն եղող անհատներու հետ ամուսնանան։

  2. Յակոբ համամի՞տ էր որ իր աղջիկը Քանանացի աղջիկներու հետ բարեկամութիւն հաստատէր։

  3. Պատկերին մէջ Դինային նայող երիտասարդը ո՞վ է, եւ ան ի՞նչ գէշ բան ըրաւ։

  4. Դինայի եղբայրները՝ Շմաւոն ու Ղեւի ի՞նչ ըրին երբ պատահածը իմացան։

  5. Յակոբ Շմաւոնի ու Ղեւիի ըրածին հաւանութիւն տուա՞ւ։

  6. Ընտանիքին ամբողջ խնդիրը ի՞նչպէս սկսաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 34։1-31–ը։

    1. (ա) Դինա Քանանի երկրին աղջիկներուն հետ ի՞նչ տարողութեամբ ընկերակցեցաւ։ (Ծննդ. 34։1)

    2. (բ) Դինա իր կուսութիւնը կորսնցնելուն համար ինչո՞ւ որոշ չափով պատասխանատու էր։ (Գաղ. 6։7, 8)

    3. (գ) Ներկայիս պատանիներ ի՞նչպէս կրնան ցոյց տալ թէ Դինայի ազդարարական օրինակը լուրջի առած են։ (Առ. 13։20. Ա. Կոր. 15։33. Ա. Յովհ. 5։19)

Պատմութիւն 21

Յովսէփի եղբայրները կ’ատեն զինք

  1. Յովսէփի եղբայրները ինչո՞ւ իրեն կը նախանձէին, եւ ի՞նչ ըրին։

  2. Յովսէփի եղբայրները ի՞նչ կ’ուզեն ընել իրեն, բայց Ռուբէն ի՞նչ կ’ըսէ։

  3. Ի՞նչ կը պատահի երբ Իսմայելացի վաճառականներ կու գան։

  4. Յովսէփի եղբայրները ի՞նչ կ’ընեն, որպէսզի իրենց հայրը խորհի թէ Յովսէփ մեռած է։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 37։1-35–ը։

    1. (ա) Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս կրնան Յովսէփի օրինակին հետեւիլ, ժողովքին մէջ գործուած յանցագործութեան մասին լուր տալով։ (Ծննդ. 37։2. Ղեւ. 5։1. Ա. Կոր. 1։11)

    2. (բ) Ի՞նչ բան Յովսէփի եղբայրները առաջնորդեց որ դաւաճանօրէն իրեն հետ վարուին։ (Ծննդ. 37։11, 18. Առ. 27։4. Յակ. 3։14-16)

    3. (գ) Յակոբի ո՞ր արարքը սուգին բնական մէկ մասն է։ (Ծննդ. 37։35)

Պատմութիւն 22

Յովսէփ բանտ կը նետուի

  1. Յովսէփ քանի՞ տարեկան է երբ Եգիպտոս կը տարուի, իսկ ի՞նչ կը պատահի երբ կը հասնի։

  2. Յովսէփ ինչո՞ւ կը բանտարկուի։

  3. Բանտին մէջ Յովսէփ ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը շալկէ։

  4. Բանտին մէջ, Յովսէփ Փարաւոնի մատռուակին ու հացագործին համար ի՞նչ կ’ընէ։

  5. Մատռուակը բանտէն արձակուելէ ետք, ի՞նչ կը պատահի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 39։1-23–ը։

    Յովսէփի օրերուն Աստուծոյ կողմէ շնութիւնը դատապարտող գրաւոր օրէնք մը չըլլալով, ի՞նչ բան զինք մղեց որ Պետափրէսի կնոջմէն փախչի։ (Ծննդ. 2։24. 20։3. 39։9)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 40։1-23–ը։

    1. (ա) Համառօտաբար նկարագրէ մատռուակին երազը եւ այն մեկնութիւնը՝ զոր Եհովա Յովսէփի տուաւ։ (Ծննդ. 40։9-13)

    2. (բ) Հացագործը ի՞նչ երազ տեսաւ, եւ անիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունէր։ (Ծննդ. 40։16-19)

    3. (գ) Ներկայիս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը ի՞նչպէս Յովսէփի կեցուածքը ընդօրինակած է։ (Ծննդ. 40։8. Սաղ. 36։9. Յովհ. 17։17. Գործք 17։2, 3)

    4. (դ) Ծննդոց 40։20–ը ի՞նչպէս ծննդեան տարեդարձի տօնակատարութեան հանդէպ քրիստոնէական կեցուածքին վրայ լոյս կը սփռէ։ (Ժող. 7։1. Մար. 6։21-28)

Պատմութիւն 23

Փարաւոնին երազները

  1. Գիշեր մը՝ Փարաւոնին ի՞նչ կը պատահի։

  2. Մատռուակը ինչո՞ւ վերջապէս կը յիշէ Յովսէփը։

  3. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Փարաւոն ի՞նչ երկու երազ կը տեսնէ։

  4. Յովսէփ ի՞նչպէս երազները կը մեկնէ։

  5. Յովսէփ ի՞նչպէս Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնէն ետք ամենէն կարեւոր անձնաւորութիւնը կ’ըլլայ։

  6. Յովսէփի եղբայրները ինչո՞ւ Եգիպտոս կու գան, եւ ինչո՞ւ զինք չեն ճանչնար։

  7. Յովսէփ ո՞ր երազը կը յիշէ, եւ ասիկա իրեն կ’օգնէ որ ի՞նչ հասկնայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 41։1-57–ն։

    1. (ա) Յովսէփ ի՞նչպէս ուշադրութիւն հրաւիրեց Եհովայի վրայ, եւ ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով կրնան իր օրինակին հետեւիլ։ (Ծննդ. 41։16, 25, 28. Մատ. 5։16. Ա. Պետ. 2։12)

    2. (բ) Եգիպտոսի մէջ առատութեան տարիները ու սովի տարիները ի՞նչպէս ճշգրտօրէն կը յայտնեն թէ Եհովայի ժողովուրդին ներկայ հոգեւոր վիճակը հակապատկերն է Քրիստոնեայ Աշխարհի հոգեւոր վիճակին։ (Ծննդ. 41։29, 30. Ամովս 8։11, 12)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 42։1-8 եւ 50։20–ը։

    Սխա՞լ է որ Եհովայի երկրպագուները մէկու մը առջեւ խոնարհութիւն ընեն՝ անոր դիրքը յարգելով, եթէ ասիկա տեղական սովորութիւնն է։ (Ծննդ. 42։6)

Պատմութիւն 24

Յովսէփ կը փորձէ իր եղբայրները

  1. Յովսէփ ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ իր եղբայրները լրտեսներ են։

  2. Յակոբ ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ իր կրտսերագոյն որդին՝ Բենիամին Եգիպտոս երթայ։

  3. Յովսէփի արծաթէ գաւաթը ի՞նչպէս Բենիամինի պարկին մէջ կը գտնուի։

  4. Յուդա ի՞նչ կ’առաջարկէ, Բենիամինը ազատ արձակելու համար։

  5. Յովսէփի եղբայրները ի՞նչպէս փոխուած են։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 42։9-38–ը։

    Ծննդոց 42։18–ի մէջ Յովսէփի խօսքը ի՞նչպէս ընտիր յիշեցում մըն է անոնց, որոնք ներկայիս Եհովայի կազմակերպութեան մէջ պատասխանատուութիւններ կը շալկեն։ (Նէեմ. 5։15. Բ. Կոր. 7։1, 2)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 43։1-34–ը։

    1. (ա) Ռուբէն անդրանիկը ըլլալով հանդերձ, ի՞նչպէս բացայայտ է թէ Յուդա իր եղբայրներուն խօսնակը եղաւ։ (Ծննդ. 43։3, 8, 9. 44։14, 18. Ա. Մնաց. 5։2)

    2. (բ) Ակներեւօրէն, Յովսէփ ի՞նչպէս իր եղբայրները փորձեց եւ ինչո՞ւ։ (Ծննդ. 43։33, 34)

  3. Կարդալ՝ Ծննդոց 44։1-34–ը։

    1. (ա) Իր ինքնութիւնը իր եղբայրներէն պահելու համար, Յովսէփ ինքզինք ի՞նչպէս ներկայացուց։ (Ծննդ. 44։5, 15. Ղեւ. 19։26)

    2. (բ) Յովսէփի եղբայրները ի՞նչպէս ցոյց տուին թէ իրենց եղբօր հանդէպ իրենց ունեցած նախանձը այժմ չքացած էր։ (Ծննդ. 44։13, 33, 34)

Պատմութիւն 25

Ընտանիքը կը փոխադրուի Եգիպտոս

  1. Ի՞նչ կը պատահի երբ Յովսէփ իր եղբայրներուն կը յայտնէ իր ինքնութիւնը։

  2. Յովսէփ քաղցրօրէն ի՞նչ կը բացատրէ իր եղբայրներուն։

  3. Փարաւոն ի՞նչ կ’ըսէ երբ Յովսէփի եղբայրներուն մասին կը լսէ։

  4. Յակոբի ընտանիքը ո՞րքան մեծ էր երբ Եգիպտոս փոխադրուեցաւ։

  5. Յակոբի ընտանիքը ի՞նչ սկսաւ կոչուիլ եւ ինչո՞ւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ծննդոց 45։1-28–ը։

    Յովսէփի պատմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա կրնայ իր ծառաներուն վնաս հասցնելու մտադրութեամբ եղած բան մը օգտակար բանի մը վերածել։ (Ծննդ. 45։5-8. Եսա. 8։10. Փիլ. 1։12-14)

  2. Կարդալ՝ Ծննդոց 46։1-27–ն։

    Եհովա Յակոբի ի՞նչ երաշխիք տուաւ, մինչ դէպի Եգիպտոս կ’ուղղուէր։ (Ծննդ. 46։1-4)

Պատմութիւն 26

Աստուծոյ հաւատարիմ Յոբը

  1. Ո՞վ էր Յոբ։

  2. Սատանան ի՞նչ փորձեց ընել, բայց յաջողեցա՞ւ։

  3. Եհովա Սատանայի թոյլ տուաւ որ ի՞նչ ընէ եւ ինչո՞ւ։

  4. Յոբի կինը ինչո՞ւ ըսաւ. «Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ (Տես պատկերը։)

  5. Ինչպէս երկրորդ պատկերը ցոյց կու տայ, Եհովա ի՞նչպէս Յոբը օրհնեց եւ ինչո՞ւ։

  6. Յոբի նման, եթէ Եհովայի հաւատարիմ ենք, ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի ստանանք։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յոբ 1։1-22–ը։

    Ներկայիս Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս կրնան Յոբը ընդօրինակել։ (Յոբ 1։1. Փիլ. 2։15. Բ. Պետ. 3։14)

  2. Կարդալ՝ Յոբ 2։1-13–ը։

    Յոբ ու իր կինը ի՞նչ տարբեր կերպերով հակազդեցին Սատանայի հալածանքին։ (Յոբ 2։9, 10. Առ. 19։3. Միք. 7։7. Մաղ. 3։14)

  3. Կարդալ՝ Յոբ 42։10-17–ն։

    1. (ա) Հաւատարիմ Յոբի ստացած վարձատրութեան եւ հաւատարիմ Յիսուսի ստացած վարձատրութեան միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։ (Յոբ 42։12. Փիլ. 2։9-11)

    2. (բ) Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահելով Յոբի ստացած օրհնութիւնները ի՞նչպէս մեզ կը քաջալերեն։ (Յոբ 42։10, 12. Եբր. 6։10. Յակ. 1։2-4, 12. 5։11)

Պատմութիւն 27

Չար թագաւոր մը կ’իշխէ Եգիպտոսի վրայ

  1. Պատկերին մէջ, խարազան ունեցող մարդը ո՞վ է եւ ո՞վ կը ծեծէ։

  2. Յովսէփի մահէն ետք, Իսրայելացիներուն ի՞նչ պատահեցաւ։

  3. Եգիպտացիները ինչո՞ւ սկսան Իսրայելացիներէն վախնալ։

  4. Փարաւոն Եբրայեցիներու մանկաբարձներուն ի՞նչ հրաման տուաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 1։6-22–ը։

    1. (ա) Եհովա ի՞նչ կերպով սկսաւ Աբրահամի տուած իր խոստումը կատարել։ (Ել. 1։7. Ծննդ. 12։2. Գործք 7։17)

    2. (բ) Եբրայեցի մանկաբարձները ի՞նչպէս կեանքի սրբութիւնը յարգեցին։ (Ել. 1։17. Ծննդ. 9։6)

    3. (գ) Եհովայի հաւատարիմ գտնուելով, մանկաբարձները ի՞նչպէս վարձատրուեցան։ (Ել. 1։20, 21. Առ. 19։17)

    4. (դ) Սատանան ի՞նչպէս փորձեց Աբրահամի խոստացեալ Սերունդին վերաբերեալ Եհովայի նպատակը ի դերեւ հանել։ (Ել. 1։22. Մատ. 2։16)

Պատմութիւն 28

Մանուկ Մովսէսը ինչպէ՛ս ազատուեցաւ

  1. Պատկերին մէջի մանուկը ո՞վ է եւ որո՞ւն մատը բռնած է։

  2. Մովսէսի մայրը ի՞նչ ըրաւ՝ զինք ողջ պահելու համար։

  3. Պատկերին մէջի աղջնակը ո՞վ է եւ ի՞նչ ըրաւ։

  4. Երբ Փարաւոնի աղջիկը մանուկը գտաւ, Մարիամ ի՞նչ առաջարկեց։

  5. Իշխանուհին Մովսէսի մօր ի՞նչ ըսաւ։

Յաւելեալ հարցում.

  1. Կարդալ՝ Ելից 2։1-10–ը։

    Մովսէսի մայրը զինք մարզելու եւ սորվեցնելու ի՞նչ պատեհութիւն ունեցաւ, եւ ասիկա ներկայիս ծնողներուն համար ի՞նչ օրինակ է։ (Ել. 2։9, 10. Բ. Օր. 6։6-9. Առ. 22։6. Եփ. 6։4. Բ. Տիմ. 3։15)

Պատմութիւն 29

Մովսէս կը փախչի

  1. Մովսէս ո՞ւր մեծցաւ, բայց իր ծնողքին մասին ի՞նչ գիտէր։

  2. Երբ 40 տարեկան էր, Մովսէս ի՞նչ ըրաւ։

  3. Մովսէս կռիւ ընող Իսրայելացի մարդու մը ի՞նչ ըսաւ, եւ ան ի՞նչ պատասխանեց։

  4. Մովսէս ինչո՞ւ Եգիպտոսէն փախաւ։

  5. Մովսէս ո՞ւր փախաւ, եւ հոն որո՞նց հանդիպեցաւ։

  6. Եգիպտոսէ դուրս անցուցած 40 տարուան ընթացքին, Մովսէս ի՞նչ ըրաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 2։11-25–ը։

    Երկար տարիներ եգիպտական ուսում ստանալով հանդերձ, Մովսէս Եհովայի ու իր ժողովուրդին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։ (Ել. 2։11, 12. Եբր. 11։24)

  2. Կարդալ՝ Գործք 7։22-29–ն։

    Իսրայէլը եգիպտական ստրկութենէն անձամբ ազատելու Մովսէսի փորձը, մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ (Գործք 7։23-25. Ա. Պետ. 5։6, 10)

Պատմութիւն 30

Այրող մորենին

  1. Պատկերին մէջի լերան անունը ի՞նչ է։

  2. Նկարագրէ այն անսովոր բանը որ Մովսէս տեսաւ, երբ իր ոչխարներուն հետ լեռը գնաց։

  3. Այրող մորենիէն եկող ձայնը ի՞նչ ըսաւ, եւ անիկա որո՞ւն ձայնն էր։

  4. Մովսէս ի՞նչ պատասխանեց երբ Աստուած իրեն ըսաւ թէ Իր ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս պիտի հանէր։

  5. Աստուած ի՞նչ ըսաւ որ Մովսէս ըսէր, եթէ մարդիկ հարցնէին զինք ղրկողին մասին։

  6. Մովսէս ի՞նչպէս պիտի կարենար ապացուցանել թէ Աստուա՛ծ զինք ղրկած էր։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 3։1-22–ը։

    Մովսէսի փորձառութիւնը ի՞նչպէս մեզ կը հաւաստիացնէ թէ նոյնիսկ եթէ աստուածպետական նշանակում մը կատարելու որակեալ չզգանք, Եհովա մեզի թիկունք պիտի կանգնի։ (Ել. 3։11, 13. Բ. Կոր. 3։5, 6)

  2. Կարդալ՝ Ելից 4։1-20–ը։

    1. (ա) Մադիամի երկրին մէջ անցուցած 40 տարուան ընթացքին, Մովսէսի կեցուածքը ի՞նչ փոփոխութիւն կրեց, եւ ասկէ ի՞նչ կրնան սորվիլ անոնք որ ժողովքային առանձնաշնորհումներու կը ձգտին։ (Ել. 2։11, 12. 4։10, 13. Միք. 6։8. Ա. Տիմ. 3։1, 6, 10)

    2. (բ) Նոյնիսկ եթէ Եհովա իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզ կրթէ, Մովսէսի օրինակը ի՞նչ վստահութիւն կու տայ մեզի։ (Ել. 4։12-14. Սաղ. 103։14. Եբր. 12։4-11)

Պատմութիւն 31

Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնին կը ներկայանան

  1. Մովսէսի եւ Ահարոնի կատարած հրաշքները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան Իսրայելացիներուն վրայ։

  2. Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնին ի՞նչ ըսին, եւ Փարաւոն ի՞նչ պատասխանեց։

  3. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, ի՞նչ պատահեցաւ երբ Ահարոն իր գաւազանը նետեց։

  4. Եհովա Փարաւոնին ի՞նչպէս դաս մը սորվեցուց, եւ Փարաւոն ի՞նչպէս հակազդեց։

  5. Տասներորդ պատուհասէն ետք ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 4։27-31 եւ 5։1-23–ը։

    Փարաւոն ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Եհովան չեմ ճանչնար»։ (Ել. 5։2. Ա. Թագ. 2։12. Հռով. 1։21)

  2. Կարդալ՝ Ելից 6։1-13, 26-30–ը։

    1. (ա) Ի՞նչ առումով Եհովա ինքզինք չճանչցուց Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի։ (Ել. 3։13, 14. 6։3. Ծննդ. 12։8)

    2. (բ) Ի՞նչ կը զգանք՝ գիտնալով որ Եհովա Մովսէսը գործածեց, հակառակ անոր որ Մովսէս ինքզինք որակեալ չնկատեց։ (Ել. 6։12, 30. Ղուկ. 21։13-15)

  3. Կարդալ՝ Ելից 7։1-13–ը։

    1. (ա) Եհովայի դատավճիռները խիզախօրէն Փարաւոնի հաղորդելով, Մովսէս եւ Ահարոն Աստուծոյ այժմու ծառաներուն ի՞նչ օրինակ հանդիսացան։ (Ել. 7։2, 3, 6. Գործք 4։29-31)

    2. (բ) Եհովա ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Եգիպտոսի աստուածներէն գերակայ էր։ (Ել. 7։12. Ա. Մնաց. 29։12)

Պատմութիւն 32

10 Պատուհասները

  1. Սոյն պատկերները գործածելով, նկարագրէ Եգիպտոսի վրայ Եհովայի բերած առաջին երեք պատուհասները։

  2. Առաջին երեք պատուհասներուն եւ մնացեալ պատուհասներուն միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կար։

  3. Ի՞նչ էին չորրորդ, հինգերորդ ու վեցերորդ պատուհասները։

  4. Նկարագրէ եօթներորդ, ութերորդ եւ իններորդ պատուհասները։

  5. Տասներորդ պատուհասէն առաջ, Եհովա Իսրայելացիներուն ի՞նչ ըսաւ որ ընեն։

  6. Ի՞նչ էր տասներորդ պատուհասը, եւ անկէ ետք ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 7։19–8։23–ը։

    1. (ա) Թէեւ Եգիպտոսի մոգերը կրցան Եհովայի առաջին երկու պատուհասները կրկնել, սակայն երրորդ պատուհասէն ետք ի՞նչ բան ստիպուեցան ընդունիլ։ (Ել. 8։18, 19. Մատ. 12։24-28)

    2. (բ) Չորրորդ պատուհասը ի՞նչպէս իր ժողովուրդը պաշտպանելու Եհովայի կարողութիւնը ցոյց տուաւ, եւ ասիկա գիտնալը ի՞նչպէս կ’ազդէ Աստուծոյ ծառաներուն, մինչ նախագուշակուած «մեծ նեղութիւնը» կը դիմագրաւեն։ (Ել. 8։22, 23. Յայտ. 7։13, 14. Բ. Մնաց. 16։9)

  2. Կարդալ՝ Ելից 8։24. 9։3, 6, 10, 11, 14, 16, 23-25. եւ 10։13-15, 21-23–ը։

    1. (ա) Տասը Պատուհասները ի՞նչ երկու խումբ քօղազերծեցին, եւ ասիկա ներկայիս անոնց հանդէպ մեր տեսակէտին ի՞նչպէս կ’ազդէ։ (Ել. 8։10, 18, 19. 9։14)

    2. (բ) Ելից 9։16–ը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Եհովա ինչո՛ւ Սատանայի թոյլ տուած է որ մինչեւ օրս մնայ։ (Հռով. 9։21, 22)

  3. Կարդալ՝ Ելից 12։21-32–ը։

    Պասեքը ի՞նչպէս կարելի դարձուց որ շատեր փրկուին, եւ անիկա ի՞նչ բան մատնանշեց։ (Ել. 12։21-23. Յովհ. 1։29. Հռով. 5։18, 19, 21. Ա. Կոր. 5։7)

Պատմութիւն 33

Կարմիր ծովէն անցքը

  1. Քանի՞ Իսրայելացի տղամարդիկ, կիներու եւ երախաներու հետ մէկտեղ, Եգիպտոսէն դուրս ելան, եւ անոնց հետ որո՞նք ալ դուրս ելան։

  2. Իսրայելացիները արձակելէ ետք, Փարաւոն ի՞նչ զգաց եւ ի՞նչ ըրաւ։

  3. Եհովա ի՞նչ ըրաւ, որպէսզի Եգիպտացիները իր ժողովուրդին վրայ չյարձակին։

  4. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Մովսէս իր գաւազանը երկարեց Կարմիր ծովուն վրայ, իսկ Իսրայելացիները ի՞նչ ըրին։

