Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անհամար մեծ բազմութիւն մը

Անհամար մեծ բազմութիւն մը

Գլուխ 20

Անհամար մեծ բազմութիւն մը

1. 144,000–ին կնքուիլը նկարագրելէ ետք, Յովհաննէս ուրիշ ո՞ր խումբը կը տեսնէ։

 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 144,000–ին կնքուիլը նկարագրելէ ետք, ամբողջ Աստուածաշունչին ամենէն յուզիչ յայտնութիւններէն մէկը կը տեղեկագրէ։ Վստահաբար, ուրախութենէն իր սիրտը ցատկած ըլլալու էր, մինչ կը տեղեկագրէր, ըսելով. «Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած»։ (Յայտնութիւն 7։9) Այո, չորս հովերուն բռնելը առիթ կու տայ որ հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամներուն կողքին ուրիշ խումբ մըն ալ փրկուի. բազմալեզու, միջազգային մեծ բազմութիւն մը։ *Յայտնութիւն 7։1

2. Աշխարհային մեկնաբաններ ի՞նչպէս բացատրած են մեծ բազմութիւնը, իսկ Աստուածաշունչի Աշակերտներն անգամ անցեալին ի՞նչպէս կը նկատէին այս խումբը։

2 Աշխարհային մեկնաբաններ այս մեծ բազմութիւնը նկարագրած են որպէս Քրիստոնեայ դարձած մարմնաւոր ոչ–Հրեաներ, կամ՝ երկինք երթալու յոյս ունեցող Քրիստոնեայ նահատակներ։ Անցեալին, նոյնիսկ Աստուածաշունչի Աշակերտները զանոնք կը նկատէին երկնային երկրորդական դասակարգ մը, ինչպէս կը տեսնուի 1886–ին, Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ, Հատոր Ա., Դարերու Աստուածային Ծրագիրը գրքին մէջ. «Անոնք աթոռներու վրայ նստելու մրցանակը եւ աստուածային բնոյթը կը կորսնցնեն, բայց վերջապէս աստուածային բնոյթէն աւելի ստորադաս հոգեղէն էակներ ըլլալու համար պիտի վերածնին։ Անոնք թէեւ իրապէս նուիրուած են, բայց աշխարհի հոգիէն ազդուած են, այն աստիճան որ իրենց կեանքը չեն զոհեր»։ Իսկ մինչեւ 1930, հետեւեալ գաղափարը արտայայտուած էր Լոյս՝ Հատոր Մէկին մէջ. «Այս մեծ բազմութիւնը կազմողները, Տէրոջ եռանդուն վկաները ըլլալու հրաւէրին չեն ընդառաջեր»։ Անոնք նկարագրուած էին որպէս ինքնարդար խումբ մը, որ ճշմարտութեան գիտութիւնը ունէին, բայց զայն քարոզելու համար շատ քիչ բան կ’ընէին։ Կը խորհէին որ անոնք որպէս երկրորդական դասակարգ մը երկինք պիտի երթային, բայց Քրիստոսի հետ իշխելու մէջ բաժին պիտի չունենային։

3. (ա) Արդարամիտ կարգ մը անհատներու ի՞նչ յոյս մատակարարուեցաւ, որոնք հետագային եռանդուն եղան քարոզչութեան մէջ։ (բ) 1923–ի Դիտարան–ը ի՞նչպէս բացատրեց ոչխարներու եւ այծերու առակը։

3 Սակայն, օծեալ Քրիստոնեաներու ընկերակիցներէն ուրիշներ հետագային քարոզչութեան մէջ շատ եռանդուն եղան։ Անոնք երկինք երթալու տենչ մը չունէին։ Արդարեւ, անոնց յոյսը համաձայն էր այն դասախօսութեան բնաբանին հետ, որ Եհովայի ծառաները ներկայացուցին 1918-1922 տարիներուն, որու խորագիրը սկիզբը հետեւեալն էր. «Աշխարհը Վերջացած Է. Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին»։ * Անկէ քիչ ետք, 15 Հոկտեմբեր 1923–ի Դիտարան պարբերաթերթը, Յիսուսի ոչխարներու եւ այծերու առակը բացատրեց (Մատթէոս 25։31-46), ըսելով. «Ոչխարները ազգերուն բոլոր ժողովուրդները կը ներկայացնեն, ոչ թէ հոգիէն ծնածները, այլ անոնք որ արդարութեան հակումներ ունին, որոնք մտքով կ’ընդունին Յիսուս Քրիստոսը որպէս Տէր եւ որոնք կը յուսան իր իշխանութեան ներքեւ աւելի լաւ կեանք մը ունենալ»։

4. Երկրային դասակարգին մասին լոյսը ի՞նչպէս աւելի փայլեցաւ 1931–ին, 1932–ին եւ 1934–ին։

4 Քանի մը տարիներ ետք, 1931–ին Ջատագովում՝ Հատոր Մէկին մէջ, խօսուեցաւ Եզեկիէլ 9–րդ գլուխին մասին, աշխարհի վախճանէն վերապրելու համար իրենց ճակատներուն վրայ նշան ստացող անհատները համեմատելով վերոյիշեալ առակին ոչխարներուն հետ։ 1932–ին լոյս տեսած Ջատագովում՝ Հատոր Երեքին մէջ, կը խօսուէր ոչ–Իսրայելացի Յովնադաբի սրտի ուղիղ վիճակին մասին, որ Իսրայէլի թագաւոր օծուած Յէուի կառքին մէջ ելաւ եւ անոր հետ գնաց, որպէսզի կեղծ կրօնականները կործանելու մէջ անոր նախանձախնդրութիւնը տեսնէ։ (Դ. Թագաւորաց 10։15-17) Գիրքը այս մասին կ’ըսէր. «Յովնադաբ կը ներկայացնէ կամ կը նախագուշակէ մարդոց այն դասակարգը, որ հիմա երկրի վրայ են, այն ժամանակին երբ Յէուի [Եհովայի դատաստանները ծանուցանելու] գործը ընթացքի մէջ է։ Անոնք բարեացակամ անհատներ են, Սատանայի կազմակերպութեան հետ հաշտ չեն, արդարութեան կողմը դիրք բռնած են եւ որոնց Տէրը պիտի պահպանէ Արմագեդոնի ընթացքին, զանոնք այդ նեղութենէն դուրս պիտի հանէ եւ անոնց երկրի վրայ յաւիտենական կեանք պիտի տայ։ Ասոնք ‘ոչխար’ դասակարգը կը կազմեն»։ 1934–ին, Դիտարան–ը յստակօրէն ցոյց տուաւ որ երկրային յոյս ունեցող այս Քրիստոնեաները պէտք է Եհովայի նուիրուին եւ մկրտուին։ Այս երկրային դասակարգին վրայ լոյսը որեւէ ժամանակէ աւելի սկսաւ փայլիլ։—Առակաց 4։18

