Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Նոր կտակարան»ը. պատմութի՞ւն թէ առասպել

«Նոր կտակարան»ը. պատմութի՞ւն թէ առասպել

Գլուխ 5

«Նոր կտակարան»ը. պատմութի՞ւն թէ առասպել

«Ներկայիս, Նոր Կտակարանը կարելի է նկարագրել որպէս աշխարհի գրականութեան մէջ լաւագոյն կերպով հետազօտուած գիրքը»։ Այսպէս ըսաւ Հանց Քունկ, «Քրիստոնեայ մը Ըլլալ» խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլ.)։ Ան իրաւունք ունէր։ Անցեալ 300 տարիներու ընթացքին, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ոչ միայն հետազօտուած են, այլ ուրիշ որեւէ գրականութենէ աւելի մանրակրկիտ կերպով զննուած ու վերլուծուած են։

1, 2. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Անցեալ 300 տարիներու ընթացքին, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ի՞նչ վերաբերմունքի արժանացած են։ (բ) Կարգ մը հետախոյզներ ի՞նչ տարօրինակ եզրակացութիւններու յանգած են։

ԿԱՐԳ մը հետախոյզներ իրապէս ծիծաղաշարժ եզրակացութիւններու յանգած են։ ԺԹ. դարուն, Գերմանացի Լուտուիք Նոաք եզրակացուց թէ Յովհաննու Աւետարանը գրուած էր Հ.Դ. 60–ին, սիրելի աշակերտին կողմէ, որ, ըստ Նոաքին, Յուդան էր։ Ֆրանսացի Ժոզէֆ Էրնէսթ Րընան թելադրեց թէ Ղազարոսի յարութիւնը շատ հաւանաբար զեղծարարութիւն մըն էր, որ կարգադրուած էր ուղղակի Ղազարոսին կողմէ, հրաշագործ մը ըլլալու Յիսուսի դաւանութեան թիկունք կանգնելու համար։ Իսկ Գերմանացի աստուածաբան Կուսթավ Ֆոլքմար պնդեց թէ հաւանական չէր որ Յիսուս, որ պատմական անձնաւորութիւն մըն էր, կարենար ինքզինք ներկայացնել որպէս Մեսիան։1

2 Իսկ միւս կողմէն, Պրիւնօ Պաուըր որոշեց թէ Յիսուս բնաւ գոյութիւն չէր ունեցած։ «Ան պնդեց թէ նախկին Քրիստոնէութեան ծնունդ տուող տարրերն էին՝ Փիլոն, Սենեկան եւ Ճանաչականները (Gnostics)։ Վերջաւորութեան, ան յայտարարեց թէ պատմական Յիսուս մը բնաւ գոյութիւն չէր ունեցած ..., թէ Քրիստոնէական կրօնքը ծնած էր Բ. դարու վերջաւորութեան, որ ստոյիկութենէն ուժգնօրէն ազդուած Յուդայականութեան մէկ ձեւն էր»։2

3. Շատեր Աստուածաշունչի հանդէպ տակաւին ի՞նչ կարծիք ունին։

3 Ներկայիս, շատ քիչեր այսպիսի ծայրայեղ գաղափարներ ունին։ Սակայն, եթէ արդի ուսումնականներուն գործերը կարդաք, պիտի տեսնէք որ տակաւին շատեր կը հաւատան որ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները աւանդավէպեր, առասպելներ եւ չափազանցութիւններ կը պարունակեն։ Ասիկա ճի՞շդ է արդեօք։

Անոնք Ե՞րբ Գրուեցան

4. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է գիտնալ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու գիրքերը ե՛րբ գրուեցան։ (բ) Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն գրուելու ժամանակին մասին ոմանք ի՞նչ կարծիքներ ունին։

4 Առասպելներու եւ աւանդավէպերու զարգացումը ժամանակի կը կարօտի։ Ուստի, տեղին է հարցնել. Այս գիրքերը ե՞րբ գրուեցան։ Մայքըլ Կրէնթ, պատմաբան մը, կըսէ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն պատմական գրութիւնները սկսան «Յիսուսի մահէն երեսուն կամ քառասուն տարի ետք»։4 Նախապէս յիշուած Աստուածաշունչի հնագէտ Ուիլիըմ Ֆօքսուէլ Ալպրայթ եզրակացութեան համար մէջբերում կընէ Գ. Գ. Թոռիէն «թէ բոլոր աւետարանները գրուած էին Ք.Թ. 70–էն առաջ եւ թէ անոնց մէջ բան մը չկայ որ Խաչելութեան յաջորդող 20 տարուան ընթացքին գրուած չըլլայ»։ Ալպրայթի անձնական կարծիքը այդ էր թէ այդ գրութիւնները ամբողջացած էին «ամենէն ուշը շուրջ Ք.Թ. 80–ին»։ Ուրիշներ քիչ մը տարբեր հաշիւներ կը ներկայացնեն, սակայն մեծամասնութիւնը կը համաձայնի թէ «Նոր Կտակարան»ին գրութիւնը ամբողջացած էր առաջին դարու վերջաւորութեան։