  5. Ի՞նչ տեղի ունեցաւ երբ Եգիպտացիները Իսրայելացիներուն ետեւէն ծովուն մէջ մտան։

  6. Իսրայելացիները ի՞նչպէս ցոյց տուին թէ իրենց փրկութեան համար ուրախ էին եւ Եհովայէ շնորհակալ էին։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 12։33-36–ը։

    Եհովա ի՞նչ ըրաւ որպէսզի իր ժողովուրդը ստրկութեան տարիներուն համար հատուցում ստանայ։ (Ել. 3։21, 22. 12։35, 36)

  2. Կարդալ՝ Ելից 14։1-31–ը։

    Ելից 14։13, 14–ի մէջ արձանագրուած Մովսէսի խօսքերը ի՞նչպէս ներկայիս Եհովայի ծառաներուն կ’ազդեն, մինչ Արմագեդոնի պատերազմը կը դիմագրաւեն։ (Բ. Մնաց. 20։17. Սաղ. 91։8)

  3. Կարդալ՝ Ելից 15։1-8, 20, 21–ը։

    1. (ա) Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ իրեն փառաբանութեան երգեր պէտք է երգեն։ (Ել. 15։1, 2. Սաղ. 105։2, 3. Յայտ. 15։3, 4)

    2. (բ) Կարմիր ծովուն քով Մարիամ ու կիները Եհովան փառաբանելու մէջ ի՞նչ օրինակ հանդիսացան այժմու Քրիստոնեայ կիներուն։ (Ել. 15։20, 21. Սաղ. 68։11)

Պատմութիւն 34

Նոր ուտելիք մը

  1. Պատկերին մէջ, մարդիկ գետնէն ի՞նչ կը հաւաքեն, եւ անիկա ի՞նչ կը կոչուի։

  2. Մովսէս մանանան հաւաքելու շուրջ ի՞նչ ցուցմունքներ կու տայ ժողովուրդին։

  3. Եհովա ժողովուրդին ի՞նչ կ’ըսէ որ ընեն վեցերորդ օրը, եւ ինչո՞ւ։

  4. Եհովա ի՞նչ հրաշք կը կատարէ, երբ մանանան եօթներորդ օրուան համար կը պահուի։

  5. Եհովա ո՞րքան ժամանակ ժողովուրդը մանանայով կը կերակրէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 16։1-36 եւ Թուոց 11։7-9–ն։

    1. (ա) Քրիստոնէական ժողովքին մէջ աստուածպետական նշանակումները յարգելու նկատմամբ, Ելից 16։8–ը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ (Եբր. 13։17)

    2. (բ) Անապատին մէջ Իսրայելացիները ի՞նչպէս ամէն օր կը յիշէին թէ Եհովայէ կախեալ էին։ (Ել. 16։14-16, 35. Բ. Օր. 8։2, 3)

    3. (գ) Յիսուս մանանային ի՞նչ խորհրդանշական նշանակութիւն մը տուաւ, եւ այս «երկնաւոր հաց»էն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։ (Յովհ. 6։31-35, 40)

  2. Կարդալ՝ Յեսու 5։10-12–ը։

    Իսրայելացիները քանի՞ տարի մանանայ կերան, ասիկա զիրենք ի՞նչպէս փորձեց, իսկ այս պատմութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Ել. 16։35. Թուոց 11։4-6. Ա. Կոր. 10։10, 11)

Պատմութիւն 35

Եհովա իր օրէնքները կու տայ

  1. Եգիպտոսէ դուրս ելլելէն շուրջ երկու ամիս ետք, Իսրայելացիները ո՞ւր կը բանակին։

  2. Եհովա ի՞նչ կ’ուզէ որ ժողովուրդը ընէ, եւ անոնք ի՞նչ կը պատասխանեն։

  3. Եհովա ինչո՞ւ երկու քարէ տախտակ Մովսէսի կու տայ։

  4. Տասը Պատուիրաններէն զատ, Եհովա Իսրայելացիներուն ուրիշ ի՞նչ օրէնքներ տուաւ։

  5. Ըստ Յիսուս Քրիստոսի, ո՞ր երկու պատուիրանները ամենամեծ պատուիրաններն են։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 19։1-25. 20։1-21. 24։12-18. եւ 31։18–ը։

    Ելից 19։8–ի մէջ արձանագրուած խօսքերը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն հասկնալու թէ քրիստոնէական նուիրումը ի՛նչ կը պարփակէ։ (Մատ. 16։24. Ա. Պետ. 4։1-3)

  2. Կարդալ՝ Բ. Օրինաց 6։4-6. Ղեւտացւոց 19։18. եւ Մատթէոս 22։36-40–ը։

    Քրիստոնեաները Աստուծոյ ու ընկերի հանդէպ իրենց սէրը ի՞նչպէս ցոյց կու տան։ (Մար. 6։34. Գործք 4։20. Հռով. 15։2)

Պատմութիւն 36

Ոսկիէ հորթը

  1. Պատկերին մէջ, մարդիկ ի՞նչ կ’ընեն եւ ինչո՞ւ։

  2. Եհովա ինչո՞ւ կը բարկանայ, իսկ Մովսէս ի՞նչ կ’ընէ երբ մարդոց ըրածը կը տեսնէ։

  3. Մովսէս ոմանց ի՞նչ կ’ըսէ որ ընեն։

  4. Այս պատմութենէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 32։1-35–ը։

    1. (ա) Ինչպէս այս պատմութիւնը կը յայտնէ, Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ սուտ կրօնքը ճշմարիտ պաշտամունքին հետ խառնելը։ (Ել. 32։4-6, 10. Ա. Կոր. 10։7, 11)

    2. (բ) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ զգուշութեամբ պէտք է ընտրեն իրենց ժամանցը, ինչպէս՝ երգելն ու պարելը։ (Ել. 32։18, 19. Եփ. 5։15, 16. Ա. Յովհ. 2։15-17)

    3. (գ) Ղեւիի ցեղը ի՞նչպէս արդարութեան թիկունք կանգնելու մէջ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։ (Ել. 32։25-28. Սաղ. 18։25)

Պատմութիւն 37

Պաշտամունքի համար վրան մը

  1. Պատկերին մէջի կառոյցը ի՞նչ կը կոչուի եւ ի՞նչ բանի համար կը գործածուի։

  2. Եհովա ինչո՞ւ Մովսէսի ըսաւ որ դիւրաւ քակուելիք վրան մը շինուի։

  3. Վրանին պզտիկ սենեակին մէջի տուփը ի՞նչ է եւ ի՞նչ կը պարունակէ։

  4. Եհովա ո՞վ քահանայապետ կը նշանակէ, եւ քահանայապետը ի՞նչ կ’ընէ։

  5. Վրանին մեծ սենեակին մէջ ի՞նչ երեք բաներ կան։

  6. Տաղաւարի գաւիթին մէջ ի՞նչ երկու բաներ կան եւ ի՞նչ բանի համար կը գործածուին։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ելից 25։8-40. 26։1-37. 27։1-8. եւ 28։1–ը։

    «Վկայութեան տապանակ»ին վրայ եղած քերովբէները ի՞նչ կը ներկայացնէին։ (Ել. 25։20, 22. Թուոց 7։89. Դ. Թագ. 19։15)

  2. Կարդալ՝ Ելից 30։1-10, 17-21. 34։1, 2. եւ Եբրայեցիս 9։1-5–ը։

    1. (ա) Եհովա ինչո՞ւ տաղաւարին մէջ ծառայող քահանաներուն ֆիզիքական մաքրութեան վրայ շեշտ դրաւ, եւ ասիկա մեզի ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։ (Ել. 30։18-21. 40։30, 31. Եբր. 10։22)

    2. (բ) Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ տաղաւարը եւ Օրէնքի ուխտը արդէն վերջ գտած էին, երբ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրեց իր նամակը։ (Եբր. 9։1, 9. 10։1)

Պատմութիւն 38

12 Լրտեսները

  1. Պատկերին մէջի խաղողի ողկոյզին նկատմամբ ի՞նչ բան ուշագրաւ կը գտնես, եւ անիկա ուրկէ՞ էր։

  2. Մովսէս ինչո՞ւ Քանանի երկիրը 12 լրտես կը ղրկէ։

  3. Տասը լրտեսներ Մովսէսի ի՞նչ կ’ըսեն։

  4. Երկու լրտես ի՞նչպէս Եհովայի հանդէպ վստահութիւն կը ցուցաբերեն, եւ անոնց անունները ի՞նչ են։

  5. Եհովա ինչո՞ւ կը բարկանայ, եւ Մովսէսի ի՞նչ կ’ըսէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Թուոց 13։2-34–ը։

    1. (ա) Երկիրը լրտեսելու համար որո՞նք ընտրուեցան, եւ ի՞նչ մեծ պատեհութիւն մը ունէին։ (Թուոց 13։3, 4, 19-21)

    2. (բ) Յեսուի եւ Քաղէբի տեսակէտը ինչո՞ւ միւս լրտեսներուն տեսակէտէն տարբեր էր, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ (Թուոց 13։29-31. Մատ. 17։19. Բ. Կոր. 5։7)

  2. Կարդալ՝ Թուոց 14։1-38–ը։

    1. (ա) Եհովայի երկրային ներկայացուցիչներուն դէմ տրտնջալէ ինչո՞ւ պէտք է զգուշանանք։ (Թուոց 14։2, 3, 27. Մատ. 25։40, 45. Ա. Կոր. 10։10)

    2. (բ) Թուոց 14։24–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա իր իւրաքանչիւր ծառայով անձնապէս կը հետաքրքրուի։ (Գ. Թագ. 19։18. Առ. 15։3)

Պատմութիւն 39

Ահարոնին գաւազանը կը ծաղկի

  1. Որո՞նք Մովսէսի եւ Ահարոնի հեղինակութեան դէմ կ’ըմբոստանան, եւ Մովսէսի ի՞նչ կ’ըսեն։

  2. Մովսէս Կորխի ու անոր 250 հետեւորդներուն ի՞նչ կ’ըսէ որ ընեն։

  3. Մովսէս ժողովուրդին ի՞նչ կ’ըսէ, եւ ապա ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

  4. Կորխի ու անոր 250 հետեւորդներուն ի՞նչ կը պատահի։

  5. Ահարոնի որդին՝ Եղիազար մեռած մարդոց բուրվառներէն ի՞նչ կը շինէ եւ ինչո՞ւ։

  6. Եհովա ինչո՞ւ Ահարոնին գաւազանը կը ծաղկեցնէ։ (Տես պատկերը։)

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Թուոց 16։1-49–ն։

    1. (ա) Կորխ ու իր հետեւորդները ի՞նչ ըրին, եւ ասիկա ինչո՞ւ Եհովայի դէմ ըմբոստութիւն էր։ (Թուոց 16։9, 10, 18. Ղեւ. 10։1, 2. Առ. 11։2)

    2. (բ) Կորխ եւ 250 «անուանի մարդիկ» ի՞նչ սխալ տեսակէտ մշակեցին։ (Թուոց 16։1-3. Առ. 15։33. Եսա. 49։7)

  2. Կարդալ՝ Թուոց 17։1-11 եւ 26։10–ը։

    1. (ա) Ահարոնի գաւազանին ծաղկիլը ի՞նչ ցոյց տուաւ, եւ Եհովա ինչո՞ւ ըսաւ որ տապանակին մէջ պահուի։ (Թուոց 17։5, 8, 10)

    2. (բ) Ահարոնի գաւազանին նշանէն ի՞նչ կենսական դաս մը կրնանք սորվիլ։ (Թուոց 17։10. Գործք 20։28. Փիլ. 2։14. Եբր. 13։17)

Պատմութիւն 40

Մովսէս ժայռին կը զարնէ

  1. Եհովա անապատին մէջ ի՞նչպէս Իսրայելացիներուն հոգ կը տանի։

  2. Իսրայելացիները ի՞նչ դժգոհութիւն կը յայտնեն, երբ Կադէս կը բանակին։

  3. Եհովա ժողովուրդին ու անոնց անասուններուն ի՞նչպէս ջուր կը հայթայթէ։

  4. Պատկերին մէջ, ինքզինք մատնանշող մարդը ո՞վ է եւ ինչո՞ւ այդպէս կը վարուի։

  5. Եհովա ինչո՞ւ Մովսէսի եւ Ահարոնի դէմ կը բարկանայ, եւ անոնք ի՞նչպէս կը պատժուին։

  6. Հովր լերան վրայ ի՞նչ կը պատահի, եւ ո՞վ կ’ըլլայ Իսրայէլի քահանայապետը։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Թուոց 20։1-13, 22-29 եւ Բ. Օրինաց 29։5–ը։

    1. (ա) Անապատին մէջ Իսրայելացիներուն հոգ տանելու Եհովայի կերպէն ի՞նչ կը սորվինք։ (Բ. Օր. 29։5. Մատ. 6։31. Եբր. 13։5. Յակ. 1։17)

    2. (բ) Եհովայի կեցուածքը ի՞նչ էր, երբ Մովսէս եւ Ահարոն Իսրայէլի առջեւ զինք չսրբացուցին։ (Թուոց 20։12. Ա. Կոր. 10։12. Յայտ. 4։10)

    3. (գ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մովսէսի հակազդեցութենէն Եհովայի կրթութեան։ (Թուոց 12։3. 20։12, 27, 28. Բ. Օր. 32։4. Եբր. 12։7-11)

Պատմութիւն 41

Պղնձէ օձը

  1. Պատկերին մէջ, Եհովայի պատուէրին համաձայն ձողին վրայ ի՞նչ դրուած է եւ ինչո՞ւ։

  2. Իսրայելացիները ի՞նչպէս չեն գնահատեր իրենց ի նպաստ Աստուծոյ ըրածները։

  3. Ժողովուրդը Մովսէսէն ի՞նչ կը խնդրէ, երբ Եհովա զիրենք պատժելու համար թունաւոր օձեր կը ղրկէ։

  4. Եհովա ինչո՞ւ Մովսէսի կ’ըսէ որ պղինձէ օձ մը շինէ։

  5. Այս պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Թուոց 21։4-9–ն։

    1. (ա) Եհովայի կարգադրութիւններուն հանդէպ Իսրայելացիներուն դժգոհութիւնը ի՞նչ ազդարարութիւն կը հայթայթէ մեզի։ (Թուոց 21։5, 6. Հռով. 2։4)

    2. (բ) Դարեր ետք, Իսրայելացիները պղինձէ օձը ի՞նչպէս գործածեցին, իսկ Եզեկիա թագաւորը ի՞նչ ըրաւ։ (Թուոց 21։9. Դ. Թագ. 18։1-4)

  2. Կարդալ՝ Յովհաննէս 3։14, 15–ը։

    Պղինձէ օձը ձողի մը վրայ դնելը ի՞նչպէս լաւ կերպով Յիսուս Քրիստոսի ցցահարութիւնը պատկերացուց։ (Գաղ. 3։13. Ա. Պետ. 2։24)

Պատմութիւն 42

Էշ մը կը խօսի

  1. Ո՞վ է Բաղակ, եւ ինչո՞ւ պատգամաւոր կը ղրկէ Բաղաամի։

  2. Էշը ինչո՞ւ Բաղաամի տակ կը պառկի։

  3. Էշը Բաղաամի ի՞նչ կ’ըսէ։

  4. Հրեշտակ մը Բաղաամի ի՞նչ կ’ըսէ։

  5. Ի՞նչ կը պատահի երբ Բաղաամ կը փորձէ Իսրայէլը անիծել։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Թուոց 21։21-35–ը։

    Իսրայէլ ինչո՞ւ նուաճեց Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը եւ Բասանի Ովգ թագաւորը։ (Թուոց 21։21, 23, 33, 34)

  2. Կարդալ՝ Թուոց 22։1-40–ը։

    Բաղաամ ի՞նչ շարժառիթով փորձեց Իսրայէլը անիծել, եւ ասկէ ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։ (Թուոց 22։16, 17. Առ. 6։16, 18. Բ. Պետ. 2։15. Յուդա 11)

  3. Կարդալ՝ Թուոց 23։1-30–ը։

    Թէեւ Բաղաամ որպէս Եհովայի երկրպագու խօսեցաւ, սակայն իր արարքները ի՞նչպէս հակառակը ցոյց տուին։ (Թուոց 23։3, 11-14. Ա. Թագ. 15։22)

  4. Կարդալ՝ Թուոց 24։1-25–ը։

    Աստուածաշունչի այս պատմութիւնը ի՞նչպէս Եհովայի նպատակին կատարման հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ (Թուոց 24։10. Եսա. 54։17)

Պատմութիւն 43

Յեսու առաջնորդ կ’ըլլայ

  1. Պատկերին մէջ, Մովսէսի հետ կայնող երկու տղամարդիկը ո՞վ են։

  2. Եհովա Յեսուի ի՞նչ կ’ըսէ։

  3. Մովսէս ինչո՞ւ Նաբաւ լեռը կը բարձրանայ, եւ Եհովա իրեն ի՞նչ կ’ըսէ։

  4. Մովսէս քանի՞ տարեկան էր երբ մեռաւ։

  5. Ժողովուրդը ինչո՞ւ կը տխրի, բայց ուրախ ըլլալու ի՞նչ պատճառ ունի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Թուոց 27։12-23–ը։

    Յեսու Եհովայէ ի՞նչ ծանր նշանակում մը ստացաւ, եւ ներկայիս Եհովա ի՞նչպէս իր ժողովուրդին հոգ կը տանի։ (Թուոց 27։15-19. Գործք 20։28. Եբր. 13։7)

  2. Կարդալ՝ Բ. Օրինաց 3։23-29–ն։

    Եհովա ինչո՞ւ Մովսէսի եւ Ահարոնի թոյլ չտուաւ որ Խոստացեալ Երկիրը մտնեն, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ (Բ. Օր. 3։25-27. Թուոց 20։12, 13)

  3. Կարդալ՝ Բ. Օրինաց 31։1-8, 14-23–ը։

    Մովսէսի հրաժեշտի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Եհովայի կրթութիւնը խոնարհաբար ընդունած էր։ (Բ. Օր. 31։6-8, 23)

  4. Կարդալ՝ Բ. Օրինաց 32։45-52–ը։

    Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս մեր կեանքին պէտք է ազդէ։ (Բ. Օր. 32։47. Ղեւ. 18։5. Եբր. 4։12)

  5. Կարդալ՝ Բ. Օրինաց 34։1-12–ը։

    Թէեւ Մովսէս երբեք բառացիօրէն Եհովան չտեսաւ, սակայն Բ. Օրինաց 34։10–ը Եհովայի հետ իր յարաբերութեան մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ (Ել. 33։11, 20. Թուոց 12։8)

Պատմութիւն 44

Ռախաբ կը պահէ լրտեսները

  1. Ռախաբ ո՞ւր կ’ապրի։

  2. Պատկերին մէջի երկու մարդիկը ո՞վ են եւ ինչո՞ւ Երիքովի մէջ են։

  3. Երիքովի թագաւորը Ռախաբի ի՞նչ կը հրամայէ որ ընէ, բայց ան ի՞նչ պատասխան կու տայ։

  4. Ռախաբ երկու մարդոց ի՞նչպէս կ’օգնէ եւ ի՞նչ կը խնդրէ։

  5. Երկու լրտեսները Ռախաբի ի՞նչ կը խոստանան։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յեսու 2։1-24–ը։

    Ելից 23։28–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի խոստումը ի՞նչպէս կատարուեցաւ, երբ Իսրայելացիները Երիքովի դէմ եկան։ (Յես. 2։9-11)

  2. Կարդալ՝ Եբրայեցիս 11։31–ը։

    Ռախաբի օրինակը ի՞նչպէս հաւատքի կարեւորութիւնը աչքառու կը դարձնէ։ (Հռով. 1։17. Եբր. 10։39. Յակ. 2։25)

Պատմութիւն 45

Յորդանան գետէն անցքը

  1. Եհովա ի՞նչ հրաշք կը կատարէ, որպէսզի Իսրայելացիները կարենան Յորդանան գետէն անցնիլ։

  2. Յորդանան գետէն անցնելու համար, Իսրայելացիները հաւատք յայտնող ի՞նչ արարք պէտք է ընեն։

  3. Եհովա ինչո՞ւ Յեսուի կ’ըսէ որ գետին յատակէն 12 քար առնէ։

  4. Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ անմիջապէս որ քահանաները Յորդանանէն դուրս ելլեն։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յեսու 3։1-17–ն։

    1. (ա) Ինչպէս այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, ի՞նչ պէտք է ընենք որ Եհովայի օգնութիւնն ու օրհնութիւնը ստանանք։ (Յես. 3։13, 15. Առ. 3։5. Յակ. 2։22, 26)

    2. (բ) Յորդանան գետը ի՞նչ վիճակի մէջ էր, երբ Իսրայելացիները զայն կտրելով Խոստացեալ Երկիրը մտան, եւ ասիկա ի՞նչպէս Եհովայի անունը փառաւորեց։ (Յես. 3։15. 4։18. Սաղ. 66։5-7)

  2. Կարդալ՝ Յեսու 4։1-18–ը։

    Յորդանանէն առնուած եւ Գաղգաղայի մէջ դրուած 12 քարերը ի՞նչ նպատակի ծառայեցին։ (Յես. 4։4-7)

Պատմութիւն 46

Երիքովի պարիսպները

  1. Եհովա ռազմիկներուն եւ քահանաներուն ի՞նչ կ’ըսէ որ վեց օր ընեն։

  2. Մարդիկը եօթներորդ օրը ի՞նչ պէտք է ընեն։

  3. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Երիքովի պարիսպներուն ի՞նչ կը պատահի։

  4. Ինչո՞ւ պատուհանին կարմիր պարան մը կապուած է։

  5. Յեսու ռազմիկներուն ի՞նչ կ’ըսէ որ ընեն քաղաքին ու բնակիչներուն, բայց ի՞նչ պիտի ընեն արծաթին, ոսկիին, պղինձին եւ երկաթին։

  6. Երկու լրտեսներուն ի՞նչ կ’ըսուի որ ընեն։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յեսու 6։1-25–ը։

    1. (ա) Եօթներորդ օրը Երիքովի շուրջ Իսրայելացիներուն քալելը ի՞նչպէս կը նմանի այս վերջին օրերուն մէջ Եհովայի Վկաներու քարոզչական գործունէութիւններուն։ (Յես. 6։15, 16. Եսա. 60։22. Մատ. 24։14. Ա. Կոր. 9։16)