5. (ա) 1935–ին, մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս բնորոշուեցաւ։ (բ) Երբ 1935–ի համաժողովին Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ հանդիսականներուն ըսաւ որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունեցողները ոտքի կանգնին, ի՞նչ պատահեցաւ։

5 Յայտնութիւն 7։9-17–ի հասկացողութիւնը այժմ ամենայն պայծառութեամբ շողալու պատրաստ էր։ (Սաղմոս 97։11) Դիտարան պարբերաթերթը կրկին անգամ արտայայտուեցաւ որ Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի (Ա.Մ.Ն.) մէջ յայտագրուած Մայիս 30–էն Յունիս 3, 1935–ի համաժողովը «իսկապէս մխիթարական եւ շահեկան» պիտի ըլլար Յովնադաբով պատկերացուողներուն համար։ Պարագան ճիշդ այդ եղաւ։ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ աշխարհածաւալ քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը առած էր, «Մեծ Բազմութիւնը» խորագրով ոգեւորիչ դասախօսութիւն մը տալով շուրջ 20,000 հանդիսականներու, Սուրբ Գրութիւններով ապացուցանեց որ արդի ուրիշ ոչխարները եւ Յայտնութիւն 7։9–ի մեծ բազմութիւնը, նոյն դասակարգն են։ Այս դասախօսութիւնը բարձրակէտի մը հասցնելով, դասախօսը հարցուց. «Անոնք որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին, կը հաճի՞ն ոտքի ելլել»։ Երբ հանդիսականներու մեծ մաս մը ոտքի ելաւ, դասախօսը ըսաւ. «Ահա՛, մեծ բազմութիւնը»։ Նախ լռութիւն մը եղաւ, որուն յաջորդեց որոտանման ծափահարութիւն։ Ի՜նչ խանդավառ էին Յովհաննէս դասակարգը եւ Յովնադաբ խումբը։ Յաջորդ օրը, 840 նոր Վկաներ մկրտուեցան, մեծամասնութիւնը դաւանելով որ մեծ բազմութենէն է։

Մեծ Բազմութեան Ինքնութիւնը Հաստատել

6. (ա) Ինչո՞ւ յստակօրէն կը հասկնանք որ մեծ բազմութիւնը նուիրուած Քրիստոնեաներու արդի այդ խումբն է, որ կը յուսայ յաւիտեան երկրի վրայ ապրիլ։ (բ) Մեծ բազմութեան ճերմակ հանդերձները ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

6 Ի՞նչպէս կրնանք ա՛յսքան հաստատօրէն ըսել թէ մեծ բազմութիւնը նուիրուած Քրիստոնեաներու այն խումբն է, որ ներկայիս կը յուսայ Աստուծոյ ստեղծած երկրին վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Նախապէս, Յովհաննէս տեսիլքի մէջ տեսած էր երկնային խումբը, որ ‘ծախու առնուած էր Աստուծոյ համար, ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ’։ (Յայտնութիւն 5։9, 10) Մեծ բազմութիւնը նոյն ծագումը ունի, բայց անոր տարբեր բան մը վիճակուած է։ Աստուծոյ Իսրայէլին հակառակը, անոր թիւը նախասահմանուած չէ։ Ոեւէ մէկը նախապէս չի կրնար ըսել թէ անոնք ո՛րքան պիտի ըլլան։ Անոնց հանդերձները լուացուած ու Գառնուկին արիւնով ճերմկցուած են, ինչ որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի զոհագործութեան հանդէպ իրենց հաւատքին պատճառաւ Եհովայի առջեւ իրենց ունեցած արդար կեցուածքը։ (Յայտնութիւն 7։14) Անոնք արմաւենիի ոստեր կը շարժէին, Մեսիան ողջունելով որպէս իրենց Թագաւորը։

7, 8. (ա) Արմաւենիի ոստեր շարժելը անկասկած Յովհաննէս առաքեալին ի՞նչ բան յիշեցուց։ (բ) Մեծ բազմութեան անդամներուն արմաւենիի ոստեր շարժելուն իմաստը ի՞նչ է։

7 Այս տեսիլքին նայած ատեն, Յովհաննէսի խորհուրդները հաւանաբար 60 տարի ետ, երկրի վրայ անցուցած Յիսուսի վերջին շաբթուան գացած ըլլալու էին։ Հ.Դ. 33–ի 9 Նիսանին, երբ ամբոխը Երուսաղէմ մտնող Յիսուսը կ’ողջունէր, անոնք «արմաւենիի ոստեր առին ու ելան զանիկա դիմաւորելու եւ կ’աղաղակէին. ‘Ովսա՛ննա, օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։ (Յովհաննու 12։12, 13) Նմանապէս, մեծ բազմութեան արմաւենիի ոստեր շարժելը եւ աղաղակելը, Յիսուս որպէս Եհովայի կողմէ նշանակուած Թագաւոր ընդունելու անկաշկանդ ուրախութիւնը ցոյց կու տայ։

