Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտութիւնը փաստա՞ծ է Աստուածաշունչին սխալ ըլլալը

Գիտութիւնը փաստա՞ծ է Աստուածաշունչին սխալ ըլլալը

Գլուխ 8

Գիտութիւնը փաստա՞ծ է Աստուածաշունչին սխալ ըլլալը

1613–ին, Իտալացի գիտնական Գալիլէոս երկ մը հրատարակեց, որ ծանօթ է որպէս «Նամակներ՝ արեւաբիծերուն Մասին»։ Անոր մէջ, ան ապացոյցներ կը ներկայացնէր թէ երկիրը կը թաւալի արեւուն շուրջ եւ ոչ թէ արեւը՝ երկրին շուրջ։ Ասիկա միջադէպերու ծայր տուաւ, որոնք վերջապէս զինք բերին Հռովմէական Կաթողիկէ Հաւատաքննութեան առջեւ, «հերետիկոսութեան ուժեղ կասկածանքի ամբաստանութեամբ»։ Վերջապէս, ան պարտադրուեցաւ «հերքել» իր ըսածը։ Երկիրը արեւուն շուրջ թաւալելուն գաղափարը ինչո՞ւ հերետիկոսութիւն կը նկատուէր։ Քանի որ Գալիլէոսը ամբաստանողները կը դաւանէին թէ ասիկա հակառակ էր Աստուածաշունչի ըսածին։

1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Գալիլէոս թելադրեց որ երկիրը արեւուն շուրջ կը թաւալի։ (բ) Թէեւ Աստուածաշունչը գիտական դասագիրք մը չէ, սակայն երբ զայն բաղդատենք արդի գիտութեան հետ, ի՞նչ կը տեսնենք։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ ընդհանուր կարծիք մը կայ թէ Աստուածաշունչը հակա–գիտական է եւ ոմանք ասիկա փաստելու համար յաճախ Գալիլէոսի փորձառութիւններուն կը մատնանշեն։ Բայց արդեօք պարագան ա՞յս է։ Երբ այս հարցումին կը պատասխանենք, պէտք է յիշենք որ Աստուածաշունչը մարգարէութիւն, պատմութիւն, աղօթք, օրէնք, խրատ եւ Աստուծոյ մասին գիտութիւն պարունակող գիրք մըն է։ Անիկա չի դաւանիր գիտական դասագիրք մը ըլլալ։ Այսուհանդերձ, երբ Աստուածաշունչը գիտական հարցեր կը շօշափէ, իր ըսածը ամբողջովին ճշգրիտ է։

Մեր Երկիր Մոլորակը

2. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ անջրպետին մէջ երկրի դիրքը։

2 Նկատի առէք, զոր օրինակ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կըսէ մեր մոլորակին՝ երկրին՝ մասին։ Յոբայ գիրքին մէջ կը կարդանք. «[Աստուած] հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ»։ (Յոբ 26։7) Ասիկա բաղդատեցէք Եսայիի խօսքերուն հետ, երբ կըսէ. «Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը»։ (Եսայեայ 40։22) Հոս թելադրուած պատկերը՝ «պարապ տեղին» մէջ ոչնչին վրայ կախուողկլոր երկիր մը՝ մեզի անմիջապէս կը յիշեցնէ պարապ անջրպետին մէջ ծփացող երկրագունդը զոր աստղանաւորդներ լուսանկարած են։

3, 4. Երկրին ջուրի շրջանը ի՞նչ է, եւ Աստուածաշունչը ի՞նչ կըսէ այդ մասին։

3 Նկատի առէք նաեւ երկրին ջուրի ապշեցուցիչ շրջանը։ Գոմբթըն Համայնագիտարանը (Անգլ.) հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ թէ ի՛նչ տեղի կունենայ. «Ջուրը ... ովկիանոսներու մակերեսէն շոգիանալով կը թափանցէ մթնոլորտին մէջ ...։ Խոնաւութեամբ ծանրաբեռնուած օդը երկրին ներքին կողմերը կը քշուի մթնոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող օդային յարատեւ հոսանքներու միջոցաւ։ Երբ օդը պաղի, շոգին խտանալով կը վերածուի ջուրի կաթիլներու, զորս սովորաբար կը տեսնենք որպէս ամպեր։ Յաճախ այս կաթիլները իրար կը միանան անձրեւի կաթիլներ կազմելու համար։ Եթէ մթնոլորտը աւելի պաղի, փոխանակ անձրեւի կաթիլներու, ձիւնի փաթիլներ կը կազմուին։ Երկու պարագային ալ, ովկիանոսէն հարիւրաւոր կամ նոյնիսկ հազարաւոր քիլոմեթր ճամբորդած ջուրը դարձեալ կը թափի երկրի վրայ։ Ապա անիկա գետերու կը միանայ կամ հողին մէջ կը սուզուի եւ ապա ետ դէպի ծով իր ճամբորդութեան կը ձեռնարկէ»։1

4 Ցամաք երկրին վրայ կեանքը կարելի դարձնող այս հոյակապ գործարկութիւնը Աստուածաշունչին մէջ լաւ կերպով նկարագրուած էր շուրջ 3,000 տարիներ առաջ, հետեւեալ պարզ բառերով. «Բոլոր գետերը ծով կերթան, բայց ծովը չի լեցուիր։ Այն տեղը, ուր գետերը կերթային, նորէն հո՛ն կերթան»։—Ժողովողի 1։7

5. Երկրին լեռներու կազմութեան մասին սաղմոսերգուին բացատրութիւնը ինչպէ՞ս հոյակապ կերպով արդիական է։

5 Թերեւս նոյնիսկ աւելի հոյակապ է լեռներու պատմութեան Աստուածաշունչի խորաթափանց տեղեկութիւնը։ Երկրաբանութեան մասին դասագիրք մը հետեւեալը կըսէ. «Նախա–Կամբրիական ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, լեռներու կազմութեան եւ կործանման յարատեւ գործարկութիւնը շարունակուած է։ ... Ոչ միայն լեռներ ծագում առած են անհետացած ծովերու յատակէն, այլ անոնք իրենց կազմութենէն երկար ժամանակ ետք յաճախ մխրճուած եւ ապա դարձեալ բարձրացած են»։2 Ասիկա բաղդատեցէք սաղմոսերգուին բանաստեղծական լեզուին հետ. «[Երկիրը] անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով, ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։ Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան, այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար»։—Սաղմոս 104։6, 8

