Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերապրելու համար Աստուածաշունչին մղած պայքարը

Վերապրելու համար Աստուածաշունչին մղած պայքարը

Գլուխ 2

Վերապրելու համար Աստուածաշունչին մղած պայքարը

Բազմաթիւ ապացոյցներ կան, որոնք կը փաստեն թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։ Իւրաքանչիւր ապացոյց ինքնին զօրաւոր է, բայց երբ բոլորը միացուին՝ անոնք անժխտելի կը դառնան։ Այս եւ յաջորդ գլուխին մէջ, անոնցմէ միայն մէկը պիտի շօշափենք. Աստուածաշունչի պատմութիւնը՝ որպէս գիրք մը։ Ճշմարտութիւնը այն է թէ այս յատկանշական գիրքին մինչեւ մեր օրերը վերապրած ըլլալը իրապէս հրաշք մըն է։ Իրողութիւնները անձամբ քննեցէք։

1. Աստուածաշունչին կարգ մը մանրամասնութիւնները ի՞նչ են։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ սովորական գրքէ մը աւելին է։ Անիկա ճոխ գրադարան մըն է, որ կը բաղկանայ 66 գիրքերէ, որոնցմէ ոմանք կարճ են, իսկ ուրիշներ՝ բաւական երկար, պարունակելով օրէնք, մարգարէութիւն, պատմութիւն, բանաստեղծութիւն, խրատ եւ տակաւին շատ աւելին։ Քրիստոսի ծնունդէն դարեր առաջ, առաջին 39 գիրքերը գրուեցան մեծաւ մասամբ Եբրայերէնով, հաւատարիմ Հրեաներու, կամ Իսրայելացիներու, կողմէ։ Այս մասը յաճախ կը կոչուի Հին Կտակարան։ Վերջին 27 գիրքերը գրուեցան Յունարէնով, Քրիստոնեաներու կողմէ եւ սովորաբար կը ճանչցուին որպէս Նոր Կտակարան։ Ըստ անոր պարունակութեան եւ ամենահին աւանդութիւններուն, այս 66 գիրքերը գրուեցան շուրջ 1,600 տարիներու ժամանակաշրջանի մը մէջ, սկսելով՝ երբ Եգիպտոս տիրական ոյժ մըն էր եւ վերջանալով՝ երբ Հռովմ աշխարհի տիրուհին էր։

Միմիայն Աստուածաշունչը Վերապրեցաւ

2. (ա) Իսրայէլի վիճակը ի՞նչ էր երբ Աստուածաշունչը սկսաւ գրուիլ։ (բ) Նոյն ժամանակաշրջանին կատարուած գրական աշխատանքներէն ոմանք ի՞նչ էին։

2 Աւելի քան 3,000 տարիներ առաջ, երբ Աստուածաշունչի գրութիւնը սկսաւ, Իսրայէլը Միջին Արեւելքի շատ մը ազգերու կողքին փոքր ազգ մըն էր։ Եհովան անոնց Աստուածն էր, մինչ շրջակայ ազգերը չաստուածներու եւ չաստուածուհիներու շփոթեցուցիչ շարք մը ունէին։ Այդ ժամանակաշրջանին, միայն Իսրայելացիները չէին, որոնք կրօնական գրականութիւններ ունէին։ Ուրիշ ազգեր ալ գրական աշխատանքներ ունէին, որոնք կը ցոլացնէին իրենց կրօնքը եւ ազգային արժէքները։ Օրինակի համար, Միջագետքէն Կիլկամէշի Ագգատեան առասպելը եւ Ռաս Շամրայի դիւցազներգութիւնները, որոնք գրուած էին Ուկարերէնով (լեզու մը՝ որ ներկայ հիւսիսային Սուրիոյ համապատասխանող շրջանին մէջ կը խօսուէր), անկասկած շատ ժողովրդական էին։ Այդ դարաշրջանի ճոխ գրականութիւնը նաեւ կը բովանդակէր երկեր, զոր օրինակ, Եգիպտական լեզուով Իփու–ուէրի Ողբերը եւ Նեֆեր–րուհիի Մարգարէութիւնը, տարբեր չաստուածութիւններու ձօնուած Սումերերէն շարականներ եւ Ագգատերէն մարգարէական երկեր։1

