Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ինքզինք կը հակասէ՞

Աստուածաշունչը ինքզինք կը հակասէ՞

Գլուխ 7

Աստուածաշունչը ինքզինք կը հակասէ՞

Յաճախ Աստուածաշունչը ամբաստանուած է որպէս հակասական գիրք մը։ Այս ամբաստանութիւնը ընողները ընդհանրապէս Աստուածաշունչը անձնապէս չեն կարդացած. անոնք պարզապէս կը կրկնեն ինչ որ լսած են։ Ոմանք, սակայն, կը խորհին որ իրական հակասութիւններ գտած են եւ ասիկա զիրենք կը վրդովեցնէ։

1, 2. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Աստուածաշունչին դէմ յաճախ ի՞նչ ամբաստանութիւն եղած է։ (բ) Երբ Աստուածաշունչի տարբեր հատուածներ կը բաղդատենք, ի՞նչ պէտք է յիշենք։ (գ) Կարգ մը ի՞նչ պատճառներով Աստուածաշունչի երկու գրողներ երբեմն նոյն դէպքը տարբեր կերպով կը տեղեկագրեն։

ԵԹէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է, անիկա ներդաշնակ պէտք է ըլլայ, ոչ թէ՝ հակասական։ Ուստի, ինչո՞ւ կարգ մը հատուածներ հակասական կը թուին։ Ասոր պատասխանելու համար, պէտք է յիշենք որ թէեւ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, սակայն անիկա բազմաթիւ անհատներու կողմէ գրուեցաւ երկար ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Այս գրողները տարբեր միջավայրերէ եկած էին, գրական տարբեր ոճեր ու պարգեւներ ունէին եւ այս բոլոր տարբերութիւնները կարտացոլացուին անոնց գրութեան մէջ։

2 Ասկէ զատ, եթէ երկու կամ աւելի գրողներ նոյն դէպքը նկարագրեն, մէկը պիտի յիշէ կարգ մը մանրամասնութիւններ զորս միւսը պիտի անտեսէ։ Նաեւ, տարբեր գրողներ նոյն նիւթը տարբեր կերպերով կը ներկայացնեն։ Մէկը կրնայ զայն ժամանակագրականօրէն գրել, մինչ ուրիշ մը տարբեր ուղղութիւն մը առնել։ Այս գլուխին մէջ, Աստուածաշունչին կարգ մը կարծեցեալ հակասութիւնները պիտի ներկայացնենք եւ պիտի տեսնենք որ ի՛նչպէս կրնանք զանոնք իրարու հետ ներդաշնակել, վերոյիշեալը ի մտի ունենալով։

Իրարմէ Անջատ Վկաներ

3, 4. Երեւութական ի՞նչ անհամաձայնութիւն կը գտնուի Մատթէոսի եւ Ղուկասի պատմութիւններուն միջեւ այն հարիւրապետին նկատմամբ որուն ծառան հիւանդ էր, եւ ասոնք ինչպէ՞ս կարելի է իրարու հետ ներդաշնակել։

3 Կարգ մը «հակասութիւններ» կը ծագին, երբ երկու կամ աւելի անհատներ կը պատմեն նոյն դէպքը։ Օրինակի համար, Մատթէոս 8։5–ին մէջ կը կարդանք որ երբ Յիսուս Կափառնայում եկաւ, «հարիւրապետ մը եկաւ քովը, կաղաչէր անոր», որ բժշկէր իր ծառան։ Մինչդեռ, Ղուկաս 7։3–ին մէջ կը կարդանք որ այս հարիւրապետը «Հրեաներէն քանի մը ծերեր ղրկելով՝ աղաչեց [Յիսուսի] որ գայ իր ծառան ապրեցնէ»։ Այս հարիւրապետը անձա՞մբ խօսեցաւ Յիսուսին թէ ան ծերերը ղրկեց։