5, 6. Ի՞նչ պէտք է եզրակացնենք այն իրողութենէն թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները իրենց արձանագրած դէպքերէն երկար ժամանակ ետք չեն գրուած։

5 Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ալպրայթ կեզրակացնէ. «Կրնանք ըսել թէ քսան կամ յիսուն տարուայ ժամանակաշրջան մը շատ կարճ է թոյլ տալու որ հիմնական բովանդակութիւնը կամ նոյնիսկ Յիսուսի իւրայատուկ ոճը գնահատելի աղաւաղման ենթարկուի»։5 Ուսուցչապետ Կարի Հապըրմաս կաւելցնէ. «Աւետարանները իրենց արձանագրած դէպքերէն երկար ժամանակ ետք գրուած չեն, մինչ հին պատմութիւնները յաճախ դէպքեր կը նկարագրեն, որոնք դարեր առաջ տեղի ունեցած են։ Այսուհանդերձ, արդի պատմաբաններ կարող են այդ վաղեմի ժամանակաշրջաններու դէպքերը յաջողապէս ձեռք ձգել»։6

6 Ուրիշ խօսքով, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն պատմական մասերը առնուազն նոյնքան արժանահաւատ են, որքան աշխարհային պատմութիւնները։ Վստահաբար, Քրիստոնէութեան սկիզբի դէպքերուն եւ անոնց գրութիւններուն միջեւ գտնուող քանի մը տասնեակ տարիները բաւարար չէին որ առասպելներ եւ աւանդավէպեր զարգանային ու համաշխարհային տարողութեամբ ընդունուէին։

Ականատեսներու Վկայութիւններ

7, 8. (ա) Որո՞նք տակաւին ողջ էին, երբ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կը գրուէին եւ կը շրջաբերուէին։ (բ) Ի՞նչ պէտք է եզրակացնենք Ուսուցչապետ Ֆ. Ֆ. Պրուսի բացատրութենէն։

7 Ասիկա մասնաւորաբար ճշմարիտ է այն իրողութեան ի տես թէ պատմութիւններէն շատերը ականատեսներու վկայութիւններ են։ Յովհաննու Աւետարանը գրողը ըսաւ. «Ասիկա այն աշակերտն է [զոր Յիսուս սիրեց], որ կը վկայէ այս բաներուն համար, որ գրեց ալ այս բաները»։ (Յովհաննու 21։24) Ղուկասու Աւետարանը գրողը կըսէ. «Ինչպէս սկիզբէն աչքով տեսնողները եւ խօսքին սպասաւոր եղողները աւանդեցին մեզի»։ (Ղուկաս 1։1, 2) Պօղոս առաքեալ Յիսուսի յարութեան ականատես եղողներուն մասին խօսելով, ըսաւ. «Որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին»։—Ա. Կորնթացիս 15։6

8 Այս առնչութեամբ, Ուսուցչապետ Ֆ. Ֆ. Պրուս խորաթափանց դիտողութիւն մը կընէ. «Բնաւ դիւրին չէր, ինչպէս կարգ մը գրողներ կը խորհին, Յիսուսի մասին կարգ մը բառեր ու արարքներ հնարել այդ սկիզբի տարիներուն, երբ Իր աշակերտներէն շատերը հոն կը գտնուէին, որոնք կրնային յիշել թէ ի՛նչ պատահած էր եւ ի՛նչ չէր պատահած։ ... Կարելի չէր որ աշակերտները ճշգրիտ չեղող բաներ ներմուծէին (իրողութիւններուն յօժարակամ աղաւաղում չըսելու համար), որոնք կրնային անմիջապէս երեւան հանուիլ անոնց կողմէ, որոնք մեծ ուրախութեամբ պիտի ընէին ասիկա։ Ճիշդ հակառակը, առաքելական նախնական քարոզչութեան զօրաւոր կէտերէն մէկն է՝ ունկնդիրներուն գիտցած բաներուն կոչ ընել. անոնք ոչ միայն կըսէին՝ Մենք վկայ ենք այս բաներուն, այլ նաեւ՝ Ինչպէս դուք ալ գիտէք’ (Գործք 2։22)»։7

Բովանդակութիւնը Վստահելի՞ Է

9, 10. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն նկատմամբ, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

9 Արդեօք հաւանականութիւն կա՞յ որ այդ ականատեսներուն վկայութիւնները ճշգրտօրէն արձանագրուեցան, բայց հետագային աղաւաղուեցան։ Ուրիշ խօսքով, նախնական գրութիւնները ամբողջանալէ ետք, անոնց մէջ առասպելներ եւ աւանդավէպեր ներմուծուեցա՞ն։ Արդէն նկատի առինք թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու բնագիրը աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի քան վաղեմի որեւէ գրականութիւն։ Քըրդ եւ Պարպըրա Էլէնտ, Աստուածաշունչի Յունարէն բնագրի մասնագէտներ, կը թուեն առնուազն 5,000 ձեռագիրներ որոնք վերապրած են մինչեւ մեր օրերը, անոնցմէ ոմանք Հ.Դ. երկրորդ դարէն ըլլալով։8 Ապացոյցի այս ամբողջական դէզը կը վկայէ թէ բնագիրը մասնաւորաբար հարազատ մնացած է։ Ասկէ զատ, կան շատ մը հին թարգմանութիւններ, ամենահինին մօտաւոր թուականն է՝ Հ.Դ. 180, որոնք կօգնեն փաստելու թէ բնագիրը ճշգրիտ է։9