3. Աստուածաշունչը ի՞նչ բանով կը տարբերի Միջին Արեւելքի մէջ նոյն ժամանակաշրջանին արտադրուած կրօնական ուրիշ գրականութիւններէն։

3 Միջին Արեւելեան այս բոլոր երկերը, սակայն, նոյն ճակատագրին ենթարկուեցան։ Անոնք մոռացութեան մատնուեցան եւ նոյնիսկ անոնց համար գործածուած լեզուները մեռած լեզուներ դարձան։ Միմիայն այս վերջին տարիներուն էր որ հնագէտներ եւ լեզուագէտներ անոնց գոյութեան մասին իմացան եւ հասկցան զանոնք կարդալու կերպը։ Միւս կողմէն, Աստուածաշունչին Եբրայերէն առաջին գիրքերը վերապրեցան մինչեւ մեր օրերը եւ տակաւին մեծապէս կը կարդացուին։ Երբեմն ուսումնականներ կը դաւանին որ Աստուածաշունչի Եբրայերէն գիրքերը կերպով մը ներշնչուած են այդ վաղեմի գրական աշխատանքներէն։ Բայց այն իրողութիւնը թէ այդ գրականութիւններուն մեծամասնութիւնը մոռացութեան մատնուած է, մինչ Եբրայերէն Աստուածաշունչը՝ վերապրած, կը նշէ թէ Աստուածաշունչը յատկանշականօրէն տարբեր է։

Խօսքին Պահպանիչները

4. Իսրայելացիներուն ո՞ր լուրջ խնդիրները կրնային վտանգ սպառնալ Աստուածաշունչի վերապրումին։

4 Բնաւ չսխալիք, մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, Աստուածաշունչին վերապրումը աներկբայելի չէր։ Զայն յառաջ բերած համայնքները այնքան դժուար փորձութիւններու եւ դառն ճնշումներու ենթարկուեցան որ անոր վերապրումը մինչեւ մեր օրերը իրապէս յատկանշական է։ Քրիստոսի նախորդող տարիներուն, Հրեաները, որոնք յառաջ բերին Եբրայերէն Գրութիւնները («Հին Կտակարան»ը), յարաբերաբար փոքր ազգ մըն էին։ Իրենց կամքէն անկախ, անոնք կապրէին քաղաքական հզօր պետութիւններու ներքեւ, որոնք կը ջանային իրենց գերիշխանութիւնը պարտադրել։ Իսրայէլը ստիպուած էր իր վերապրումին համար պայքարիլ, յաջորդաբար Փղշտացիներու, Մովաբացիներու, Ամմոնացիներու եւ Եդովմացիներու նման ազգերու դէմ։ Այն շրջանին երբ Եբրայեցիները երկու թագաւորութիւններու բաժնուած էին, անգութ Ասորական Կայսրութիւնը վերջապէս հիւսիսային թագաւորութիւնը բնաջնջեց, մինչ Բաբելոնացիները կործանեցին հարաւային թագաւորութիւնը, ժողովուրդը աքսորելով, որմէ միայն մնացորդ մը վերադարձաւ 70 տարի ետք։

5, 6. Ի՞նչ փորձեր կատարուեցան, որոնք սպառնացին Եբրայեցի ժողովուրդին բուն իսկ գոյութեան։

5 Ըստ տեղեկագրութիւններուն, Իսրայելացիներու դէմ նոյնիսկ ջարդերու փորձեր կազմակերպուեցան։ Մովսէսի օրերուն, Փարաւոնը հրամայեց որ բոլոր նորածին տղաքը սպաննուին։ Եթէ այս հրամանը գործադրուէր, Եբրայեցի ժողովուրդը բնաջնջուած պիտի ըլլար։ (Ելից 1։1522) Բաւական ետք, երբ Հրեաները Պարսկական իշխանութեան ներքեւ էին, անոնց թշնամիները դաւադրութեամբ օրէնք մը հանել տուին, որու նպատակն էր զանոնք բնաջնջել։ (Եսթերայ 3։115) Այս ծրագրին ձախողութիւնը մինչեւ այսօր կը տօնակատարուի Հրէական Փուրիմի Տօնով։