4 Պատասխանը յստակ է թէ ան Հրեաներէն երէցներ ղրկեց։ Ուրեմն ինչո՞ւ Մատթէոս կըսէ որ ան անձամբ աղաչեց Յիսուսի։ Քանի որ, իրականութեան մէջ, այս մարդը Յիսուսէն խնդրեց Հրեայ երէցներուն միջոցով։ Երէցները որպէս խօսնակներ ծառայեցին իրեն։

5. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կըսէ թէ Սողոմոն շինեց տաճարը, երբ յստակ է որ շինարարութիւնը իսկապէս կատարուեցաւ ուրիշներու կողմէ։

5 Ասիկա բացատրելու համար, կարդանք Բ. Մնացորդաց 3։1–ը. «Սողոմոն սկսաւ Տէրոջը տունը շինել Երուսաղէմի մէջ»։ Աւելի ետք, կը կարդանք. «Սողոմոն Տէրոջը տուն[ը] ... լմնցուց»։ (Բ. Մնացորդաց 7։11) Արդեօք Սողոմոն անձնապէ՞ս շինեց տաճարը սկիզբէն մինչեւ վերջը։ Անշուշտ ո՛չ։ Շինարարական գործը իսկապէս կատարուեցաւ շատ մը արհեստաւորներու եւ գործաւորներու կողմէ։ Սակայն Սողոմոնն էր գործը կազմակերպողը եւ անոր պատասխանատուն։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը կըսէ որ ան շինեց տունը։ Միեւնոյն կերպով, Մատթէոսի Աւետարանը մեզի կըսէ որ հարիւրապետը մօտեցաւ Յիսուսին։ Բայց Ղուկաս, յաւելեալ մանրամասնութիւն տալով, կըսէ որ ան Հրեայ երէցներուն միջոցով մօտեցաւ անոր։

6, 7. Զեբեդէոսի որդիներուն խնդրանքին մասին ինչպէ՞ս կրնանք Աւետարանի երկու տարբեր պատմութիւնները իրարու հետ ներդաշնակել։

6 Ահաւասիկ նոյնանման ուրիշ օրինակ մը։ Մատթէոս 20։20, 21–ին մէջ կը կարդանք. «Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը որդիներուն հետ եկաւ [Յիսուսի], երկրպագութիւն կընէր ու բան մը կը խնդրէր անկէ»։ Ան կը խնդրէր որ երբ Յիսուս իր թագաւորութիւնով գար, իր երկու որդիներուն ամենէն նպաստաւոր դիրքերը տրուէին։ Այս նոյն դէպքին մասին, Մարկոսի պատմութեան մէջ կը կարդանք. «[Յիսուսի] քով գացին Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Զեբեդէոսի որդիները՝ ու ըսին. Վա՛րդապետ, կուզենք որ քեզմէ ինչ որ խնդրենք՝ մեզի ընես»։ (Մարկոս 10։3537) Խնդրանքը Յիսուսի ներկայացնողը Զեբեդէոսի որդինե՞րն էին թէ անոնց մայրն էր։

7 Որոշ է որ Զեբեդէոսի երկու որդիներն էին, որոնք խնդրանքը ներկայացուցին, ինչպէս Մարկոս կը նշէ։ Սակայն անոնք ասիկա ըրին իրենց մօրը միջոցով, որ խօսնակի դեր կատարեց։ Ասոր թիկունք կը կանգնի Մատթէոսի տեղեկագրութիւնը թէ երբ միւս առաքեալները Զեբեդէոսի որդիներուն մօրը ըրածը լսեցին, անոնք ոչ թէ անոնց մօրմէն նեղացան, այլ՝ երկու եղբայրներէն։—Մատթէոս 20։24

8. Ինչպէ՞ս կարելի է որ նոյն դէպքին մասին երկու պատմութիւններ իրարմէ տարբերին եւ տակաւին երկուքն ալ շիտակ ըլլան։