8 Անկասկած, արմաւենիի ոստերը եւ ուրախութեան աղաղակները Յովհաննէսի յիշեցուցած ըլլալու էին վաղեմի Իսրայելացիներուն Տաղաւարահարաց Տօնը։ Այս տօնին համար Եհովա պատուիրած էր. «Առաջին օրը ձեզի գեղեցիկ ծառերու պտուղ, արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր եւ ձորի ուռիներու ոստեր պէտք է առնէք ու Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ուրախանաք»։ Արմաւենիի ոստերը ուրախութեան նշան մըն էին։ Ժամանակաւոր տաղաւարները իրենց պիտի յիշեցնէին որ Եհովա իր ժողովուրդը ազատագրած էր Եգիպտոսէն, որպէսզի անապատին մէջ վրաններու տակ ապրէին։ Այս տօնախմբութեան կը մասնակցէին «օտարականը եւ որբն ու որբեւարին»։ Ամբողջ Իսրայէլը ‘ուրախութիւն պէտք էր ընէր’։—Ղեւտացւոց 23։40. Բ. Օրինաց 16։13-15

9. Մեծ բազմութիւնը ո՞ր ուրախ աղաղակին կը մասնակցի։

9 Ուստի, տեղին է որ մեծ բազմութիւնը, հոգեւոր Իսրայէլէն չըլլալով հանդերձ, արմաւենիի ոստեր շարժէ, քանի որ անոր անդամները ուրախութեամբ ու երախտագիտութեամբ յաղթանակը ու փրկութիւնը կը վերագրեն Աստուծոյ եւ Գառնուկին, ինչպէս Յովհաննէս կը տեսնէ հոս. «Եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին’»։ (Յայտնութիւն 7։10) Թէեւ անոնք տարբեր ազգութիւններէ եկած են, բայց մեծ բազմութիւնը մէկ ձայնով «մեծաձայն» կ’աղաղակէ։ Հակառակ ազգային ու լեզուական տարբերութիւններու, ասիկա ի՞նչպէս կ’ընեն։

10. Մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս միաձայնութեամբ «մեծաձայն» կ’աղաղակէ, հակառակ ազգային ու լեզուական տարբերութիւններու։

10 Այս մեծ բազմութիւնը, ներկայիս երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող միակ իրապէս միացած բազմազգային կազմակերպութեան մաս կը կազմէ։ Ամէն երկիր իր չափանիշը չունի, այլ ո՛ւր որ ապրին, անոնք Աստուածաշունչի շիտակ սկզբունքները հաստատօրէն կը կիրարկեն։ Անոնք ազգայնամոլ, յեղափոխական շարժումներու չեն մասնակցիր, հապա իրապէս իրենց ‘սուրերը խոփերու’ վերածած են։ (Եսայեայ 2։4) Անոնք աղանդներու կամ յարանուանութիւններու բաժնուած չեն, որպէսզի Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն նման շփոթեցուցիչ կամ հակասական պատգամներ աղաղակեն. ոչ ալ կը ձգեն որ արհեստավարժ կղեր դասակարգը իրենց տեղ գոհութիւն մատուցանէ։ Անոնք չեն աղաղակեր որ իրենց փրկութիւնը սուրբ հոգիին կը պարտին, քանի որ երրորդութենական աստուծոյ մը ծառաները չեն։ Համայն երկրի աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, անոնք միաբերան Եհովայի անունը կը կանչեն, ճշմարտութեան միակ մաքուր լեզուն խօսելով։ (Սոփոնեայ 3։9ՆԱ) Տեղին ըլլալով, անոնք հանրապէս կը դաւանին որ իրենց փրկութիւնը կու գայ Եհովայէ՝ փրկութեան Աստուծմէ, փրկութեան իր Գլխաւոր Գործակալին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։—Սաղմոս 3։8. Եբրայեցիս 2։10

11. Արդի արուեստագիտութիւնը ի՞նչպէս օգնած է մեծ բազմութեան, որպէսզի իրենց ձայնը աւելի բարձրացնեն։

11 Արդի արուեստագիտութիւնը նպաստած է որ միաբան մեծ բազմութեան ձայնը տակաւին աւելի բարձր լսուի։ Երկրի վրայ ուրիշ ո՛չ մէկ կրօնք կարիքը ունի աւելի քան 400 լեզուներով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող հրատարակութիւններ ի լոյս ընծայելու, քանի որ անոնցմէ որեւէ մէկը միացեալ պատգամով մը, երկրի բոլոր ժողովուրդներուն հասնելով հետաքրքրուած չէ։ Ասոր նպաստելու համար, Եհովայի Վկաներու օծեալ Կառավարիչ Մարմինին հովանաւորութեան ներքեւ, մէջտեղ բերուած է Բազմալեզու Ելեկտրոնիկ Լուսագրաշարութեան Դրութիւնը (ՄԵՓՍ)։ Այս տպագրութեան ժամանակ, ՄԵՓՍ–ի զանազան տեսակներ կը գործածուին երկրի տարածքին՝ աւելի քան 125 վայրերու մէջ, եւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է որ կիսամսեայ պարբերաթերթը՝ Դիտարան–ը աւելի քան 130 լեզուներով միաժամանակ հրատարակուի։ Եհովայի ժողովուրդը շատ մը լեզուներով գիրքեր ալ միաժամանակ կը հրատարակէ, ինչպէս սա գիրքը։ Այս կերպով, Եհովայի Վկաները, որոնց հսկայ մեծամասնութիւնը կը կազմէ մեծ բազմութիւնը, ամէն տարի հարիւր միլիոնաւոր հրատարակութիւններ կը ցրուեն բոլոր հանրածանօթ լեզուներով, օգնելով ամէն ցեղի ու լեզուի պատկանող մեծ թիւով ուրիշ անհատներու, որ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրեն եւ իրենց ձայները միացնեն մեծ բազմութեան մեծաձայն աղաղակին։—Եսայեայ 42։10, 12