    2. (բ) Յեսու 6։26–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը ի՞նչպէս շուրջ 500 տարի ետք կատարուեցաւ, եւ ասիկա Եհովայի խօսքին մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ (Գ. Թագ. 16։34. Եսա. 55։11)

Պատմութիւն 47

Գող մը Իսրայէլի մէջ

  1. Պատկերին մէջ, Երիքովէ առնուած աւարը իր վրանին մէջ թաղող մարդը ո՞վ է, եւ որո՞նք անոր կ’օգնեն։

  2. Աքարի եւ իր ընտանիքին արարքը ինչո՞ւ շատ լուրջ է։

  3. Եհովա ի՞նչ կ’ըսէ երբ Յեսու կը հարցնէ թէ Իսրայելացիները ինչո՛ւ Գայիի մարդոց առջեւէն փախան։

  4. Աքար ու իր ընտանիքը Յեսուի բերուելէն ետք, անոնց ի՞նչ կը պատահի։

  5. Աքարի դատապարտութիւնը ի՞նչ կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ մեզի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յեսու 7։1-26–ը։

    1. (ա) Յեսուի աղօթքները ի՞նչ յայտնեցին Ստեղծիչին հետ իր յարաբերութեան մասին։ (Յես. 7։7-9. Սաղ. 119։145. Ա. Յովհ. 5։14)

    2. (բ) Աքարի օրինակը ի՞նչ ցոյց կու տայ, եւ ասիկա ի՞նչպէս մեզի ազդարարութիւն մըն է։ (Յես. 7։11, 14, 15. Առ. 15։3. Ա. Տիմ. 5։24. Եբր. 4։13)

  2. Կարդալ՝ Յեսու 8։1-29–ն։

    Ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին հանդէպ ի՞նչ անձնական պատասխանատուութիւն ունինք։ (Յես. 7։13. Ղեւ. 5։1. Առ. 28։13)

Պատմութիւն 48

Իմաստուն գաբաւոնացիները

  1. Գաբաւոնի բնակիչները մօտակայ քաղաքներու մէջ եղող Քանանացիներէն ի՞նչպէս տարբեր են։

  2. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Գաբաւոնացիները ի՞նչ կ’ընեն եւ ինչո՞ւ։

  3. Յեսու եւ Իսրայելացի առաջնորդները Գաբաւոնացիներուն ի՞նչ կը խոստանան, բայց երեք օր ետք ի՞նչ կ’իմանան։

  4. Ի՞նչ կը պատահի երբ այլ քաղաքներու թագաւորները կը լսեն թէ Գաբաւոնացիները Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն ըրած են։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յեսու 9։1-27–ն։

    1. (ա) Որովհետեւ Եհովա Իսրայէլ ազգին պատուիրած էր որ ‘երկրին բոլոր բնակիչները բնաջինջ ընեն’, Գաբաւոնացիներուն խնայելով ի՞նչ յատկութիւններ աչքառու դարձուց։ (Յես. 9։22, 24. Մատ. 9։13. Գործք 10։34, 35. Բ. Պետ. 3։9)

    2. (բ) Գաբաւոնացիներուն հետ իր ըրած ուխտին կառչելով, Յեսու ի՞նչպէս այժմու Քրիստոնեաներուն ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ։ (Յես. 9։18, 19. Մատ. 5։37. Եփ. 4։25)

  2. Կարդալ՝ Յեսու 10։1-5–ը։

    Ներկայիս մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս Գաբաւոնացիները կ’ընդօրինակէ, իսկ ի՞նչ բանի թիրախը կը դառնայ։ (Յես. 10։4. Զաք. 8։23. Մատ. 25։35-40. Յայտ. 12։17)

Պատմութիւն 49

Արեւը անշարժ կը կենայ

  1. Պատկերին մէջ, Յեսու ի՞նչ կ’ըսէ եւ ինչո՞ւ։

  2. Եհովա ի՞նչպէս Յեսուի եւ իր ռազմիկներուն կ’օգնէ։

  3. Յեսու քանի՞ թշնամի թագաւոր կը նուաճէ, եւ ասիկա ո՞րքան ժամանակ կ’առնէ։

  4. Յեսու ինչո՞ւ Քանանի երկիրը կը բաժնէ։

  5. Յեսու քանի՞ տարեկանին կը մեռնի, իսկ ժողովուրդին ի՞նչ կը պատահի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յեսու 10։6-15–ը։

    Գիտնալով որ Եհովա Իսրայէլի համար արեւն ու լուսինը կեցուց, ներկայիս ի՞նչ վստահութիւն ունինք։ (Յես. 10։8, 10, 12, 13. Սաղ. 18։3. Առ. 18։10)

  2. Կարդալ՝ Յեսու 12։7-24–ը։

    Ո՞վ իրապէս պատճառ եղաւ որ Քանանի 31 թագաւորները նուաճուին, եւ ասիկա ներկայիս մեզի համար ինչո՞ւ կարեւոր է։ (Յես. 12։7. 24։11-13. Բ. Օր. 31։8. Ղուկ. 21։9, 25-28)

  3. Կարդալ՝ Յեսու 14։1-5–ը։

    Երկիրը ի՞նչպէս Իսրայէլի ցեղերուն բաժնուեցաւ, եւ ասիկա Դրախտին մէջ ըլլալիք ժառանգութեան մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։ (Յես. 14։2. Եսա. 65։21. Եզեկ. 47։21-23. Ա. Կոր. 14։33)

  4. Կարդալ՝ Դատաւորաց 2։8-13–ը։

    Յեսուի նման, ներկայիս ո՞վ հաւատուրացութեան արգելք կը հանդիսանայ։ (Դատ. 2։8, 10, 11. Մատ. 24։45-47. Բ. Թես. 2։3-6. Տիտ. 1։7-9. Յայտ. 1։1. 2։1, 2)

Պատմութիւն 50

Երկու խիզախ կիներ

  1. Ո՞վ են դատաւորները, եւ ոմանց անունները ի՞նչ են։

  2. Դեբօրա ի՞նչ մասնայատուկ առանձնաշնորհում ունի, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

  3. Երբ Յաբին թագաւորը եւ Սիսարա սպարապետը Իսրայէլի կը սպառնան, Դեբօրա Եհովայի կողմէ ի՞նչ պատգամ կու տայ Բարակ դատաւորին, իսկ վարկը որո՞ւ պիտի երթայ։

  4. Յայէլ ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ քաջասիրտ կին մըն է։

  5. Յաբին թագաւորին մահէն ետք ի՞նչ կը պատահի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դատաւորաց 2։14-22–ը։

    Իսրայելացիները ի՞նչպէս Եհովայի բարկութիւնը իրենց վրայ բերին, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ (Դատ. 2։20. Առ. 3։1, 2. Եզեկ. 18։21-23)

  2. Կարդալ՝ Դատաւորաց 4։1-24–ը։

    Ներկայիս Քրիստոնեայ կիներ հաւատքի ու քաջութեան առնչութեամբ Դեբօրայի ու Յայէլի օրինակէն ի՞նչ դասեր կրնան սորվիլ։ (Դատ. 4։4, 8, 9, 14, 21, 22. Առ. 31։30. Ա. Կոր. 16։13)

  3. Կարդալ՝ Դատաւորաց 5։1-31–ը։

    Բարակի ու Դեբօրայի յաղթերգը ի՞նչպէս կրնայ Արմագեդոն պատերազմին առնչութեամբ իբրեւ աղօթք կիրարկուիլ։ (Դատ. 5։3, 31. Ա. Մնաց. 16։8-10. Յայտ. 7։9, 10. 16։16. 19։19-21)

Պատմութիւն 51

Հռութ եւ Նոեմի

  1. Նոեմի ինչո՞ւ Մովաբի երկրին մէջ կը բնակի։

  2. Ո՞վ են Հռութ եւ Որփա։

  3. Երբ Նոեմի կ’ըսէ որ իրենց ժողովուրդին վերադառնան, Հռութ եւ Որփա ի՞նչ կ’ընեն։

  4. Ո՞վ է Բոոս, եւ ի՞նչպէս Հռութի ու Նոեմիի կ’օգնէ։

  5. Բոոսի ու Հռութի զաւակին անունը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ զինք յիշելու ենք։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Հռութ 1։1-17–ն։

    1. (ա) Հռութ հաւատարիմ սիրոյ ի՞նչ գեղեցիկ արտայայտութիւն մը կ’ընէ։ (Հռութ 1։16, 17)

    2. (բ) Հռութի մտադրութիւնը ի՞նչպէս լաւ կերպով կ’արտայայտէ օծեալ մնացորդին հանդէպ «ուրիշ ոչխարներ»ուն կեցուածքը։ (Յովհ. 10։16. Զաք. 8։23)

  2. Կարդալ՝ Հռութ 2։1-23–ը։

    Հռութ ի՞նչպէս ընտիր օրինակ մըն է այժմու երիտասարդուհիներուն։ (Հռութ 2։17, 18. Առ. 23։22. 31։15)

  3. Կարդալ՝ Հռութ 3։5-13–ը։

    1. (ա) Բոոս ի՞նչպէս նկատեց Հռութի կամեցողութիւնը որ իրեն հետ ամուսնանայ քան թէ երիտասարդի մը հետ։

    2. (բ) Հռութի վերաբերմունքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ հաւատարիմ սիրոյ մասին։ (Հռութ 3։10. Ա. Կոր. 13։4, 5)

  4. Կարդալ՝ Հռութ 4։7-17–ն։

    Ներկայիս Քրիստոնեայ տղամարդիկը ի՞նչպէս կրնան Բոոսի նման ըլլալ։ (Հռութ 4։9, 10. Ա. Տիմ. 3։1, 12, 13. 5։8)

Պատմութիւն 52

Գեդէօն եւ իր 300 մարդիկը

  1. Իսրայելացիները ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ դժուարութեան մատնուած են։

  2. Եհովա ինչո՞ւ Գեդէօնի կ’ըսէ թէ պէտք եղածէն աւելի ռազմիկներ ունի։

  3. Գեդէօն վախկոտներուն ըսելէ ետք որ տուն վերադառնան, քանի՞ մարդ կը մնայ։

  4. Պատկերին միջոցաւ բացատրէ թէ ի՛նչպէս Եհովա Գեդէօնի բանակին թիւը կը նուազեցնէ մինչեւ 300 մարդ։

  5. Գեդէօն իր 300 մարդիկը ի՞նչպէս կը կազմակերպէ, եւ Իսրայէլ ի՞նչպէս պատերազմը կը շահի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դատաւորաց 6։36-40–ը։

    1. (ա) Գեդէօն ի՞նչպէս Եհովայի կամքէն վստահ եղաւ։

    2. (բ) Այսօր ի՞նչպէս կը գիտնանք թէ Եհովայի կամքը ի՛նչ է։ (Առ. 2։3-6. Մատ. 7։7-11. Բ. Տիմ. 3։16, 17)

  2. Կարդալ՝ Դատաւորաց 7։1-25–ը։

    1. (ա) Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ այն 300–էն, որոնք զգոյշ մնացին, մինչ ուրիշներ անհոգ էին։ (Դատ. 7։3, 6. Հռով. 13։11, 12. Եփ. 5։15-17)

    2. (բ) Ինչպէս որ 300 մարդիկը Գեդէօնի նայելով սորվեցան, ի՞նչպէս Մեծ Գեդէօնի՝ Յիսուս Քրիստոսի նայելով կը սորվինք։ (Դատ. 7։17. Մատ. 11։29, 30. 28։19, 20. Ա. Պետ. 2։21)

    3. (գ) Դատաւորաց 7։21–ը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ գոհունակ ըլլանք՝ ծառայելով ո՛ւր որ ալ նշանակուինք Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ (Ա. Կոր. 4։2. 12։14-18. Յակ. 4։10)

  3. Կարդալ՝ Դատաւորաց 8։1-3–ը։

    Եղբօր կամ քրոջ մը հետ խնդիր մը լուծելու համար, ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Գեդէօն ձեռք առաւ Եփրեմեաններուն վէճը։ (Առ. 15։1. Մատ. 5։23, 24. Ղուկ. 9։48)

Պատմութիւն 53

Յեփթայէի խոստումը

  1. Ո՞վ է Յեփթայէ, եւ ի՞նչպիսի ժամանակի մը մէջ ապրեցաւ։

  2. Յեփթայէ Եհովայի ի՞նչ կը խոստանայ։

  3. Ամմոնացիներուն վրայ յաղթանակ տանելէ ետք երբ տուն կը վերադառնայ, Յեփթայէ ինչո՞ւ կը տխրի։

  4. Յեփթայէի աղջիկը ի՞նչ կ’ըսէ, երբ իր հօր ըրած խոստումը կը գիտնայ։

  5. Ժողովուրդը ինչո՞ւ Յեփթայէի աղջիկը կը սիրէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դատաւորաց 10։6-18–ը։

    Եհովայի հանդէպ Իսրայէլի անհաւատարմութիւնը մեզի ի՞նչ ազդարարութիւն կը ներկայացնէ։ (Դատ. 10։6, 15, 16. Հռով. 15։4. Յայտ. 2։10)

  2. Կարդալ՝ Դատաւորաց 11։1-11, 29-40–ը։

    1. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ երբ Յեփթայէ ըսաւ. «Զանիկա ողջակէզ պիտի մատուցանեմ», ըսել չուզեց կրակէ անցընել իբր մարդկային զոհ։ (Դատ. 11։31. Ղեւ. 16։24. Բ. Օր. 18։10, 12)

    2. (բ) Յեփթայէ ի՞նչ կերպով իր աղջիկը որպէս զոհ մատուցանեց։

    3. (գ) Եհովայի ըրած իր ուխտին հանդէպ Յեփթայէի կեցուածքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Դատ. 11։35, 39. Ժող. 5։4, 5. Մատ. 16։24)

    4. (դ) Լիաժամ ծառայութեան հետամուտ ըլլալու մէջ ի՞նչպէս Յեփթայէի աղջիկը ընտիր օրինակ մըն է Քրիստոնեայ պատանիներուն։ (Դատ. 11։36. Մատ. 6։33. Փիլ. 3։8)

Պատմութիւն 54

Ամենէն զօրաւոր մարդը

  1. Ցարդ ապրած ամենէն զօրաւոր մարդուն անունը ի՞նչ է, եւ ո՞վ անոր զօրութիւն տուաւ։

  2. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, առիթով մը Սամփսոն առիւծի մը ի՞նչ կ’ընէ։

  3. Պատկերին մէջ, Սամփսոն Դալիլայի ի՞նչ գաղտնիք կը յայտնէ, եւ ասիկա ի՞նչպէս պատճառ կ’ըլլայ որ Փղշտացիները զինք ձերբակալեն։

  4. Սամփսոն իր մեռած օրը ի՞նչպէս 3,000 Փղշտացի սպաննեց։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դատաւորաց 13։1-14–ը։

    Զաւակներ մեծցնելու մէջ ի՞նչպէս Մանուէ ու իր կինը լաւ օրինակ կը հանդիսանան ծնողներուն։ (Դատ. 13։8. Սաղ. 127։3. Եփ. 6։4)

  2. Կարդալ՝ Դատաւորաց 14։5-9 եւ 15։9-16–ը։

    1. (ա) Եհովայի սուրբ հոգիին ազդեցութեան մասին ի՞նչ կը յայտնեն Սամփսոնի քաջագործութիւնները,– առիւծը սպաննել, նոր փոկերը ձեռքերէն քակել եւ իշու թարմ ծնօտով 1,000 մարդ մեռցնել։

    2. (բ) Ներկայիս սուրբ հոգին ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ։ (Դատ. 14։6. 15։14. Զաք. 4։6. Գործք 4։31)

  3. Կարդալ՝ Դատաւորաց 16։18-31–ը։

    Սամփսոն ի՞նչպէս չար ընկերակցութիւններէն ազդուեցաւ, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Դատ. 16։18, 19. Ա. Կոր. 15։33)

Պատմութիւն 55

Պզտիկ տղեկ մը Աստուծոյ կը ծառայէ

  1. Պատկերին մէջի տղեկին անունը ի՞նչ է, իսկ ո՞վ են միւսները։

  2. Օր մը երբ Եհովայի տաղաւարը կ’այցելէ, Աննա ի՞նչ աղօթք կը մատուցանէ եւ Եհովա ի՞նչպէս կը պատասխանէ։

  3. Սամուէլ քանի՞ տարեկան է երբ Եհովայի վրանը կը բերուի, եւ իր մայրը ամէն տարի իրեն համար ի՞նչ կ’ընէ։

  4. Հեղիի որդիներուն անունները ի՞նչ են, եւ անոնք ի՞նչպիսի մարդիկ են։

  5. Եհովա ի՞նչպէս Սամուէլը կը կանչէ եւ ի՞նչ պատգամ կու տայ։

  6. Սամուէլ ի՞նչ կ’ըլլայ երբ կը մեծնայ, իսկ ի՞նչ կը պատահի երբ կը ծերանայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 1։1-28–ը։

    1. (ա) Ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւն առնելով, Եղկանա ի՞նչ ընտիր օրինակ կը հանդիսանայ ընտանիքի գլուխին։ (Ա. Թագ. 1։3, 21. Մատ. 6։33. Փիլ. 1։10)

    2. (բ) Կնճռոտ խնդիր մը ձեռք առնելու մէջ Աննայի օրինակէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ (Ա. Թագ. 1։10, 11. Սաղ. 55։22. Հռով. 12։12)

  2. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 2։11-36–ը։

    Հեղի ի՞նչպէս իր որդիները Եհովայէ աւելի պատուեց, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ որպէս ազդարարութիւն ծառայել մեզի։ (Ա. Թագ. 2։22-24, 27, 29. Բ. Օր. 21։18-21. Մատ. 10։36, 37)

  3. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 4։16-18–ը։

    Պատերազմին վերաբերեալ ի՞նչ չորս լուր կը լսէ Հեղի եւ ի՞նչպէս կ’ազդուի։

  4. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 8։4-9–ն։

    Իսրայէլ ի՞նչպէս Եհովան մեծապէս ընդվզեցուց, եւ ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք իր Թագաւորութեան հաւատարմօրէն նեցուկ կանգնիլ։ (Ա. Թագ. 8։5, 7. Յովհ. 17։16. Յակ. 4։4)

Պատմութիւն 56

Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղ

  1. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Սամուէլ ի՞նչ կ’ընէ եւ ինչո՞ւ։

  2. Եհովա ինչո՞ւ Սաւուղը կը սիրէ, եւ ան ի՞նչպիսի մարդ մըն է։

  3. Սաւուղի որդիին անունը ի՞նչ է եւ ի՞նչ կ’ընէ։

  4. Սաւուղ ինչո՞ւ զոհ կը մատուցանէ, փոխանակ Սամուէլի սպասելու որ զայն մատուցանէ։

  5. Սաւուղի պատմութենէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 9։15-21 եւ 10։17-27–ն։

    Սաւուղի համեստութիւնը ի՞նչպէս իրեն օգնեց անխոհեմաբար չվարուելու, երբ որոշ մարդիկ իրեն մասին անյարգալից կերպով խօսեցան։ (Ա. Թագ. 9։21. 10։21, 22, 27. Առ. 17։27)

  2. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 13։5-14–ը։

    Գաղգաղայի մէջ Սաւուղի գործած մեղքը ի՞նչ էր։ (Ա. Թագ. 10։8. 13։8, 9, 13)

  3. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 15։1-34–ը։

    1. (ա) Ինչ կը վերաբերի Ամաղէկի թագաւորին՝ Ագագի, Սաւուղ ի՞նչ լուրջ մեղք գործեց։ (Ա. Թագ. 15։2, 3, 8, 9, 22)

    2. (բ) Սաւուղ ի՞նչպէս փորձեց իր ըրածը արդարացնել եւ ուրիշը մեղադրել։ (Ա. Թագ. 15։24)

    3. (գ) Երբ մեզի խրատ տրուի, ի՞նչ բաներէ պէտք է զգուշանանք։ (Ա. Թագ. 15։19-21. Սաղ. 141։5. Առ. 9։8, 9. 11։2)

Պատմութիւն 57

Աստուած կ’ընտրէ Դաւիթը

  1. Պատկերին մէջի պատանիին անունը ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս գիտենք որ ան քաջ է։

  2. Դաւիթ ո՞ւր կ’ապրի, եւ իր հօր ու մեծ–հօր անունները ի՞նչ են։

  3. Եհովա ինչո՞ւ Սամուէլի կ’ըսէ որ երթայ Բեթլեհէմ, Յեսսէի տունը։

  4. Ի՞նչ կը պատահի, երբ Յեսսէ եօթը զաւակներ Սամուէլի կը բերէ։

  5. Երբ Դաւիթ ներս կը բերուի, Եհովա Սամուէլի ի՞նչ կ’ըսէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 17։34, 35–ը։

    Այս դէպքերը ի՞նչպէս կ’ընդգծեն թէ Դաւիթ քաջասիրտ էր ու Եհովայի կ’ապաւինէր։ (Ա. Թագ. 17։37)

  2. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 16։1-14–ը։

    1. (ա) Ա. Թագաւորաց 16։7–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի խօսքերը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն անաչառ ըլլալու եւ կանխադատութենէ խուսափելու։ (Գործք 10։34, 35. Ա. Տիմ. 2։4)

    2. (բ) Սաւուղի օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ երբ Եհովա անհատէ մը իր սուրբ հոգին հեռացնէ, սխալ բաներ ընելու ներքին դրդում մը կրնայ իրեն տիրապետել։ (Ա. Թագ. 16։14. Մատ. 12։43-45. Գաղ. 5։16)

Պատմութիւն 58

Դաւիթ եւ Գողիաթ

  1. Գողիաթ Իսրայէլի բանակին ի՞նչ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ։

  2. Գողիաթ ի՞նչպիսի մարդ մըն է, եւ զինք սպաննողին ի՞նչ վարձատրութիւն կը խոստանայ Սաւուղ թագաւոր։

  3. Դաւիթ ի՞նչ կը պատասխանէ երբ Սաւուղ կ’ըսէ թէ Գողիաթի հետ չի կրնար կռուիլ քանի որ պատանի է։

  4. Գողիաթի ուղղուած Դաւիթի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան Եհովայի հանդէպ իր վստահութիւնը։