6 Տակաւին աւելի ետք, երբ Հրեաները Սուրիոյ կողմէ նուաճուեցան, Անտիոքոս Դ. Թագաւորը ծանր պայքարեցաւ զանոնք Հելլենացնելու համար, ստիպելով որ անոնք Յունական սովորութիւններու հետեւին եւ Յոյն չաստուածներ պաշտեն։ Ան ալ ձախողեցաւ։ Փոխանակ բնաջնջուելու կամ ձուլուելու, Հրեաները վերապրեցան, մինչ անոնց շուրջ գտնուած շատ մը ազգային խմբակներ մէկը միւսին ետեւէն անհետացան աշխարհի թատերաբեմէն։ Իսկ Աստուածաշունչի Եբրայերէն Գրութիւնները վերապրեցան անոնց հետ։

7, 8. Աստուածաշունչի վերապրումը ինչպէ՞ս վտանգուեցաւ Քրիստոնեաներուն կրած հալածանքներով։

7 Քրիստոնեաները, որոնք յառաջ բերին Աստուածաշունչին երկրորդ մասը («Նոր Կտակարան»ը), նոյնքան հարստահարուած խմբակ մըն էին։ Անոնց առաջնորդը՝ Յիսուս՝ սպաննուեցաւ հասարակ ոճրագործի մը պէս։ Իր մահէն քիչ ետք, Պաղեստինի Հրեայ հեղինակութիւնները ջանացին բնաջնջել զանոնք։ Երբ անոնք Քրիստոնէութիւնը ուրիշ երկիրներու մէջ տարածեցին, Հրեաները զանոնք հալածեցին, փորձելով արգելք հանդիսանալ անոնց միսիոնարական գործին։—Գործք 5։27, 28. 7։5759. 11։1921. 13։45. 14։18. 18։5, 6

8 Ներոնի օրերուն, Հռովմի հեղինակութիւններուն նախապէս ունեցած հանդուրժողական դիրքը փոխուեցաւ։ Տակիտոս կը պարծենար այդ անզգամ կայսրին Քրիստոնեաներուն ենթարկել տուած «գերազանց չարչարանքներով», իսկ իր օրերէն սկսեալ, Քրիստոնեայ մը ըլլալը մեծ յանցանք նկատուեցաւ։2 Հ.Դ. 303–ին, Դիոկղետիանոս Կայսրը ուղղակիօրէն քայլեր առաւ Աստուածաշունչին դէմ։ * Քրիստոնէութիւնը ջախջախելու ջանքով, ան հրամայեց որ բոլոր Քրիստոնէական Աստուածաշունչերը այրուին։3

9. Եթէ Հրեաները եւ Քրիստոնեաները բնաջնջելու արշաւները յաջողէին, ի՞նչ պատահած պիտի ըլլար։

9 Կեղեքումի եւ ջարդի այս արշաւները իրապէս կը սպառնային Աստուածաշունչի վերապրումին։ Եթէ Հրեաները Փղշտացիներուն եւ Մովաբացիներուն ճակատագրին ենթարկուէին, կամ եթէ նախ Հրեաներուն եւ ապա Հռովմէացի հեղինակութիւններուն կողմէ Քրիստոնէութիւնը բնաջնջելու համար թափուած ջանքերը յաջողէին, ո՞վ գրած եւ պահպանած պիտի ըլլար Աստուածաշունչը։ Բարեբախտաբար, Աստուածաշունչի պահպանիչները՝ նախ Հրեաները եւ ապա Քրիստոնեաները՝ չբնաջնջուեցան, իսկ Աստուածաշունչը վերապրեցաւ։ Այսուհանդերձ, ուրիշ լուրջ վտանգ մը կը սպառնար՝ Աստուածաշունչի աղաւաղումը։

Թերի Պատճեններ

10. Սկիզբը Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս պահպանուեցաւ։

10 Վերոյիշեալ վաղեմի գրական աշխատանքներէն շատերը, որոնք հետագային մոռացութեան մատնուեցան, քարերու վրայ քանդակուած կամ տոկուն կաւէ տախտակներու վրայ խարանուած էին, սակայն ոչ՝ Աստուածաշունչը։ Անիկա նախապէս գրուեցաւ շատ աւելի դիւրաւ փճացող նիւթերու՝ պապիրոսի կամ մագաղաթի վրայ։ Հետեւաբար, բնագիրները շատոնց կորսուած են։ Արդ, Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս պահպանուեցաւ։ Հազարաւոր անխոնջ ձեռային ընդօրինակութիւններ կատարուեցան։ Տպագրութեան գիւտէն առաջ, գիրք մը վերարտադրելու բնականոն կերպը այս էր։