Երկնքի Մէ՞ջ՝ թէ Երկրի Վրայ

12, 13. Ի՞նչ կերպով մեծ բազմութիւնը «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էր»։

12 Ի՞նչպէս գիտենք թէ մեծ բազմութեան ‘աթոռին առջեւ կեցած’ ըլլալը չի նշանակեր որ անոնք երկինքն են։ Ասիկա ապացուցանող շատ փաստեր կան։ Օրինակ, հոս «առջեւ» թարգմանուած Յունարէն բառը (է·նոբի·ոն) բառացիօրէն կը նշանակէ «աչքին առջեւ», եւ շատ անգամ գործածուած է երկրի վրայ մարդոց կապակցաբար, որոնք Եհովայի «առջեւ» կամ անոր «աչքին առջեւ» են։ (Ա. Տիմոթէոս 5։21. Բ. Տիմոթէոս 2։14. Հռովմայեցիս 14։22ՆԱ. Գաղատացիս 1։20ՆԱ) Առիթով մը, երբ Իսրայելացիները անապատին մէջ էին, Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ըսէ՝ ‘Տէրոջը առջեւ մօտեցէ՛ք. վասն զի ձեր տրտունջը լսեցի’»։ (Ելից 16։9) Իսրայելացիները երկինք փոխադրուելու կարիքը չունէին, այդ առիթով Եհովայի առջեւ կայնելու համար։ (Համեմատել՝ Ղեւտացւոց 24։8) Այլ, անոնք հո՛ն, անապատին մէջ, Եհովայի աչքին առջեւ կայնեցան եւ իր ուշադրութիւնը անոնց վրայ էր։

13 Ասկէ զատ, կը կարդանք. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ . . . անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը»։ * Մարդկային ամբողջ ցեղը երկինք պիտի չըլլայ այս մարգարէութեան կատարման ժամանակ։ Իսկ «յաւիտենական բնաջնջումի» գացողները վստահաբար երկինքի մէջ պիտի չըլլան։ (Մատթէոս 25։31-33, 41, 46ՆԱ) Այլ, մարդիկ երկրի վրայ Յիսուսի աչքին առջեւ կը կենան, եւ ան իր ուշադրութիւնը անոնց վրայ կը դարձնէ դատաստանի համար։ Նոյն կերպով, մեծ բազմութիւնը «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ» է, այն առումով որ անոնք Եհովայի եւ իր Թագաւորին Քրիստոս Յիսուսի աչքին առջեւ են եւ անոնցմէ նպաստաւոր վճիռ մը կը ստանան։

14. (ա) «Աթոռին շուրջը» եւ «[երկնային] Սիօն լերանը վրայ» եղողները որո՞նք են։ (բ) Թէեւ մեծ բազմութիւնը Աստուծոյ կը ծառայէ «իր տաճարին մէջ», բայց ասիկա ինչո՞ւ զիրենք քահանայական դաս մը չի դարձներ։

14 24 երէցները եւ 144,000 օծեալներու խումբը նկարագրուած են որպէս Եհովայի «աթոռին շուրջը» եւ «[երկնային] Սիօն լերանը վրայ»։ (Յայտնութիւն 4։4. 14։1) Մեծ բազմութիւնը քահանայական դասակարգ մը չէ եւ այդ բարձրեալ դիրքին չի հասնիր։ Ճիշդ է որ ետքը՝ Յայտնութիւն 7։15–ի մէջ նկարագրուած է որ անոնք Աստուծոյ կը ծառայեն «իր տաճարին մէջ»։ Բայց այս տաճարը ներքին սրբարանին՝ Սրբութիւն Սրբութեանցին՝ չ’ակնարկեր։ Այլ, անիկա Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթն է։ Յունարէն նա·ոս բառը, որ հոս «տաճար» թարգմանուած է, յաճախ լայն առումով Եհովայի պաշտամունքին համար կառուցուած ամբողջ շինարարութեան կ’ակնարկէ։ Ներկայիս, անիկա հոգեւոր կառոյց մըն է, որ երկինքն ու երկիրը կը պարփակէ իր մէջ։—Համեմատել՝ Մատթէոս 26։61. 27։5, 39, 40. Մարկոս 15։29, 30. Յովհաննու 2։19-21, ՆԱ, ստորանիշ։

Փառաբանութեան Տիեզերական Աղաղակ մը

15, 16. (ա) Մեծ բազմութեան յայտնուելուն ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն երկնքի մէջ։ (բ) Եհովայի հոգեղէն արարածները ի՞նչպէս կը հակազդեն իր նպատակներուն իւրաքանչիւր նոր յայտնաբերումին։ (գ) Երկրի վրայ մենք ի՞նչպէս կրնանք փառաբանութեան երգին միանալ։

15 Մեծ բազմութիւնը Եհովան կը փառաբանէ, բայց ուրիշներ ալ կը միանան այս երգին։ Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Եւ բոլոր հրեշտակները, որ աթոռին ու երէցներուն եւ չորս կենդանիներուն բոլորտիքը կեցեր էին, իրենց երեսներուն վրայ աթոռին առջեւ ինկան ու Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին, ըսելով. ‘Ամէ՛ն. օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն’»։—Յայտնութիւն 7։11, 12