  5. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Գողիաթը սպաննելու համար Դաւիթ ի՞նչ կը գործածէ, իսկ անկէ ետք ի՞նչ կը պատահի Փղշտացիներուն։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 17։1-54–ը։

    1. (ա) Դաւիթի անվախութեան գաղտնիքը ի՞նչ էր, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոր քաջութիւնը ընդօրինակել։ (Ա. Թագ. 17։37, 45. Եփ. 6։10, 11)

    2. (բ) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Գողիաթի ունեցած մրցակցական հոգին պէտք չէ ցուցաբերեն, երբ խաղերու կամ զբօսանքի կը մասնակցին։ (Ա. Թագ. 17։8. Գաղ. 5։26. Ա. Տիմ. 4։8)

    3. (գ) Դաւիթի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ աջակցութեան հանդէպ հաւատք ունէր։ (Ա. Թագ. 17։45-47. Բ. Մնաց. 20։15)

    4. (դ) Այս պատմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ պատերազմը պարզապէս երկու բանակներու միջեւ չէր, այլ՝ չաստուածներու եւ Եհովա Աստուծոյ միջեւ։ (Ա. Թագ. 17։43, 46, 47)

    5. (ե) Օծեալ մնացորդը ի՞նչպէս Եհովայի վստահելու Դաւիթի օրինակին կը հետեւի։ (Ա. Թագ. 17։37. Երեմ. 1։17-19. Յայտ. 12։17)

Պատմութիւն 59

Դաւիթ ինչո՛ւ պէտք է փախչի

  1. Սաւուղ ինչո՞ւ Դաւիթի կը նախանձի, բայց Սաւուղի որդին՝ Յովնաթան ի՞նչպէս տարբեր է։

  2. Օր մը ի՞նչ կը պատահի, մինչ Սաւուղի առջեւ Դաւիթ քնար կը նուագէ։

  3. Սաւուղ ի՞նչ կ’ըսէ թէ Դաւիթ պէտք է ընէ, որպէսզի կարենայ իր աղջկան՝ Մեղքողի հետ ամուսնանալ, իսկ ինչո՞ւ ասիկա կ’ըսէ։

  4. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, երրորդ անգամ ըլլալով ի՞նչ կը պատահի, մինչ Սաւուղի առջեւ Դաւիթ քնար կը նուագէ։

  5. Մեղքող ի՞նչպէս Դաւիթի կեանքը կը փրկէ, եւ Դաւիթ եօթը տարի կը ստիպուի ի՞նչ ընել։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 18։1-30–ը։

    1. (ա) Դաւիթի հանդէպ Յովնաթանի անբեկանելի սէրը ի՞նչպէս նախապատկերացուց «ուրիշ ոչխարներ»ուն եւ «պզտիկ հօտ»ին միջեւ փոխադարձ սէրը։ (Ա. Թագ. 18։1. Յովհ. 10։16. Ղուկ. 12։32. Զաք. 8։23)

    2. (բ) Այն իրողութեան ի տես թէ Յովնաթան բնականաբար պիտի ըլլար Սաւուղի ժառանգորդը, Ա. Թագաւորաց 18։4–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ Յովնաթանի ուշագրաւ ենթարկումը անոր որ թագաւոր ըլլալու ընտրուած էր։

    3. (գ) Սաւուղի օրինակը ի՞նչպէս կը յայտնէ թէ նախանձը կրնայ լուրջ մեղքի առաջնորդել, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ։ (Ա. Թագ. 18։7-9, 25. Յակ. 3։14-16)

  2. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 19։1-17–ն։

    Երբ Դաւիթի մասին նպաստաւոր կերպով խօսեցաւ Սաւուղի, Յովնաթան ի՞նչպէս իր կեանքը վտանգեց։ (Ա. Թագ. 19։1, 4-6. Առ. 16։14)

Պատմութիւն 60

Աբիգիա եւ Դաւիթ

  1. Պատկերին մէջի կնոջ անունը ի՞նչ է, եւ ան ի՞նչպիսի անձ մըն է։

  2. Ո՞վ է Նաբաղ։

  3. Դաւիթ ինչո՞ւ իր մարդոցմէ ոմանք Նաբաղի կը ղրկէ։

  4. Նաբաղ Դաւիթի մարդոց ի՞նչ կ’ըսէ, իսկ Դաւիթ ի՞նչպէս կը հակազդէ։

  5. Աբիգիա ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ իմաստուն է։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 22։1-4–ը։

    Դաւիթի ընտանիքը ի՞նչպէս ընտիր օրինակ մըն է թէ քրիստոնէական եղբայրութեան մէջ ինչպէս իրարու նեցուկ պէտք է կանգնինք։ (Առ. 17։17. Ա. Թես. 5։14)

  2. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 25։1-43–ը։

    1. (ա) Ինչո՞ւ Նաբաղ արհամարհաբար նկարագրուած է։ (Ա. Թագ. 25։2-5, 10, 14, 21, 25)

    2. (բ) Ներկայիս Քրիստոնեայ կիները Աբիգիայի օրինակէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։ (Ա. Թագ. 25։32, 33. Առ. 31։26. Եփ. 5։24)

    3. (գ) Աբիգիա Դաւիթը ետ պահեց ի՞նչ երկու գէշ բաներ ընելէ։ (Ա. Թագ. 25։31, 33. Հռով. 12։19. Եփ. 4։26)

    4. (դ) Աբիգիայի խօսքերուն Դաւիթի ընդառաջումը ի՞նչպէս այսօր տղամարդոց կ’օգնէ որ կիներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունենան։ (Գործք 21։8, 9. Հռով. 2։11. Ա. Պետ. 3։7)

Պատմութիւն 61

Դաւիթ թագաւոր կը հռչակուի

  1. Դաւիթ եւ Աբեսսա ի՞նչ ըրին, մինչ Սաւուղ իր բանակավայրին մէջ կը քնանար։

  2. Դաւիթ Սաւուղի ի՞նչ հարցումներ կ’ուղղէ։

  3. Սաւուղ տուն վերադառնալէ ետք, Դաւիթ ո՞ւր կ’երթայ։

  4. Ի՞նչ բան Դաւիթը շատ կը տխրեցնէ, այնպէս որ ան գեղեցիկ երգ մը կը յօրինէ։

  5. Դաւիթ քանի՞ տարեկան է երբ Քեբրոնի մէջ թագաւոր կը հռչակուի, եւ իր կարգ մը որդիներուն անունները ի՞նչ են։

  6. Հետագային Դաւիթ ո՞ւր կը թագաւորէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 26։1-25–ը։

    1. (ա) Ա. Թագաւորաց 26։11–ի մէջ արձանագրուած Դաւիթի խօսքը, աստուածպետական կարգադրութեան հանդէպ ի՞նչ կեցուածք կը յայտնէ։ (Սաղ. 37։7. Հռով. 13։2)

    2. (բ) Երբ հաւատարիմ սէր արտայայտելու մեր ջանքերը չգնահատուին, Ա. Թագաւորաց 26։23–ի մէջ արձանագրուած Դաւիթի խօսքերը ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել պատշաճ տեսակէտ պահպանելու։ (Գ. Թագ. 8։32. Սաղ. 18։20)

  2. Կարդալ՝ Բ. Թագաւորաց 1։26–ը։

    Դաւիթի ու Յովնաթանի նման, ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան «իրարու հանդէպ սրտանց սէր» մշակել։ (Ա. Պետ. 4։8. Կող. 3։14. Ա. Յովհ. 4։12)

  3. Կարդալ՝ Բ. Թագաւորաց 5։1-10–ը։

    1. (ա) Դաւիթ քանի՞ տարի թագաւորեց, եւ այս ժամանակաշրջանը ի՞նչպէս բաժնուած էր։ (Բ. Թագ. 5։4, 5)

    2. (բ) Դաւիթի մեծութիւնը ի՞նչ բանի վերագրուած է, իսկ ասիկա ի՞նչպէս իբրեւ յիշեցում կը ծառայէ մեզի։ (Բ. Թագ. 5։10. Ա. Թագ. 16։13. Ա. Կոր. 1։31. Փիլ. 4։13)

Պատմութիւն 62

Խնդիրներ կը ծագին Դաւիթի տան մէջ

  1. Եհովայի օգնութեամբ, վերջապէս Քանանի երկրին ի՞նչ կը պատահի։

  2. Իրիկուն մը ի՞նչ կը պատահի, երբ Դաւիթ իր պալատին տանիքը կը ճեմէ։

  3. Եհովա ինչո՞ւ Դաւիթի դէմ շատ կը բարկանայ։

  4. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Եհովա ո՞վ կը ղրկէ որպէսզի Դաւիթի մեղքերուն մասին խօսի, եւ ան ի՞նչ կ’ըսէ թէ Դաւիթի պիտի պատահի։

  5. Դաւիթ ի՞նչ խնդիրներ կ’ունենայ։

  6. Դաւիթէն ետք, ո՞վ կ’ըլլայ Իսրայէլի թագաւորը։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Բ. Թագաւորաց 11։1-27–ն։

    1. (ա) Եհովայի ծառայութեամբ զբաղած մնալը ի՞նչպէս մեզի պաշտպանութիւն է։

    2. (բ) Դաւիթ ի՞նչպէս մեղքին մէջ ինկաւ, եւ ասիկա Եհովայի այժմու ծառաներուն ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ։ (Բ. Թագ. 11։2. Մատ. 5։27-29. Ա. Կոր. 10։12. Յակ. 1։14, 15)

  2. Կարդալ՝ Բ. Թագաւորաց 12։1-18–ը։

    1. (ա) Խրատելու համար Նաթանի գործածած մօտեցումէն ի՞նչ դաս կրնան երէցներն ու ծնողները սորվիլ։ (Բ. Թագ. 12։1-4. Առ. 12։18. Մատ. 13։34)

    2. (բ) Եհովա ինչո՞ւ Դաւիթի հետ ողորմութեամբ վարուեցաւ։ (Բ. Թագ. 12։13. Սաղ. 32։5. Բ. Կոր. 7։9, 10)

Պատմութիւն 63

Իմաստուն Սողոմոն թագաւորը

  1. Եհովա Սողոմոնի ի՞նչ կը հարցնէ, եւ ան ի՞նչ կը պատասխանէ։

  2. Սողոմոնի խնդրանքէն ախորժելով, Եհովա ի՞նչ կը խոստանայ անոր տալ։

  3. Երկու կին ի՞նչ դժուար հարց Սողոմոնի կը ներկայացնեն։

  4. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Սողոմոն ի՞նչպէս հարցը կը լուծէ։

  5. Սողոմոնի իշխանութիւնը ի՞նչպէս է եւ ինչո՞ւ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 3։3-28–ը։

    1. (ա) Այսօր Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ստանձնող տղամարդիկ, Գ. Թագաւորաց 3։7–ի մէջ արձանագրուած Սողոմոնի անկեղծ խօսքէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։ (Սաղ. 119։105. Առ. 3։5, 6)

    2. (բ) Սողոմոնի խնդրանքը ի՞նչպէս ընտիր օրինակ մըն է թէ ի՛նչ բաներու համար կրնանք աղօթել։ (Գ. Թագ. 3։9, 11. Առ. 30։8, 9. Ա. Յովհ. 5։14)

    3. (գ) Սողոմոնի կողմէ երկու կիներուն վէճը լուծուիլը, Մեծ Սողոմոնի՝ Յիսուս Քրիստոսի ապագայ իշխանութեան առնչութեամբ ի՞նչ վստահութիւն կու տայ մեզի։ (Գ. Թագ. 3։28. Եսա. 9։6, 7. 11։2-4)

  2. Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 4։29-34–ը։

    1. (ա) Երբ Սողոմոն հնազանդ սիրտ խնդրեց, Եհովա ի՞նչպէս պատասխանեց։ (Գ. Թագ. 4։29)

    2. (բ) Սողոմոնի իմաստութիւնը մտիկ ընելու համար մարդոց թափած ջանքերուն ի տես, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու հանդէպ մեր կեցուածքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ (Գ. Թագ. 4։29, 34. Յովհ. 17։3. Բ. Տիմ. 3։16)

Պատմութիւն 64

Սողոմոն կը շինէ տաճարը

  1. Եհովայի տաճարին կառուցումը քանի՞ տարի կը տեւէ եւ ինչո՞ւ շատ ծախսի կը նայի։

  2. Տաճարին մէջ քանի՞ գլխաւոր սենեակներ կան, եւ ներքին սենեակին մէջ ի՞նչ բան կը դրուի։

  3. Երբ տաճարը կ’ամբողջանայ, Սողոմոն իր աղօթքին մէջ ի՞նչ կ’ըսէ։

  4. Եհովա ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Սողոմոնի աղօթքը ընդունեց։

  5. Սողոմոնի կիները զինք կը մղեն ի՞նչ ընելու, եւ Սողոմոնի ի՞նչ կը պատահի։

  6. Եհովա ինչո՞ւ Սողոմոնի դէմ կը բարկանայ եւ անոր ի՞նչ կ’ըսէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Մնացորդաց 28։9, 10–ը։

    Ա. Մնացորդաց 28։9, 10–ի մէջ արձանագրուած Դաւիթի խօսքերուն ի տես, պէտք է ջանանք ի՞նչ ընել մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ (Սաղ. 19։14. Փիլ. 4։8, 9)

  2. Կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 6։12-21, 32-42–ը։

    1. (ա) Սողոմոն ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ո՛չ մէկ մարդակերտ շէնք կրնայ Բարձրեալ Աստուած պարունակել։ (Բ. Մնաց. 6։18. Գործք 17։24, 25)

    2. (բ) Բ. Մնացորդաց 6։32, 33–ի մէջ արձանագրուած Սողոմոնի խօսքերը, Եհովայի մասին ի՞նչ կը յայտնեն։ (Գործք 10։34, 35. Գաղ. 2։6)

  3. Կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 7։1-5–ը։

    Ինչպէս Իսրայելացիները Եհովայի փառքը տեսնելով մղուեցան զինք փառաբանելու, մենք ի՞նչպէս պէտք է ազդուինք երբ իր ժողովուրդին վրայ Եհովայի օրհնութեան մասին կը խոկանք։ (Բ. Մնաց. 7։3. Սաղ. 22։22. 34։1. 96։2)

  4. Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 11։9-13–ը։

    Սողոմոնի կենցաղը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը։ (Գ. Թագ. 11։4, 9. Մատ. 10։22. Յայտ. 2։10)

Պատմութիւն 65

Թագաւորութիւնը կը բաժնուի

  1. Ո՞վ են պատկերին մէջի երկու տղամարդիկը։

  2. Աքիա իր վերարկուին ի՞նչ կ’ընէ, եւ այս արարքը ի՞նչ կը նշանակէ։

  3. Սողոմոն Յերոբովամի ի՞նչ կը փորձէ ընել։

  4. Ժողովուրդը ինչո՞ւ տասը ցեղերուն վրայ Յերոբովամը թագաւոր կը հռչակէ։

  5. Յերոբովամ ինչո՞ւ երկու ոսկիէ հորթ կը շինէ, եւ շուտով երկրին ի՞նչ կը պատահի։

  6. Երկու ցեղեան թագաւորութեան ու Երուսաղէմի մէջ Եհովայի տաճարին ի՞նչ կը պատահի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 11։26-43–ը։

    Յերոբովամ ի՞նչպիսի անձ մըն էր, եւ Եհովա անոր ի՞նչ խոստացաւ եթէ Իր օրէնքները պահէր։ (Գ. Թագ. 11։28, 38)

  2. Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 12։1-33–ը։

    1. (ա) Ռոբովամի գէշ օրինակէն, ծնողներ եւ երէցներ ի՞նչ կրնան սորվիլ հեղինակութիւնը չարաչար օգտագործելու մասին։ (Գ. Թագ. 12։13. Ժող. 7։7. Ա. Պետ. 5։2, 3)

    2. (բ) Այսօր պատանիները երբ լուրջ որոշումներ պիտի կայացնեն, վստահելի ուղղութեան համար որո՞ւ պէտք է դիմեն։ (Գ. Թագ. 12։6, 7. Առ. 1։8, 9. Բ. Տիմ. 3։16, 17. Եբր. 13։7)

    3. (գ) Ի՞նչ բան մղեց Յերոբովամը որ հորթի պաշտամունքի համար երկու կեդրոն հաստատէ, եւ ասիկա ի՞նչպէս Եհովայի հանդէպ մեծ անհաւատութիւն ցոյց տուաւ։ (Գ. Թագ. 11։37. 12։26-28)

    4. (դ) Ո՞վ առաջնորդեց տասը ցեղեան թագաւորութեան ժողովուրդը որ ճշմարիտ պաշտամունքի դէմ ըմբոստանայ։ (Գ. Թագ. 12։32, 33)

Պատմութիւն 66

Յեզաբէլ՝ չար թագուհին

  1. Ո՞վ է Յեզաբէլ։

  2. Օր մը Աքաաբ թագաւոր ինչո՞ւ տխուր է։

  3. Յեզաբէլ ի՞նչ կ’ընէ որպէսզի Նաբովթի այգին ձեռք ձգէ, իր ամուսինին՝ Աքաաբի համար։

  4. Յեզաբէլը պատժելու համար, Եհովա ո՞վ կը ղրկէ։

  5. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, ի՞նչ կը պատահի երբ Յէու կը հասնի Յեզաբէլի պալատը։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 16։29-33 եւ 18։3, 4–ը։

    Աքաաբ թագաւորի ժամանակ, Իսրայէլի մէջ վիճակները ո՞րքան գէշ էին։ (Գ. Թագ. 14։9)

  2. Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 21։1-16–ը։

    1. (ա) Նաբովթ ի՞նչպէս քաջութիւն եւ Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ։ (Գ. Թագ. 21։1-3. Ղեւ. 25։23-28)

    2. (բ) Յուսախաբութեան հետ գլուխ ելլելու մասին, Աքաաբի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Գ. Թագ. 21։4. Հռով. 5։3-5)

  3. Կարդալ՝ Դ. Թագաւորաց 9։30-37–ն։

    Եհովայի կամքը նախանձախնդրաբար ընելու Յէուի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Դ. Թագ. 9։4-10. Բ. Կոր. 9։1, 2. Բ. Տիմ. 4։2)

Պատմութիւն 67

Յովսափատ Եհովայի կը վստահի

  1. Ո՞վ է Յովսափատ, եւ ո՞ր ժամանակամիջոցին կ’ապրի։

  2. Իսրայելացիները ինչո՞ւ կը վախնան, եւ անոնցմէ շատեր ի՞նչ կ’ընեն։

  3. Եհովա Յովսափատի աղօթքին ի՞նչ պատասխան կու տայ։

  4. Պատերազմէն առաջ, Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ ի՞նչ տեղի ունենայ։

  5. Յովսափատէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 20։1-30–ը։

    1. (ա) Յովսափատ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ի՛նչ պէտք է ընեն, երբ վտանգաւոր պարագաներ դիմագրաւեն։ (Բ. Մնաց. 20։12. Սաղ. 25։15. 62։1)

    2. (բ) Որովհետեւ Եհովա իր ժողովուրդին հետ կապ պահելու համար միշտ հաղորդակցութեան խողովակ մը գործածած է, ներկայիս ան ի՞նչ խողովակ կը գործածէ։ (Բ. Մնաց. 20։14, 15. Մատ. 24։45-47. Յովհ. 15։15)

    3. (գ) Երբ ‘Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուան պատերազմը’ սկսի, մեր կացութիւնը ի՞նչպէս Յովսափատի կացութեան նման պիտի ըլլայ։ (Բ. Մնաց. 20։15, 17. 32։8. Յայտ. 16։14, 16)

    4. (դ) Ղեւտացիներուն օրինակին հետեւելով, ռահվիրաներն ու միսիոնարները համաշխարհային քարոզչութեան ի՞նչպիսի նպաստ կը բերեն։ (Բ. Մնաց. 20։19, 21. Հռով. 10։13-15. Բ. Տիմ. 4։2)

Պատմութիւն 68

Երկու տղեկ դարձեալ կ’ապրին

  1. Ո՞վ են պատկերին մէջի երեք անհատները, եւ տղեկին ի՞նչ կը պատահի։

  2. Եղիա տղեկին նկատմամբ ի՞նչ կ’աղօթէ, ապա ի՞նչ կը պատահի։

  3. Եղիայի օգնականին անունը ի՞նչ է։

  4. Եղիսէ ինչո՞ւ Սունամացի կնոջ մը տունը կը կանչուի։

  5. Եղիսէ ի՞նչ կ’ընէ, եւ մեռած տղեկին ի՞նչ կը պատահի։

  6. Ինչպէս Եղիայի եւ Եղիսէի միջոցաւ ցոյց տրուեցաւ, Եհովա ի՞նչ զօրութիւն ունի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 17։8-24–ը։

    1. (ա) Եղիայի հնազանդութիւնն ու հաւատքը ի՞նչպէս փորձի ենթարկուեցաւ։ (Գ. Թագ. 17։9. 19։1-4, 10)

    2. (բ) Սարեփթայէ եղող այրիին հաւատքը ինչո՞ւ արտակարգ էր։ (Գ. Թագ. 17։12-16. Ղուկ. 4։25, 26)

    3. (գ) Սարեփթայէ եղող այրիին փորձառութիւնը ի՞նչպէս Մատթէոս 10։41, 42–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը ցոյց կու տայ։ (Գ. Թագ. 17։10-12, 17, 23, 24)

  2. Կարդալ՝ Դ. Թագաւորաց 4։8-37–ն։

    1. (ա) Սունամացի կինը հիւրասիրութեան մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ (Դ. Թագ. 4։8. Ղուկ. 6։38. Հռով. 12։13. Ա. Յովհ. 3։17)

    2. (բ) Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն հանդէպ ի՞նչ կերպերով կրնանք ազնուութիւն ցուցաբերել։ (Գործք 20։35. 28։1, 2. Գաղ. 6։9, 10. Եբր. 6։10)

Պատմութիւն 69

Աղջնակի մը համարձակութիւնը

  1. Պատկերին մէջ, պզտիկ աղջիկը ի՞նչ կ’ըսէ իր տիկնոջ։

  2. Պատկերին մէջի տիկինը ո՞վ է, իսկ պզտիկ աղջիկը անոր տան մէջ ի՞նչ կ’ընէ։

  3. Եղիսէ իր ծառային կը պատուիրէ որ Նէեմանի ի՞նչ ըսէ, իսկ Նէեման ինչո՞ւ կը բարկանայ։