«Սկիզբէն»

6. Տիեզերքի ծագման մասին Աստուածաշունչի ո՞ր խօսքը համաձայն է մերօրեայ գիտական վարկածներուն հետ։

6 Աստուածաշունչին առաջին համարը կըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։ (Ծննդոց 1։1) Իրենց կատարած քննութիւններէն դատելով, գիտնականներ այն վարկածին յանգած են թէ նիւթական տիեզերքը իրապէս սկիզբ մը ունեցած է։ Անիկա միշտ գոյութիւն չէ ունեցած։ Աստղագէտ Ռապըրթ Ճէսթրօ, կրօնական հարցերու մէջ երեւութապաշտ մը, գրեց. «Աստղաբանական եւ Ծննդոցի սուրբ գրային պատմութիւններուն մէջ, մանրամասնութիւններ կը տարբերին, սակայն հիմնական տարրերը նոյնն են. մինչեւ մարդը հասնող դէպքերու շարքը յանկարծ կը սկսի, որոշ ժամանակ մը, լոյսի եւ ոյժանիւթի ճայթքումով մը»։3

7, 8. Թէեւ այս հարցին մէջ Աստուծոյ խաղցած դերը չեն ընդունիր, սակայն տիեզերքի ծագումին նկատմամբ շատ մը գիտնականներ կը պարտադրուին ի՞նչ ընդունիլ։

7 Թէեւ շատ մը գիտնականներ կը հաւատան թէ տիեզերքը սկիզբ մը ունեցած է, սակայն չեն ընդունիր «Աստուած ... ստեղծեց» խօսքը։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ ոմանք ներկայիս կընդունին որ դժուար է ժխտել գոյութիւն ունեցող ամէն բանի ետին գտնուող մտացի Էութեան փաստերը։ Բնագիտութեան ուսուցչապետ Ֆրիման Տիսըն կը բացատրէ. «Որքան քննեմ տիեզերքը եւ սերտեմ անոր ճարտարագիտական կառոյցին մանրամասնութիւնները, այդքան աւելի փաստ կը գտնեմ թէ տիեզերքը կերպով մը տեղեակ ըլլալու էր մեր գալէն»։

8 Տիսըն կը շարունակէ ընդունիլ. «Ի. դարու եւ ոչ թէ ԺԸ. դարու խորհելակերպով եւ լեզուաբանական վարժութեամբ մարզուած գիտնական մը ըլլալով, չեմ դաւանիր որ տիեզերքին ճարտարագիտական կառոյցը կը փաստէ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Միայն կը դաւանիմ որ տիեզերքին ճարտարագիտական կառոյցը ներդաշնակ է այն ենթադրութեան հետ թէ միտքը կարեւոր դեր մը կը խաղայ անոր գործելակերպին մէջ»։4 Իր բացատրութիւնը վստահաբար ներկայ սկեպտիկական կեցուածքը կը յայտնէ։ Սակայն այդ սկեպտիկութիւնը մէկդի դնելով, անհատ մը կը նշմարէ որ յատկանշական ներդաշնակութիւն մը կայ արդի գիտութեան եւ Աստուածաշունչի այն տեղեկութեան միջեւ թէ «սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։—Ծննդոց 1։1

Առողջութիւն եւ Առողջապահական Միջոցառումներ

9. Մորթային փոխանցիկ ախտերու մասին Աստուածաշունչի օրէնքը ինչպէ՞ս գործնական իմաստութիւն կարտացոլացնէ։ (Յոբ 12։9, 16ա)

9 Հիմա նկատի առէք Աստուածաշունչի շօշափած ուրիշ մէկ մարզը. առողջութիւնը եւ առողջապահական միջոցառումները։ Եթէ Իսրայելացի մը բորոտութիւն թելադրող մորթային բիծ մը ունենար, ան կը մեկուսացուէր. «Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. անիկա անմաքուր է, մինակ պէտք է նստի. անոր բնակութիւնը բանակէն դուրս պէտք է ըլլայ»։ (Ղեւտացւոց 13։46) Վարակուած հագուստներն անգամ կայրուէին։ (Ղեւտացւոց 13։52) Այդ օրերուն, ախտին տարածումը արգիլելու համար, ասիկա միակ ազդեցիկ կերպն էր։

10. Կարգ մը երկիրներու մէջ շատեր ինչպէ՞ս պիտի օգտուէին, եթէ առողջապահութեան մասին Աստուածաշունչի խրատին հետեւէին։

10 Ուրիշ կարեւոր կէտ մը կապ ունէր մարդկային կղկղանքէն ձերբազատուելուն հետ, զոր բանակավայրէն դուրս պէտք էր թաղել։ (Բ. Օրինաց 23։12, 13) Այս օրէնքը անկասկած Իսրայելացիները պահպանեց շատ մը հիւանդութիւններէ։ Նոյնիսկ ներկայիս, մարդկային կեղտերէ ձերբազատուելու պատշաճ միջոցառումներ չունեցող կարգ մը երկիրներու մէջ առողջապահական լուրջ խնդիրներ գոյութիւն ունին։ Այդ երկիրներու մէջ ապրողները, եթէ պարզապէս հետեւէին հազարաւոր տարիներ առաջ Աստուածաշունչի մէջ գրուած օրէնքին, աւելի առողջ պիտի ըլլային։

11. Մտային առողջութեան մասին Աստուածաշունչի խրատին գործնական ըլլալը ինչպէ՞ս փաստուած է։

11 Առողջապահութեան նկատմամբ Աստուածաշունչին բարձր չափանիշը մտային առողջութիւն ալ կը ներփակէր։ Աստուածաշունչի առակ մը ըսաւ. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է»։ (Առակաց 14։30) Վերջին տարիներուն, բժշկական հետազօտութիւններ ցոյց տուած են թէ մեր մտավիճակը արդարեւ կազդէ մեր ֆիզիքական առողջութեան։ Օրինակի համար, Ճոն Հոբքինս Համալսարանէն Բժիշկ Թովմաս շուրջ 16 տարիներու ընթացքին, հազարէ աւելի շրջանաւարտներ ուսումնասիրեց, անոնց հոգեբանական վիճակին եւ ենթակայ եղած ախտերուն միջեւ կապ մը գտնելու համար։ Ան հետեւեալը նշմարեց. Այն շրջանաւարտները, որոնք ճնշումի ներքեւ աւելի ջղային եւ աւելի մտահոգ էին, ախտերու աւելի ենթակայ էին։5