10 Հետեւաբար, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ ոչ մէկ աւանդավէպ կամ առասպել սպրդած է նախնական գրութիւնները ամբողջացուելէ ետք։ Մեր ունեցած բնագիրը հիմնականօրէն նման է սկիզբի գրութեան եւ անոր ճշգրտութիւնը հաստատուած է այն իրողութեամբ թէ ժամանակակից Քրիստոնեաներ զայն կընդունէին։ Արդ, կրնա՞նք Աստուածաշունչին պատմական արժէքը քննել, զայն բաղդատելով ուրիշ հին պատմութիւններու հետ։ Որոշ չափով կարելի է։

Փաստագրական Տուեալներ

11. Փաստագրական տուեալները ի՞նչ տարողութեամբ թիկունք կը կանգնին Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն պատմական դէպքերուն։

11 Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչէն դուրս Յիսուսի եւ իր առաքեալներուն կեանքի տեւողութեան պատահած դէպքերուն փաստագրական տուեալները շատ քիչ են։ Ասիկա պարզապէս կակնկալուէր, քանի որ առաջին դարուն, Քրիստոնեաները յարաբերաբար փոքր խումբ մըն էին եւ քաղաքականութեան միջամուխ չէին ըլլար։ Այսուհանդերձ, աշխարհային պատմութեան հայթայթած տուեալները կը համաձայնին Աստուածաշունչի տուած տեղեկութեան հետ։

12. Յովսեպոս ի՞նչ կըսէ Յովհաննէս Մկրտիչին մասին։

12 Օրինակի համար, Հերովդէս Անթիպաս զինուորական մեծ պարտութիւն մը կրելէ ետք, Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս, Հ.Դ. 93–ին գրելով, ըսաւ. «Կարգ մը Հրեաներ կը խորհէին թէ Հերովդէսի բանակին պարտութիւնը աստուածային վրէժխնդրութիւն մըն էր եւ վստահաբար արդար վրէժխնդրութիւն մը, Մկրտիչ կոչուած Յովհաննէսին հանդէպ անոր ունեցած վերաբերմունքին համար։ Քանի որ Հերովդէս զայն մահուան դատապարտած էր, հակառակ անոր որ ան բարի մարդ մըն էր եւ Հրեաները յորդորած էր արդար կեանքեր վարել, իրենց ընկերներուն հանդէպ արդարութիւն գործադրել եւ Աստուծոյ հանդէպ՝ աստուածպաշտութիւն»։10 Այս կերպով, Յովսեպոս կը հաստատէ Աստուածաշունչի պատմութիւնը թէ Յովհաննէս Մկրտիչ արդար մարդ մըն էր, որ ապաշխարութիւն կը քարոզէր եւ որ Հերովդէսի կողմէ սպաննուեցաւ։—Մատթէոս 3։112. 14։11

13. Յովսեպոս ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնի Յակոբոսի եւ Յիսուսի պատմական անձնաւորութիւններ ըլլալուն։

13 Յովսեպոս կը յիշէ նաեւ Յակոբոսը՝ Յիսուսի կէս եղբայրը՝ որ, ըստ Աստուածաշունչին, նախապէս Յիսուսի չհետեւեցաւ, բայց հետագային Երուսաղէմի մէջ կարկառուն երէց մը եղաւ։ (Յովհաննու 7։35. Գաղատացիս 1։18, 19) Ան Յակոբոսի ձերբակալութիւնը կը փաստագրէ հետեւեալ բառերով. «[Անանիոս քահանայապետը] Սենետրիոնին դատաւորները ժողվեց եւ անոնց առջեւ մարդ մը բերաւ, որու անունն էր Յակոբոս, Քրիստոս կոչուած Յիսուսին եղբայրը եւ կարգ մը ուրիշներ»։11 Այս բառերը գրելով, Յովսեպոս յաւելեալ կերպով կը հաստատէ թէ «Քրիստոս կոչուած Յիսուս»ը իրական, պատմական անձնաւորութիւն մըն էր։

14, 15. Տակիտոս ի՞նչ կերպով թիկունք կը կանգնի Աստուածաշունչի արձանագրութեան։

14 Ուրիշ նախկին գրողներ ալ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ նշուած բաներուն ակնարկում կընեն։ Օրինակի համար, Աւետարանները մեզի կըսեն որ Պաղեստինի շուրջ Յիսուսի քարոզչութիւնը մեծ ընդառաջում գտաւ։ Երբ ան մահուան դատապարտուեցաւ Պոնտացի Պիղատոսի կողմէ, իր հետեւորդները շփոթեցան եւ վհատեցան։ Անկէ անմիջապէս ետք, այս նոյն աշակերտները քաջութեամբ Երուսաղէմը լեցուցին այն պատգամով թէ իրենց Տէրը յարուցուած էր։ Քանի մը տարուան մէջ, Քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ Հռովմէական կայսրութեան մէջ։—Մատթէոս 4։25. 26։31. 27։2426. Գործք 2։23, 24, 36. 5։28. 17։6