11. Երբ ձեռագիր ընդօրինակութիւններ կատարուին, ի՞նչ բան անխուսափելի է։

11 Սակայն, ձեռագիր ընդօրինակութեան մէջ վտանգ մը կայ։ Համբաւաւոր հնագէտ եւ Բրիտանական Թանգարանի գրադարանապետ Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն բացատրեց. «Տակաւին մարդկային ձեռք մը եւ ուղեղ մը չեն ստեղծուած որ կարող ըլլան այսքան երկար աշխատանք մը ընդօրինակել՝ բացարձակապէս առանց սխալի։ ... Վստահաբար սխալներ պիտի սպրդէին»։4 Երբ ձեռագրի մը մէջ սխալ մը սպրդէր, անիկա կը կրկնուէր երբ այդ ձեռագիրը ապագայ ընդօրինակութիւններու հիմը կազմէր։ Քանի որ երկար ժամանակաշրջանի մը մէջ շատ մը ընդօրինակութիւններ կատարուեցան, բազմաթիւ մարդկային սխալներ սպրդեցան։

12, 13. Եբրայերէն Գրութիւններուն բովանդակութիւնը պահպանելու պատասխանատուութիւնը որո՞նց վստահուեցաւ։

12 Կատարուած հազարաւոր ընդօրինակութիւններուն ի տես, ինչպէ՞ս գիտենք թէ այս վերարտադրման կերպը փոփոխութիւններ չէ մտցուցած, որոնցմէ թերեւս տեղեակ չենք։ Նկատի առէք Եբրայերէն Աստուածաշունչին՝ «Հին Կտակարան»ին պարագան։ Երբ Հրեաները Բաբելոնի գերութենէն վերադարձան, Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարու երկրորդ կիսուն, խումբ մը Եբրայեցի ուսումնականներ, որոնք ճանչցուած էին որպէս Սօփերիմներ՝ «դպիրներ», Աստուածաշունչի Եբրայերէն գրութեան խնամակալները եղան եւ անոնց պատասխանատուութիւնն էր այս Սուրբ Գրութիւնները ընդօրինակել հանրային եւ անձնական պաշտամունքին մէջ գործածելու համար։ Անոնք վեհ մղումներով, արհեստավարժ մարդիկ էին եւ անոնց աշխատանքը շատ բարձր որակ ունէր։

13 Մեր Հասարակ Դարաշրջանի Է. դարէն մինչեւ Ժ. դարը, Սօփերիմներուն տեղը առին Մազօրէթները։ Անոնց անունը կու գայ Եբրայերէն բառէ մը՝ որ կը նշանակէ «աւանդութիւն». անոնք ալ գլխաւորաբար դպիրներ էին, որոնց պարտականութիւնն էր Եբրայերէն աւանդական գրութիւնը պահպանել։ Մազօրէթները շատ բծախնդիր էին։ Օրինակի համար, դպիրը պէտք էր գործածէր իրաւասու պատճեն մը եւ արտօնութիւն չունէր որեւէ բան մտքէն գրելու։ Ան իւրաքանչիւր տառ պէտք էր քննէր, զայն գրելէ առաջ։5 Ուսուցչապետ Գ. Նորման Կոթուըլտ կը տեղեկագրէ. «Անոնք իրենց պարտականութիւնները շատ մեծ հոգածութեամբ կը կատարէին, որովհետեւ, րաբունական հրահանգին համաձայն, բոլոր նոր ձեռագիրները պէտք էր ստուգուէին եւ թերի պատճենները անմիջապէս նետուէին»։6

14. Ո՞ր յայտնագործութիւնները վաւերացուցին Սօփերիմներու եւ Մազօրէթներու կողմէ փոխանցուած Աստուածաշունչի բնագրին ճշգրտութիւնը։