Աստուածաշունչը Ի՞նչ կԸսէ

12. Կաթողիկէ Եկեղեցին ինչո՞ւ կը պնդէր թէ երկրին մասին Գալիլէոսի վարկածը հերետիկոսութիւն էր։

12 Եթէ Աստուածաշունչը այսքան ճշգրիտ է գիտական մարզերու մէջ, Կաթողիկէ Եկեղեցին ինչո՞ւ ըսաւ որ Գալիլէոսի ուսուցումը թէ երկիրը արեւուն շուրջ կը թաւալի՝ սուրբ գրային չէր։ Պատճառը այդ հեղինակութիւններուն Աստուածաշունչի որոշ համարները մեկնաբանելու կերպն էր։6 Անոնց մեկնաբանութիւնները շիտա՞կ էին։ Անոնց մատնանշած երկու հատուածները կարդանք եւ տեսնենք։

13, 14. Կաթողիկէ Եկեղեցին ո՞ր համարները սխալ կերպով կը մեկնաբանէր։ Բացատրեցէք։

13 Անոնցմէ մէկը կըսէ. «Արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ»։ (Ժողովողի 1։5) Ըստ Եկեղեցիին պատճառաբանութեան, «արեւը կը ծագի» եւ «արեւը մարը կը մտնէ» արտայայտութիւնները կը նշանակեն թէ արե՛ւը կը շարժի, ոչ թէ՝ երկիրը։ Բայց նոյնիսկ մեր օրերուն կըսենք թէ արեւը կը ծագի ու մարը կը մտնէ եւ շատերս գիտենք թէ երկի՛րն է, որ կը շարժի, ոչ թէ՝ արեւը։ Երբ այսպիսի արտայայտութիւններ կը գործածենք, պարզապէս կը նկարագրենք արեւուն երեւութական շարժումը, այնպէս ինչպէս կերեւնայ մարդկային աչքերուն։ Աստուածաշունչը գրողին պարագան ալ ճիշդ նոյնն էր։

14 Միւս հատուածը կըսէ. «[Աստուած] հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէսզի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի»։ (Սաղմոս 104։5) Ասոր այն մեկնաբանութիւնը տրուեցաւ թէ իր ստեղծուելէն ետք, երկիրը բնաւ չէր կրնար շարժիլ։ Իրականութեան մէջ սակայն, այս համարը կը շեշտէ երկրին մնայուն ըլլալը, ոչ թէ՝ անշարժ ըլլալը։ Երկիրը բնաւ պիտի «չխախտի» կամ կործանի, ինչպէս ուրիշ սուրբ գրային համարներ կը հաստատեն։ (Սաղմոս 37։29. Ժողովողի 1։4) Այս համարն ալ ոչ մէկ կապ ունի երկրին եւ արեւուն յարաբերական շարժումին հետ։ Գալիլէոսի ժամանակներուն, գիտական ազատ բանավէճերուն արգելք հանդիսացողը Եկեղեցին էր, ոչ թէ՝ Աստուածաշունչը։

Բարեշրջութիւն եւ Ստեղծագործութիւն

15. Ի՞նչ է բարեշրջութեան վարկածը, եւ անիկա ինչպէ՞ս կը հակասէ Աստուածաշունչին։

15 Սակայն, կայ մարզ մը, որու մէջ, շատեր կըսեն որ կարելի չէ արդի գիտութիւնը եւ Աստուածաշունչը իրարու հետ հաշտեցնել։ Շատ մը գիտնականներ կը հաւատան բարեշրջութեան վարկածին որ կը սորվեցնէ թէ բոլոր ապրող բաները միլիոնաւոր տարիներ առաջ գոյացած կեանքի պարզագոյն ձեւէ մը բարեշրջուած են։ Իսկ միւս կողմէն, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ ապրող բաներուն իւրաքանչիւր գլխաւոր տեսակ, մասնայատուկ կերպով ստեղծուած է եւ միայն իր տեսակին պէսկարտադրէ։ Անիկա կըսէ որ մարդը «գետնին հողէն» ստեղծուեցաւ։ (Ծննդոց 1։21. 2։7) Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ գիտական նշմարելի սխա՞լ մըն է։ Այս մասին որոշում առնելէ առաջ, աւելի մօտէն քննենք ինչ որ գիտութիւնը գիտէ եւ ինչ որ անոր համար դեռ վարկած մըն է։

1618. (ա) Չարլզ Տարվինի մէկ դիտարկութիւնը ի՞նչ էր, որ զինք մղեց բարեշրջութեան վարկածը յղանալու։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք պատճառաբանել թէ Կալափակոս կղզիներուն վրայ Տարվինի նկատածը չի հակասեր Աստուածաշունչի ըսածին։

16 Բարեշրջութեան վարկածը ժողովրդական դարձաւ անցեալ դարու ընթացքին, Չարլզ Տարվինի կողմէ։ Երբ Տարվին Խաղաղականի Կալափակոս կղզիներուն վրայ կը գտնուէր, տարբեր կղզիներուն վրայ գտնուող սարեկիկներու այլազանութիւնը մեծապէս տպաւորեց զինք։ Ան հետեւցուց թէ այս բոլորը սերած ըլլալու էին մէկ նախատիպէ։ Մասամբ, այս դիտարկութիւնը պատճառ եղաւ որ ան ներկայացնէ այն վարկածը թէ բոլոր ապրող բաները նախնական մէկ ձեւէ յառաջ եկած են։ Ըստ իրեն, ստորին արարածները աւելի բարձր ձեւի կը բարեշրջուին բնական ընտրութեամբ, յարմարագոյնին վերապրումով։ Բարեշրջութեան շնորհիւ, ըսաւ ան, ցամաքային անասունները զարգացան ձուկերէն, թռչունները՝ սողուններէն, եւայլն։