8 Բնաւ լսա՞ծ էք նոյն դէպքին ականատես եղած երկու հոգիի նկարագրութիւնը։ Եթէ այո՛, նկատա՞ծ էք թէ իւրաքանչիւր անհատ կը շեշտէր ա՛յն մանրամասնութիւնները որոնք տպաւորած են զինք։ Մէկը թերեւս կանտեսէր այնպիսի բաներ, զորս միւսը կը մէջբերէր։ Սակայն, երկուքն ալ ճշմարտութիւնը կը խօսէին։ Յիսուսի ծառայութիւնը տեղեկացնող չորս Աւետարաններու պատմութիւններուն, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի մէկէ աւելի գրողներու կողմէ տեղեկագրուած պատմական ուրիշ դէպքերուն պարագան ալ նոյնն է։ Իւրաքանչիւր գրող ճշգրիտ տեղեկութիւններ տուած է, նոյնիսկ երբ մէկը կարգ մը մանրամասնութիւններ յիշած է, մինչ ուրիշ մը՝ անտեսած։ Այս բոլոր տեղեկութիւնները համախմբելով, պատահած դէպքի մը մասին աւելի լայն հասկացողութիւն մը ձեռք կը ձգենք։ Այսպիսի տարբերութիւններ կը փաստեն որ Աստուածաշունչի պատմութիւնները իրարմէ անջատ են։ Իսկ անոնց հիմնական ներդաշնակութիւնը կը փաստէ որ անոնք շիտակ են։

Բովանդակութիւնը Կարդալ

9, 10. Բովանդակութիւնը ինչպէ՞ս կօգնէ մեզի հասկնալու թէ Կայէն ո՛ւրկէ գտաւ իր կինը։

9 Յաճախ երեւութական աններդաշնակութիւնները կը լուծուին, երբ պարզապէս բովանդակութեան վրայ աչք մը նետենք։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Կայէնի կնոջ մասին յաճախ յարուցուած հարցը։ Ծննդոց 4։1, 2–ին մէջ կը կարդանք. «[Եւա] յղացաւ ու Կայէնը ծնաւ եւ ըսաւ. Մարդ ստացայ Տէրոջմէն։ Եւ դարձեալ անոր Աբէլ եղբայրը ծնաւ»։ Ինչպէս գիտենք, Կայէն սպաննեց Աբէլը. բայց անկէ ետք, կը կարդանք որ Կայէն կին մը եւ զաւակներ ունէր։ (Ծննդոց 4։17) Եթէ Ադամ եւ Եւա միայն երկու որդի ունեցան, Կայէն ուրկէ՞ գտաւ իր կինը։

10 Այս հարցը կը լուծուի երբ գիտնանք որ Ադամն ու Եւան միայն երկու զաւակ չունեցան։ Ըստ բովանդակութեան, անոնք մեծ ընտանիք մը կազմեցին։ Ծննդոց 5։3–ին մէջ կը կարդանք որ Ադամ Սէթ անունով ուրիշ որդիի մը հայրը եղաւ, իսկ յաջորդ համարը կըսէ որ «[ան] տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ»։ (Ծննդոց 5։4) Հետեւաբար, Կայէն ամուսնացած ըլլալու էր իր քոյրերէն, կամ նոյնիսկ իր զարմուհիներէն, մէկուն հետ։ Մարդկային պատմութեան այդ սկզբնական շրջանին, երբ մարդիկ տակաւին կատարելութեան շատ մօտ էին, այսպիսի ամուսնութիւն մը ծնելիք զաւակներուն համար վտանգներ չէր ներկայացներ, ինչպէս է պարագան ներկայիս։

11. Ոմանք Յակոբոսին եւ Պօղոս առաքեալին միջեւ եղած երեւութական ո՞ր անհամաձայնութեան կը մատնանշեն։