16 Երբ Եհովան երկիրը ստեղծեց, իր բոլոր սուրբ հրեշտակները ‘մէկտեղ փառաբանութիւն ըրին ու Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ աղաղակեցին’։ (Յոբայ 38։7) Հրեշտակները հաւանաբար փառաբանութեան նոյն աղաղակը բարձրացուցած ըլլալու են Եհովայի նպատակներուն իւրաքանչիւր նոր յայտնաբերումին։ Երբ 24 երէցները՝ իրենց երկնային փառքին մէջ եղող 144,000–ը՝ Գառնուկին հանդէպ իրենց երախտագիտութիւնը բարձրաձայն կը յայտնեն, Աստուծոյ երկնային մնացեալ բոլոր արարածներն ալ իրենց կը միանան, Յիսուսի եւ Եհովա Աստուծոյ փառաբանութիւն մատուցանելու համար։ (Յայտնութիւն 5։9-14) Արդէն, այս արարածները ցնծութեամբ դիտած էին երկնային ոլորտին մէջ հաւատարիմ օծեալ անհատներուն փառաւոր դիրքի յարուցանուելով Եհովայի նպատակին կատարումը։ Արդ, Եհովայի հաւատարիմ երկնային բոլոր արարածները քաղցրահնչիւն փառաբանութիւն մը կը թնդացնեն, մեծ բազմութեան յայտնուելուն ի տես։ Արդարեւ, Եհովայի բոլոր ծառաներուն համար, տէրունական օրուան մէջ ապրիլը խայտալի ժամանակ մըն է։ (Յայտնութիւն 1։10) Երկրի վրայ, Եհովայի Թագաւորութեան մասին վկայելով, փառաբանութեան երգին մասնակցելու մե՜ծ առանձնաշնորհումը ունինք։

Մեծ Բազմութիւնը կը Յայտնուի

17. (ա) Ի՞նչ հարցում կ’ուղղէ 24 երէցներէն մէկը, եւ երէցին ասոր պատասխանը գտնելը ի՞նչ կը թելադրէ։ (բ) Երէցին հարցումը ե՞րբ պատասխանուեցաւ։

17 Յովհաննէս առաքեալի օրերէն մինչեւ տէրունական օրը, մեծ բազմութեան ինքնութիւնը տարակուսանքի մէջ ձգած էր օծեալ Քրիստոնեաները։ Ուստի շատ յարմար է որ արդէն երկնքի մէջ եղող օծեալները ներկայացնող 24 երէցներէն մէկը Յովհաննէսի միտքը գրգռէ տեղին հարցումով մը։ «Ու երէցներէն մէկը ինծի ըսաւ. ‘Ասոնք որ ճերմակ հանդերձներ հագած են՝ ո՞վ են եւ ուրկէ՞ եկան’։ Ես ալ ըսի անոր. ‘Տէ՛ր իմ, դուն գիտես’»։ (Յայտնութիւն 7։13, 14ա) Այո, այդ երէցը կրնար պատասխանը գտնել եւ Յովհաննէսի ըսել։ Ասիկա կը թելադրէ որ 24 երէցներու խումբին յարուցեալ անդամները կրնան աստուածային ճշմարտութիւնները հաղորդելու մէջ իրենց բաժինը բերել ներկայիս։ Իսկ երկրի վրայ գտնուող Յովհաննէս դասակարգը իր կարգին, մեծ բազմութեան ինքնութիւնը հասկցաւ, իրենց մէջ Եհովայի ըրած բաներուն ուշադրութեամբ հետեւելով։ Անոնք անմիջապէս գնահատեցին աստուածային լոյսին շլացուցիչ փայլքը, որ աստուածպետական հաստատութիւնը լուսաւորեց 1935–ին, Եհովայի յարմար տեսած ժամանակին։

18, 19. (ա) Յովհաննէս դասակարգը ո՞ր յոյսին վրայ շեշտ դրաւ 1920–ական եւ 1930–ական տարիներու ընթացքին, բայց որո՞նք պատգամին ընդառաջեցին երթալով աւելցող թիւով մը։ (բ) 1935–ին մեծ բազմութեան բնորոշումը ի՞նչ բան նշեց 144,000–ի կապակցաբար։ (գ) Յիշատակատօնի վիճակագրութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան։

18 1920–ական տարիներու ընթացքին ու 1930–ական տարիներու սկիզբը, Յովհաննէս դասակարգը երկնային յոյսին վրայ շեշտ դրած էր, թէ՛ հրատարակութեանց եւ թէ քարոզչութեան մէջ։ Երեւութապէս, տակաւին 144,000–ի թիւը պէտք էր ամբողջանար։ Բայց պատգամին ուշադրութիւն ընծայող եւ վկայութեան մէջ եռանդ ցուցաբերողներու հետզհետէ աւելցող թիւը, Դրախտ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ։ Անոնք երկինք երթալու փափաք չունէին։ Իրենց կոչումը այդ չէր։ Անոնք պզտիկ հօտին մաս չէին կազմեր, այլ՝ ուրիշ ոչխարներուն։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։16) Երբ 1935–ին բացայայտ եղաւ որ անոնք ուրիշ ոչխարներէ բաղկացած մեծ բազմութիւնը կը կազմեն, ասիկա ինքնին ցոյց կու տար որ 144,000–ին ընտրութիւնը այն ատեն ամբողջանալու վրայ էր։

19 Տուեալները կը հաստատե՞ն ասիկա։ Այո՛։ 1938–ին համայն աշխարհի մէջ 59,047 Եհովայի Վկաներ քարոզչութեան կը մասնակցէին։ Անոնցմէ 36,732–ը Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին խորհրդանիշներուն մասնակցեցան, ապացուցանելով որ երկնային կոչում ունէին։ Այդ տարուընէ սկսեալ, այդ խորհրդանիշներուն մասնակցողներուն թիւը հետզհետէ նուազած է, գլխաւորաբար քանի որ Եհովայի հաւատարիմ Վկաներ մահուամբ իրենց երկրային ընթացքը աւարտած են։ 2006–ին միմիայն 8,758 անհատներ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցեցան. համայն երկրի մէջ այդ տօնակատարութեան ներկայ գտնուող 16,675,113 անհատներուն միայն 0.05 տոկոսը։

20. (ա) Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ մեծ բազմութեան մասին առանձնաբար ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Հիմա ո՞ր իրողութիւնները ցոյց կու տան որ մեծ բազմութիւնը իրապէս մեծ է։