17 Իրականութեան մէջ, Տարվին ինչ որ նկատեց այդ մեկուսացած կղզիներուն վրայ, Աստուածաշունչին հետ աններդաշնակ չէր, որովհետեւ անիկա կընդունի այլազանութիւններու առկայութիւնը իւրաքանչիւր գլխաւոր տեսակի մէջ։ Մարդկային բոլոր ցեղերը, զոր օրինակ, ծագում առին մարդկային նախնական զոյգէ մը։ (Ծննդոց 2։7, 2224) Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ այդ սարեկիկներու տարբեր տեսակները ծագում առնէին հասարակաց նախատիպէ մը։ Սակայն անոնք սարեկիկներ մնացին։ Անոնք բազէներու կամ արծիւներու չբարեշրջուեցան։

18 Ո՛չ սարեկիկներու այլազանութիւնը եւ ոչ ալ Տարվինին տեսած ուրիշ որեւէ բան կը փաստեն թէ բոլոր ապրող արարածները՝ ըլլան անոնք շանաձուկեր թէ ծովային թռչուններ, փիղեր թէ հողի որդեր, հասարակաց նախածնող մը ունին։ Այսուհանդերձ, շատ մը գիտնականներ կը հաստատեն թէ բարեշրջութիւնը այլեւս պարզ վարկած մը չէ, այլ՝ իրողութիւն մը։ Ուրիշներ, այդ վարկածին թերի ըլլալը ընդունելով հանդերձ, կըսեն որ անոր կը հաւատան, քանի որ անիկա ժողովրդական է։ Մենք, սակայն, պէտք է գիտնանք թէ բարեշրջութիւնը Աստուածաշունչին սխալ ըլլալը փաստելու աստիճան ապացոյցներ ունի թէ ոչ։

Բարեշրջութիւնը Փաստուա՞ծ Է

19. Բրածոյական տուեալները թիկունք կը կանգնին բարեշրջութեա՞ն թէ ստեղծագործութեան։

19 Բարեշրջութեան վարկածը ինչպէ՞ս կարելի է ստուգել։ Ամենէն պարզ կերպն է բրածոյական տուեալները քննել, տեսնելու համար թէ տեսակներու միջեւ իրապէս աստիճանաւոր փոփոխութիւն մը եղա՛ծ է թէ ոչ։ Արդեօք բրածոները ասիկա փաստա՞ծ են։ Ո՛չ, ինչպէս շատ մը գիտնականներ պարկեշտօրէն կընդունին։ Անոնցմէ մէկը՝ Ֆրանսիս Հիչինկ կը գրէ. «Երբ անասուններու գլխաւոր տեսակներու միջեւ կապեր փնտռէք, չէք կրնար գտնել»։7 Բրածոյական տուեալներուն մէջ ապացոյցի չգոյութիւնը այդքան բացայայտ է որ բարեշրջականներ Տարվինի աստիճանաւոր փոփոխութեան վարկածը փոխարինող լուծումներ կը փնտռեն։ Ճշմարտութիւնը այն է, սակայն, թէ բրածոյական տուեալներուն մէջ անասնական տեսակներու յանկարծական երեւոյթը աւելի թիկունք կը կանգնի ստեղծագործութեան քան բարեշրջութեան։

20. Ապրող բջիջի մը վերարտադրուելու կերպը ինչո՞ւ թոյլ չի տար որ բարեշրջութիւնը տեղի ունենայ։

20 Ասկէ զատ, Հիչինկ ցոյց կու տայ թէ ապրող արարածները ծրագրուած են որ ճիշդ իրենց տեսակը արտադրեն եւ ոչ թէ ուրիշ բանի մը փոխուին։ Ան կըսէ. «Ապրող բջիջները կը բազմանան գրեթէ ամբողջական հաւատարմութեամբ։ Սխալի հաւանականութեան աստիճանը այնքան ջնջին է, որ մարդակերտ ոչ մէկ մեքենայ կրնայ անոր հաւասարիլ։ Կան նաեւ բնածին պարտադրանքներ։ Բոյսերը որոշ չափի կը հասնին եւ կը մերժեն աւելի աճիլ։ Պտղաճանճերը կը շարունակեն պտղաճանճեր մնալ որեւէ պարագայի ներքեւ»։8 Պտղաճանճերը ուրիշ բանի փոխելու գիտնականներուն տասնեակ տարիներու ջանքերը ապարդիւն մնացած են։

Կեանքին Ծագումը

21. Լուտվիկ Բասթէօրի կողմէ փաստուած ի՞նչ եզրակացութիւն բարեշրջականներուն համար լուրջ հարց մըն է։

21 Բարեշրջականները չեն կրցած նաեւ ուրիշ փշոտ հարցի մը պատասխանել. Կեանքը ինչպէ՞ս ծագում առաւ։ Կեանքի ամենանախնական ձեւը, որմէ կենթադրուի որ բոլորս ալ սերած ենք, ինչպէ՞ս գոյութիւն ունեցած է։ Դարեր առաջ, ասիկա հաւանաբար հարց մը չէր։ Այն ատեն շատեր կը խորհէին թէ նեխած միսէն ճանճեր կրնային յառաջ գալ եւ ցնցոտիներու կոյտերէն ինքնաբերաբար մուկ կրնար յառաջ գալ։ Սակայն, աւելի քան դար մը առաջ, Ֆրանսացի քիմիագէտ Լուտվիկ Բասթէօր յստակօրէն ցոյց տուաւ որ կեանքը կրնայ միայն նախագոյութիւն ունեցող կեանքէ մը յառաջ գալ։

22, 23. Ըստ բարեշրջականներուն, կեանքը ինչպէ՞ս գոյացաւ, բայց իրողութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան։

22 Արդ, բարեշրջականները ինչպէ՞ս կը բացատրեն կեանքի ակունքը։ Ըստ համաժողովրդային վարկածի մը, միլիոնաւոր տարիներ առաջ, քիմիական տարրերու եւ ոյժանիւթի պատահական ձուլումով կեանքը յանկարծ գոյացած է։ Սակայն Բասթէօրի փաստած սկզբունքին մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։ Համաշխարհային Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը բացատրէ. «Բասթէօր ցոյց տուաւ որ կեանքը չի կրնար յանկարծ յառաջ գալ ներկայիս երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող քիմիական եւ բնագիտական պայմաններուն ներքեւ։ Միլիառաւոր տարիներ առաջ սակայն, երկրի քիմիական եւ բնագիտական պայմանները շատ աւելի տարբեր էին»։9