11 Բովանդակութիւնը նկատի առնելը կը լուսաբանէ նաեւ Պօղոս առաքեալին եւ Յակոբոսին միջեւ կարծեցեալ անհամաձայնութիւնը։ Եփեսացիս 2։8, 9–ին մէջ, Պօղոս կըսէ որ Քրիստոնեաները կը փրկուին հաւատքով, ոչ թէ՝ գործերով։ Ան կըսէ. «Փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով ... ո՛չ թէ գործերէն»։ Մինչդեռ Յակոբոս կը շեշտէ գործերու կարեւորութիւնը։ Ան կը գրէ. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ (Յակոբու 2։26) Այս երկու արտայայտութիւնները ինչպէ՞ս կարելի է իրարու հետ ներդաշնակել։

12, 13. Յակոբոսի խօսքերը ինչպէ՞ս, փոխանակ հակասելու, կամբողջացնեն Պօղոս առաքեալի խօսքերը։

12 Պօղոսի խօսքերուն բովանդակութիւնը նկատի առնելով, կը տեսնենք որ այս երկու արտայայտութիւնները իրար կամբողջացնեն։ Պօղոս առաքեալ Մովսիսական Օրէնքը պահելու Հրեաներու ջանքերուն կակնարկէր։ Անոնք կը հաւատային որ եթէ Օրէնքը բծախնդրութեամբ պահէին, պիտի արդարանային։ Պօղոս ցոյց կու տար որ ասիկա անկարելի էր։ Բնաւ չենք կրնար արդարանալ, ու այսպիսով փրկութեան արժանանալ մեր անձնական գործերով, քանի որ ժառանգականօրէն մեղաւոր ենք։ Միայն Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհագործութեան հաւատք ընծայելով կրնանք փրկուիլ։—Հռովմայեցիս 5։18

13 Յակոբոս, սակայն, կենսական կէտ մը կաւելցնէ, ըսելով թէ հաւատքը ինքնին անարժէք է, եթէ գործեր չընկերակցին անոր։ Անհատ մը, որ կը դաւանի Յիսուսի հաւատալ, իր գործերով պէտք է փաստէ ասիկա։ Անգործունեայ հաւատք մը մեռած հաւատք մըն է եւ փրկութեան պիտի չառաջնորդէ։

14. Ո՞ր համարներուն մէջ Պօղոս ցոյց կու տայ որ ինք ամբողջովին համաձայն է թէ կենդանի հաւատք մը իր գործերով պէտք է փաստուի։

14 Պօղոս առաքեալ ասոր հետ ամբողջովին համաձայն էր եւ ան յաճախ յիշեց այն գործերը զորս Քրիստոնեաները պէտք է ընեն իրենց հաւատքը ապացուցանելու համար։ Օրինակի համար, ան Հռովմէացիներուն գրեց. «Սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով [հանրային յայտարարութիւն կ’ընէ (ՆԱ)] փրկուելու համար»։ «Հանրային յայտարարութիւն» ընելը՝ մեր հաւատքը ուրիշներուն հետ բաժնելը՝ կենսական է փրկութեան համար։ (Հռովմայեցիս 10։10. տես նաեւ Ա. Կորնթացիս 15։58. Եփեսացիս 5։15, 2133. 6։15. Ա. Տիմոթէոս 4։16. Բ. Տիմոթէոս 4։5. Եբրայեցիս 10։2325։) Հետեւաբար, որեւէ գործ եւ վստահաբար Մովսիսական Օրէնքը կատարելու որեւէ ջանք Քրիստոնեայի մը շահիլ պիտի չտայ յաւիտենական կեանքի իրաւունքը։ Անիկա «Աստուծոյ ձրի պարգեւ»ն է, շնորհուած անոնց՝ որոնք կը հաւատան։—Հռովմայեցիս 6։23. Յովհաննու 3։16

Տարբեր Տեսանկիւններ

15, 16. Ինչպէ՞ս թէ՛ Մովսէս եւ թէ Յեսու կրնային շիտակ ըլլալ, երբ մէկը կըսէր թէ Յորդանանի արեւելեան կողմը գետին «ասդիի կողմ»ն էր, մինչ միւսը՝ «անդիի կողմ»ը։