20 Երբ Բ. Աշխարհամարտը ծագեցաւ, Սատանան մեծ ջանք թափեց, որպէսզի մեծ բազմութեան հաւաքումը կասեցնէ։ Եհովայի գործը բազմաթիւ երկիրներու մէջ արգիլուեցաւ։ Այդ խաւար օրերու ընթացքին, 1942–ի Յունուարին՝ իր մահուընէ քիչ առաջ, Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ առանձնաբար ըսաւ. «Այո, . . . այնպէս կը թուի որ մեծ բազմութիւնը այդքան ալ մեծ պիտի չըլլայ»։ Սակայն աստուածային օրհնութիւնը անոր տարբեր ուղղութիւն տուաւ։ 1946–ին, համայն աշխարհի մէջ ծառայող Վկաներուն թիւը 176,456–ի բարձրացաւ՝ մեծամասնութիւնը մեծ բազմութենէն ըլլալով։ 2006–ին, 6,491,775 Վկաներ հաւատարմօրէն Եհովայի կը ծառայէին 236 երկիրներու մէջ. արդարեւ ՄԵԾ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, որուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ։

21. (ա) Տէրունական օրուան ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդին հունձքը ի՞նչպէս Յովհաննէսի տեսիլքին հետ ներդաշնակ եղած է։ (բ) Կարեւոր մարգարէութիւններէն ոմանք ի՞նչպէս սկսան կատարուիլ։

21 Տէրունական օրուան ընթացքին Աստուծոյ ծառաներուն հունձքը արդարեւ Յովհաննէսի տեսիլքին հետ լիովին ներդաշնակ եղած է. նախ 144,000–ի մնացորդին հաւաքումի գործը, ապա՝ մեծ բազմութեան։ Ինչպէս Եսային մարգարէացած էր, հիմա՝ «վերջին օրեր»ուն, ամէն ազգէ անհատներ կը խուժեն, Եհովայի մաքուր պաշտամունք մատուցանելու համար։ Իրապէս ցնծութեամբ կը գնահատենք Եհովայի ստեղծած ‘նոր երկինքն ու նոր երկիրը’։ (Եսայեայ 2։2-4. 65։17, 18) Աստուած դարձեալ «ամէն բան [կը] բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ»։ (Եփեսացիս 1։10) Երկնային Թագաւորութեան օծեալ ժառանգակիցները, որոնք Յիսուսի օրերէն սկսեալ դարերու ընթացքին ընտրուած են, կը ներկայացնեն ‘ինչ որ երկինքը կայ’։ Իսկ հիմա, ‘երկրի վրայ’ եղած բաներուն սկիզբը՝ ուրիշ ոչխարներէ բաղկացած մեծ բազմութիւնը յայտնուած է։ Այս կարգադրութեան համաձայն եթէ ծառայէք, անիկա կրնայ յաւիտենական ուրախութիւն նշանակել ձեզի համար։

Մեծ Բազմութեան Օրհնութիւնները

22. Յովհաննէս ի՞նչ յաւելեալ տեղեկութիւն կը ստանայ մեծ բազմութեան մասին։

22 Աստուածային խողովակով, Յովհաննէս յաւելեալ տեղեկութիւններ կը ստանայ այս մեծ բազմութեան մասին. «[Երէցը] ըսաւ ինծի. ‘Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին. անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ’»։—Յայտնութիւն 7։14բ, 15

23. Ի՞նչ է այն մեծ նեղութիւնը որմէ դուրս ‘կու գայ’ մեծ բազմութիւնը։

23 Առիթով մը Յիսուս ըսած էր որ թագաւորական փառքով իր ներկայութեան վերջաւորութեան «այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21, 22) Այդ մարգարէութիւնը կատարելու համար, հրեշտակները երկրի չորս հովերը ազատ պիտի արձակեն, Սատանայի աշխարհի դրութիւնը կործանելու համար։ Մեծն Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը՝ առաջինն է որ մէջտեղէն պիտի վերցուի։ Ապա, երբ նեղութիւնը իր գագաթնակէտին հասնի, Յիսուս 144,000–ի երկրի վրայ գտնուած մնացորդը, բազմածաւալ մեծ բազմութեան հետ պիտի ազատէ։—Յայտնութիւն 7։1. 18։2

24. Մեծ բազմութեան անդամները վերապրելու համար ի՞նչպէս որակեալ կ’ըլլան։

24 Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչպէս վերապրելու համար որակեալ կ’ըլլան։ Երէցը Յովհաննէսի կ’ըսէ որ անոնք «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին»։ Ուրիշ խօսքով, անոնք Յիսուսի հաւատք ընծայած են, որպէս իրենց Փրկարարը, Եհովայի նուիրուած են, իրենց նուիրումը ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշած են, եւ իրենց ուղիղ վարքով «մաքուր խղճմտանք» ունեցած են։ (Ա. Պետրոս 3։16, 21. Մատթէոս 20։28) Այս կերպով, անոնք մաքուր ու արդար են Եհովայի աչքին եւ իրենք զիրենք ‘անարատ կը պահեն աշխարհէն’։—Յակոբու 1։27

25. (ա) Մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս Եհովայի «կը ծառայեն ցերեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ»։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս ‘իր վրանը կը տարածէ’ մեծ բազմութեան վրայ։

25 Ասկէ զատ, անոնք Եհովայի նախանձախնդիր Վկաները եղած են, «եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ»։ Դուք այս նուիրուած մեծ բազմութեան մաս կը կազմէ՞ք։ Եթէ այո՛, ձեր առանձնաշնորհումն է անդադար Եհովայի ծառայել, իր հոգեւոր մեծ տաճարին երկրային գաւիթին մէջ։ Ներկայիս, օծեալներու առաջնորդութեան ներքեւ, մեծ բազմութիւնը վկայութեան գործին մեծագոյն մասը կը կատարէ։ Աշխարհային պատասխանատուութիւններ ունենալով հանդերձ, անոնցմէ հարիւր հազարաւորներ որպէս ռահվիրաներ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկած են։ Բայց այդ խումբէն ըլլաք կամ ոչ, որպէս մեծ բազմութեան նուիրուած անդամ մը, ձեր հաւատքին ու գործերուն պատճառաւ կրնաք արդար յայտարարուիլ որպէս Աստուծոյ բարեկամը եւ հիւրասիրուիլ իր վրանին տակ։ (Սաղմոս 15։1-5. Յակոբու 2։21-26) Այս կերպով Եհովա զինք սիրողներուն վրայ ‘իր վրանը կը տարածէ’ եւ որպէս բարի հիւրընկալ՝ կը պաշտպանէ զիրենք։—Առակաց 18։10