23 Նոյնիսկ շատ աւելի տարբեր պայմաններու ներքեւ, հսկայ խրամատ մը կայ անկենդան նիւթին եւ կեանքի ամենապարզ տեսակին միջեւ։ Բարեշրջութիւն. Տագնապի մէջ Եղող Վարկած մը խորագրով իր երկին մէջ (Անգլ.), Մայքըլ Տէնթըն կըսէ. «Ապրող բջիջի մը եւ լաւագոյն կերպով դասաւորուած անկենդան դրութեան մը միջեւ՝ ինչպէս բիւրեղ մը կամ ձիւնի փաթիլ մը՝ աներեւակայելիօրէն ընդարձակ եւ որոշ վիհ մը կայ»։10 Պատահական արկածով մը անկենդան նիւթէն կեանքը սկսած ըլլալու գաղափարը այնքան անհաւանական է, որ անկարելի է։ Աստուածաշունչի բացատրութիւնը՝ թէ կեանքը կեանքէն յառաջ եկաւեւ թէ Աստուած ստեղծեց կեանքը՝ համոզիչ կերպով ներդաշնակ է իրողութիւններուն հետ։

Ինչո՞ւ Մերժել Ստեղծագործութիւնը

24. Հակառակ բարեշրջութեան վարկածին յարուցած հարցերուն, ինչո՞ւ շատ մը գիտնականներ տակաւին անոր կառչած կը մնան։

24 Հակառակ բարեշրջութեան վարկածին յարակից հարցերուն, ստեղծագործութեան հաւատալը այսօր կը նկատուի որպէս հակա–գիտական, նոյնիսկ արտասովոր։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ինչո՞ւ Ֆրանսիս Հիչինկի նման հեղինակութիւն մը, որ բարեշրջութեան տկարութիւններուն պարկեշտօրէն մատնանշելէ ետք, կը մերժէ ստեղծագործութեան գաղափարը։11 Մայքըլ Տէնթըն կը բացատրէ որ բարեշրջութիւնը, իր բոլոր թերութիւններով, պիտի շարունակուի ուսուցուիլ, քանի որ ստեղծագործութեան հետ կապ ունեցող վարկածները «ուղղակի գերբնական պատճառներու կոչ կընեն»։12 Ուրիշ խօսքով, քանի որ ստեղծագործութիւնը Ստեղծիչի մը կարիքը ցոյց կու տայ, հետեւաբար անիկա ընդունելի չէ։ Վստահաբար, ասիկա կը նմանի այն անվաւեր պատճառաբանութեան զոր տեսանք հրաշքներու պարագային. Հրաշքները անկարելի են, քանի որ անոնք հրաշալի են։

25. Գիտականօրէն խօսելով, բարեշրջութեան ո՞ր տկարութիւնները ցոյց կու տան որ անիկա չի կրնար կեանքի ծագումը բացատրելու մէջ վաւերականօրէն փոխարինել ստեղծագործութեան։

25 Գիտական տեսանկիւնէն դիտուած, արդէն բարեշրջութեան վարկածը մեծապէս անստոյգ է։ Մայքըլ Տէնթըն կը շարունակէ ըսել. «Հիմնականօրէն պատմական վերակառոյցի վարկած մը ըլլալով, [Տարվինի բարեշրջութեան վարկածը] անկարելի է ստուգել փորձով կամ ուղղակի քննարկութեամբ, ինչպէս սովորական է գիտութեան մէջ։ ... Ասկէ զատ, բարեշրջութեան վարկածը կապ ունի յատուկ դէպքերու յաջորդականութեան հետ, ինչպէս կեանքի ծագումը, իմացականութեան ծագումը, եւայլն։ Յատուկ դէպքերը անկրկնելի են եւ հետեւաբար կարելի չէ զանոնք ենթարկել որեւէ տեսակ հետախուզական փորձերու»։13 Ճշմարտութիւնը այն է թէ բարեշրջութեան վարկածը, հակառակ իր ժողովրդականութեան, թերութիւններով եւ խնդիրներով լեցուն է։ Անիկա վաւերական պատճառ մը չի տար կեանքի ծագման մասին Աստուածաշունչի պատմութիւնը մերժելու։ Ծննդոցի առաջին գլուխը տրամաբանական լման տեղեկութիւն կը հայթայթէ թէ այս «անկրկնելի», «յատուկ դէպքերը» ի՛նչպէս գոյացան ստեղծագործական օրերու ընթացքին, որոնք հազարաւոր տարիներու տեւողութիւն ունեցան։ *

Ի՞նչ Կարելի Է Ըսել Ջրհեղեղին Մասին

26, 27. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կըսէ Ջրհեղեղի մասին։ (բ) Հեղեղին ջուրերը մասամբ ուրկէ՞ եկած ըլլալու են։

26 Շատեր Աստուածաշունչի եւ արդի գիտութեան միջեւ եղող ենթադրեալ ուրիշ հակասութեան մը կը մատնանշեն։ Ծննդոց գիրքին մէջ կը կարդանք որ հազարաւոր տարիներ առաջ, մարդոց ամբարշտութիւնը այնքան շատ էր որ Աստուած որոշեց կործանել զանոնք։ Սակայն, ան արդար մարդու մը՝ Նոյին՝ հրահանգ տուաւ որ հսկայ փայտէ նաւ մը՝ տապան մը՝ շինէ։ Ապա Աստուած ջրհեղեղ մը բերաւ մարդկութեան վրայ։ Միայն Նոյ եւ իր ընտանիքը վերապրեցան, անասնական ամէն տեսակ նմուշի հետ։ Ջրհեղեղը այնքան մեծ էր որ ջուրերը «բոլոր երկնքի տակ եղող բոլոր բարձր լեռները ծածկեցին»։—Ծննդոց 7։19

27 Ուրկէ՞ եկան այն բոլոր ջուրերը որոնք ամբողջ երկիրը ծածկեցին։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ ասոր։ Ստեղծագործութեան սկիզբը, երբ մթնոլորտի տարածութիւնը սկսաւ ձեւաւորուիլ, այն ատեն «հաստատութեանը տակ եղած ջուրեր» եւ «հաստատութեանը վրայ եղած ջուրեր» կազմուեցան։ (Ծննդոց 1։7. Բ. Պետրոս 3։5) Աստուածաշունչը կըսէ որ Ջրհեղեղի ժամանակ, «երկնքի պատուհանները բացուեցան»։ (Ծննդոց 7։11) Բացայայտօրէն, «հաստատութեանը վրայ եղած ջուրեր»ը թափուեցան եւ հեղեղի մը յառաջացման նպաստեցին։