15 Երբեմն Աստուածաշունչը գրողները տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած նոյն դէպքին մասին գրեցին, կամ իրենց պատմութիւնը տարբեր կերպերով ներկայացուցին։ Երբ այս տարբերութիւնները նկատի առնուին, միւս երեւութական հակասութիւնները դիւրութեամբ կը լուծուին։ Ահաւասիկ օրինակ մը. Թուոց 35։14–ին մէջ, Մովսէս Յորդանանի արեւելեան թաղամասին կը մատնանշէ որպէս «Յորդանանի ասդիի կողմը»։ Մինչդեռ Յեսու, Յորդանանի արեւելեան երկրին մասին խօսելով, զայն կը կոչէ «Յորդանանի անդիի կողմը»։ (Յեսուայ 22։4) Ասոնցմէ ո՞ր մէկը շիտակ է։

16 Իրականութեան մէջ, երկուքն ալ շիտակ են։ Ըստ Թուոցի տեղեկագրութեան, Իսրայելացիները տակաւին Յորդանան Գետը ճեղքելով Խոստացեալ Երկիրը չէին մտած։ Հետեւաբար, անոնց համար Յորդանանի արեւելեան կողմը՝ «ասդիի կողմ»ն էր։ Բայց Յեսու արդէն ճեղքած էր Յորդանանը։ Ան հիմա կը գտնուէր գետին արեւմտեան ափը, Քանանու երկիրը։ Ուստի, իրեն համար, Յորդանանի արեւելեան կողմը՝ «անդիի կողմ»ն էր։

17. (ա) Ոմանք Ծննդոցի առաջին երկու գլուխներուն մէջ ի՞նչ երեւութական աններդաշնակութեան կը մատնանշեն։ (բ) Ենթադրեալ անհամաձայնութեան հիմնական պատճառը ի՞նչ է։

17 Պատմախօսական կառոյցն ալ կրնայ երեւութական հակասութեան մը առաջնորդել։ Ծննդոց 1։2426–ին մէջ, Աստուածաշունչը կը նշէ թէ անասունները մարդէն առաջ ստեղծուեցան։ Սակայն, Ծննդոց 2։7, 19, 20–ին մէջ, այնպէս կը թուի թէ մարդը անասուններէն առաջ ստեղծուած էր։ Ինչո՞ւ այս անհամաձայնութիւնը։ Քանի որ այս երկու պատմութիւնները երկու տարբեր տեսանկիւններէ կը դիտեն ստեղծագործութիւնը։ Առաջինը կը նկարագրէ երկնքի ու երկրի ստեղծագործութիւնը եւ անոնց մէջ եղած բոլոր բաները։ (Ծննդոց 1։12։4) Իսկ երկրորդը կը կեդրոնանայ մարդկային ցեղին ստեղծուելուն եւ անոր մեղքին մէջ իյնալուն վրայ։—Ծննդոց 2։54։26

18. Ինչպէ՞ս կրնանք Ծննդոցի սկիզբի գլուխներուն մէջ ստեղծագործութեան երկու պատմութիւններուն միջեւ եղած երեւութական անհամաձայնութիւնը ներդաշնակել։