15 Ասոր ճշմարտութեան մասին կը վկայէ Հռովմէացի պատմաբան Տակիտոս որ Քրիստոնէութեան հետ բարեկամ չէր։ Հ.Դ. 100 թուականէն քիչ ետք գրելով, ան կը պատմէ Քրիստոնեաներու վրայ բերած Ներոնի անգութ հալածանքները եւ կաւելցնէ. «Այս անուան հիմնադիրը՝ Քրիստուս՝ Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին մահապատիժ ստացաւ, կուսակալ Պոնտացի Պիղատոսին դատավճիռով եւ այս վնասակար սնապաշտութիւնը պահ մը հսկողութեան տակ բերուեցաւ, պարզապէս անգամ մը եւս երեւան գալու համար, ոչ միայն Յուդայի՝ այս ախտի օրրանին, այլ նոյնիսկ մայրաքաղաքին [Հռովմի] մէջ»։12

16. Սուետոնիոս Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած պատմական ո՞ր դէպքին կակնարկէ։

16 Գործք Առաքելոց 18։2–ին մէջ, Աստուածաշունչը գրողը կակնարկէ այն իրողութեան թէ «[Հռովմի կայսրը] Կղօդիոս հրամայած էր որ բոլոր Հրեաները Հռովմէն հեռանան»։ Բ. դարու Հռովմէացի պատմաբան Սուետոնիոս ալ այդ արտաքսումին կակնարկէ։ Աստուածացեալ Կղօդիոս խորագրով իր երկին մէջ (Անգլ.), պատմաբանը կըսէ. «Քանի որ Հրեաները անդադար խլրտումներ կը ստեղծէին Քրեստուսի դրդումով, ան [Կղօդիոս] զանոնք Հռովմէն վտարեց»։13 Եթէ հոս «Քրեստուս»ը Յիսուս Քրիստոսին կակնարկէ եւ եթէ Հռովմը ուրիշ քաղաքներուն մէջ պատահած դէպքերու օրինակին կը հետեւէր, ուրեմն խռովութիւնները իրականութեան մէջ Քրիստոսի (այսինքն՝ Քրիստոսի հետեւորդներուն) դրդումով չէին։ Այլ՝ Հրեաներն էին, որոնք վայրագօրէն կը հակառակէին Քրիստոնեաներու հաւատարիմ քարոզչութեան։

17. Բ. դարուն, Յուստինոս Նահատակին մատչելի եղած ո՞ր աղբիւրները թիկունք կը կանգնէին Յիսուսի հրաշքներուն եւ մահուան մասին Աստուածաշունչի պատմութեան։

17 Բ. դարու կիսուն, Յուստինոս Նահատակ Յիսուսի մահուան առնչութեամբ գրեց. «Այս բաներուն իրապէս պատահած ըլլալը կրնաք հաստատել Պոնտացի Պիղատոսի Վճիռներէն»։14 Ասկէ զատ, ըստ Յուստինոս Նահատակին, այդ նոյն արձանագրութիւնները կը յիշէին Յիսուսի հրաշքները, որոնց նկատմամբ ան կըսէ. «Այս բաները անոր կատարած ըլլալը կրնաք սորվիլ Պոնտացի Պիղատոսի Վճիռներէն»։15 Ճիշդ է որ այս «Վճիռներ»ը կամ պաշտօնական արձանագրութիւնները հիմա գոյութիւն չունին։ Սակայն անոնք իրապէս գոյութիւն ունէին Բ. դարուն եւ Յուստինոս Նահատակ ինքնավստահութեամբ ասպարէզ կը կարդար իր ընթերցողներուն որ իր ըսածներուն ճշմարտութիւնը ստուգելու համար զանոնք քննեն։

Հնագիտական Տուեալներ

18. Հնագիտութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատէ Պոնտացի Պիղատոսի գոյութիւնը։

18 Հնախուզական յայտնագործութիւններն ալ բացատրած կամ հաստատած են Յունարէն Գրութիւններուն տուած տեղեկութիւնները։ 1961–ին, Կեսարիոյ մէջ Պոնտացի Պիղատոսին անունը կրող արձանագրութիւն մը գտնուեցաւ Հռովմէական թատրոնի մը աւերակներուն մէջ։16 Այդ յայտնագործութենէն առաջ, Աստուածաշունչէն դուրս այս Հռովմէացի կառավարիչին գոյութեան մասին միայն սահմանափակ տուեալներ կային։

19, 20. Հնագիտութիւնը Ղուկասի կողմէ (Ղուկասի Աւետարանին եւ Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ) յիշուած ո՞ր անձնաւորութիւնները կը փաստագրէ։