28. Աստուծոյ վաղեմի ծառաները, ինչպէս Յիսուս, ինչպէ՞ս կը նկատէին Ջրհեղեղը։

28 Արդի հրատարակութիւններ կը հերքեն տիեզերական ջրհեղեղի մը գաղափարը։ Ուստի կը հարցնենք. Ջրհեղեղը պարզ առասպե՞լ մըն է, թէ ոչ անիկա իրապէս տեղի ունեցած է։ Ասոր պատասխանելէ առաջ, պէտք է նշենք թէ հետագային Եհովայի երկրպագուները Ջրհեղեղը ընդունեցին որպէս հարազատ պատմութիւն մը. անոնք զայն չնկատեցին որպէս առասպել մը։ Անոնց մաս կը կազմէին Եսայի, Յիսուս, Պօղոս եւ Պետրոս, որոնք Ջրհեղեղին ակնարկեցին որպէս իրողութիւն մը։ (Եսայեայ 54։9. Մատթէոս 24։3739. Եբրայեցիս 11։7. Ա. Պետրոս 3։20, 21. Բ. Պետրոս 2։5. 3։57) Սակայն, այս տիեզերական Ջրհեղեղին մասին հարցումներ կան, որոնք պատասխանի կը կարօտին։

Հեղեղին Ջուրերը

29, 30. Երկրի ջուրի մթերքին մասին ո՞ր իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ Ջրհեղեղը հնարաւոր էր։

29 Նախ, ամբողջ երկիրը ջուրով ծածկուելու գաղափարը շատ անտրամաբանական չէ՞։ Իրականութեան մէջ, Ո՛չ։ Արդարեւ, որոշ չափով երկիրը տակաւին ջուրով ողողուած է։ Անոր 70 առ հարիւրը ջուրով ծածկուած է եւ միայն 30 առ հարիւրը ցամաք է։ Ասկէ զատ, երկրի անոյշ ջուրին 75 առ հարիւրը կուտակուած է սառնադաշտերուն եւ բեւեռային սառնակոյտերուն մէջ։ Եթէ այս բոլոր սառերը հալէին, ծովուն մակերեսը շատ աւելի պիտի բարձրանար։ Նիւ Եորքի եւ Թոքիոյի նման քաղաքներ պիտի անհետանային։

30 Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլ.) յաւելեալ տեղեկութիւն կու տայ, ըսելով. «Բոլոր ծովերուն խորութեան միջինը նկատուած է 3,790 մեթր, թիւ մը՝ որ համեմատաբար շատ աւելի բարձր է քան ծովուն մակերեսէն վեր ցամաքի բարձրութեան միջինը՝ որ է 840 մեթր։ Եթէ խորութեան միջինը բազմապատկուի անոր պատկան մակերեսի տարածութիւնով, Աշխարհի Ովկիանոսին ծաւալը ծովուն մակերեսէն վեր ցամաքի ծաւալէն 11 անգամ աւելի կըլլայ»։14 Ուստի, եթէ ամէն բան հարթ հաւասար ըլլար, այսինքն, եթէ լեռները տափակցուէին եւ ծովուն խորութիւնները լեցուէին, ծովը հազարաւոր մեթր բարձրութեամբ պիտի ծածկէր ամբողջ երկիրը։

31. (ա) Ջրհեղեղը տեղի ունեցած ըլլալու համար, անկէ առաջ երկրի վիճակը ի՞նչ եղած պէտք էր ըլլար։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ հնարաւոր էր որ Ջրհեղեղէն առաջ լեռները աւելի ցած ըլլային, իսկ ծովուն խորութիւնները՝ աւելի ծանծաղ։

31 Ջրհեղերը տեղի ունեցած ըլլալու համար, նախա–Ջրհեղեղեան ծովուն հուները հիմակուընէ շատ աւելի ծանծաղ եղած ըլլալու էին, իսկ լեռները՝ աւելի ցած։ Ասիկա կարելի՞ է։ Գիրք մը հետեւեալը կըսէ. «Հոն ուր հիմա աշխարհի լեռները գլխապտոյտ պատճառող բարձրութիւններով կը սլանան, միլիոնաւոր տարիներ առաջ, նոյնաձեւ ովկիանոսներով եւ դաշտագետիններով ծածկուած էին։ ... Ցամաքամասերու շերտերու շարժումները պատճառ կըլլան որ մէկ կողմէն ցամաքին կարգ մը մասերը այդքան բարձրանան, ուր միայն ամենադիմացկուն անասունները եւ բոյսերը կրնան վերապրիլ, իսկ միւս ծայրայեղութեամբ, ծովուն մակերեսէն շատ աւելի վար իջնելով խորութեան մէջ խորասուզուիլ եւ ծածկուիլ»։15 Քանի որ լեռները եւ ծովուն հուները կը բարձրանան եւ կը ցածնան, բացայայտ է որ ատեն մը լեռները այսքան բարձր չէին եւ ծովու մեծ հուները այսքան խորունկ չէին։

32. Ջրհեղեղի ջուրերուն ի՞նչ պատահած ըլլալու է։ Բացատրեցէք։

32 Ջրհեղեղէն ետք, հեղեղի ջուրերուն ի՞նչ պատահեցաւ։ Անոնք ծովուն հուներուն մէջ հաւանաբար քաշուեցան։ Ինչպէ՞ս։ Գիտնականներ կը հաւատան որ ցամաքամասերը կը հանգչին հսկայական շերտերու վրայ եւ թէ այս շերտերուն շարժումը կրնայ պատճառ ըլլալ որ երկրի մակերեսին վրայ փոփոխութիւններ տեղի ունենան։ Ներկայիս աւելի քան 10,000 մեթր խորութեամբ հսկայ անդունդներ գոյութիւն ունին այդ շերտերու կարգ մը սահմանագծերուն միջեւ։16 Հետեւաբար շատ հաւանական է որ, թերեւս Ջրհեղեղի ազդեցութեան ներքեւ, այդ շերտերը շարժած, ծովուն հունը աւելի իջած եւ հսկայ խրամատներ բացուած ըլլան, թոյլ տալով որ երկիրը ողողած ջուրերը հոն քաշուին։ *