14 Սօփերիմներուն եւ Մազօրէթներուն փոխանցած բնագիրը ո՞րքան ճշգրիտ էր։ Մինչեւ 1947, դժուար էր այս հարցումին պատասխանել, քանի որ այն ատեն մատչելի եղող Եբրայերէն ամենահին ամբողջական ձեռագիրները մեր Հասարակ Դարաշրջանի Ժ. դարէն էին։ Սակայն 1947–ին, Մեռեալ Ծովուն շրջակայքի քարայրներուն մէջ, հին ձեռագիրներու բեկորներ գտնուեցան, մէջը ըլլալով՝ Աստուածաշունչի Եբրայերէն գիրքերէն մասեր։ Այդ բեկորներէն շատերուն թուականը Քրիստոսէ առաջ էր։ Ուսումնականներ զանոնք բաղդատեցին գոյութիւն ունեցող Եբրայերէն ձեռագիրներուն հետ, բնագրին փոխանցումին ճշգրտութիւնը հաստատելու համար։ Այս բաղդատութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

15. (ա) Եսայիի Մեռեալ Ծովու մագաղաթին եւ Մազօրէթական բնագրին միջեւ եղած բաղդատութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Ի՞նչ կարելի է եզրակացնել այն իրողութենէն թէ Մեռեալ Ծովուն մօտերը գտնուած կարգ մը ձեռագիրներուն բովանդակութեան մէջ որոշ տարբերութիւններ կան։ (Տես լուսանցքի բացատրութիւնը։)

15 Յայտնագործուած ամենահին գրութիւններուն մէջ կար Եսայեայ գիրքը ամբողջութեամբ. եւ ներկայիս մեր ունեցած Մազօրէթական Աստուածաշունչին հետ անոր նմանութիւնը ապշեցուցիչ է։ Ուսուցչապետ Միլլար Պառովզ կը գրէ. «[Վերջերս գտնուած] Սուրբ Մարկոսի [Եսայիի] մագաղաթին եւ Մազօրէթական բնագրին միջեւ եղող շատ մը տարբերութիւնները կարելի է բացատրել որպէս ընդօրինակութեան սխալներ։ Ասոնցմէ դուրս, ընդհանուր առմամբ յատկանշական ներդաշնակութիւն մը կայ միջնադարեան ձեռագիրներու հետ։ Այդքան հին ձեռագրի մը հետ եղած այս ներդաշնակութիւնը կերաշխաւորէ աւանդական գրութեան ընդհանուր ճշգրտութիւնը»։7 Պառովզ կաւելցնէ. «Ապշեցուցիչ է որ շուրջ հազար տարի ետք, բովանդակութիւնը այսքան քիչ փոփոխութեան ենթարկուած է»։ *

16, 17. (ա) Ինչո՞ւ կրնաք վստահ ըլլալ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները չեն աղաւաղուած։ (բ) Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն ի՞նչ վկայեց Յունարէն Գրութիւններու բովանդակութեան մասին։

16 Իսկ Քրիստոնեաներու կողմէ Յունարէնով գրուած Աստուածաշունչին՝ այդպէս կոչուած Նոր Կտակարանին՝ պարագային, ընդօրինակողները աւելի այս գործին նուիրուած սիրահարներ էին քան մեծապէս մարզուած արհեստավարժ Սօփերիմներ։ Սակայն, հեղինակութիւններուն կողմէ պատժուելու վտանգին ներքեւ աշխատելով, անոնք իրենց աշխատանքը լուրջի կառնէին։ Երկու բան մեզ կը վստահեցնէ թէ այսօր մեր ունեցած գրութիւնը հիմնականօրէն տարբեր չէ նախնական գրութենէն։ Նախ, ունինք ձեռագիրներ որոնք շատ աւելի մօտ են բնագիրներուն գրուած ժամանակին քան ինչ որ էր պարագան Աստուածաշունչի Եբրայերէն մասին։ Արդարեւ, Յովհաննու Աւետարանին բեկորներէն մէկը երկրորդ դարու առաջին կէսէն է, այսինքն, Յովհաննէս այդ Աւետարանը գրելէն 50 տարիէ նուազ ժամանակաշրջանէ մը։ Երկրորդ, վերապրած բազմաթիւ ձեռագիրներ հոյակապ կերպով կապացուցանեն բովանդակութեան անվթար ըլլալը։

17 Այս կէտին շուրջ, Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն վկայեց. «Կարելի չէ աւելի զօրաւոր կերպով հաստատել թէ Աստուածաշունչի ընդհանուր բովանդակութեան ճշգրիտ ըլլալը ստոյգ է։ Ասիկա մասնաւորաբար ճիշդ է Նոր Կտակարանին պարագային։ Նոր Կտակարանին բազմաթիւ ձեռագիրները, անկէ եղած հին թարգմանութիւնները եւ Եկեղեցիին հնագոյն գրողներուն կողմէ անկէ եղած մէջբերումները այնքան շատ են՝ որ գրեթէ կարելի է գտնել որեւէ կասկածելի հատուածի մը շիտակ ընթերցանութիւնը որ կերպով մը պահպանուած է այս վաղեմի հեղինակութիւններէն մէկուն կամ միւսին մէջ։ Այս բանը կարելի չէ ըսել աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ուրիշ որեւէ հին գրքի մը մասին»։10