18 Առաջին տեղեկագրութիւնը ժամանակագրականօրէն կառուցուած է, որ կը բաժնուի յաջորդական վեց «օր»երու։ Իսկ երկրորդը նիւթին կարեւորութեան համաձայն գրուած է։ Հակիրճ նախաբանէ մը ետք, անիկա տրամաբանականօրէն ուղղակի Ադամի ստեղծագործութեան կանցնի, քանի որ ան եւ անոր ընտանիքը կապ ունին յաջորդող դէպքերուն հետ։ (Ծննդոց 2։7) Ապա հարկ եղած ուրիշ տեղեկութիւններ կը տրուին։ Կը սորվինք որ իր ստեղծուելէն ետք, Ադամ պարտէզի մը՝ Եդեմի՝ մէջ պիտի ապրէր։ Ուստի, կը յիշուի Եդեմի պարտէզին պատրաստութիւնը։ (Ծննդոց 2։8, 9, 15) Եհովա Ադամին կը պատուիրէ «դաշտին բոլոր գազաններն ու երկնքի բոլոր թռչունները» անուանել։ Արդ, ժամանակն է յիշելու թէ այս բոլոր արարածները «Աստուած ... հողէն շինեց», թէեւ անոնց ստեղծագործութիւնը երկրային թատերաբեմին վրայ Ադամի երեւնալէն շա՜տ առաջ սկսաւ։—Ծննդոց 2։19. 1։20, 24, 26

Պատմութիւնը Ուշադրութեամբ Կարդալ

19. Երուսաղէմի նուաճման մասին երեւութական ի՞նչ շփոթութիւն գոյութիւն ունի Աստուածաշունչի պատմութեան մէջ։

19 Երեւութական հակասութիւնները լուծելու համար, երբեմն կը բաւէ պատմութիւնը ուշադրութեամբ կարդալ եւ հայթայթուած տեղեկութեան վրայ խորհիլ։ Օրինակի համար, նկատի առնենք Իսրայելացիներուն կողմէ Երուսաղէմի նուաճումը։ Երուսաղէմը Բենիամինի ժառանգութեան մէկ մասն էր, բայց կը կարդանք որ Բենիամինի ցեղը չկրցաւ գրաւել զայն։ (Յեսուայ 18։28. Դատաւորաց 1։21) Կը կարդանք որ Յուդան ալ չկրցաւ Երուսաղէմը գրաւել, որպէս թէ անիկա Յուդայի ցեղին ժառանգութեան մէկ մասը ըլլար։ Վերջապէս, Յուդա պարտութեան մատնեց Երուսաղէմը եւ զայն կրակով այրեց։ (Յեսուայ 15։63. Դատաւորաց 1։8) Հարիւրաւոր տարիներ ետք սակայն, արձանագրուած է որ Դաւիթն ալ Երուսաղէմը գրաւեց։—Բ. Թագաւորաց 5։59

20, 21. Բոլոր մանրամասնութիւնները զգուշութեամբ քննելով, Երուսաղէմ քաղաքին գրաւման մասին Եբրայեցիներուն պատմութեան մէջ ի՞նչ կը յայտնուի։

20 Առաջին ակնարկով, այս բոլորը կրնան շփոթեցուցիչ երեւնալ, սակայն, իրականութեան մէջ, հակասութիւն չկայ։ Բենիամինի եւ Յուդայի ժառանգութեան մինչեւ եղած սահմանը կերկարէր մինչեւ Ենովմի Հովիտը, հին Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն անցնելով։ Այն ինչ որ հետագային Դաւիթի Քաղաք կոչուեցաւ, իրականութեան մէջ, Բենիամինի հողամասին մէջ կը գտնուէր, ինչպէս Յեսուայ 18։28–ն կըսէ։ Բայց հաւանաբար Ենովմի Հովիտը Յեբուսացիներուն Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն կանցնէր եւ անոր մէկ մասը կը գտնուէր Յուդայի հողամասին մէջ, այնպէս որ Յուդան ալ ստիպուեցաւ պատերազմիլ անոր Քանանացի բնակիչներուն դէմ։

21 Բենիամին չկարողացաւ քաղաքը գրաւել։ Առիթով մը, Յուդան Երուսաղէմը գրաւեց եւ զայն կրակով այրեց։ (Դատաւորաց 1։8, 9) Բայց այնպէս կը տեսնուի որ Յուդայի ուժերը անկէ քաշուելէն ետք, տեղացիներէն ոմանք վերագրաւեցին քաղաքը։ Հետագային, անոնք կազմեցին ընդդիմութեան ճակատ մը՝ որ ո՛չ Յուդան եւ ոչ Բենիամինը կրցան զայն նուաճել։ Այս կերպով, Յեբուսացիները շարունակեցին Երուսաղէմի մէջ բնակիլ մինչեւ որ Դաւիթ գրաւէ զայն, հարիւրաւոր տարիներ ետք։