19 Ղուկասի Աւետարանին մէջ, կը կարդանք որ Յովհաննէս Մկրտիչ իր ծառայութիւնը սկսաւ «Լիւսանիային Աբիլինացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը»։ (Ղուկաս 3։1) Ոմանք տարակուսանք յայտնեցին այս նախադասութեան վրայ, քանի որ Յովսեպոս կը յիշէր Լիւսանիա մը՝ որ Աբիլինի վրայ իշխած էր, ու մեռած՝ Հ.Դ.Ա. 34 թուականին, Յովհաննէսի ծնունդէն շատ առաջ։ Սակայն, հնախոյզներ Աբիլինի մէջ արձանագրութիւն մը գտան, որ կը յիշէ ուրիշ Լիւսանիա մը՝ որ Հռովմի Կայսրին՝ Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին չորրորդապետ էր, երբ Յովհաննէս իր ծառայութիւնը սկսաւ։17 Շատ վստահաբար ասիկա էր այն Լիւսանիան որու կակնարկէր Ղուկաս։

20 Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ կը կարդանք որ Պօղոս եւ Բառնաբաս Կիպրոս ղրկուեցան միսիոնարական գործով եւ հոն անոնք Սերգիոս Պօղոս անուն փոխանորդ բդեշխի մը հանդիպեցան, որ «խելացի մարդ մը»ն էր։ (Գործք 13։7) ԺԹ. դարու կիսուն, Կիպրոսի մէջ կատարուած պեղումներէն երեւան բերուեցաւ արձանագրութիւն մը, Հ.Դ. 55 թուականէն, որ այս մարդուն անունը կը յիշէ։ Այս մասին, հնագէտ Էրնէսթ Րայթ կը նշէ. «Աստուածաշունչէն դուրս, ասիկա միակ ակնարկումն է այս փոխանորդ բդեշխին մասին եւ հետաքրքրականը այն է որ Ղուկաս մեզի ճշգրտօրէն կու տայ թէ՛ անոր անունը եւ թէ տիտղոսը»։18

21, 22. Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած կրօնական ո՞ր սովորութիւնները հաստատուած են հնախուզական յայտնագործութիւններով։

21 Երբ Աթէնք կը գտնուէր, Պօղոս ըսաւ որ խորան մը գտած էր, որ նուիրուած էր «Անծանօթ Աստուծոյն»։ (Գործք 17։23) Հռովմէական Կայսրութեան տարբեր մասերուն մէջ, անանուն չաստուածներու նուիրուած Լատիներէն գրութիւններով խորաններ գտնուած են։ Անոնցմէ մէկը գտնուած է Պերգամոնի մէջ, Յունարէն արձանագրութիւնով, ինչ որ հաւանաբար պարագան էր Աթէնքի խորանին։

22 Հետագային, երբ Եփեսոս կը գտնուէր, Պօղոս բուռն հակառակութեան հանդիպեցաւ արծաթագործներու կողմէ, որոնք Արտեմիս չաստուածուհիին սրբարաններ եւ պատկերներ շինելով իրենց ապրուստը կապահովէին։ Եփեսոսի կակնարկուէր որպէս «մեծ Արտեմիսի ... տաճար»ին պահապանը։ (Գործք 19։35) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, թրծակաւէ եւ մարմարէ շինուած Արտեմիսի բազմաթիւ արձանիկներ երեւան բերուած են հին Եփեսոսի վայրին մէջ։ Անցեալ դարուն, հսկայ տաճարին աւերակները երեւան բերուեցան։

Ճշմարտութեան Կնիքը

23, 24. (ա) Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն ճշգրտութեան ամենէն զօրաւոր փաստը ո՞ւր կը գտնենք։ (բ) Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ ո՞ր յատկութիւնը կը վկայէ անոր ճշմարտախօսութեան։ Բացատրեցէք։

23 Հետեւաբար, պատմութիւնը եւ հնագիտութիւնը կը լուսաբանեն եւ որոշ չափով կը հաստատեն Յունարէն Գրութիւններուն պատմական երեսակները։ Բայց դարձեալ, այս գրութիւններուն ճշգրտութեան ամենէն զօրաւոր փաստը կը գտնուի սոյն գիրքերուն մէջ։ Երբ զանոնք կարդաք, անոնք առասպելներու պէս չեն հնչեր ձեր ականջներուն, այլ ճշմարտութեան կնիքը կը կրեն։

24 Նախ, անոնք շատ անկեղծ են։ Նկատի առէք ինչ որ արձանագրուած է Պետրոսի մասին։ Աստուածաշունչը մանրամասնօրէն կը յիշէ անոր շփոթութիւնը, երբ ան ուզեց ջուրին վրայէն քալել եւ սկսաւ ընկղմիլ։ Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս մեծապէս յարգուած այս առաքեալին ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ»։ (Մատթէոս 14։2831. 16։23) Ասկէ զատ, բուռն կերպով ընդդիմանալէ ետք թէ նոյնիսկ երբ բոլորը լքէին Յիսուսը, ինք բնաւ պիտի չլքէր զինք, Պետրոս քնացաւ, երբ արթուն պէտք էր մնար եւ ապա՝ իր Տէրը երեք անգամ ուրացաւ։—Մատթէոս 26։3135, 3745, 7375

25. Աստուածաշունչը գրողները առաքեալներուն ո՞ր տկարութիւնները անկեղծօրէն կը քօղազերծեն։