Ժողովուրդները եւ Անոնց Լեզուները

18, 19. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ բնատիպ լեզուներով չմնաց։

18 Այն լեզուներն ալ, որոնցմով գրուեցաւ Աստուածաշունչը, ժամանակի ընթացքին անոր վերապրումին արգելք հանդիսացան։ Առաջին 39 գիրքերը գլխաւորաբար գրուեցան Եբրայերէնով՝ Իսրայելացիներուն լեզուով։ Սակայն Եբրայերէնը բնաւ համաշխարհային ճանաչում չէ ունեցած։ Եթէ Աստուածաշունչը այդ լեզուով մնացած ըլլար, անիկա Հրեայ ազգէն եւ այդ լեզուն կարդալ գիտցող քանի մը օտարականներէն զատ, ուրիշներու վրայ ազդեցութիւն ունեցած պիտի չըլլար։ Սակայն, Հ.Դ.Ա. երրորդ դարուն, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքի Հրեաներուն օգտին համար, Աստուածաշունչի Եբրայերէն մասը սկսաւ Յունարէնի թարգմանուիլ։ Այն ատեն Յունարէնը միջազգային լեզու մըն էր։ Այս կերպով, Եբրայերէն Աստուածաշունչը դիւրութեամբ մատչելի դարձաւ ոչ–Հրեաներուն։

19 Երբ Աստուածաշունչին երկրորդ մասը գրուելու ժամանակը եկաւ, Յունարէնը տակաւին մեծամասնութեան կողմէ կը խօսուէր, ուստի Աստուածաշունչին 27 վերջին գիրքերը այդ լեզուով գրուեցան։ Բայց ամէն մարդ Յունարէն չէր հասկնար։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչի թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն մասերը շուտով սկսան թարգմանուիլ այդ սկզբնական շրջանին մէջ խօսուած լեզուներով, ինչպէս Ասորերէն, Ղպտերէն, Հայերէն, Վրացերէն, Գոթերէն եւ Եթովպերէն։ Հռովմէական Կայսրութեան պաշտօնական լեզուն Լատիներէնն էր։ Այնքան մեծ թիւով Լատիներէն թարգմանութիւններ կատարուեցան որ յանձնարարուեցաւ «հեղինակաւոր թարգմանութիւն» մը պատրաստել։ Անիկա ամբողջացաւ շուրջ Հ.Դ. 405–ին եւ ճանչցուեցաւ որպէս Վուլկադա (որ կը նշանակէ՝ «ժողովրդական» կամ «հասարակ»)։

20, 21. Աստուածաշունչի վերապրումին արգելքները ի՞նչ էին, եւ ինչո՞ւ անոնք յաղթահարուեցան։

20 Հետեւաբար, հակառակ շատ մը արգելքներու, Աստուածաշունչը վերապրեցաւ մինչեւ մեր Հասարակ Դարաշրջանի սկիզբի դարերը։ Անոնք, որ զայն մէջտեղ բերին, նախատուած եւ հալածուած փոքրամասնութիւններ էին, որոնք թշնամական աշխարհի մը մէջ դժուար պայմաններու ներքեւ կապրէին։ Ընդօրինակութեան կերպը կրնար դիւրութեամբ աղաւաղել զայն, բայց այդ չեղաւ պարագան։ Ասկէ զատ, անիկա միմիայն որոշ լեզուներ խօսող անհատներու մատչելի ըլլալու վտանգէն ալ խուսափեցաւ։