22, 23. Յիսուսի տանջանքի ցիցը ո՞վ շալկեց մինչեւ իր մահուան վայրը։

22 Աւետարաններուն մէջ ուրիշ օրինակ մը կը գտնենք։ Յիսուս դէպի իր մահուան վայրը տարուելուն մասին, Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Յիսուս իր խաչը [ցիցը] վերցնելով՝ ելաւ Գագաթ ըսուած տեղը»։ (Յովհաննու 19։17) Սակայն, Ղուկասու մէջ կը կարդանք. «Երբ զանիկա կը տանէին, Սիմոն Կիւրենացի ըսուած մէկը բռնեցին, որ արտէն կու գար եւ խաչը [ցիցը] անոր վրայ դրին, որպէսզի Յիսուսին ետեւէն տանի»։ (Ղուկաս 23։26) Ուստի, Յիսո՞ւս շալկեց իր մահուան ցիցը թէ Սիմոնը շալկեց զայն իր տեղը։

23 Սկիզբը, հաւանաբար Յիսուս շալկեց իր տանջանքի ցիցը, ինչպէս Յովհաննէս կը նշէ։ Բայց, ինչպէս Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս կը վկայեն, հետագային Կիւրենացի Սիմոնը վարձուեցաւ, որպէսզի ցիցը շալկէ մինչեւ Յիսուսի մահուան վայրը։

Անջատօրէն Գրուած Ըլլալուն Ապացոյցը

24. Ինչո՞ւ չենք զարմանար Աստուածաշունչին մէջ երեւութական անհամաձայնութիւններ գտնելով, սակայն ասկէ ի՞նչ պէտք չէ եզրակացնենք։

24 Ճիշդ է որ Աստուածաշունչին մէջ կարգ մը երեւութական անհամաձայնութիւններ կան, որոնք դժուար են իրարու հետ ներդաշնակել։ Սակայն պէտք չէ եզրակացնենք թէ անոնք իրական հակասութիւններ են։ Յաճախ ասոր բուն պատճառը լման տեղեկութեան պակասն է։ Մեր հոգեւոր կարիքները լեցնելու համար, Աստուածաշունչը բաւական գիտութիւն կը հայթայթէ։ Բայց եթէ անիկա իւրաքանչիւր յիշուած դէպքին մասին ամէն մանրամասնութիւն տար, հիմա մեր ունեցած դիւրատար եւ գործնական հատորին փոխարէն, գրքերու հսկայ եւ անգործնական հաւաքածոյ մը պիտի ունենայինք։

25. Յիսուսի ծառայութեան արձանագրութեան մասին Յովհաննէս ի՞նչ կըսէ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս մեզի կօգնէ հասկնալու թէ ի՛նչու Աստուածաշունչը ամէն դէպքի մասին ամէն մանրամասնութիւն չի տար։

25 Յիսուսի ծառայութեան մասին խօսելով, Յովհաննէս առաքեալ արդարացի չափազանցութեամբ գրեց. «Ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը»։ (Յովհաննու 21։25) Տակաւին շատ աւելի անկարելի պիտի ըլլար Աստուծոյ ժողովուրդին երկար պատմութեան բոլոր մանրամասնութիւնները արձանագրել նահապետական օրերէն մինչեւ առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքը։

26. Աստուածաշունչը բաւարար տեղեկութիւններ կը պարունակէ, որպէսզի մենք կենսական ո՞ր իրողութեան մասին վստահ ըլլանք։