25 Սակայն Պետրոս միակ անձը չէ, որու տկարութիւնները մերկացուած են։ Անկեղծ արձանագրութիւնը չի ծածկեր առաքեալներուն վիճաբանութիւնը թէ իրենցմէ ո՛վ ամենէն մեծն էր։ (Մատթէոս 18։1. Մարկոս 9։33. Ղուկաս 22։24) Ոչ ալ անիկա կը մոռնայ յիշել թէ Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն մայրը Յիսուսէն խնդրեց որ իր Թագաւորութեան մէջ ամենէն նպաստաւոր դիրքերը տայ իր որդիներուն։ (Մատթէոս 20։2023) Բառնաբասի եւ Պօղոսի միջեւ եղած «գժտութիւն»ն ալ հաւատարմօրէն յիշուած է։—Գործք 15։3639

26. Յիսուսի յարութեան մասին ի՞նչ մանրամասնութիւն ներմուծուած պիտի չըլլար, եթէ անիկա ճշմարտութիւն չըլլար։

26 Նկատողութեան արժանի է նաեւ այն իրողութիւնը թէ, ըստ Ղուկասի Աւետարանին, Յիսուսի յարութեան մասին առաջին տեղեկացողները եղան «այն կիները, որոնք իրեն հետ Գալիլիայէն եկած էին»։ Ասիկա շատ անսովոր մանրամասնութիւն մըն է առաջին դարու առնական ընկերութեան մը մէջ։ Արդարեւ, ըստ արձանագրութեան, առաքեալներուն համար կիներուն ըսածը «ցնորական խօսքեր երեւցաւ»։ (Ղուկաս 23։5524։11) Եթէ Յունարէն Գրութիւններուն պատմութիւնը շիտակ չէ, ուրեմն, հնարուած պէտք է ըլլայ անիկա։ Սակայն անհատ մը ինչո՞ւ պատմութիւն մը պիտի հնարէր այսպիսի յարգուած անձնաւորութիւններ անփաղաքշական կերպով մը ներկայացնելով։ Այս մանրամասնութիւնները կրնային ներմուծուիլ միմիայն, քանի որ անոնք ճշմարտութիւններ էին։

Յիսուս—Պատմական Անձնաւորութիւն մը

27. Պատմաբան մը Յիսուսի պատմական անձնաւորութիւն մը ըլլալուն մասին ի՞նչ վկայութիւն կու տայ։

27 Շատեր Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած Յիսուսը նկատած են որպէս իտէալական երեւակայութիւն մը։ Սակայն, պատմաբան Մայքըլ Կրէնթ կը նշէ. «Եթէ Նոր Կտակարանին կիրարկենք այն դատանիշերը որոնք կը կիրարկուին պատմական նիւթեր պարունակող ուրիշ հին գրութիւններուն, ինչ որ հարկ է, այդ պարագային այլեւս չենք կրնար մերժել Յիսուսի գոյութիւնը, ինչպէս որ չենք կրնար մերժել շատ մը հեթանոս անձնաւորութիւններու գոյութիւնը, որոնց պատմական անձնաւորութիւններ ըլլալու իրողութիւնը բնաւ կասկածի տակ չէ դրուած»։19

28, 29. Ինչո՞ւ յատկանշական է որ չորս Աւետարաններն ալ Յիսուսի անձնաւորութեան նոյն պատկերը գծեն։

28 Ոչ միայն Յիսուսի գոյութիւնը, այլ նաեւ՝ իր անձնաւորութիւնը Աստուածաշունչին ընդմէջէն կարտացոլան որպէս ճշմարտութեան վճռական կնիք մը։ Դիւրին չէ հնարել անսովոր անձնաւորութիւն մը եւ ապա անոր հաստատ նկարագիրը ներկայացնել ամբողջ գրքի մը մէջ։ Գրեթէ անկարելի է որ չորս տարբեր գրողներ նոյն անձնաւորութիւնը նկարագրեն, նոյն պատկերը գծելով, եթէ այդ անձնաւորութիւնը բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած։ Այն իրողութիւնը թէ չորս Աւետարաններուն մէջ նկարագրուած Յիսուսը բացայայտօրէն նոյն անձն է, Աւետարաններուն ճշմարտախօսութեան համոզիչ ապացոյց մըն է։

29 Մայքըլ Կրէնթ կը մէջբերէ շատ տեղին հարցում մը. «Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ բոլոր աւետարաններու աւանդութեանց մէջ, առանց բացառութեան երեւան կու գայ երիտասարդի մը զարմանալիօրէն յստակ կերպով գծուած գրաւիչ պատկերը, որ ազատօրէն կը շրջագայի ամէն տեսակ կիներու՝ նոյնիսկ վատահամբաւներու՝ մէջ, առանց զգացականութեան, անբնականութեան, կամ ամչկոտութեան նշոյլի եւ սակայն ամէն բանի մէջ, լիովին ուղղամիտ անձնաւորութիւն մը կը պահէ»։20 Ասոր միակ պատասխանը այն է թէ այսպիսի մարդ մը իրապէս գոյութիւն ունեցած ու գործած է, ինչպէս Աստուածաշունչը կը բացատրէ։