21 Ինչո՞ւ այդքան դժուար եղաւ Աստուածաշունչին վերապրումը։ Աստուածաշունչը ինք կը պատասխանէ, ըսելով. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Այս պատճառաւ, կակնկալուէր որ աշխարհը հակառակէր հրատարակուած ճշմարտութեան եւ այդպէս ալ եղաւ։ Արդ, ինչո՞ւ Աստուածաշունչը վերապրեցաւ, երբ նոյն դժուարութիւնը չդիմագրաւած շատ մը ուրիշ գրական երկեր մոռացութեան մատնուեցան։ Աստուածաշունչը ասոր ալ կը պատասխանէ, ըսելով. «Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ»։ (Ա. Պետրոս 1։25) Եթէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է, մարդկային ո՛չ մէկ զօրութիւն կրնայ փճացնել զայն։ Այս իրողութիւնը փաստուած է նոյնիսկ այս Ի. դարուն։

22. Մեր Հասարակ Դարաշրջանի Դ. դարուն ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ։

22 Սակայն, մեր Հասարակ Դարաշրջանի Դ. դարուն, բան մը պատահեցաւ որ Աստուածաշունչին վրայ նոր յարձակումներ կատարելու դուռ բացաւ եւ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Եւրոպական պատմութեան հոսանքին վրայ։ Դիոկղետիանոս Աստուածաշունչին բոլոր օրինակները փճացնել ջանալէն միայն տասը տարի ետք, կայսերական քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ եւ «Քրիստոնէութիւն»ը օրինականացուեցաւ։ Տասնըերկու տարի ետք, Հ.Դ. 325–ին, Հռովմէացի կայսր մը Նիկիոյ մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնէական» խորհրդաժողովին նախագահեց։ Երեւութապէս այսպիսի նպաստաւոր փոփոխութիւն մը ինչպէ՞ս կրնար վտանգաւոր ըլլալ Աստուածաշունչին համար։ Այս հարցումին պատասխանը պիտի առնենք յաջորդ գլուխին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Այս գրականութեան մէջ, փոխանակ աւանդական «Ք.Թ.» եւ «Ք.Ա.»–ի, գործածուած են աւելի ճշգրիտ «Հ.Դ.» (հասարակ դարաշրջան) եւ «Հ.Դ.Ա.» (հասարակ դարաշրջանէն առաջ)։

^ պարբ. 15 Մեռեալ Ծովուն մօտերը գտնուած բոլոր ձեռագիրները մեզի հասած Աստուածաշունչի գրութեան հետ սերտ նմանութիւն չունին։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ գրական գնահատելի տարբերութիւններ ունին։ Սակայն, այս տարբերութիւնները չեն նշանակեր որ բովանդակութեան հիմնական իմաստը փոխուած է։ Ըստ Ամերիկայի Կաթողիկէ Համալսարանէն եղող Փաթրիք Ու. Սգեհանին, անոնցմէ շատերը «[Աստուածաշունչի բովանդակութեան] ձուլումն է, իր ամբողջական տրամաբանութեան համաձայն, այնպէս որ նոյնիսկ մեծցուած չափով անոր նիւթը անփոփոխ կը մնայ ...։ Այս շեշտուած ընթացքը իր մէջ կը պահէ սրբազան նկատուած գրութեան մը հանդէպ բացայայտ յարգանք մը, Աստուածաշունչը՝ Աստուածաշունչով բացատրելու կամեցողութիւն մը, մինչեւ իսկ բնագրին փոխանցման մէջ»։8

Ուրիշ մեկնաբան մը կաւելցնէ. «Հակառակ բոլոր անորոշութիւններուն, հետեւեալ եզրակացութեան կը յանգինք. Մեծագոյն իրողութիւնը այդ է թէ հիմա մեզի հասած գրութիւնը հաւատարմօրէն կը փոխանցէ իր գրողներուն խօսքերը, որոնցմէ ոմանք մօտ երեք հազար տարիներ առաջ ապրած են։ Հետեւաբար, ո՛չ մէկ լուրջ պատճառ ունինք կասկածելու որ՝ բովանդակութիւնը խեղաթիւրուած ըլլալով՝ Հին Կտակարանին փոխանցել ուզած պատգամը փոխուած է»։9

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 19]

Աստուածաշունչին բովանդակութիւնը՝ հաստատուած

Աստուածաշունչին բովանդակութեան ո՛րքան զօրաւոր կերպով հաստատուած ըլլալը գնահատելու համար, պարզապէս բաղդատենք զայն հինէն մեզի հասած գրականութիւններու ուրիշ հաւաքածոյի մը՝ Յունաստանի եւ Հռովմի դասական գրութիւններուն՝ հետ։ Իրականութեան մէջ, անոնցմէ շատերը գրուեցան Եբրայերէն Գրութիւնները ամբողջանալէ ետք։ Յոյները կամ Հռովմէացիները ջարդելու փորձեր չեն կատարուած եւ անոնց գրականութիւնը հալածանքի դէմ չէ պահպանուած։ Այսուհանդերձ, նկատի առէք ուսուցչապետ Ֆ. Ֆ. Պրուսի բացատրութիւնը.