Ջրհեղեղի Հետքե՞ր

33, 34. (ա) Գիտնականները ի՞նչ ապացոյցներ ունին, որոնք կը փաստեն Ջրհեղեղին տեղի ունեցած ըլլալը։ (բ) Տրամաբանակա՞ն է ըսել թէ գիտնականները կրնան իրողութիւնները սխալ մեկնաբանել։

33 Ենթադրենք որ հսկայ ջրհեղեղ մը տեղի ունեցած է. բայց գիտնականներ ինչո՞ւ անոր հետքը չեն գտած։ Թերեւս գտած են, բայց անոնք այս տուեալները ուրիշ կերպով կը մեկնաբանեն։ Օրինակի համար, աւանդական գիտութիւնը կը սորվեցնէ որ շատ մը տեղեր, երկրին մակերեսը ձեւափոխուած է, հսկայական սառնադաշտերու պատճառաւ, սառնակոյտի քանի մը դարերու ընթացքին։ Բայց սառնային գործունէութեան երեւութական ապացոյցը կրնայ երբեմն ջուրին ձգած ազդեցութեան պատճառաւ ըլլալ։ Շատ հաւանական է, ուրեմն, որ Ջրհեղեղի կարգ մը ապացոյցներ սխալ կերպով մեկնաբանուած են որպէս սառոյցի դարերու ապացոյց մը։

34 Նոյնանման սխալներ եղած են։ Հետեւեալը կը կարդանք այն ժամանակին մասին, երբ գիտնականներ սառոյցի դարերու իրենց վարկածը յառաջ կը տանէին. «Անոնք երկրաբանական պատմութեան ամէն հանգրուանին սառոյցի դարեր կը գտնէին, ըստ համաձեւութեան փիլիսոփայութեան։ Վերջին տարիներուն, սակայն, այս իրողութեան մանրակրկիտ վերաքննութիւնը հերքեց սառոյցի այդ շատ մը դարերը. նախապէս ինչ որ սառնակուտային խիճաքարեր կը կարծուէին, հիմա բացատրուած են որպէս ընդծովեայ հողավիժերու, ցեխի եւ տիղմի հոսանքներէ կազմուած խաւեր. խոր ովկիանոսի հունէն տիղմ, աւազ եւ խիճ կրող պղտոր ջուրերու սառնակոյտեր»։18

35, 36. Բրածոյական տուեալներուն եւ երկրաբանութեան մէջ ի՞նչ ապացոյց կարելի է կապել Ջրհեղեղին հետ։ Բացատրեցէք։

35 Բրածոյական տուեալները ուրիշ ապացոյց մըն են թէ Ջրհեղեղը տեղի ունեցած է։ Ըստ այս տուեալներուն, ժամանակին սուր ատամներ ունեցող մեծ վագրեր իրենց որսը կը հետապնդէին Եւրոպայի մէջ, հիմա գոյութիւն ունեցողներէն աւելի մեծ ձիեր կը դեգերէին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ եւ հսկայ փիղեր կը ճարակէին Սիպերիոյ մէջ։ Ապա, համայն աշխարհի մէջ ստնտուներու տեսակները սկսան ոչնչանալ։ Միեւնոյն ատեն, կլիմայի յանկարծակի փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Տասնեակ հազարաւոր մամութներ սպաննուեցան ու Սիպերիոյ մէջ իսկոյն սառեցան։ * Չարլզ Տարվինի ժամանակակից Ալֆրէտ Ուալլաս դիտել տուաւ որ աշխարհածաւալ բացառիկ դէպք մը պատճառած ըլլալու էր այսպիսի լայնատարած կործանում մը։19 Շատեր ենթադրած են թէ այս դէպքը Ջրհեղեղն էր։

36 Սուրբ Գրային Հնագէտ խորագրով պարբերաթերթին մէջ (Անգլ.), խմբագրական մը նշեց. «Կարեւոր է յիշել թէ հսկայ ջրհեղեղի մը պատմութիւնը մարդկային մշակոյթին մէջ ամենէն շատ տարածուած աւանդութիւնն է։ ... Հետեւաբար, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուած ամենահին աւանդութիւններուն մէջ իրապէս կայ հսկայական համեմատութիւն ունեցող ջրհեղեղ մը, որ տեղի ունեցած է անձրեւային շրջաններէն մէկուն ընթացքին ... հազարաւոր տարիներ առաջ»։20 Անձրեւային շրջանները այն ժամանակներն էին, երբ երկրին մակերեսը շատ աւելի խոնաւ էր քան հիմա։ Երկրին անոյշ ջուրի լիճերը շատ աւելի ընդարձակ էին։ Կար այն տեսութիւնը թէ այդ խոնաւութիւնը սառոյցի դարերու վերջաւորութեան տեղացող տեղատարափներուն պատճառաւ էր։ Սակայն ոմանք յայտնած են այն գաղափարը թէ այդ ատեն երկրի մակերեսին ծայր աստիճան խոնաւութիւնը Ջրհեղեղին հետեւանքով էր։

Մարդկութիւնը Չէ Մոռցած

37, 38. Գիտնական մը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ, ըստ իրողութիւններուն, Ջրհեղեղը հաւանաբար տեղի ունեցած է, եւ ինչպէ՞ս գիտենք անոր իրապէս տեղի ունեցած ըլլալը։

37 Երկրաբանութեան ուսուցչապետ Ճոն ՄաքՔէմբպէլլ առիթով մը գրեց. «Սուրբ գրային աղէտին [Ջրհեղեղին] եւ բարեշրջական համաձեւութենականութեան միջեւ եղող հիմնական տարբերութիւնները երկրաբանական իրական տուեալներու վրայ չեն հիմնուած, այլ՝ այդ տուեալներուն մեկնաբանութիւիններուն վրայ։ Նախընտրուած մեկնաբանութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ պիտի ըլլայ աշակերտին մարզումէն եւ նախակարծիքներէն»։21