Ինչո՞ւ Չեն Հաւատար

30, 31. Հակառակ բոլոր ապացոյցներուն, շատեր ինչո՞ւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները չեն ընդունիր որպէս պատմական ճշգրտութիւն։

30 Քանի որ այսքան ապացոյցներ կան թէ Յունարէն Գրութիւնները իրապէս պատմական են, ինչո՞ւ ոմանք կը ժխտեն այս իրողութիւնը։ Ինչո՞ւ շատեր, անոր կարգ մը մասերուն հարազատ ըլլալը ընդունելով հանդերձ, կը մերժեն անոր ամբողջ բովանդակութիւնը ընդունիլ։ Գլխաւոր պատճառը այդ է թէ Աստուածաշունչը կարձանագրէ այնպիսի բաներ զորս արդի մտաւորականներ չեն ուզեր հաւատալ։ Անիկա կըսէ, զոր օրինակ, թէ Յիսուս մարգարէութիւններ կատարեց եւ տուաւ։ Անիկա նաեւ կըսէ թէ ան հրաշքներ ըրաւ եւ թէ մեռնելէ ետք յարութիւն առաւ։

31 Կասկածով լեցուն այս Ի. դարուն, այսպիսի բաներ անհաւատալի կը թուին։ Հրաշքներու առնչութեամբ, Ուսուցչապետ Եզրա Փ. Կուլտ կը նշէ. «Կարգ մը քննադատներ իրենք զիրենք կարդարացնեն այն պատճառաբանութեամբ ... թէ հրաշքներ չեն պատահիր»։21 Ոմանք կընդունին որ Յիսուս թերեւս բուժումներ կատարած է, բայց միայն հոգեմարմնաբանական առումով, այսինքն, միտքը իշխելով նիւթին։ Իսկ գալով միւս հրաշքներուն, շատեր զանոնք կը բացատրեն որպէս հնարուած բաներ, կամ որպէս իրական դէպքեր՝ որոնք պատմուելու ժամանակ աղաւաղուած են։

32, 33. Ոմանք ինչպէ՞ս ջանացած են բացատրել մեծ ամբոխ մը կերակրելու Յիսուսի գործած հրաշքը, եւ ասիկա ինչո՞ւ անտրամաբանական է։

32 Նկատի առնենք այն օրինակը, երբ Յիսուս աւելի քան 5,000 անհատներ կերակրեց միայն քանի մը նկանակով եւ երկու ձուկով։ (Մատթէոս 14։1422) ԺԹ. դարու ուսումնական Հայնրիշ Փօլուս հոն տեղի ունեցածը հետեւեալ կերպով բացատրեց. Յիսուս եւ իր աշակերտները մեծ ամբոխի մը առջեւ գտնուեցան, որոնք սկսած էին անօթենալ։ Ուստի, ան ուզեց լաւ օրինակ հանդիսանալ անոնց մէջ գտնուող հարուստներուն։ Ան իր եւ իր առաքեալներուն ունեցած քիչ ուտելիքը առաւ եւ զանիկա բաշխեց ամբոխին։ Շուտով, ուրիշներ, որոնք իրենց հետ ուտելիք բերած էին, իր օրինակին հետեւեցան եւ վերջապէս ամբողջ ամբոխը կերակրուեցաւ։22

33 Եթէ իրապէս այսպէս պատահած էր, անիկա լաւ օրինակին ձգած ազդեցութեան սքանչելի ապացոյց մըն էր։ Այսպիսի հետաքրքրական եւ իմաստալից պատմութիւն մը ինչո՞ւ պիտի աղաւաղուէր եւ ներկայացուէր որպէս գերբնական հրաշք մը։ Արդարեւ, անոնք որոնք կը ջանան հերքել հրաշքներուն գերբնական ոյժը, աւելի խնդիրներ կը ծագեցնեն քան կը լուծեն։ Անոնք կեղծ առաջադրութիւններու վրայ կը հիմնուին, քանի որ կը սկսին ենթադրել թէ հրաշքները անկարելի են։ Բայց ինչո՞ւ պարագան այդպէս պէտք է ըլլայ։

34. Եթէ Աստուածաշունչը իրապէս ճշգրիտ մարգարէութիւններ եւ իրական հրաշքներու պատմութիւններ կը բովանդակէ, ի՞նչ կը փաստէ ասիկա։

34 Ըստ ամենէն տրամաբանական չափանիշներուն, թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն Գրութիւնները հարազատ պատմութիւններ են, սակայն երկուքն ալ մարգարէութիւններ ու հրաշքներ կը բովանդակեն։ (Բաղդատել Դ. Թագաւորաց 4։4244։) Բայց, եթէ մարգարէութիւնները ճշգրիտ են եւ հրաշքները իրապէս տեղի ունեցած են, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Ասիկա կը փաստէ թէ իրապէս Աստուած հովանաւորած է Աստուածաշունչի գրութիւնը եւ թէ անիկա իրապէս ի՛ր Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։ Հետագայ գլուխի մը մէջ պիտի շօշափենք մարգարէութեան հարցը, բայց նախ նկատի առնենք հրաշքները։ Այս Ի. դարուն, տրամաբանակա՞ն է հաւատալ թէ նախկին դարերուն հրաշքներ տեղի ունեցած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 66]