26. Մեծ բազմութիւնը ուրիշ ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։

26 Երէցը կը շարունակէ ըսել. «Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ. վասն զի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ (Յայտնութիւն 7։16, 17) Այո, Եհովա իրապէս հիւրասէր է։ Բայց այս խօսքերուն խոր իմաստը ի՞նչ է։

27. (ա) Եսային ի՞նչպէս երէցին խօսքերուն նման բան մը մարգարէացաւ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Եսայիի մարգարէութիւնը սկսաւ Պօղոսի օրերուն քրիստոնէական ժողովքին կիրարկուիլ։

27 Նոյն արտայայտութեամբ ըսուած ուրիշ մարգարէութիւն մը նկատի առնենք։ «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ընդունելի ժամանակի մը մէջ քեզի լսեցի, փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի, . . . անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւին, խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնէ անոնց, քանզի անոնց ողորմութիւն ընողը պիտի առաջնորդէ անոնց ու ջուրի աղբերակներու քով պիտի տանի զանոնք’»։ (Եսայեայ 49։8, 10. տես նաեւ՝ Սաղմոս 121։5, 6) Պօղոս առաքեալ այս մարգարէութեան մէկ մասը մէջբերեց եւ զայն կիրարկեց «փրկութեան օր»ուան, որ սկսաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Ան գրեց. «‘Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ [Եհովա], եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի’։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։—Բ. Կորնթացիս 6։2

28, 29. (ա) Եսայիի խօսքերը ի՞նչպէս կատարուեցան առաջին դարուն։ (բ) Յայտնութիւն 7։16–ի խօսքերը ի՞նչպէս կը կատարուին մեծ բազմութեան վրայ։ (գ) Մեծ բազմութիւնը «կենդանի ջուրերու աղբիւրները» առաջնորդուելուն արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ (դ) Մեծ բազմութեան անդամները ինչո՞ւ մարդկութեան մէջ բացառիկներ պիտի ըլլան։

28 Չանօթենալու, չծարաւելու եւ խորշակը չզարնելու այս խոստումը ի՞նչպէս կիրարկուեցաւ այդ ժամանակ։ Վստահաբար, առաջին դարու Քրիստոնեաները բառացի անօթութենէ եւ ծարաւէ տառապեցան երբեմն։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-27) Հոգեւոր առումով սակայն, անոնք առատութեան մէջ էին։ Անոնց պէտքերը առատօրէն հայթայթուած էին, այնպէս որ անոնք հոգեւոր բաներու անօթութիւն կամ ծարաւ չունէին։ Ասկէ զատ, Եհովա իր բարկութեան տաքութիւնը անոնց վրայ չբերաւ, երբ հրէական իրերու դրութիւնը կործանեց Հ.Դ. 70–ին։ Յայտնութիւն 7։16–ի խօսքերը նոյնանման հոգեւոր կատարում մը ունին ներկայ մեծ բազմութեան վրայ։ Օծեալ Քրիստոնեաներու հետ, անոնք հոգեւոր ճոխ հայթայթումներ կը վայելեն։—Եսայեայ 65։13. Նաւումայ 1։6, 7

29 Եթէ դուք այդ մեծ բազմութեան մէկ անդամն էք, ձեր սրտի լաւ վիճակը պատճառ պիտի ըլլայ որ ‘ուրախութեամբ ցնծաք’, Սատանայի դրութեան այս վերջալոյսի տարիներու ընթացքին, ի՛նչպիսի զրկանքներու եւ ճնշումներու ալ տոկալու ըլլաք։ (Եսայեայ 65։14) Այդ առումով, հիմակուընէ իսկ Եհովա ‘բոլոր արցունքները կրնայ սրբել ձեր աչքերէն’։ Այլեւս Աստուծոյ դատապարտութեան կիզիչ «արեւը» ձեզի չի սպառնար, եւ երբ կործանումի չորս հովերը ազատ արձակուին, Եհովայի տհաճութեան ‘տաքութենէն’ պիտի խնայուիք։ Այդ կործանումը վերջանալէ ետք, որպէսզի լիովին կազդուրուիք, Գառնուկը «կենդանի ջուրերու աղբիւրները» պիտի առաջնորդէ ձեզ, որոնք կը ներկայացնեն այն բոլոր կարգադրութիւնները, զորս Եհովա ըրած է որպէսզի յաւիտենական կեանք շահիք։ Գառնուկին արեան վրայ ձեր ունեցած հաւատքը պիտի ջատագովուի, որովհետեւ աստիճանաբար մարդկային կատարելութեան պիտի հասնիք։ Դուք որպէս մեծ բազմութիւն, մարդկութեան մէջ բացառիկներ պիտի ըլլաք, որպէս «միլիոնաւորներ» որոնք բնաւ չմեռան։ Այն ատեն բառին բուն առումով, ձեր աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբուին։—Յայտնութիւն 21։4

Կոչումէն Վստահ Ըլլալ

30. Յովհաննէսի տեսիլքը մեր դիմաց ի՞նչ հոյակապ մտապատկեր մը կը պարզէ, եւ ո՞վ պիտի կարենայ «դիմանալ»։