38 Ջրհեղեղին իրապէս տեղի ունեցած ըլլալը կը տեսնուի այն իրողութենէն թէ մարդկութիւնը բնաւ չէ մոռցած զայն։ Համայն աշխարհի մէջ, մինչեւ հեռաւոր Ալասքա եւ Հարաւային Ծովու Կղզիները, հին պատմութիւններ կան անոր մասին։ Ամերիկայի բնիկ, նախա–Գոլոմպիական քաղաքակրթութիւնները, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ նախա–բնիկները, բոլորն ալ Ջրհեղեղի մասին պատմութիւններ հիւսած են։ Թէեւ կարգ մը պատմութիւններ մանրամասնութեանց մէջ իրարմէ կը տարբերին, սակայն գրեթէ բոլոր պատմութիւններուն մէջ կը տեսնուի այն հիմնական իրողութիւնը թէ երկիրը հեղեղով մը ողողուած է եւ միայն քանի մը անհատներ մարդակերտ նաւով մը փրկուած են։ Ջրհեղեղը այսքան համատարած կերպով ընդունուած ըլլալուն միակ բացատրութիւնը անոր իրապէս պատմական դէպք մը ըլլալն է։ *

39. Յաւելեալ ի՞նչ փաստ տեսանք թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։

39 Հետեւաբար, հիմնական մարզերու մէջ, Աստուածաշունչը արդի գիտութեան հետ ներդաշնակ է։ Երբ այս երկուքին միջեւ հակասութիւն մը ըլլայ, գիտնականներուն փաստերը երկբայելի են։ Իսկ հոն ուր անոնք համաձայն են, յաճախ Աստուածաշունչը ա՛յդքան ճշգրիտ է որ կը ստիպուինք ընդունիլ թէ անիկա իր տեղեկութիւնը գերմարդկային իմաստութենէ մը ստացած է։ Արդարեւ, փաստուած գիտութեան հետ Աստուածաշունչին համաձայն ըլլալը յաւելեալ փաստ մըն է թէ անիկա իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 25 Բարեշրջութեան եւ ստեղծագործութեան նիւթին շուրջ աւելի մանրամասն բացատրութիւն կարելի է գտնել Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ. Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ խորագրով գրքին մէջ (Անգլ.), հրատարակուած՝ 1985–ին, Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

^ պարբ. 32 Երկիր Մոլորակը—Սառնադաշտ խորագրով գիրքը (Անգլ.) ուշադրութիւն կը հրաւիրէ թէ սառոյցի շերտերու վերածուած ջուրը ի՛նչպէս ճնշում կը բանեցնէ երկրի մակերեսին վրայ։ Օրինակի համար, անիկա կըսէ. «Եթէ Կրիլանտայի սառոյցը հալէր, կղզին վերջապէս շուրջ 700 մեթր պիտի բարձրանար»։ Ասոր հիման վրայ, երկրածաւալ անակնկալ ջրհեղեղի մը ազդեցութիւնը շատ աւելի աղիտալի եղած կրնար ըլլալ երկրի խաւին կարգ մը մասերուն համար։17

^ պարբ. 35 Տեղեկագրութիւն մը կըսէ՝ հինգ միլիոն։

^ պարբ. 38 Ջրհեղեղի մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, տես Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Հատոր Ա., էջ 327, 328, 609612 (Անգլ.)։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 105]

«Հողէն» շինուած

«Համաշխարհային Համայնագիտարանը» (Անգլ.) կը տեղեկագրէ. «Կենդանի էակները կազմող բոլոր քիմիական տարրերը նաեւ կը գտնուին անկենդան նիւթին մէջ»։ Ուրիշ խօսքով, կենդանի մարմինները, ի ներառեալ մարդը, կազմելու համար գործածուած հիմնական քիմիական տարրերը կը գտնուին նաեւ երկրին մէջ։ Այս իրողութիւնը ներդաշնակ է Աստուածաշունչի խօսքին հետ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը»։—Ծննդոց 2։7

[Շրջանակ՝ էջ 107]

‘Աստուծոյ պատկերովը’

Ոմանք մարդուն եւ կարգ մը անասուններուն միջեւ եղող ֆիզիքական նմանութիւններուն ուշադրութիւն կը հրաւիրեն անոնց միջեւ եղող յարակցութիւնը փաստելու համար։ Սակայն, անոնք պէտք է ընդունին որ մարդուն մտային կարողութիւնները որեւէ անասունի կարողութիւններէն շատ աւելի գերիվեր են։ Մարդը ինչո՞ւ ծրագրելու եւ զինք շրջապատող աշխարհը կազմակերպելու կարողութիւնը ունի։ Ան ինչո՞ւ սիրելու կարողութեամբ, բարձր իմացականութեամբ, խղճմտանքով օժտուած է։ Ան ինչո՞ւ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի գիտակցութիւնը ունի։ Բարեշրջութիւնը չի կրնար ասոնց պատասխանել, բայց Աստուածաշունչը կը պատասխանէ։ Անիկա կ’ըսէ. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա»։ (Ծննդոց 1։27) Իր մտային, բարոյական եւ ուրիշ կարողութիւններով, մարդը իր երկնաւոր Հօրը ցոլքն է։

[Նկար՝ էջ 99]

Անջրպետին մէջ կախուած երկրին մասին Աստուածաշունչի նկարագրութիւնը շատ լաւ կը համապատասխանէ աստղանաւորդներուն տեղեկագրութեան

[Նկար՝ էջ 102]

Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր որ երկիրը արեւուն շուրջ կամ արեւը երկրին շուրջ թաւալելուն մասին

[Նկար՝ էջ 112, 113]

Եթէ երկիրը հարթ հաւասար եղած ըլլար, առանց լեռներու կամ անդունդներու, անիկա ամբողջովին ծածկուած պիտի ըլլար ջուրի հաստ խաւով մը

[Նկար՝ էջ 114]

Մամութներ գտնուած են, որոնք յանկարծ սառած են իրենց մահէն ետք

[Նկար՝ էջ 115]

Լուտվիկ Բասթէօր փաստեց որ կեանքը կրնայ միմիայն արդէն գոյութիւն ունեցող կեանքէ մը յառաջ գալ

[Գծապատկեր/Նկար՝ էջ 109]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Աստուածաշունչը երկրին ջուրի շրջանին մասին ճշգրիտ նկարագրութիւն մը կը ներկայացնէ