26 Արդարեւ, Աստուածաշունչը հրաշալիօրէն խտացուած գիրք մըն է։ Անիկա բաւարար տեղեկութիւններ կը պարունակէ, որպէսզի կարենանք անդրադառնալ թէ անիկա պարզապէս մարդկային աշխատանք մը չէ։ Անոր պարունակած որեւէ տարբերութիւն կը փաստէ թէ գրողները իրապէս իրարմէ անջատ վկաներ էին։ Իսկ միւս կողմէն, Աստուածաշունչին աչքառու համերաշխութիւնը, որուն մասին աւելի մանրամասնօրէն պիտի խօսինք հետագայ գլուխի մը մէջ, աներկբայելիօրէն կապացուցանէ անոր աստուածային ծագում ունենալը։ Անիկա Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 89]

Աստուածաշունչի երեւութական անհամաձայնութիւնները կը փաստեն որ գրողները իրապէս իրարմէ անջատ վկաներ էին

[Մէջբերում՝ էջ 91]

Բովանդակութիւնը նկատի առնելը յաճախ կ’օգնէ կարծեցեալ հակասութիւնները լուծելու

[Շրջանակ՝ էջ 93]

«Անհամաձայնութիւններ»ը անպայման հակասութիւններ չեն

Աստուածաբան Գեննէթ Ս. Քանցըր առիթով մը ցոյց տուաւ որ նոյն դէպքի մասին երկու տեղեկագրութիւններ ի՛նչպէս կրնան հակասական թուիլ եւ տակաւին երկուքն ալ ճշգրիտ ըլլալ։ Ան գրեց. «Որոշ ժամանակ առաջ, մեր շատ սիրելի բարեկամներէն մէկուն մայրը սպաննուեցաւ։ Նախ անոր մահուան մասին իմացանք շատ վստահելի բարեկամէ մը, որ տեղեկագրեց թէ մեր բարեկամին մայրը փողոցին անկիւնը կայնած օթոպիւսի մը կը սպասէր, անկէ անցած ուրիշ օթոպիւսի մը կողմէ զարնուած, ծանրօրէն վիրաւորուած եւ քանի մը վայրկեան ետք մահացած էր»։

Քիչ ետք, Քանցըր բոլորովին տարբեր տեղեկագրութիւն մը լսեց։ Ան կ’ըսէ. «Մահացած կնոջ թոռնիկէն իմացանք թէ ան ճամբու արկած մը ունեցած էր, իր գտնուած ինքնաշարժէն դուրս նետուած եւ իսկոյն մահացած էր։ Տղան իրապէս վստահ էր իր ըսածին։

«Աւելի ետք, ... ուզեցինք այս երկու պատմութիւնները իրարու հետ ներդաշնակել։ Իմացանք որ մեծ մայրը օթոպիւսի մը կը սպասէր, ուրիշ օթոպիւսի մը կողմէ զարնուած եւ ծանրօրէն վիրաւորուած էր։ Անկէ անցած ինքնաշարժ մը զայն վերցուցած եւ հիւանդանոց շտապած էր, բայց այն ինքնաշարժը, որ զայն հապճեպով հիւանդանոց կը տանէր, ուրիշ ինքնաշարժի մը զարնուած էր։ Այս ցնցումէն, ան ինքնաշարժէն դուրս նետուած եւ իսկոյն մահացած էր»։

Ուստի կը պատահի որ նոյն դէպքին մասին երկու տարբեր պատմութիւններ ճշգրիտ ըլլան, նոյնիսկ եթէ իրարու հետ համաձայն չեն։ Նոյնն է պարագան Աստուածաշունչին։ Իրարմէ անջատ վկաներ կրնան նոյն դէպքին մասին իրարմէ տարբեր մանրամասնութիւններ նկարագրել։ Սակայն, փոխանակ իրար հակասելու, անոնց գրածները իրար կ’ամբողջացնեն։ Իսկ եթէ բոլոր պատմութիւնները համախմբենք, պատահած դէպքը աւելի լաւ կը հասկնանք։