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ պիտի տեղեկագրէր թէ Յիսուսի յարութիւնը նախ գիտցուեցաւ կիներու, եթէ ատիկա իրապէս պատահած չըլլար։

[Շրջանակ՝ էջ 56]

Արդի քննադատութիւնը թերի գտնուած

Աստուածաշունչի արդի քննադատութեան անստոյգ ըլլալուն որպէս օրինակ, նկատի առէք Յովհաննու Աւետարանին մասին Ռէմոն Է. Պրաունի սա դիտողութիւնները. «Անցեալ դարու վերջաւորութեան եւ այս դարու սկիզբի տարիներուն, ուսումնականներ ծայրայեղ կասկածներ յայտնեցին այս Աւետարանին մասին։ Յովհաննուին շատ աւելի ուշ թուական մը տրուեցաւ, նոյնիսկ տարուելով մինչեւ Բ. դարու երկրորդ կէսը։ Հելլենական աշխարհի արտադրութիւն մը նկատուելով, անիկա պատմականօրէն բոլորովին անարժէք սեպուեցաւ, իսկ Նազովրեցի Յիսուսի ապրած Պաղեստինին հետ՝ քիչ առնչութիւն ունեցող ...

«Չկայ մարզ մը որ ազդուած չըլլայ հնագիտական, փաստագրական եւ բնագրական շարք մը անակնկալ յայտնագործութիւններով։ Այս յայտնագործութիւնները մեզ առաջնորդած են իրաւացիօրէն հակառակելու այն քննադատական առաջադրութիւններուն որոնք գրեթէ ուղղափառ դարձած էին, ինչպէս նաեւ ընդունելու թէ Յովհաննուին մասին այս չափազանց սկեպտիկ վերլուծումը ո՛րքան խախուտ հիմերու վրայ կը կենար։ ...

«Աւետարանին գրութեան թուականը ետ տարուեցաւ Ա. դարու վերջաւորութեան կամ նոյնիսկ աւելի առաջ։ ... Ամենէն զարմանալին թերեւս այն է որ կարգ մը ուսումնականներ նոյնիսկ կը համարձակին տակաւին թելադրել որ Զեբեդիոսի որդին՝ Յովհաննէս՝ որեւէ առնչութիւն ունեցած է Աւետարանին հետ»։3

Ինչո՞ւ տարօրինակ կը թուի որ Յովհաննէ՛ս գրեց աւանդականօրէն իրեն վերագրուած այս գիրքը։ Պարզապէս, քանի որ այս ճշմարտութիւնը քննադատներուն կանխակալ կարծիքներուն չի յարմարիր։

[Շրջանակ՝ էջ 70]

Աստուածաշունչին դէմ ուրիշ յարձակում մը

Տիմոթէոս Փ. Ուէպըր կը գրէ. «Բարձրագոյն քննադատութեան առաջադրութիւնները շատ մը աշխարհիկ մարդոց առաջնորդած են, որ [Աստուածաշունչէն] որեւէ բան հասկնալու իրենց կարողութեան վրայ կասկածին։ ... Ա. Թ. Փիրսըն շատ մը աւետարանչականներու շփոթութիւնը յայտնեց, երբ նշեց թէ ‘Կաթողիկէութեան նման, [բարձրագոյն քննադատութիւնը] հասարակ ժողովուրդին ձեռքէն Աստուծոյ Խօսքը գրեթէ կը վերցնէ, ենթադրելով թէ միմիայն ուսումնականները կրնան մեկնաբանել զայն։ Մինչ Հռովմը վարդապետ մը կը դնէ մարդու մը եւ Խօսքին միջեւ, քննադատութիւնը զարգացած մեկնիչ մը կը դնէ հաւատացեալին եւ իր Աստուածաշունչին միջեւ’»։23 Այս կերպով, արդի բարձրագոյն քննադատութիւնը քօղազերծուած է որպէս Աստուածաշունչին դէմ ուրիշ յարձակում մը։

[Նկար՝ էջ 62]

Պերգամոնի մէջ գտնուած այս խորանը երեւութապէս նուիրուած էր ‘անծանօթ աստուածներու’

[Նկար՝ էջ 63]

Անցեալին, Եփեսացիներուն մեծ պարծանքը եղած Արտեմիսի հոյակապ տաճարին աւերակները

[Նկար՝ էջ 64]

Աստուածաշունչը պարկեշտօրէն կը տեղեկագրէ թէ Պետրոս ուրացաւ Յիսուսը

[Նկար՝ էջ 67]

Աստուածաշունչը անկեղծօրէն կ’արձանագրէ Պօղոսի եւ Բառնաբասի միջեւ տեղի ունեցած «գժտութիւն»ը

[Նկար՝ էջ 68]

Չորս Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի մասին տրուած ներդաշնակ նկարագրութիւնը զօրաւոր փաստ մըն է անոնց անկեղծութեան

[Նկար՝ էջ 69]

Շատ մը արդի քննադատներ թեթեւի կ’առնեն հրաշքներուն տեղի ունեցած ըլլալը