  4. Ի՞նչ կը պատահի երբ Նէեման իր ծառաներուն մտիկ կ’ընէ։

  5. Եղիսէ ինչո՞ւ Նէեմանի նուէրը կը մերժէ, բայց Գէեզի ի՞նչ կ’ընէ։

  6. Գէեզիի ի՞նչ կը պատահի, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դ. Թագաւորաց 5։1-27–ն։

    1. (ա) Իսրայելացի պզտիկ աղջկան օրինակը ներկայիս ի՞նչպէս կը քաջալերէ դեռատիները։ (Դ. Թագ. 5։3. Սաղ. 8։2. 148։12, 13)

    2. (բ) Երբ աստուածաշնչական խրատ մը ստանանք, Նէեմանի օրինակը ի մտի ունենալը ինչո՞ւ օգտակար է։ (Դ. Թագ. 5։15. Եբր. 12։5, 6. Յակ. 4։6)

    3. (գ) Եղիսէի օրինակը Գէեզիի օրինակին հակադրելով, ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։ (Դ. Թագ. 5։9, 10, 14-16, 20. Մատ. 10։8. Գործք 5։1-5. Բ. Կոր. 2։17)

Պատմութիւն 70

Յովնանը եւ մեծ ձուկը

  1. Ո՞վ է Յովնան, եւ Եհովա իրեն ի՞նչ կ’ըսէ որ ընէ։

  2. Չուզելով Եհովայի ըսած տեղը երթալ, Յովնան ի՞նչ կ’ընէ։

  3. Յովնան նաւաստիներուն ի՞նչ կ’ըսէ որ ընեն, որպէսզի փոթորիկը դադրի։

  4. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, ի՞նչ կը պատահի երբ Յովնան ջուրին մէջ կ’ընկղմի։

  5. Յովնան մեծ ձուկին փորին մէջ ո՞րքան ժամանակ կը մնայ, եւ հոն ի՞նչ կ’ընէ։

  6. Յովնան մեծ ձուկին փորէն դուրս ելլելէ ետք՝ ո՞ւր կ’երթայ, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յովնան 1։1-17–ն։

    Ակներեւօրէն, Յովնան Նինուէցիներուն քարոզելու իր նշանակումին հանդէպ ի՞նչպէս զգաց։ (Յովն. 1։2, 3. Առ. 3։7. Ժող. 8։12)

  2. Կարդալ՝ Յովնան 2։1, 2, 10–ը։

    Յովնանի փորձառութիւնը մեզ ի՞նչպէս կը հաւաստիացնէ թէ Եհովա մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։ (Սաղ. 22։24. 34։6. Ա. Յովհ. 5։14)

  3. Կարդալ՝ Յովնան 3։1-10–ը։

    1. (ա) Ի՞նչ քաջալերութիւն կը ստանանք այն իրողութենէն թէ Եհովա շարունակեց Յովնանը գործածել, թէեւ սկիզբը ան իր նշանակումը կատարելու մէջ թերացաւ։ (Սաղ. 103։14. Ա. Պետ. 5։10)

    2. (բ) Նինուէցիներուն հետ Յովնանի փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ՝ մեր թաղամասին մէջ եղող մարդիկը նախադատելու նկատմամբ։ (Յովն. 3։6-9. Ժող. 11։6. Գործք 13։48)

Պատմութիւն 71

Աստուած դրախտ մը կը խոստանայ

  1. Ո՞վ էր Եսայի, ե՞րբ ապրեցաւ եւ Եհովա անոր ի՞նչ ցոյց տուաւ։

  2. «Դրախտ» բառը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ անիկա քեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ։

  3. Եհովա Եսայիի ի՞նչ ըսաւ որ գրէ նոր Դրախտին մասին։

  4. Ադամ եւ Եւա ինչո՞ւ իրենց գեղեցիկ բնակարանը կորսնցուցին։

  5. Եհովա զինք սիրողներուն ի՞նչ կը խոստանայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Եսայի 11։6-9–ն։

    1. (ա) Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կը նկարագրէ նոր աշխարհին մէջ անասուններուն եւ մարդոց միջեւ գոյանալիք խաղաղութիւնը։ (Սաղ. 148։10, 13. Եսա. 65։25. Եզեկ. 34։25)

    2. (բ) Ներկայիս Եսայիի խօսքերուն ո՞ր հոգեւոր կատարումը տեղի կ’ունենայ Եհովայի ժողովուրդին մէջ։ (Հռով. 12։2. Եփ. 4։23, 24)

    3. (գ) Մարդկային անձնաւորութիւններուն մէջ եղած փոփոխութիւններուն վարկը որո՞ւ կ’երթայ, թէ՛ հիմա եւ թէ նոր աշխարհին մէջ։ (Եսա. 48։17, 18. Գաղ. 5։22, 23. Փիլ. 4։7)

  2. Կարդալ՝ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը։

    1. (ա) Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ մարդկութեան հետ Աստուծոյ բնակիլը կը նշանակէ թէ ան երկրի վրայ այլաբանօրէն ներկայ է, եւ ո՛չ թէ բառացիօրէն։ (Ղեւ. 26։11, 12. Բ. Մնաց. 6։18. Եսա. 66։1. Յայտ. 21։2, 3, 22-24)

    2. (բ) Ի՞նչպիսի արցունքներ ու ցաւեր պիտի չքանան։ (Ղուկ. 8։49-52. Հռով. 8։21, 22. Յայտ. 21։4)

Պատմութիւն 72

Աստուած Եզեկիա թագաւորին կ’օգնէ

  1. Պատկերին մէջի մարդը ո՞վ է, եւ ինչո՞ւ նեղութեան մէջ է։

  2. Եզեկիա Աստուծոյ առջեւ ի՞նչ նամակներ դրած է, եւ ի՞նչ բանի մասին կ’աղօթէ։

  3. Եզեկիա ի՞նչպիսի թագաւոր մըն է, եւ Եհովա Եսայի մարգարէին միջոցաւ անոր ի՞նչ պատգամ կը ղրկէ։

  4. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Եհովայի հրեշտակը Ասորեստանցիներուն ի՞նչ կ’ընէ։

  5. Թէեւ երկու ցեղեան թագաւորութիւնը ատեն մը խաղաղութիւն կը վայելէ, սակայն Եզեկիայի մահէն ետք ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դ. Թագաւորաց 18։1-36–ը։

    1. (ա) Ասորեստանցի բանբեր Ռափսակը ի՞նչպէս ջանաց Իսրայելացիներուն հաւատքը տկարացնել։ (Դ. Թագ. 18։19, 21. Ել. 5։2. Սաղ. 64։3)

    2. (բ) Երբ հակառակորդներ դիմագրաւեն, Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս Եզեկիայի օրինակին կը հետեւին։ (Դ. Թագ. 18։36. Սաղ. 39։1. Առ. 26։4. Բ. Տիմ. 2։24)

  2. Կարդալ՝ Դ. Թագաւորաց 19։1-37–ն։

    1. (ա) Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչպէս նեղութեան ժամանակներուն Եզեկիայի օրինակին կը հետեւի։ (Դ. Թագ. 19։1, 2. Առ. 3։5, 6. Եբր. 10։24, 25. Յակ. 5։14, 15)

    2. (բ) Սենեքերիմ թագաւորը ի՞նչ երեքպատիկ պարտութիւն կրեց, եւ ան մարգարէաբար ո՞վ կը պատկերացնէ։ (Դ. Թագ. 19։32, 35, 37. Յայտ. 20։2, 3)

  3. Կարդալ՝ Դ. Թագաւորաց 21։1-6, 16–ը։

    Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Մանասէ Երուսաղէմի մէջ իշխած ամենաչար թագաւորներէն մէկն էր։ (Բ. Մնաց. 33։4-6, 9)

Պատմութիւն 73

Իսրայէլի վերջին բարի թագաւորը

  1. Յովսիա քանի՞ տարեկանին թագաւոր կ’ըլլայ, եւ եօթը տարի թագաւորելէ ետք ան կը սկսի ի՞նչ ընել։

  2. Առաջին պատկերին մէջ, Յովսիա ի՞նչ կ’ընէ։

  3. Մարդիկ տաճարը նորոգելու ատեն, քահանայապետը ի՞նչ կը գտնէ։

  4. Յովսիա ինչո՞ւ իր հանդերձները կը պատռէ։

  5. Եհովայի կողմէ Ողդա մարգարէուհին ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ Յովսիայի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 34։1-28–ը։

    1. (ա) Յովսիա ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանայ անոնց՝ որոնք դժուար մանկութիւն մը ունեցած են։ (Բ. Մնաց. 33։21-25. 34։1, 2. Սաղ. 27։10)

    2. (բ) Յովսիա ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղելու համար ի՞նչ կարեւոր քայլեր առաւ իր իշխանութեան 8–րդ, 12–րդ եւ 18–րդ տարիներուն։ (Բ. Մնաց. 34։3, 8)

    3. (գ) Մեր պաշտամունքի վայրերուն հոգ տանելու նկատմամբ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովսիա թագաւորին ու Քեղկիա քահանայապետին օրինակներէն։ (Բ. Մնաց. 34։9-13. Առ. 11։14. Ա. Կոր. 10։31)

Պատմութիւն 74

Մարդ մը որ չի վախնար

  1. Պատկերին մէջի երիտասարդը ո՞վ է։

  2. Երեմիա մարգարէ մը ըլլալուն շուրջ ի՞նչ կը խորհի, բայց Եհովա իրեն ի՞նչ կ’ըսէ։

  3. Երեմիա ժողովուրդին ի՞նչ պատգամ յարատեւաբար կը հաղորդէ։

  4. Քահանաները ի՞նչպէս կը փորձեն Երեմիան լռեցնել, բայց ան ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ անվախ է։

  5. Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ երբ Իսրայելացիները իրենց չար ճամբաները չեն փոխեր։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Երեմիա 1։1-8–ը։

    1. (ա) Ինչպէս Երեմիայի օրինակը ցոյց կու տայ, ի՞նչ բան անհատը Եհովայի ծառայութեան որակեալ կ’ընէ։ (Բ. Կոր. 3։5, 6)

    2. (բ) Երեմիայի օրինակը ի՞նչպէս կը քաջալերէ այժմու Քրիստոնեայ պատանիները։ (Ժող. 12։1. Ա. Տիմ. 4։12)

  2. Կարդալ՝ Երեմիա 10։1-5–ը։

    Երեմիա ի՞նչ զօրաւոր օրինակ մը կը գործածէ ցոյց տալու համար թէ կուռքերուն վստահիլը ունայն է։ (Երեմ. 10։5. Եսա. 46։7. Ամբ. 2։19)

  3. Կարդալ՝ Երեմիա 26։1-16–ը։

    1. (ա) Ազդարարական պատգամը ծանուցանելու ատեն, օծեալ մնացորդը ի՞նչպէս հնազանդած է Եհովայի պատուէրին. «Խօսք մը զանց մի՛ առներ»։ (Երեմ. 26։2. Բ. Օր. 4։2. Գործք 20։27)

    2. (բ) Ազգերուն ուղղուած Եհովայի ազդարարութիւնը յայտարարելու մէջ, Երեմիա Եհովայի Վկաներուն համար ի՞նչ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ։ (Երեմ. 26։8, 12, 14, 15. Բ. Տիմ. 4։1-5)

  4. Կարդալ՝ Դ. Թագաւորաց 24։1-17–ն։

    Եհովայի հանդէպ Յուդայի անհաւատարմութեան գէշ հետեւանքները ի՞նչ էին։ (Դ. Թագ. 24։2-4, 14)

Պատմութիւն 75

Չորս երիտասարդներ Բաբելոնի մէջ

  1. Պատկերին մէջի չորս պատանիները ո՞վ են, եւ ինչո՞ւ Բաբելոնի մէջ են։

  2. Նաբուգոդոնոսոր չորս պատանիներուն համար ի՞նչ ծրագիրներ ունի, եւ իր ծառաներուն ի՞նչ հրամաններ կու տայ։

  3. Դանիէլ իրեն եւ իր երեք ընկերներուն համար ուտելիքի ու խմելիքի նկատմամբ ի՞նչ խնդրանք կը ներկայացնէ։

  4. Տասը օր բանջարեղէն ուտելէ ետք, Դանիէլի եւ իր երեք ընկերներուն վիճակը ի՞նչպէս է։

  5. Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները ի՞նչպէս թագաւորին պաշտօնեայ կ’ըլլան, եւ ի՞նչ կերպով քահանաներէն ու իմաստուններէն աւելի լաւ են։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դանիէլ 1։1-21–ը։

    1. (ա) Ի՞նչպիսի ջանքի կարիք կայ եթէ կը յուսանք փորձութիւններու դէմ դնել եւ տկարութիւններ յաղթահարել։ (Դան. 1։8. Ծննդ. 39։7, 10. Գաղ. 6։9)

    2. (բ) Ներկայիս պատանիները ի՞նչ կերպերով կրնան փորձուիլ կամ ճնշումի տակ դրուիլ, որ որոշ բաներու անձնատուր ըլլան, զորս ոմանք «ազնիւ կերակուր» կը նկատեն։ (Դան. 1։8. Առ. 20։1. Բ. Կոր. 6։17–7։1)

    3. (գ) Չորս Եբրայեցի պատանիներուն պատմութիւնը մեզի կ’օգնէ որ աշխարհիկ ուսում ստանալու նկատմամբ ի՞նչ բան գնահատենք։ (Դան. 1։20. Եսա. 54։13. Ա. Կոր. 3։18-20)

Պատմութիւն 76

Երուսաղէմը կը կործանի

  1. Պատկերին մէջ, Երուսաղէմի եւ Իսրայելացիներուն ի՞նչ կը պատահի։

  2. Ո՞վ է Եզեկիէլ, եւ Եհովա ի՞նչ ահռելի բաներ ցոյց կու տայ անոր։

  3. Որովհետեւ Իսրայելացիները զինք չեն յարգեր, Եհովա ի՞նչ կը խոստանայ։

  4. Իսրայելացիները իրեն դէմ ըմբոստանալէ ետք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր ի՞նչ կ’ընէ։

  5. Եհովա ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ Իսրայելացիներուն վրայ այս սարսափելի կործանումը գայ։

  6. Իսրայէլի երկիրը ի՞նչպէս առանց ժողովուրդի կը ձգուի եւ ո՞րքան ժամանակ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դ. Թագաւորաց 25։1-26–ը։

    1. (ա) Ո՞վ էր Սեդեկիա, անոր ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչպէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կատարեց։ (Դ. Թագ. 25։5-7. Եզեկ. 12։13-15)

    2. (բ) Եհովա Իսրայէլի անհաւատարմութեան համար որո՞նք համարատու նկատեց։ (Դ. Թագ. 25։9, 11, 12, 18, 19. Բ. Մնաց. 36։14, 17)

  2. Կարդալ՝ Եզեկիէլ 8։1-18–ը։

    Քրիստոնեայ Աշխարհը ի՞նչպէս Իսրայէլի հաւատուրաց արեւապաշտները ընդօրինակած է։ (Եզեկ. 8։16. Եսա. 5։20, 21. Յովհ. 3։19-21. Բ. Տիմ. 4։3)

Պատմութիւն 77

Անոնք երկրպագութիւն չըրին

  1. Բաբելոնի թագաւորը Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ հրաման տուած է ժողովուրդին։

  2. Դանիէլի երեք ընկերները ինչո՞ւ ոսկիէ արձանին երկրպագութիւն չեն ըներ։

  3. Երբ Նաբուգոդոնոսոր երկրպագութիւն ընելու երկրորդ առիթ մը կու տայ, երեք Եբրայեցիները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Եհովայի կը վստահին։

  4. Նաբուգոդոնոսոր իր ծառաներուն կը հրամայէ որ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին ի՞նչ ընեն։

  5. Նաբուգոդոնոսոր հնոցին մէջ ի՞նչ կը տեսնէ։

  6. Թագաւորը ինչո՞ւ Սեդրաքի, Միսաքի եւ Աբեդնագովի Աստուածը կը փառաբանէ, եւ անոնք մեզի ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանան։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դանիէլ 3։1-30–ը։

    1. (ա) Աստուծոյ բոլոր ծառաները երբ ուղղամտութեան փորձեր դիմագրաւեն, երեք Եբրայեցի երիտասարդներուն ո՞ր կեցուածքը պէտք է ընդօրինակեն։ (Դան. 3։17, 18. Մատ. 10։28. Հռով. 14։7, 8)

    2. (բ) Եհովա Աստուած Նաբուգոդոնոսորին ի՞նչ կարեւոր դաս մը սորվեցուց։ (Դան. 3։28, 29. 4։34, 35)

Պատմութիւն 78

Պատին վրայի ձեռագիրը

  1. Ի՞նչ կը պատահի երբ Բաբելոնի թագաւորը մեծ խնճոյք մը կը սարքէ եւ Երուսաղէմի տաճարէն հանուած անօթները կը գործածէ։

  2. Բաղտասար իր իմաստուններուն ի՞նչ կ’ըսէ, բայց անոնք ի՞նչ ընելու անկարող են։

  3. Թագաւորին մայրը իրեն ի՞նչ կ’ըսէ որ ընէ։

  4. Ինչպէս Դանիէլ թագաւորին կ’ըսէ, Աստուած ինչո՞ւ ձեռքը ղրկած է որ պատին վրայ գրէ։

  5. Դանիէլ ի՞նչպէս կը բացատրէ պատին վրայի խօսքերուն իմաստը։

  6. Ի՞նչ կը պատահի մինչ Դանիէլ տակաւին կը խօսի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դանիէլ 5։1-30–ը։

    1. (ա) Աստուածավախութիւնը հակադրէ Բաղտասարի վախին, զոր զգաց երբ պատին վրայի ձեռագիրը տեսաւ։ (Դան. 5։6, 7. Սաղ. 19։9. Հռով. 8։35-39)

    2. (բ) Բաղտասարի եւ անոր մեծամեծներուն խօսելու ատեն, Դանիէլ ի՞նչպէս մեծ քաջութիւն ցուցաբերեց։ (Դան. 5։17, 18, 22, 26-28. Գործք 4։29)

    3. (գ) Դանիէլ 5–րդ գլուխը ի՞նչ կերպով Եհովայի տիեզերական գերիշխանութիւնը կ’ընդգծէ։ (Դան. 4։17, 25. 5։21)

Պատմութիւն 79

Դանիէլ առիւծներու գուբին մէջ

  1. Ո՞վ է Դարեհ, եւ ան Դանիէլը ի՞նչպէս կը նկատէ։

  2. Կարգ մը նախանձոտ մարդիկ Դարեհի ի՞նչ ընել կու տան։

  3. Դանիէլ ի՞նչ կ’ընէ երբ նոր օրէնքին մասին կ’իմանայ։

  4. Դարեհ ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ըլլայ ու չի կրնար քնանալ, իսկ առաւօտուն ի՞նչ կ’ընէ։

  5. Դանիէլ Դարեհի ի՞նչպէս կը պատասխանէ։

  6. Դանիէլը սպաննել փորձող չար մարդոց ի՞նչ կը պատահի, եւ Դարեհ իր թագաւորութեան բոլոր ժողովուրդներուն ի՞նչ կը գրէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Դանիէլ 6։1-28–ը։

    1. (ա) Դանիէլի դէմ եղած դաւադրութիւնը մեզի ի՞նչպէս կը յիշեցնէ արդի ժամանակներուն Եհովայի Վկաներուն գործը խափանել փորձողներուն արարքները։ (Դան. 6։7. Սաղ. 94։20. Եսա. 10։1. Հռով. 8։31)

    2. (բ) «Վերին իշխանութիւններուն» հպատակ մնալու մէջ, Աստուծոյ այժմու ծառաները ի՞նչպէս կրնան Դանիէլը ընդօրինակել։ (Դան. 6։5, 10. Հռով. 13։1, ՆԱ. Գործք 5։29)

    3. (գ) «Անդադար» Եհովայի ծառայելու Դանիէլի օրինակին ի՞նչպէս կրնանք հետեւիլ։ (Դան. 6։16, 20. Փիլ. 3։16. Յայտ. 7։15)

Պատմութիւն 80

Աստուծոյ ժողովուրդը Բաբելոնէն դուրս կ’ելլեն

  1. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Իսրայելացիները ի՞նչ կ’ընեն։

  2. Կիւրոս ի՞նչպէս Եսայիի միջոցաւ Եհովայի տուած մարգարէութիւնը կատարեց։

  3. Կիւրոս ի՞նչ կ’ըսէ Երուսաղէմ վերադառնալու անկարող եղող Իսրայելացիներուն։

  4. Կիւրոս ժողովուրդին ի՞նչ կը յանձնէ, որպէսզի իրենց հետ Երուսաղէմ վերադարձնեն։

  5. Իսրայելացիներուն Երուսաղէմ վերադառնալը ո՞րքան ժամանակ կ’առնէ։

  6. Երկիրը քանի՞ տարի ամբողջովին ամայի մնացած է։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Եսայի 44։28 եւ 45։1-4–ը։

    1. (ա) Եհովա ի՞նչպէս շեշտեց Կիւրոսի վերաբերեալ մարգարէութեան կատարման ստոյգ ըլլալը։ (Եսա. 55։10, 11. Հռով. 4։17)

    2. (բ) Կիւրոսի նկատմամբ Եսայիի մարգարէութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ ապագան նախագուշակելու Եհովա Աստուծոյ կարողութեան մասին։ (Եսա. 42։9. 45։21. 46։10, 11. Բ. Պետ. 1։20)

  2. Կարդալ՝ Եզրաս 1։1-11–ը։

    Երուսաղէմ վերադառնալու անկարող եղողներուն օրինակին հետեւելով, ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք լիաժամ ծառաներուն ‘օգնել’ կամ ձեռքերը ուժովցնել։ (Եզր. 1։4, 6. Հռով. 12։13. Կող. 4։12)

Պատմութիւն 81

Աստուծոյ օգնութեան վստահիլ

  1. Քանի՞ հոգի Բաբելոնէն դէպի Երուսաղէմ կը ճամբորդէ, բաց ի՞նչ կը գտնեն երբ կը հասնին։