30 Այս խօսքերը ի՜նչ հոյակապ մտապատկեր մը կը պարզեն մեր դիմաց։ Եհովա իր աթոռին վրայ է, եւ իր բոլոր ծառաները՝ երկնային թէ երկրային՝ միաձայնութեամբ զինք կը գովաբանեն։ Իր երկրային ծառաները կը գիտակցին որ ակնածանք ներշնչող առանձնաշնորհում մըն է երթալով բարձրացող այս գովաբանութեան մասնակցիլ։ Շատ շուտով, Եհովա եւ Քրիստոս Յիսուս դատաստան ի գործ պիտի դնեն եւ հետեւեալ աղաղակը պիտի լսուի. «Անոր բարկութեանը մեծ օրը եկաւ եւ ո՞վ կրնայ դիմանալ»։ (Յայտնութիւն 6։17) Պատասխա՞նը։ Մարդոց մէջէն միայն փոքրամասնութիւն մը, մէջը ըլլալով 144,000 կնքուածներէն անոնք որ թերեւս տակաւին մարմնի մէջ են եւ ուրիշ ոչխարներէ բաղկացած մեծ բազմութիւն մը, որոնք պիտի ‘կայնին’, այսինքն՝ պիտի վերապրին։—Երեմեայ 35։19. Ա. Կորնթացիս 16։13

31. Յովհաննէսի տեսիլքին կատարումը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ Քրիստոնեաներուն վրայ՝ թէ՛ օծեալներուն եւ թէ մեծ բազմութեան վրայ։

31 Այս իրողութեան ի տես, Յովհաննէս դասակարգի օծեալ Քրիստոնեաները քրտնաջան կ’աշխատին «նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեն»։ (Փիլիպպեցիս 3։14) Անոնք քաջատեղեակ են որ այս օրերու դէպքերը իրենց կողմէ մասնայատուկ համբերութիւն կը պահանջէ։ (Յայտնութիւն 13։10) Այսքան երկար տարիներ Եհովայի հաւատարմաբար ծառայելէ ետք, անոնք հաւատքը ամուր կը բռնեն, ուրախանալով որ իրենց անունները «երկինքը գրուած են»։ (Ղուկաս 10։20. Յայտնութիւն 3։5) Մեծ բազմութենէն եղողներն ալ գիտեն որ «ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Մինչ որպէս խումբ մեծ բազմութիւնը նշան կը ստանայ, որպէսզի մեծ նեղութենէն դուրս գայ, սակայն անհատաբար ջանք պէտք է թափենք մաքուր եւ գործունեայ մնալու համար։

32. Ի՞նչ ստիպողական կացութիւն ընդգծուած է այն իրողութեամբ թէ Եհովայի բարկութեան օրը, միայն երկու խումբ պիտի կարենան «դիմանալ»։

32 Ոչ մէկ ապացոյց կայ թէ այս երկու խումբերէն դուրս, ոեւէ մէկը պիտի կարենայ Եհովայի բարկութեան օրը «դիմանալ»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ այդ միլիոնաւոր մարդոց համար, որոնք որոշ յարգանք մը ցոյց կու տան Յիսուսի զոհագործութեան հանդէպ, իր մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելով եւ սակայն Եհովայի նուիրուած ու մկրտուած ծառայ մը ըլլալու եւ իր ծառայութեան մէջ գործունեայ ըլլալու աստիճան հաւատք չունին Յիսուսի զոհագործութեան վրայ։ Ասկէ զատ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք ժամանակ մը գործունեայ էին, բայց թոյլ տուին որ իրենց սիրտը «աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ»։ Կը մաղթենք որ այսպիսի անհատներ արթննան եւ արթուն մնան, որպէսզի կարենան ‘այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիլ եւ Որդին մարդոյ [Յիսուս Քրիստոսի] առջեւ կայնելու արժանի ըլլալ’։ Ժամանակը կարճ է։—Ղուկաս 21։34-36

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Տես՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով, ստորանիշ։

^ պարբ. 3 Դիտարան 1 Ապրիլ 1918, էջ 98։

^ պարբ. 13 Բառացիօրէն՝ «իր դիմաց», Անթիլիաս թարգմանութիւն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 119]

Մեկնութիւնները Աստուծոյ կը պատկանին

Յովհաննէս դասակարգը բազմաթիւ տասնամեակներու տեւողութեան հարց տուած էր մեծ բազմութեան ինքնութեան մասին, առանց գոհացուցիչ բացատրութիւն մը գտնելու։ Ինչո՞ւ։ Պատասխանը կը գտնենք հաւատարիմ Յովսէփի խօսքերուն մէջ, որ ըսաւ. «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»։ (Ծննդոց 40։8) Աստուած իր մարգարէութիւններուն կատարումը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս կը մեկնէ։ Սովորաբար երբ անոնք կատարուելու վրայ են կամ կատարուելու ընթացքի մէջ են, որպէսզի անոր պատգամը յստակօրէն ըմբռնուի իր խուզարկու ծառաներուն կողմէ։ Այս հասկացողութիւնը կը տրուի որ «սորվի[ն]ք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։—Հռովմայեցիս 15։4

[Շրջանակ՝ էջ 124]

Մեծ բազմութեան անդամները

▪ բոլոր ազգերէն եւ ցեղերէն ու ժողովուրդներէն եւ լեզուներէն կու գան

▪ Եհովայի աթոռին առջեւ կը կենան

▪ իրենց հանդերձները Գառնուկին արիւնովը լուալով կը ճերմկցնեն

▪ փրկութիւնը Եհովայի եւ Յիսուսի կը վերագրեն

▪ մեծ նեղութենէն դուրս կու գան

▪ ցերեկ ու գիշեր Եհովայի կը ծառայեն իր տաճարին մէջ

▪ Եհովայի սիրալիր պաշտպանութիւնը եւ հոգածութիւնը կը ստանան

▪ Յիսուսի կողմէ կենդանի ջուրերու աղբիւրները կ’առաջնորդուին

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 121]

[Նկար՝ էջ 127]

Մեծ բազմութիւնը փրկութիւնը Աստուծոյ եւ Գառնուկին կը պարտի

[Նկար՝ էջ 128]

Գառնուկը մեծ բազմութիւնը կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