«[Յուլիոս] Կայսրին Գաղղիական Պատերազմին համար (գրուած՝ Ք.Ա. 58–ի եւ 50–ի միջեւ), շատ մը ՁԳՐ [ձեռագիրներ] կան, բայց անոնցմէ միայն ինն կամ տասն լաւ են, իսկ ամենէն հինը Կայսրին օրէն շուրջ 900 տարիներ ետք է։

«Լիւիոսի (Ք.Ա. 59–Ք.Թ. 17) Հռովմէական պատմութեան 142 գրքերէն միայն 35–ը վերապրած են. ասոնք մեզի ծանօթ են մասնաւոր արժէք չունեցող հազիւ քսան ՁԳՐ–ով, որոնցմէ միայն մէկը, որ Գ–Դ Գիրքերուն բեկորները կը պարունակէ, չորրորդ դարէն է։

«Տակիտոսի (շ. Ք.Թ. 100) Պատմութիւններուն տասնըչորս գրքերէն միայն չորսուկէսը վերապրած են, իր Տարեգրութիւններու տասնըվեց գրքերէն՝ տասն ամբողջովին եւ երկուքը մասամբ վերապրած են։ Իր պատմական երկու մեծ երկերուն մեծամասնութիւնը ամբողջովին կախեալ է երկու ՁԳՐ–է, մէկը՝ իններորդ դարէն, իսկ միւսը՝ տասնըմէկերորդ։ ...

«Թուկիդիտէսի (շ. Ք.Ա. 460–400) Պատմութիւնը մեզի ծանօթ է ութը ՁԳՐ–ով, որոնց ամենահինը կը պատկանի շ. Ք.Թ. 900 թուականին եւ քանի մը մագաղաթային բեկորներով որոնք կը պատկանին Քրիստոնէական սկիզբի դարաշրջանին։

«Նոյնը ճշմարիտ է Հերոդոտոսի (շ. Ք.Ա. 488–428) Պատմութեան։ Սակայն, ոչ մէկ դասական ուսումնական մտիկ պիտի ընէր այն առարկութեան թէ Հերոդոտոսին կամ Թուկիդիտէսի վաւերականութիւնը կասկածելի է, քանի որ անոնց երկերուն նախնական ՁԳՐ–ը, որոնք գործնական ալ չեն մեզի համար, բնագիրներէն աւելի քան 1,300 տարիներ ետք են»։—Գիրքերը եւ Մագաղաթները, էջ 180 (Անգլ.)։

Ասիկա բաղդատեցէք այն իրողութեան հետ թէ Աստուածաշունչին տարբեր մասերուն համար հազարաւոր ձեռագիրներ գոյութիւն ունին։ Իսկ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու կարգ մը ձեռագիրներ հազիւ հարիւր տարուայ տարբերութիւն մը ունին բնագիրներէն։

[Նկար՝ էջ 13]

Եբրայեցիները փոքր ազգ մըն էին, որու յաճախ կը սպառնային աւելի զօրաւոր ազգեր։ Այս հին քանդակագործութիւնը կը պատկերացնէ կարգ մը Իսրայելացիներ որոնք Ասորեստանցիներու կողմէ կ’աքսորուին

[Նկար՝ էջ 14]

Տպագրութեան գիւտէն առաջ, Սուրբ Գրութիւնները ձեռքով կ’ընդօրինակուէին

[Նկար՝ էջ 16]

Ներոն Քրիստոնեայ մը ըլլալը մեծ յանցանք նկատեց

[Նկար՝ էջ 21]

Եսայիի Մեռեալ Ծովու մագաղաթին քննարկութիւնը փաստեց որ այս գիրքը գրեթէ անփոփոխ մնացած էր շուրջ 1,000 տարուայ շրջանէ մը ետք

[Նկար՝ էջ 23]

Աստուածաշունչը բնաջնջելու Դիոկղետիանոս կայսրին ջանքերը ձախողեցան