  2. Իսրայելացիները կը սկսին ի՞նչ շինել, բայց իրենց թշնամիները ի՞նչ կ’ընեն։

  3. Ո՞վ են Անգէ եւ Զաքարիա, եւ ժողովուրդին ի՞նչ կ’ըսեն որ ընեն։

  4. Թաթանայի ինչո՞ւ Բաբելոն նամակ մը կը ղրկէ, եւ ան ի՞նչ պատասխան կը ստանայ։

  5. Եզրաս ի՞նչ կ’ընէ երբ Աստուծոյ տաճարը բարելաւելու կարիքին մասին կը տեղեկանայ։

  6. Պատկերին մէջ Եզրաս ի՞նչ բանի մասին կ’աղօթէ, իր աղօթքը ի՞նչպէս կը պատասխանուի, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Եզրաս 3։1-13–ը։

    Եթէ երբեք գտնուինք շրջանի մը մէջ, ուր ժողովք մը չկայ, ի՞նչ պէտք է շարունակենք ընել։ (Եզր. 3։3, 6. Գործք 17։16, 17. Եբր. 13։15)

  2. Կարդալ՝ Եզրաս 4։1-7–ն։

    Զօրաբաբէլ միջդաւանութեան նկատմամբ Եհովայի ժողովուրդին ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ (Ել. 34։12. Ա. Կոր. 15։33. Բ. Կոր. 6։14-18)

  3. Կարդալ՝ Եզրաս 5։1-5, 17 եւ 6։1-22–ը։

    1. (ա) Հակառակորդները ինչո՞ւ չկրցան տաճարի շինարարութիւնը կասեցնել։ (Եզր. 5։5. Եսա. 54։17)

    2. (բ) Հրեաներուն ծերերուն առած քայլը ի՞նչպէս կը քաջալերէ Քրիստոնեայ երէցները որ Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրեն երբ հակառակորդներ դիմագրաւեն։ (Եզր. 6։14. Սաղ. 32։8. Հռով. 8։31. Յակ. 1։5)

  4. Կարդալ՝ Եզրաս 8։21-23, 28-36–ը։

    Որոշ ընթացք մը բռնելէ առաջ, Եզրասի ո՞ր օրինակին հետեւիլը մեզի օգտակար պիտի ըլլայ։ (Եզր. 8։23. Սաղ. 127։1. Առ. 10։22. Յակ. 4։13-15)

Պատմութիւն 82

Մուրթքէ եւ Եսթեր

  1. Ո՞վ են Մուրթքէ եւ Եսթեր։

  2. Ասուերոս թագաւորը ինչո՞ւ նոր կին մը կ’ուզէ, եւ ո՞վ կ’ընտրէ։

  3. Ո՞վ է Համան, եւ ի՞նչ բան զինք շատ կը բարկացնէ։

  4. Ի՞նչ օրէնք կը դրուի, եւ Եսթեր ի՞նչ կ’ընէ Մուրթքէէն պատգամ մը ստանալէ ետք։

  5. Համանի ի՞նչ կը պատահի, իսկ Մուրթքէի ի՞նչ կը պատահի։

  6. Իսրայելացիները ի՞նչպէս իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատուին։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Եսթեր 2։12-18–ը։

    Եսթեր ի՞նչպէս «հեզ ու հանդարտ հոգի» մը մշակելուն արժէքը ցոյց տուաւ։ (Եսթ. 2։15. Ա. Պետ. 3։1-5)

  2. Կարդալ՝ Եսթեր 4։1-17–ն։

    Ինչպէս Եսթերի պատեհութիւն տրուեցաւ որ ճշմարիտ պաշտամունքին ի նպաստ գործէ, ներկայիս մեզի ի՞նչ պատեհութիւն տրուած է որ Եհովայի հանդէպ մեր նուիրումն ու հաւատարմութիւնը ցոյց տանք։ (Եսթ. 4։13, 14. Մատ. 5։14-16. 24։14)

  3. Կարդալ՝ Եսթեր 7։1-6–ը։

    Եսթերի նման, Աստուծոյ այժմու ծառաներէն շատեր ի՞նչպէս հալածուելու վտանգը դիմագրաւած են։ (Եսթ. 7։4. Մատ. 10։16-22. Ա. Պետ. 2։12)

Պատմութիւն 83

Երուսաղէմի պարիսպները

  1. Երուսաղէմի շուրջ պարիսպներ չըլլալով, Իսրայելացիները ի՞նչպէս զգացին։

  2. Ո՞վ է Նէեմիա։

  3. Նէեմիա ի՞նչ պաշտօն ունի, եւ անիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

  4. Ո՞ր լուրը Նէեմիան կը տխրեցնէ, եւ ան ի՞նչ կ’ընէ։

  5. Արտաշէս թագաւորը Նէեմիայի հանդէպ ի՞նչպէս քաղցրութիւն կը ցուցաբերէ։

  6. Նէեմիա շինարարութիւնը ի՞նչպէս կը կազմակերպէ, որպէսզի Իսրայելացիներուն թշնամիները չկարենան զայն կասեցնել։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Նէեմիա 1։4-6 եւ 2։1-20–ը։

    Նէեմիա ի՞նչպէս Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրեց։ (Նէեմ. 2։4, 5. Հռով. 12։12. Ա. Պետ. 4։7)

  2. Կարդալ՝ Նէեմիա 3։3-5–ը։

    Թեկուացիները իրենց «մեծեր»ուն հակապատկերը ըլլալով, երէցները եւ օգնական ծառաները անոնց օրինակէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։ (Նէեմ. 3։5, 27. Բ. Թես. 3։7-10. Ա. Պետ. 5։5)

  3. Կարդալ՝ Նէեմիա 4։1-23–ը։

    1. (ա) Ի հեճուկս դառն հակառակութեան, ի՞նչ բան Իսրայելացիները խթանեց որ շինարարութիւնը շարունակեն։ (Նէեմ. 4։6, 8, 9. Սաղ. 50։15. Եսա. 65։13, 14)

    2. (բ) Իսրայելացիներուն օրինակը ներկայիս մեզ ի՞նչպէս կը քաջալերէ։

  4. Կարդալ՝ Նէեմիա 6։15–ը։

    Երուսաղէմի պարիսպները երկու ամսուան մէջ ամբողջանալը ի՞նչ կը յայտնէ հաւատքին զօրութեան մասին։ (Սաղ. 56։3, 4. Մատ. 17։19. 19։26)

Պատմութիւն 84

Հրեշտակ մը Մարիամի կ’այցելէ

  1. Պատկերին մէջի կինը ո՞վ է։

  2. Գաբրիէլ Մարիամի ի՞նչ կ’ըսէ։

  3. Գաբրիէլ ի՞նչպէս Մարիամի կը բացատրէ թէ մանկիկ մը պիտի ունենայ, թէեւ մարդու մը հետ չէ ապրած։

  4. Ի՞նչ կը պատահի երբ Մարիամ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին կ’այցելէ։

  5. Յովսէփ ի՞նչ կը խորհի երբ կ’իմանայ թէ Մարիամ մանկիկ մը պիտի ունենայ, բայց ան ինչո՞ւ իր միտքը կը փոխէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ղուկաս 1։26-56–ը։

    1. (ա) Երբ Աստուծոյ Որդիին կեանքը հոգեղէն ծիրէն փոխադրուեցաւ, Մարիամի ձուին մէջ եղող Ադամական անկատարութեան նկատմամբ Ղուկաս 1։35–ը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ (Անգէ 2։11-13. Յովհ. 6։70. Եբր. 7։26. 10։5)

    2. (բ) Յիսուս ի՞նչպէս պատիւ ստացաւ նոյնիսկ ծնանելէ առաջ։ (Ղուկ. 1։41-43)

    3. (գ) Ներկայիս ծառայութեան մասնայատուկ առանձնաշնորհումներ ստացող Քրիստոնեաներուն, Մարիամ ի՞նչ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ։ (Ղուկ. 1։38, 46-49. 17։10. Առ. 11։2)

  2. Կարդալ՝ Մատթէոս 1։18-25–ը։

    Թէպէտ Յիսուս Էմմանուէլ չկոչուեցաւ, սակայն որպէս մարդ իր դերը ի՞նչպէս անոր նշանակութիւնը կատարեց։ (Մատ. 1։22, 23. Յովհ. 14։8-10. Եբր. 1։1-3)

Պատմութիւն 85

Յիսուս ախոռի մը մէջ կը ծնի

  1. Պատկերին մէջի մանկիկը ո՞վ է, եւ Մարիամ զայն ո՞ւր կը դնէ։

  2. Յիսուս ինչո՞ւ ախոռի մը մէջ ծնաւ, ուր անասուններ կան։

  3. Պատկերին մէջ, ախոռ մտնող մարդիկը ո՞վ են, եւ հրեշտակ մը անոնց ի՞նչ ըսած է։

  4. Յիսուս ինչո՞ւ մասնայատուկ մէկն է։

  5. Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդի կրնայ կոչուիլ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ղուկաս 2։1-20–ը։

    1. (ա) Օգոստոս կայսր Յիսուսի ծնունդին վերաբերեալ մարգարէութեան կատարման մէջ ի՞նչ դեր խաղցաւ։ (Ղուկ. 2։1-4. Միք. 5։2)

    2. (բ) Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ‘բարեացակամ մարդոցմէ’ մէկը ըլլալ։ (Ղուկ. 2։14, ՆԱ. Մատ. 16։24. Յովհ. 17։3. Գործք 3։19. Եբր. 11։6)

    3. (գ) Եթէ խոնարհ հովիւները Փրկիչի մը ծնունդին համար ուրախանալու պատճառ ունէին, ներկայիս Աստուծոյ ծառաները ուրախանալու ի՞նչ աւելի մեծ պատճառ մը ունին։ (Ղուկ. 2։10, 11. Եփ. 3։8, 9. Յայտ. 11։15. 14։6)

Պատմութիւն 86

Աստղ մը մարդիկը կ’առաջնորդէ

  1. Պատկերին մէջի մարդիկը ո՞վ են, եւ անոնցմէ մէկը ինչո՞ւ փայլուն աստղ մը կը մատնանշէ։

  2. Հերովդէս թագաւորը ինչո՞ւ կը խռովի, եւ ի՞նչ կ’ընէ։

  3. Փայլուն աստղը մարդիկը ո՞ւր կ’առաջնորդէ, ապա անոնք ինչո՞ւ ուրիշ ճամբայով կը մեկնին իրենց երկիրը։

  4. Հերովդէս ի՞նչ կը հրամայէ եւ ինչո՞ւ։

  5. Եհովա Յովսէփի ի՞նչ կ’ըսէ որ ընէ։

  6. Ո՞վ պատճառ եղաւ որ նոր աստղը փայլի եւ ինչո՞ւ։

Յաւելեալ հարցում.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 2։1-23–ը։

    Յիսուս քանի՞ տարեկան էր եւ ո՞ւր կ’ապրէր, երբ մոգերը իրեն այցելեցին։ (Մատ. 2։1, 11, 16)

Պատմութիւն 87

Պատանի Յիսուս տաճարին մէջ

  1. Պատկերին մէջ, Յիսուս քանի՞ տարեկան է եւ ո՞ւր է։

  2. Յովսէփ ամէն տարի իր ընտանիքը ո՞ւր կը տանի։

  3. Մէկ օրուան ճամբայ երթալէ ետք, Յովսէփ ու Մարիամ ինչո՞ւ Երուսաղէմ կը վերադառնան։

  4. Յովսէփ ու Մարիամ Յիսուսը ո՞ւր կը գտնեն, եւ հոն մարդիկ ինչո՞ւ զարմացած են։

  5. Յիսուս իր մօր՝ Մարիամի ի՞նչ կ’ըսէ։

  6. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ մասին սորվելու մէջ Յիսուսի նման ըլլալ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ղուկաս 2։41-52–ը։

    1. (ա) Թէեւ Օրէնքը պահանջեց որ միայն արուները տարեկան տօներուն ներկայ գտնուին, Յովսէփ ու Մարիամ այժմու ծնողներուն ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացան։ (Ղուկ. 2։41. Բ. Օր. 16։16. 31։12. Առ. 22։6)

    2. (բ) Յիսուս ի՞նչպէս այժմու դեռատիներուն ընտիր օրինակ հանդիսացաւ որ իրենց ծնողքին հնազանդին։ (Ղուկ. 2։51. Բ. Օր. 5։16. Առ. 23։22. Կող. 3։20)

  2. Կարդալ՝ Մատթէոս 13։53-56–ը։

    Աստուածաշունչին մէջ Յիսուսի ո՞ր չորս եղբայրներուն անունները նշուած են, եւ հետագային անոնցմէ երկուքը ի՞նչպէս գործածուեցան քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ (Մատ. 13։55. Գործք 12։17. 15։6, 13. 21։18. Գաղ. 1։19. Յակ. 1։1. Յուդա 1)

Պատմութիւն 88

Յովհաննէս Յիսուսը կը մկրտէ

  1. Պատկերին մէջի երկու մարդիկը ո՞վ են։

  2. Անհատ մը ի՞նչպէս կը մկրտուի։

  3. Յովհաննէս սովորաբար ի՞նչպիսի անհատներ կը մկրտէ։

  4. Յիսուս ի՞նչ մասնայատուկ պատճառով Յովհաննէսէ կը խնդրէ որ զինք մկրտէ։

  5. Աստուած ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Յիսուսի մկրտութիւնը կը հաւնի։

  6. Ի՞նչ կը պատահի երբ Յիսուս 40 օր առանձին տեղ մը կ’երթայ։

  7. Որո՞նք են Յիսուսի առաջին կարգ մը հետեւորդները կամ աշակերտները, եւ ի՞նչ է անոր առաջին հրաշքը։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 3։13-17–ն։

    Յիսուս իր աշակերտներուն մկրտութեան նկատմամբ ի՞նչ օրինակ ձգեց։ (Սաղ. 40։7, 8. Մատ. 28։19, 20. Ղուկ. 3։21, 22)

  2. Կարդալ՝ Մատթէոս 4։1-11–ը։

    Սուրբ Գրութիւններու Յիսուսի հմուտ գործածութիւնը ի՞նչպէս մեզ կը քաջալերէ որ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրենք։ (Մատ. 4։5-7. Բ. Պետ. 3։17, 18. Ա. Յովհ. 4։1)

  3. Կարդալ՝ Յովհաննէս 1։29-51–ը։

    Յովհաննէս Մկրտիչ իր աշակերտները որո՞ւն ուղղեց, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։ (Յովհ. 1։29, 35, 36. 3։30. Մատ. 23։10)

  4. Կարդալ՝ Յովհաննէս 2։1-12–ը։

    Յիսուսի առաջին հրաշքը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Եհովա Իր ծառաներուն ո՛չ մէկ բարութիւն կը մերժէ։ (Յովհ. 2։9, 10. Սաղ. 84։11. Յակ. 1։17)

Պատմութիւն 89

Յիսուս տաճարը կը մաքրէ

  1. Ինչո՞ւ տաճարին մէջ անասուններ կը ծախուին։

  2. Ի՞նչ բան Յիսուսը կը բարկացնէ։

  3. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ եւ աղաւնի ծախողներուն ի՞նչ կը հրամայէ։

  4. Յիսուսի ըրածը տեսնելով, անոր հետեւորդները ի՞նչ կը մտաբերեն։

  5. Մինչ դէպի Գալիլիա կ’ուղղուի, Յիսուս ո՞ր շրջանէն կ’անցնի։

Յաւելեալ հարցում.

  1. Կարդալ՝ Յովհաննէս 2։13-25–ը։

    Տաճարին մէջ եղող լումայափոխներուն դէմ Յիսուսի բարկութիւնը նկատի ունենալով, Թագաւորութեան Սրահին մէջ առեւտրական գործունէութիւններու հանդէպ պատշաճ տեսակէտը ի՞նչ է։ (Յովհ. 2։15, 16. Ա. Կոր. 10։24, 31-33)

Պատմութիւն 90

Հորին մօտ կնոջ մը հետ

  1. Յիսուս ինչո՞ւ Սամարիոյ մէջ հորի մը քով կանգ առած է, եւ հոն կնոջ մը ի՞նչ կ’ըսէ։

  2. Կինը ինչո՞ւ զարմացած է, իսկ Յիսուս անոր ի՞նչ կ’ըսէ եւ ինչո՞ւ։

  3. Կինը ի՞նչպիսի ջուրի մասին կը կարծէ թէ Յիսուս կը խօսի, բայց Յիսուս ի՞նչ ջուրի կ’ակնարկէ։

  4. Կինը ինչո՞ւ կ’ապշի որ Յիսուս իր մասին որոշ բաներ գիտէ, եւ ան այս տեղեկութիւնները ի՞նչպէս ձեռք ձգեց։

  5. Հորին մօտ եղող կնոջ պատմութենէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յովհաննէս 4։5-43–ը։

    1. (ա) Յիսուսի օրինակին հետեւելով, տարբեր ցեղի կամ ընկերային ենթահողի պատկանող անհատներու հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ցուցաբերենք։ (Յովհ. 4։9. Ա. Կոր. 9։22. Ա. Տիմ. 2։3, 4. Տիտ. 2։11)

    2. (բ) Այն անհատը որ Յիսուսի աշակերտ կ’ըլլայ, ի՞նչ հոգեւոր օգուտներ կը քաղէ։ (Յովհ. 4։14. Եսա. 58։11. Բ. Կոր. 4։16)

    3. (գ) Ի՞նչպէս կրնանք Սամարացի կնոջ նման գնահատութիւն ցուցաբերել, որ իր սորվածը ուրիշներուն հաղորդելու մեծ փափաք ունէր։ (Յովհ. 4։7, 28. Մատ. 6։33. Ղուկ. 10։40-42)

Պատմութիւն 91

Յիսուս լերան մը վրայ կը սորվեցնէ

  1. Պատկերին մէջ, Յիսուս ո՞ւր կը սորվեցնէ, եւ անոր մօտ նստողները ո՞վ են։

  2. Ի՞նչ են 12 առաքեալներուն անունները։

  3. Յիսուսի քարոզած Թագաւորութիւնը ի՞նչ է։

  4. Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ որ ի՞նչ բաներու մասին աղօթեն։

  5. Յիսուս իրարու հետ ի՛նչպէս վարուելու մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 5։1-12–ը։

    Ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ թէ մեր հոգեւոր պէտքին գիտակից ենք։ (Մատ. 5։3. Հռով. 10։13-15. Ա. Տիմ. 4։13, 15, 16)

  2. Կարդալ՝ Մատթէոս 5։21-26–ը։

    Մատթէոս 5։23, 24–ը ի՞նչպէս կ’ընդգծէ որ մեր եղբայրներուն հետ մեր յարաբերութիւնը Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան կ’ազդէ։ (Մատ. 6։14, 15. Սաղ. 133։1. Կող. 3։13. Ա. Յովհ. 4։20)

  3. Կարդալ՝ Մատթէոս 6։1-8–ը։

    Ի՞նչ են ինքնարդարացման կարգ մը կերպերը, որոնցմէ Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին։ (Ղուկ. 18։11, 12. Ա. Կոր. 4։6, 7. Բ. Կոր. 9։7)

  4. Կարդալ՝ Մատթէոս 6։25-34–ը։

    Մեր նիւթական կարիքներուն համար Եհովայի վստահելու առնչութեամբ Յիսուս ի՞նչ սորվեցուց։ (Ել. 16։4. Սաղ. 37։25. Փիլ. 4։6)

  5. Կարդալ՝ Մատթէոս 7։1-11–ը։

    Մատթէոս 7։5–ի վառ լուսաբանութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ (Առ. 26։12. Հռով. 2։1. 14։10. Յակ. 4։11, 12)

Պատմութիւն 92

Յիսուս մեռելներ կը յարուցանէ

  1. Պատկերին մէջի աղջնակին հայրը ո՞վ է, եւ ան ու իր կինը ինչո՞ւ շատ մտահոգ են։

  2. Յայրոս ի՞նչ կ’ընէ երբ Յիսուսը կը գտնէ։

  3. Ի՞նչ կը պատահի մինչ Յիսուս Յայրոսի տունը կ’երթայ, իսկ Յայրոս ի՞նչ լուր կը ստանայ։

  4. Յայրոսի տան մէջ եղողները ինչո՞ւ Յիսուսը կը ծաղրեն։

  5. Աղջկան սենեակին մէջ երեք առաքեալի եւ աղջկան հօր ու մօր ներկայութեան, Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ։

  6. Յիսուս նաեւ որո՞նք կը յարուցանէ, եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ղուկաս 8։40-56–ը։

    Յիսուս արիւնահոսութիւն ունեցող կնոջ հանդէպ ի՞նչպէս կարեկցութիւն ու բանաւորութիւն ցուցաբերեց, եւ այժմու Քրիստոնեայ երէցներ ասկէ ի՞նչ կրնան սորվիլ։ (Ղուկ. 8։43, 44, 47, 48. Ղեւ. 15։25-27. Մատ. 9։12, 13. Կող. 3։12-14)

  2. Կարդալ՝ Ղուկաս 7։11-17–ն։

    Նայինի այրիին ողբերգութեան Յիսուսի հակազդեցութիւնը ինչո՞ւ կը մխիթարէ սիրելիներ կորսնցուցած անհատները։ (Ղուկ. 7։13. Բ. Կոր. 1։3, 4. Եբր. 4։15)

  3. Կարդալ՝ Յովհաննէս 11։17-44–ը։

    Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ սիրելիի մը մահուան համար վշտանալը բնական է։ (Յովհ. 11։33-36, 38. Բ. Թագ. 18։33. 19։1-4)

Պատմութիւն 93

Յիսուս մեծ բազմութիւն մը կը կերակրէ

  1. Յովհաննէս Մկրտիչին ի՞նչ ահռելի բան մը պատահած է, եւ ասիկա Յիսուսի ի՞նչպէս կ’ազդէ։

  2. Յիսուս իրեն հետեւող բազմութիւնը ի՞նչպէս կը կերակրէ, եւ ո՞րքան ուտելիք կ’աւելնայ։

  3. Աշակերտները գիշերը ինչո՞ւ կը վախնան, եւ Պետրոսի ի՞նչ կը պատահի։

  4. Յիսուս երկրորդ անգամ ըլլալով ի՞նչպէս հազարաւորներ կը կերակրէ։

  5. Երբ Յիսուս երկրի վրայ տիրէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորը, ասիկա ինչո՞ւ հիանալի բան մը պիտի ըլլայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 14։1-32–ը։

    1. (ա) Մատթէոս 14։23-32–ի մէջ նշուած դէպքը ի՞նչ կը յայտնէ Պետրոսի անձնաւորութեան մասին։

    2. (բ) Աստուածաշնչական արձանագրութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Պետրոս հասուն մէկը դարձաւ եւ իր անշրջահայեաց վարուելակերպը յաղթահարեց։ (Մատ. 14։27-30. Յովհ. 18։10. 21։7. Գործք 2։14, 37-40. Ա. Պետ. 5։6, 10)

  2. Կարդալ՝ Մատթէոս 15։29-38–ը։

    Յիսուս ի՞նչպէս իր Հօր հայթայթած նիւթական կարգադրութիւնները յարգեց։ (Մատ. 15։37. Յովհ. 6։12. Կող. 3։15)

  3. Կարդալ՝ Յովհաննէս 6։1-21–ը։

    Ներկայիս Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս կրնան կառավարութիւններուն վերաբերեալ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ (Յովհ. 6։15. Մատ. 22։21. Հռով. 12։2. 13։1-4)

Պատմութիւն 94

Յիսուս երախաները կը սիրէ

  1. Երկար ճամբորդութենէ մը վերադառնալու ատեն, առաքեալները ի՞նչ բանի շուրջ կը վիճին։

  2. Յիսուս ինչո՞ւ կը կանչէ իրեն տղեկ մը եւ կը կայնեցնէ զայն առաքեալներուն մէջտեղ։

  3. Առաքեալները ի՞նչ կերպով պէտք է սորվին երախաներու նման ըլլալ։

  4. Քանի մը ամիս ետք, Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ երախաները կը սիրէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 18։1-4–ը։

    Յիսուս ուսուցանելու համար ինչո՞ւ օրինակներ գործածեց։ (Մատ. 13։34, 36. Մար. 4։33, 34)

  2. Կարդալ՝ Մատթէոս 19։13-15–ը։

    Երախաներու ո՞ր յատկութիւնները պէտք է ընդօրինակենք, եթէ կ’ուզենք Թագաւորութեան օրհնութիւնները վայելել։ (Սաղ. 25։9. 138։6. Ա. Կոր. 14։20)

  3. Կարդալ՝ Մարկոս 9։33-37–ն։

    Յիսուս երեւելի դիրքեր փնտռելու շուրջ իր աշակերտներուն ի՞նչ սորվեցուց։ (Մար. 9։34. Մատ. 20։25, 26. Գաղ. 6։3. Փիլ. 2։5-8)

  4. Կարդալ՝ Մարկոս 10։13-16–ը։

    Յիսուս ո՞րքան դիւրամերձ էր, եւ Քրիստոնեայ երէցներ անոր օրինակէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։ (Մար. 6։30-34. Փիլ. 2։1-4. Ա. Տիմ. 4։12)

Պատմութիւն 95

Յիսուսի սորվեցուցած կերպը

  1. Մարդ մը Յիսուսի ի՞նչ հարցում կ’ուղղէ եւ ինչո՞ւ։

  2. Յիսուս երբեմն ի՞նչ կը գործածէ սորվեցնելու համար, եւ Հրեաներուն ու Սամարացիներուն մասին արդէն ի՞նչ սորված ենք։

  3. Յիսուսի պատմած պատմութեան մէջ, Երուսաղէմէն Երիքով իջնող Հրեայի մը ի՞նչ կը պատահի։

  4. Ի՞նչ կը պատահի երբ Հրեայ քահանայ մը ու Ղեւտացի մը այդ տեղը կը հասնին։

  5. Պատկերին մէջ, ո՞վ վիրաւոր Հրեային կ’օգնէ։

  6. Պատմութիւնը աւարտելէ ետք, Յիսուս ի՞նչ հարցում կ’ուղղէ եւ մարդը ի՞նչ կը պատասխանէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ղուկաս 10։25-37–ն։

    1. (ա) Փոխանակ ուղղակի պատասխան մը տալու, Յիսուս օրինականի մը ի՞նչպէս օգնեց որ հարցին շուրջ պատճառաբանէ։ (Ղուկ. 10։26. Մատ. 16։13-16)

    2. (բ) Յիսուս ի՞նչպէս օրինակներ գործածեց, ունկնդիրներուն նախապաշարումները յաղթահարելու համար։ (Ղուկ. 10։36, 37. 18։9-14. Տիտ. 1։9)

Պատմութիւն 96

Յիսուս հիւանդներ կը բուժէ

  1. Մինչ Յիսուս երկրին մէջ կը ճամբորդէ, ի՞նչ կ’ընէ։

  2. Իր մկրտութենէն շուրջ երեք տարի ետք, Յիսուս առաքեալներուն ի՞նչ կ’ըսէ։

  3. Պատկերին մէջի անհատները ո՞վ են, եւ Յիսուս կնոջ համար ի՞նչ կ’ընէ։

  4. Կրօնական առաջնորդներուն տուած Յիսուսի պատասխանը ինչո՞ւ զիրենք կ’ամչցնէ։

  5. Երբ Յիսուս եւ իր առաքեալները Երիքովի մօտ են, ան երկու կոյր մուրացկաններու ի՞նչ կ’ընէ։

  6. Յիսուս ինչո՞ւ հրաշքներ կը կատարէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 15։30, 31–ը։

    Յիսուս սքանչելի կերպով ի՞նչպէս Եհովայի զօրութիւնը յայտնեց, եւ ասիկա ի՞նչպէս կ’օգնէ նոր աշխարհին համար Եհովայի խոստացած բաները հասկնալու։ (Սաղ. 37։29. Եսա. 33։24)

  2. Կարդալ՝ Ղուկաս 13։10-17–ն։

    Այն իրողութիւնը որ Յիսուս իր ամենէն աչքառու հրաշքներէն ոմանք Շաբաթ օրը գործեց, ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ իր հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին ի՛նչպիսի ամոքում պիտի բերէ մարդկութեան։ (Ղուկ. 13։10-13. Սաղ. 46։9. Մատ. 12։8. Կող. 2։16, 17. Յայտ. 21։1-4)

  3. Կարդալ՝ Մատթէոս 20։29-34–ը։

    Այս պատմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Յիսուս զբաղած ըլլալով հանդերձ՝ միշտ մարդոց օգնեց, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Բ. Օր. 15։7. Յակ. 2։15, 16. Ա. Յովհ. 3։17)

Պատմութիւն 97

Յիսուս որպէս Թագաւոր կու գայ

  1. Երբ Յիսուս Երուսաղէմի մօտ պզտիկ գիւղ մը կը հասնի, իր աշակերտներուն ի՞նչ կ’ըսէ որ ընեն։

  2. Պատկերին մէջ, ի՞նչ կը պատահի երբ Յիսուս Երուսաղէմի կը մօտենայ։

  3. Երախաները ի՞նչ կ’ընեն երբ կը տեսնեն որ Յիսուս կոյրերն ու կաղերը կը բուժէ։

  4. Յիսուս զայրացած քահանաներուն ի՞նչ կ’ըսէ։

  5. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսը գովաբանող երախաներուն նման ըլլալ։

  6. Աշակերտները ի՞նչ կ’ուզեն գիտնալ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 21։1-17–ն։

    1. (ա) Որպէս Թագաւոր Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ ի՞նչպէս հակապատկերն էր հռովմէական ժամանակներուն յաղթող զօրավարներու մուտքին։ (Մատ. 21։4, 5. Զաք. 9։9. Փիլ. 2։5-8. Կող. 2։15)

    2. (բ) Դեռատիներ ի՞նչ դաս կրնան սորվիլ Իսրայելացի տղոցմէն, որոնք Սաղմոս 118–էն մէջբերեցին, մինչ Յիսուս տաճար կը մտնէր։ (Մատ. 21։9, 15. Սաղ. 118։25, 26. Բ. Տիմ. 3։15. Բ. Պետ. 3։18)

  2. Կարդալ՝ Յովհաննէս 12։12-16–ը։

    Յիսուսը դիմաւորող բազմութեան կողմէ արմաւենիի ոստեր գործածելը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ (Յովհ. 12։13. Փիլ. 2։10. Յայտ. 7։9, 10)

Պատմութիւն 98

Ձիթենեաց լերան վրայ

  1. Պատկերին մէջ, ո՞ր մարդը Յիսուսն է, եւ ո՞վ են իրեն հետ եղողները։

  2. Տաճարին մէջ քահանաները ի՞նչ փորձեցին ընել Յիսուսի, եւ ան ի՞նչ ըսաւ անոնց։

  3. Առաքեալները Յիսուսի ի՞նչ կը հարցնեն։

  4. Յիսուս ինչո՞ւ իր առաքեալներուն կարգ մը բաներ կ’ըսէ, որոնք երկրի վրայ տեղի պիտի ունենան, երբ երկինքի մէջ որպէս Թագաւոր իշխէ։

  5. Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ որ տեղի պիտի ունենայ, երկրի վրայ ամբողջ չարութեան վերջ դնելէ առաջ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 23։1-39–ն։

    1. (ա) Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ աշխարհիկ տիտղոսներ գործածելը կրնայ պատշաճ ըլլալ, սակայն Մատթէոս 23։8-11–ի մէջ Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ ցոյց կու տան քրիստոնէական ժողովքին մէջ փաղաքշական տիտղոսներ գործածելու նկատմամբ։ (Գործք 26։25. Հռով. 13։7. Ա. Պետ. 2։13, 14)

    2. (բ) Փարիսեցիները ի՞նչ գործածեցին՝ փորձելով մարդոց Քրիստոնեայ դառնալուն արգելք հանդիսանալ, եւ արդի ժամանակներուն կրօնական առաջնորդներ ի՞նչպէս նոյնանման ռազմավարութիւն գործածած են։ (Մատ. 23։13. Ղուկ. 11։52. Յովհ. 9։22. 12։42. Ա. Թես. 2։16)

  2. Կարդալ՝ Մատթէոս 24։1-14–ը։

    1. (ա) Մատթէոս 24։13–ը ի՞նչպէս համբերատարութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ։

    2. (բ) Մատթէոս 24։13–ի մէջ «վերջ» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։ (Մատ. 16։27. Հռով. 14։10-12. Բ. Կոր. 5։10)

  3. Կարդալ՝ Մարկոս 13։3-10–ը։

    Մարկոս 13։10–ի մէջ ո՞ր արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ բարի լուրը քարոզելու ստիպողականութիւնը, եւ Յիսուսի խօսքերը ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի։ (Հռով. 13։11, 12. Ա. Կոր. 7։29-31. Բ. Տիմ. 4։2)

Պատմութիւն 99

Վերնայարկ սենեակի մը մէջ

  1. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Յիսուս եւ 12 առաքեալները ինչո՞ւ վերնատան մը մէջ են։

  2. Ո՞վ է դուրս ելլող մարդը, եւ ի՞նչ ընելու կ’երթայ։

  3. Պասեքի ընթրիքը աւարտելէ ետք, Յիսուս ի՞նչ մասնայատուկ ընթրիք մը կը սկսի։

  4. Պասեքը Իսրայելացիներուն ո՞ր դէպքը կը յիշեցնէր, իսկ այս մասնայատուկ ընթրիքը Յիսուսի հետեւորդներուն ի՞նչ կը յիշեցնէ։

  5. Տէրունական Ընթրիքէն ետք, Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ կ’ըսէ, եւ անոնք ի՞նչ կ’ընեն։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 26։14-30–ը։

    1. (ա) Մատթէոս 26։15–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Յիսուսը դաւաճանելու Յուդայի արարքը դիտումնաւոր էր։

    2. (բ) Յիսուսի թափուած արիւնը ի՞նչ երկպատիկ նպատակի կը ծառայէ։ (Մատ. 26։27, 28. Երեմ. 31։31-33. Եփ. 1։7. Եբր. 9։19, 20)

  2. Կարդալ՝ Ղուկաս 22։1-39–ն։

    Ի՞նչ առումով Սատանան մտաւ Յուդայի ներսը։ (Ղուկ. 22։3. Յովհ. 13։2. Գործք 1։24, 25)

  3. Կարդալ՝ Յովհաննէս 13։1-20–ը։

    1. (ա) Յովհաննէս 13։2–ի խօսքին ի տես, Յուդա իր արարքին համար կրնա՞յ մեղադրուիլ, իսկ Աստուծոյ ծառաները ասկէ ի՞նչ կրնան սորվիլ։ (Ծննդ. 4։7. Բ. Կոր. 2։11. Գաղ. 6։1. Յակ. 1։13, 14)

    2. (բ) Յիսուս ի՞նչ ազդեցիկ գործնական դաս մը տուաւ։ (Յովհ. 13։15. Մատ. 23։11. Ա. Պետ. 2։21)

  4. Կարդալ՝ Յովհաննէս 17։1-26–ը։

    Յիսուս ի՞նչ առումով իր հետեւորդներուն համար աղօթեց որ «մէկ ըլլան»։ (Յովհ. 17։11, 21-23. Հռով. 13։8. 14։19. Կող. 3։14)

Պատմութիւն 100

Յիսուս պարտէզին մէջ

  1. Վերնատունը ձգելէ ետք, Յիսուս եւ առաքեալները ո՞ւր կ’երթան, եւ ան անոնց ի՞նչ կ’ըսէ որ ընեն։

  2. Երբ Յիսուս առաքեալներուն քով կը վերադառնայ, ի՞նչ կը գտնէ, եւ ասիկա քանի՞ անգամ կը պատահի։

  3. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, ո՞վ կը մտնէ պարտէզը, եւ Յուդա Իսկարիովտացի ի՞նչ կ’ընէ։

  4. Յուդա ինչո՞ւ Յիսուսը կը համբուրէ, եւ Պետրոս ի՞նչ կ’ընէ։

  5. Յիսուս Պետրոսի ի՞նչ կ’ըսէ, բայց ինչո՞ւ Աստուծմէ չի խնդրեր որ հրեշտակներ ղրկէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 26։36-56–ը։

    1. (ա) Իր աշակերտները խրատելու Յիսուսի կերպը ի՞նչպէս ընտիր օրինակ մըն է այժմու Քրիստոնեայ երէցներուն։ (Մատ. 20։25-28. 26։40, 41. Գաղ. 5։17. Եփ. 4։29, 31, 32)

    2. (բ) Յիսուս ընկեր արարածի դէմ մարմնաւոր զէնքեր գործածելը ի՞նչպէս նկատեց։ (Մատ. 26։52. Ղուկ. 6։27, 28. Յովհ. 18։36)

  2. Կարդալ՝ Ղուկաս 22։39-53–ը։

    Երբ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ հրեշտակ մը Յիսուսի երեւցաւ զինք զօրացնելու համար, ասիկա նշե՞ց թէ Յիսուսի հաւատքը սկսած էր տկարանալ։ (Ղուկ. 22։41-43. Եսա. 49։8. Մատ. 4։10, 11. Եբր. 5։7)

  3. Կարդալ՝ Յովհաննէս 18։1-12–ը։

    Յիսուս իր աշակերտները ի՞նչպէս իր հակառակորդներէն պաշտպանեց, իսկ այս օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Յովհ. 10։11, 12. 18։1, 6-9. Եբր. 13։6. Յակ. 2։25)

Պատմութիւն 101

Յիսուս կը սպաննուի

  1. Ո՞վ է գլխաւոր պատասխանատուն Յիսուսի մահուան։

  2. Առաքեալները ի՞նչ կ’ընեն երբ կրօնական առաջնորդները Յիսուսը կը ձերբակալեն։

  3. Կայիափա քահանայապետին տան մէջ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

  4. Պետրոս ինչո՞ւ կը հեռանայ ու կու լայ։

  5. Յիսուս Պիղատոսի ետ ղրկուելէ ետք, աւագ քահանաները ի՞նչ կ’աղաղակեն։

  6. Ուրբաթ կէսօրէ ետք Յիսուսի ի՞նչ կը պատահի, եւ իր կողքին ցիցի մը վրայ կախուած չարագործի մը ի՞նչ կը խոստանայ։

  7. Յիսուսի նշած դրախտը ո՞ւր պիտի ըլլայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 26։57-75–ը։

    Հրէական բարձրագոյն ատեանի անդամները ի՞նչպէս ցոյց տուին թէ չար սիրտ ունէին։ (Մատ. 26։59, 67, 68)

  2. Կարդալ՝ Մատթէոս 27։1-50–ը։

    Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Յուդայի խղճահարութիւնը հարազատ չէր։ (Մատ. 27։3, 4. Մար. 3։29. 14։21. Բ. Կոր. 7։10, 11)

  3. Կարդալ՝ Ղուկաս 22։54-71–ը։

    Պետրոսի ուրացումէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ (Ղուկ. 22։60-62. Մատ. 26։31-35. Ա. Կոր. 10։12)

  4. Կարդալ՝ Ղուկաս 23։1-49–ն։

    Յիսուս իրեն հանդէպ ցուցաբերուած անիրաւութեան ի՞նչպէս հակազդեց, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ (Ղուկ. 23։33, 34. Հռով. 12։17-19. Ա. Պետ. 2։23)

  5. Կարդալ՝ Յովհաննէս 18։12-40–ը։

    Ի՞նչ ցոյց կու տայ այն իրողութիւնը որ թէեւ մարդու վախը պահ մը Պետրոսը անդամալուծեց, սակայն ան զայն յաղթահարեց ու կարկառուն առաքեալ մը եղաւ։ (Յովհ. 18։25-27. Ա. Կոր. 4։2. Ա. Պետ. 3։14, 15. 5։8, 9)

  6. Կարդալ՝ Յովհաննէս 19։1-30–ը։

    1. (ա) Յիսուս նիւթական բաներու հանդէպ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։ (Յովհ. 2։1, 2, 9, 10. 19։23, 24. Մատ. 6։31, 32. 8։20)

    2. (բ) Յիսուսի վերջին խօսքերը ի՞նչպէս յաղթանակի յայտարարութիւն մըն էին թէ Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնած էր։ (Յովհ. 16։33. 19։30. Բ. Պետ. 3։14. Ա. Յովհ. 5։4)

Պատմութիւն 102

Յիսուս կենդանի է

  1. Պատկերին մէջի կինը ո՞վ է, երկու մարդիկը ո՞վ են, եւ անոնք ո՞ւր են։

  2. Պիղատոս քահանաներուն ինչո՞ւ կ’ըսէ որ զինուորներ ղրկեն՝ Յիսուսի գերեզմանը ապահովելու համար։

  3. Յիսուսի մահուան երրորդ օրը՝ շատ կանուխ, հրեշտակ մը ի՞նչ կ’ընէ, բայց քահանաները ի՞նչ կ’ընեն։

  4. Կարգ մը կիներ ինչո՞ւ կը զարմանան երբ Յիսուսի գերեզմանը կ’այցելեն։

  5. Պետրոս ու Յովհաննէս ինչո՞ւ դէպի Յիսուսի գերեզմանը կը վազեն, եւ ի՞նչ կը գտնեն։

  6. Յիսուսի մարմնին ի՞նչ պատահեցաւ, բայց ան ի՞նչ կ’ընէ որ աշակերտներուն ցոյց տայ թէ ողջ է։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Մատթէոս 27։62-66 եւ 28։1-15–ը։

    Յիսուսի յարութեան ժամանակ, աւագ քահանաները, Փարիսեցիներն ու ծերերը ի՞նչպէս սուրբ հոգիին դէմ մեղանչեցին։ (Մատ. 12։24, 31, 32. 28։11-15)

  2. Կարդալ՝ Ղուկաս 24։1-12–ը։

    Յիսուսի յարութեան արձանագրութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա կիները վստահելի վկաներ կը նկատէ։ (Ղուկ. 24։4, 9, 10. Մատ. 28։1-7)

  3. Կարդալ՝ Յովհաննէս 20։1-12–ը։

    Յովհաննէս 20։8, 9–ն ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ համբերելու կարիքը տեսնենք, եթէ Աստուածաշունչի մէկ մարգարէութեան կատարումը լիովին չենք հասկնար։ (Առ. 4։18. Մատ. 17։21, 22. Ղուկ. 24։5-8. Յովհ. 16։12)

Պատմութիւն 103

Դուռը կղպուած սենեակի մը մէջ

  1. Մարիամ ի՞նչ կ’ըսէ մարդու մը որ կը խորհի թէ պարտիզպանն է, բայց ի՞նչպէս կ’անդրադառնայ թէ ան իրապէս Յիսուսն է։

  2. Դէպի Էմմաւուս գիւղը քալող երկու աշակերտներու ի՞նչ կը պատահի։

  3. Ի՞նչ ապշեցուցիչ բան մը տեղի կ’ունենայ, երբ երկու աշակերտներ առաքեալներուն կը պատմեն թէ Յիսուսը տեսան։

  4. Յիսուս իր հետեւորդներուն քանի՞ անգամ երեւցած է։

  5. Թովմաս ի՞նչ կ’ըսէ երբ աշակերտներէն կ’իմանայ թէ Տէրը տեսած են, բայց ութ օր ետք ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յովհաննէս 20։11-29–ն։

    Յովհաննէս 20։23–ի մէջ Յիսուս ըսել կ’ուզէ՞ր թէ մարդիկ մեղքեր ներելու լիազօրութիւն ունին։ (Սաղ. 49։2, 7. Եսա. 55։7. Ա. Տիմ. 2։5, 6. Ա. Յովհ. 2։1, 2)

  2. Կարդալ՝ Ղուկաս 24։13-43–ը։

    Ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել, որպէսզի աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները ընդունի։ (Ղուկ. 24։32, 33. Եզր. 7։10. Մատ. 5։3. Գործք 16։14. Եբր. 5։11-14)

Պատմութիւն 104

Յիսուս երկինք կը վերադառնայ

  1. Առիթով մը քանի՞ աշակերտ Յիսուսը կը տեսնեն, եւ ան ի՞նչ բանի մասին կը խօսի իրենց։

  2. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, եւ կեանքը երկրի վրայ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ, երբ Յիսուս որպէս Թագաւոր հազար տարի իշխէ։

  3. Յիսուս քանի՞ օրէ ի վեր իր աշակերտներուն կ’երեւնայ, բայց այժմ ժամանակը եկած է որ ի՞նչ ընէ։

  4. Երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ կ’ըսէ որ ընեն։

  5. Պատկերին մէջ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կ’անհետանայ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 15։3-8–ը։

    Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ Յիսուսի յարութեան մասին շատ վստահութեամբ կրցաւ խօսիլ, եւ Քրիստոնեաները ներկայիս ի՞նչ բաներու մասին կրնան վստահօրէն խօսիլ։ (Ա. Կոր. 15։4, 7, 8. Եսա. 2։2, 3. Մատ. 24։14. Բ. Տիմ. 3։1-5)

  2. Կարդալ՝ Գործք 1։1-11–ը։

    Քարոզչութիւնը ո՞ր տարողութեամբ տարածուեցաւ, ինչպէս Գործք 1։8–ի մէջ նախագուշակուած էր։ (Գործք 6։7. 9։31. 11։19-21. Կող. 1։23)

Պատմութիւն 105

Երուսաղէմի մէջ կը սպասեն

  1. Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, Երուսաղէմի մէջ սպասող Յիսուսի հետեւորդներուն ի՞նչ կը պատահի։

  2. Երուսաղէմ այցելողները ինչո՞ւ կը զարմանան։

  3. Պետրոս ժողովուրդին ի՞նչ կը բացատրէ։

  4. Պետրոսի մտիկ ընելէ ետք մարդիկ ի՞նչ կը զգան, եւ ան ի՞նչ կ’ըսէ անոնց որ ընեն։

  5. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին քանի՞ հոգի կը մկրտուի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 2։1-47–ն։

    1. (ա) Գործք 2։23, 36–ի մէջ արձանագրուած Պետրոսի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց տուին թէ ամբողջ Հրեայ ազգը պատասխանատու էր Յիսուսի մահուան։ (Ա. Թես. 2։14, 15)

    2. (բ) Պետրոս ի՞նչպէս Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանելու մէջ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։ (Գործք 2։16, 17, 29, 31, 36, 39. Կող. 4։6)

    3. (գ) Պետրոս ի՞նչպէս «երկնքի թագաւորութեան բանալիներ»ուն առաջինը գործածեց։ (Գործք 2։14, 22-24, 37, 38. Մատ. 16։19)

Պատմութիւն 106

Բանտէն ազատ արձակուիլ

  1. Կէսօրէ ետք մը երբ Պետրոս ու Յովհաննէս տաճար կ’երթան, անոնց ի՞նչ կը պատահի։

  2. Պետրոս կաղ մարդու մը ի՞նչ կ’ըսէ, եւ անոր ի՞նչ կու տայ որ դրամէն աւելի արժէքաւոր է։

  3. Կրօնական առաջնորդները ինչո՞ւ զայրացած են, եւ անոնք Պետրոսի ու Յովհաննէսի ի՞նչ կ’ընեն։

  4. Պետրոս կրօնական առաջնորդներուն ի՞նչ կ’ըսէ, եւ առաքեալները ի՞նչ ազդարարութիւն կը ստանան։

  5. Կրօնական առաջնորդները ինչո՞ւ կը նախանձին, բայց ի՞նչ կը պատահի երբ առաքեալները երկրորդ անգամ կը բանտարկուին։

  6. Առաքեալները ի՞նչ կը պատասխանեն երբ Սենետրիոնի առջեւ կը բերուին։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 3։1-10–ը։

    Թէեւ ներկայիս հրաշքներ գործելու զօրութիւն չենք ստացած, սակայն Գործք 3։6–ի մէջ արձանագրուած Պետրոսի խօսքերը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն Թագաւորութեան պատգամին արժէքը գնահատելու։ (Յովհ. 17։3. Բ. Կոր. 5։18-20. Փիլ. 3։8)

  2. Կարդալ՝ Գործք 4։1-31–ը։

    Երբ ծառայութեան մէջ հակառակութիւն դիմագրաւենք, ի՞նչ կերպով առաջին դարու մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն օրինակին պէտք է հետեւինք։ (Գործք 4։29, 31. Եփ. 6։18-20. Ա. Թես. 2։2)

  3. Կարդալ՝ Գործք 5։17-42–ը։

    Անցեալին ու ներկայիս, կարգ մը Վկայ չեղողներ քարոզչութեան նկատմամբ ի՞նչպէս բանաւորութիւն ցուցաբերած են։ (Գործք 5։34-39)

Պատմութիւն 107

Ստեփանոս կը քարկոծուի

  1. Ո՞վ է Ստեփանոս, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ ի՞նչ կ’ընէ։

  2. Ստեփանոսի ո՞ր խօսքերը կրօնական առաջնորդները շատ կը բարկացնեն։

  3. Ստեփանոսը քաղաքէն դուրս քաշքշելէ ետք, մարդիկ ի՞նչ կ’ընեն։

  4. Պատկերին մէջ, ո՞վ է հանդերձներուն քով կայնող երիտասարդը։

  5. Մեռնելէ առաջ, Ստեփանոս Եհովայի ի՞նչ կ’աղօթէ։

  6. Ստեփանոսի նման, ի՞նչ պէտք է ընենք երբ մէկը մեզի գէշ բան մը ընէ։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 6։8-15–ը։

    Կրօնական առաջնորդները ի՞նչ խաբէական միջոցներ գործածած են՝ Եհովայի Վկաներուն քարոզչութիւնը կասեցնելու համար։ (Գործք 6։9, 11, 13)

  2. Կարդալ՝ Գործք 7։1-59–ն։

    1. (ա) Ի՞նչ բան Ստեփանոսի օգնեց որ Սենետրիոնին առջեւ բարի լուրը ազդուօրէն պաշտպանէ, եւ անոր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Գործք 7։51-53. Հռով. 15։4. Բ. Տիմ. 3։14-17. Ա. Պետ. 3։15)

    2. (բ) Մեր գործին դէմ դնողներուն հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։ (Գործք 7։57-59. Մատ. 5։44. Ղուկ. 23։33, 34)

Պատմութիւն 108

Դամասկոսի ճամբուն վրայ

  1. Ստեփանոսի սպանութենէն ետք, Սօղոս ի՞նչ կ’ընէ։

  2. Դամասկոսի ճամբուն վրայ Սօղոսի ի՞նչ ապշեցուցիչ բան մը կը պատահի։

  3. Յիսուս Սօղոսի ի՞նչ կ’ըսէ որ ընէ։

  4. Յիսուս Անանիայի ի՞նչ ցուցմունքներ կու տայ, եւ Սօղոս ի՞նչպէս իր տեսողութիւնը կը վերագտնէ։

  5. Սօղոս ո՞ր անունով կը ճանչցուի, եւ ան ի՞նչպէս կը գործածուի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 8։1-4–ը։

    Նորակազմ քրիստոնէական ժողովքին վրայ եկած հալածանքի ալիքը ի՞նչպէս քրիստոնէական հաւատքը տարածելու ծառայեց, իսկ արդի ժամանակներուն ի՞նչ նման բան մը տեղի ունեցած է։ (Գործք 8։4. Եսա. 54։17)

  2. Կարդալ՝ Գործք 9։1-20–ը։

    Յիսուս Սօղոսի համար ի՞նչ եռատեսակ առաքելութիւն մը նշեց։ (Գործք 9։15. 13։5. 26։1. 27։24. Հռով. 11։13)

  3. Կարդալ՝ Գործք 22։6-16–ը։

    Ի՞նչպէս կրնանք Անանիայի նման ըլլալ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ (Գործք 22։12. Ա. Տիմ. 3։7. Ա. Պետ. 1։14-16. 2։12)

  4. Կարդալ՝ Գործք 26։8-20–ը։

    Սօղոսի կրօնափոխութիւնը ի՞նչպէս ներկայիս կը քաջալերէ անհաւատ կողակից ունեցողները։ (Գործք 26։11. Ա. Տիմ. 1։14-16. Բ. Տիմ. 4։2. Ա. Պետ. 3։1-3)

Պատմութիւն 109

Պետրոս Կոռնելիոսի կ’այցելէ

  1. Պատկերին մէջ, ո՞վ է երկրպագութիւն ընող մարդը։

  2. Հրեշտակ մը Կոռնելիոսի ի՞նչ կ’ըսէ։

  3. Երբ Պետրոս Յոպպէի մէջ Սիմոնի տան տանիքը կը բարձրանայ, Աստուած անոր ի՞նչ տեսնել կու տայ։

  4. Պետրոս Կոռնելիոսի ինչո՞ւ կ’ըսէ որ իրեն պէտք չէ երկրպագէ ու պաշտէ։

  5. Պետրոսի հետ եղող Հրեայ աշակերտները ինչո՞ւ կ’ապշին։

  6. Պետրոսի այս այցելութենէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը պէտք է սորվինք։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 10։1-48–ը։

    Գործք 10։42–ի մէջ արձանագրուած Պետրոսի խօսքերը ի՞նչ ցոյց կու տան Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան մասին։ (Մատ. 28։19. Մար. 13։10. Գործք 1։8)

  2. Կարդալ՝ Գործք 11։1-18–ը։

    Երբ հեթանոսներուն նկատմամբ Եհովայի ուղղութիւնը բացայայտ եղաւ, Պետրոս ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոր օրինակին հետեւիլ։ (Գործք 11։17, 18. Բ. Կոր. 10։5. Եփ. 5։17)

Պատմութիւն 110

Տիմոթէոս՝ Պօղոսի նոր օգնականը

  1. Պատկերին մէջի երիտասարդը ո՞վ է, ո՞ւր կ’ապրի, եւ իր մօր ու մեծ–մօր անունները ի՞նչ են։

  2. Տիմոթէոս ի՞նչ կը պատասխանէ երբ Պօղոս կը հարցնէ թէ կ’ուզէ՛ իրեն ու Շիղայի հետ հեռաւոր տեղեր մարդոց քարոզել։

  3. Յիսուսի հետեւորդները ո՞ւր առաջին անգամ Քրիստոնեաներ կը կոչուին։

  4. Լիւստրայէ մեկնելէ ետք, Պօղոս, Շիղա եւ Տիմոթէոս ի՞նչ քաղաքներ կ’այցելեն։

  5. Տիմոթէոս ի՞նչպէս Պօղոսի կ’օգնէ, եւ ներկայիս դեռատիներ իրենք իրենց ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղեն։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 9։19-30–ը։

    Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս խոհականութիւն ցոյց տուաւ, երբ բարի լուրին դէմ դրուեցաւ։ (Գործք 9։22-25, 29, 30. Մատ. 10։16)

  2. Կարդալ՝ Գործք 11։19-26–ը։

    Գործք 11։19-21, 26–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովայի հոգին քարոզչութիւնը կ’ուղղէ եւ կ’առաջնորդէ։

  3. Կարդալ՝ Գործք 13։13-16, 42-52–ը։

    Գործք 13։51, 52–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ աշակերտները թոյլ չտուին որ հակառակութիւնը զիրենք վհատեցնէ։ (Մատ. 10։14. Գործք 18։6. Ա. Պետ. 4։14)

  4. Կարդալ՝ Գործք 14։1-6, 18-27–ն։

    «Զանոնք յանձնեցին Տէրոջ» արտայայտութիւնը ի՞նչպէս մեր անտեղի մտահոգութիւնը կը թեթեւցնէ, մինչ նորեկներուն կ’օգնենք։ (Գործք 14։20-22. 20։32. Յովհ. 6։44)

  5. Կարդալ՝ Գործք 16։1-5–ը։

    Տիմոթէոսի կամեցողութիւնը որ թլփատուի, ի՞նչպէս կ’ընդգծէ ամէն բան «աւետարանին համար» ընելուն կարեւորութիւնը։ (Գործք 16։3. Ա. Կոր. 9։23. Ա. Թես. 2։8)

  6. Կարդալ՝ Գործք 18։1-11, 18-22–ը։

    Գործք 18։9, 10–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Յիսուս անձամբ քարոզչութիւնը կ’ուղղէ, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ։ (Մատ. 28։20)

Պատմութիւն 111

Երիտասարդ մը քունի կը տարուի

  1. Պատկերին մէջ, ո՞վ է գետին ինկած երիտասարդը, եւ անոր ի՞նչ պատահեցաւ։

  2. Պօղոս ի՞նչ կ’ընէ երբ կը տեսնէ որ երիտասարդը մեռած է։

  3. Պօղոս, Տիմոթէոս եւ ճամբորդակիցները ո՞ւր կ’երթան, եւ ի՞նչ կը պատահի երբ Մելիտոս կը հասնին։

  4. Ագաբոս մարգարէն Պօղոսի ի՞նչ զգուշացում կու տայ, եւ անոր ըսածը ի՞նչպէս կը կատարուի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 20։7-38–ը։

    1. (ա) Գործք 20։26, 27–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերուն համաձայն, ի՞նչպէս կրնանք ‘ամենուն արիւնէն անպարտ’ մնալ։ (Եզեկ. 33։8. Գործք 18։6, 7)

    2. (բ) Երէցները ուսուցանելու ատեն ինչո՞ւ ‘վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը հաստատ պէտք է բռնեն’։ (Գործք 20։17, 29, 30. Տիտ. 1։7-9. Բ. Տիմ. 1։13)

  2. Կարդալ՝ Գործք 26։24-32–ը։

    Պօղոս ի՞նչպէս իր հռովմէական քաղաքացիութիւնը գործածեց՝ Յիսուսէ ստացած քարոզելու յանձնարարութիւնը կատարելու համար։ (Գործք 9։15. 16։37, 38. 25։11, 12. 26։32. Ղուկ. 21։12, 13)

Պատմութիւն 112

Կղզիի մը վրայ նաւաբեկութիւն

  1. Ի՞նչ կը պատահի այն նաւուն, որուն մէջ Պօղոս կը գտնուի, երբ Կրետէ կղզիին քովէն կ’անցնի։

  2. Պօղոս նաւուն մէջ եղողներուն ի՞նչ կ’ըսէ։

  3. Նաւը ի՞նչպէս կտոր–կտոր կ’ըլլայ։

  4. Պատասխանատու հարիւրապետը ի՞նչ հրահանգներ կու տայ, եւ քանի՞ հոգի ազատելով ցամաք կը հասնին։

  5. Կղզիին անունը ի՞նչ է, եւ հոն Պօղոսի ի՞նչ կը պատահի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 27։1-44–ը։

    Դէպի Հռովմ Պօղոսի ճամբորդութեան պատմութիւնը կարդալով, Աստուածաշունչի արձանագրութեան ճշգրտութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը ի՞նչպէս կը զօրանայ։ (Գործք 27։16-19, 27-32. Ղուկ. 1։3. Բ. Տիմ. 3։16, 17)

  2. Կարդալ՝ Գործք 28։1-14–ը։

    Եթէ Մելիտէի հեթանոս բնակիչները արտասովոր ‘մարդասիրութիւն ցոյց տուին’ Պօղոս առաքեալի եւ ճամբորդակիցներուն, Քրիստոնեաները պէտք է մղուին ի՞նչ ցոյց տալու եւ յատկապէս ի՞նչ կերպով։ (Գործք 28։1, 2. Եբր. 13։1, 2. Ա. Պետ. 4։9)

Պատմութիւն 113

Պօղոս Հռովմի մէջ

  1. Պօղոս որո՞նց կը քարոզէ մինչ Հռովմի մէջ բանտարկեալ է։

  2. Պատկերին մէջ, ո՞վ է այցելուն եւ Պօղոսի համար ի՞նչ կ’ընէ։

  3. Ո՞վ է Եպափրոդիտոս, եւ իրեն հետ ի՞նչ կը տանի երբ Փիլիպպէ կը վերադառնայ։

  4. Պօղոս ինչո՞ւ իր սերտ բարեկամին՝ Փիլիմոնի նամակ մը կը գրէ։

  5. Պօղոս ի՞նչ կ’ընէ երբ ազատ կ’արձակուի, իսկ հետագային իրեն ի՞նչ կը պատահի։

  6. Եհովա ո՞վ կը գործածէ Աստուածաշունչի վերջին գիրքերը գրելու համար, եւ Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ բանի մասին կը խօսի։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Գործք 28։16-32 եւ Փիլիպպեցիս 1։13–ը։

    Պօղոս իր ժամանակը ի՞նչպէս գործածեց երբ Հռովմի մէջ բանտարկուած էր, եւ իր անխախտ հաւատքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ քրիստոնէական ժողովքին վրայ։ (Գործք 28։23, 30, 31. Փիլ. 1։14)

  2. Կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։19-30–ը։

    Պօղոս Տիմոթէոսի եւ Եպափրոդիտոսի հանդէպ ի՞նչպէս գնահատանք յայտնեց, եւ անոր օրինակին ի՞նչպէս կրնանք հետեւիլ։ (Փիլ. 2։20, 22, 25, 29, 30. Ա. Կոր. 16։18. Ա. Թես. 5։12, 13)

  3. Կարդալ՝ Փիլիմոն 1-25–ը։

    1. (ա) Պօղոս ի՞նչ հիման վրայ Փիլիմոնը յորդորեց որ պատշաճ եղածը ընէ, եւ ներկայիս ասիկա ի՞նչպէս երէցներուն որպէս ուղեցոյց կը ծառայէ։ (Փիլմ. 9. Բ. Կոր. 8։8. Գաղ. 5։13)

    2. (բ) Փիլիմոն 13, 14–ի մէջ Պօղոսի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ ժողովքին մէջ ուրիշներուն խղճմտանքը կը յարգէր։ (Ա. Կոր. 8։7, 13. 10։31-33)

  4. Կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 4։7-9–ն։

    Պօղոս առաքեալի նման, ի՞նչպէս կրնանք վստահութիւն ունենալ թէ Եհովա մեզ պիտի վարձատրէ եթէ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնանք։ (Մատ. 24։13. Եբր. 6։10)

Պատմութիւն 114

Ամբողջ չարութեան վախճանը

  1. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ երկինքի մէջ ձիերու մասին կը խօսի։

  2. Երկրի վրայ չար մարդոց հետ Աստուծոյ մղելիք պատերազմին անունը ի՞նչ է, եւ այս պատերազմին նպատակը ի՞նչ է։

  3. Պատկերին համաձայն, պատերազմին մէջ առաջնորդութիւն առնողը ո՞վ է, ինչո՞ւ թագ ունի, եւ իր սուրը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

  4. Պատմութիւն 10, 15 եւ 33–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք որ Աստուած չար մարդիկը պիտի կործանէ։

  5. Պատմութիւն 36 եւ 76–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Աստուած չար մարդիկը պիտի կործանէ, նոյնիսկ եթէ կը դաւանին զինք պաշտել։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յայտնութիւն 19։11-16–ը։

    1. (ա) Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս կը յստակացնեն թէ ճերմակ ձիուն հեծեալը Յիսուս Քրիստոսն է։ (Յայտ. 1։5. 3։14. 19։11. Եսա. 11։4)

    2. (բ) Յիսուսի հանդերձը արիւնի մէջ թաթխուած ըլլալը ի՞նչպէս կը հաստատէ թէ անոր յաղթանակը վճռական ու ամբողջական է։ (Յայտ. 14։18-20. 19։13)

    3. (գ) Հաւանաբար որո՞նք պարփակուած են Յիսուսի հետեւող բանակին մէջ։ (Յայտ. 12։7. 19։14. Մատ. 25։31, 32)

Պատմութիւն 115

Երկրի վրայ նոր դրախտ մը

  1. Աստուածաշունչը ի՞նչ պարագաներ կը նշէ, զորս պիտի վայելենք երկրային դրախտին մէջ։

  2. Աստուածաշունչը ի՞նչ կը խոստանայ դրախտին մէջ ապրողներուն։

  3. Յիսուս ե՞րբ հոգ պիտի տանի որ այս հոյակապ փոփոխութիւնը տեղի ունենայ։

  4. Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ի՞նչ ըրաւ ցոյց տալու համար թէ ի՛նչ պիտի ընէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։

  5. Երբ Յիսուս եւ իր երկնային իշխանակիցները երկինքէն երկրի վրայ իշխեն, ի՞նչ բանի հոգ պիտի տանին։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յայտնութիւն 5։9, 10–ը։

    Ինչո՞ւ կրնանք վստահութիւն ունենալ թէ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին երկրի վրայ իշխողները կարեկից ու գթասիրտ թագաւորներ եւ քահանաներ պիտի ըլլան։ (Եփ. 4։20-24. Ա. Պետ. 1։7. 3։8. 5։6-10)

  2. Կարդալ՝ Յայտնութիւն 14։1-3–ը։

    144,000–ի ճակատին վրայ Հօր անունը եւ Գառնուկին անունը գրուած ըլլալը ի՞նչ կը նշէ։ (Ա. Կոր. 3։23. Բ. Տիմ. 2։19. Յայտ. 3։12)

Պատմութիւն 116

Ինչպէ՛ս կրնանք յաւիտեան ապրիլ

  1. Եթէ կ’ուզենք յաւիտեան ապրիլ, ի՞նչ պէտք է գիտնանք։

  2. Պատկերին մէջի աղջնակին եւ անոր ընկերներուն նման, ի՞նչպէս կրնանք Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուսի մասին սորվիլ։

  3. Պատկերին մէջ ուրիշ ի՞նչ գիրք կը տեսնես, եւ զայն ինչո՞ւ յաճախ պէտք է կարդանք։

  4. Եհովայի ու Յիսուսի մասին սորվելէ զատ, յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

  5. Պատմութիւն 69–էն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

  6. Պատմութիւն 55–ի մէջ փոքրիկ Սամուէլի լաւ օրինակը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

  7. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ, եւ եթէ ասիկա ընենք, ապագային ի՞նչ պիտի կարենանք ընել։

Յաւելեալ հարցումներ.

  1. Կարդալ՝ Յովհաննէս 17։3–ը։

    Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութիւն առնելը, իրողութիւններ գոց սորվելէն աւելին կը նշանակէ։ (Մատ. 7։21. Յակ. 2։18-20. Ա. Յովհ. 2։17)

  2. Կարդալ՝ Սաղմոս 145։1-21–ը։

    1. (ա) Եհովան փառաբանելու բազմաթիւ պատճառներէն ոմանք ի՞նչ են։ (Սաղ. 145։8-11. Յայտ. 4։10)

    2. (բ) Եհովա ի՞նչպէս «ամենուն բարի է», եւ ասիկա մեզ ի՞նչպէս ա՛լ աւելի պէտք է մօտեցնէ իրեն։ (Սաղ. 145։9. Մատ. 5։43-45)

    3. (գ) Եթէ Եհովա մեր սրտին մօտիկ է, պիտի մղուինք ի՞նչ ընելու։ (Սաղ. 119։171, 172, 175. 145։11, 12, 21)