Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»

Գլուխ 13

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»

Նախորդ գլուխին մէջ տեսանք որ Աստուածաշունչի խրատները կրնան մեզի օգնել հարցերը լուծելու եւ սխալներէ խուսափելու։ Անոր խրատներուն անհուն իմաստութիւնը զօրաւոր ապացոյց մըն է թէ անիկա ներշնչուած է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Ամբողջ] գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Սակայն Աստուածաշունչը մեզի իմաստուն խրատներ տալէն աւելին կ’ընէ։ Աստուծոյ Խօսքը ըլլալով, անիկա իրապէս մարդոց կեանքերը կը փոխէ։

13. (ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը շեշտէ անձնաւորութեան փոփոխութիւններ կատարելու կարիքը։ (բ) Ի՞նչ փորձառութիւններ ցոյց կու տան անձնաւորութիւններ փոխելու Աստուածաշունչին զօրեղ ըլլալը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ կրնա՞յ իրապէս փոխել մարդիկը։ Այո, անիկա կրնայ նոյնիսկ անոնց անձնաւորութիւնները փոխել։ Նկատի առէք Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած հետեւեալ խրատը. «Որպէսզի ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)], որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր ... եւ նոր մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)] ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է»։—Եփեսացիս 4։2224

2 Իրապէս կարելի՞ է նոր անձնաւորութիւն մը հագնիլ։ Այո, կարելի է։ Իրականութեան մէջ, Քրիստոնեայ ըլլալը երբեմն կը պահանջէ անձնաւորութեան հսկայական բարեփոխութիւն մը։ (Ա. Կորնթացիս 6։911) Ահաւասիկ օրինակ մը. Հարաւային Ամերիկայէն տղայ մը 9 տարեկանին որբ մնացած էր։ Ծնողական առաջնորդութենէ զերծ մեծնալով, ան անձնաւորութեան լուրջ խնդիրներ ունեցաւ։ Ան կը պատմէ. «18 տարեկանիս, ամբողջովին թմրեցուցիչներու մոլին էի եւ քանի որ այս սովորութեանս գոհացում տալու համար կը գողնայի, արդէն բանտին համը առած էի»։ Իր մօրաքոյրը, որ Եհովայի Վկայ մըն էր, վերջապէս կրցաւ օգնել իրեն։

3 Ան կը բացատրէ. «Մօրաքրոջս հետ սկսայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ եօթը ամիս ետք կրցայ թմրեցուցիչի սովորութենէն ձերբազատուիլ»։ Ան իր նախկին բարեկամներուն հետ յարաբերութիւնը խզեց եւ նոր բարեկամներ գտաւ Եհովայի Վկաներուն մէջ։ Ան կը շարունակէ. «Այս բարեկամներս եւ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնս օգնեցին ինծի որ յառաջդիմեմ եւ վերջապէս կարենամ կեանքս Աստուծոյ նուիրել իրեն ծառայելու համար»։ Այո, այս նախկին թմրեցուցիչի մոլին եւ գողը գործունեայ Քրիստոնեայ մը եղաւ։ Այս հիմնական փոփոխութիւնը Աստուածաշունչի զօրութեամբ իրագործուեցաւ։ Արդարեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կըսէ. «Աստուծոյ Խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

Գիտութեան Միջոցաւ Փոխուիլ

4, 5. Ըստ Կողոսացիս 3։810–ին, նոր անձնաւորութիւնը մշակելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։

4 Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը փոխէ անհատները։ Ասոր պատասխանը կը գտնուի հետեւեալ համարին մէջ. «Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։ Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)] իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)] գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս»։—Կողոսացիս 3։810

5 Նկատի առէք Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեան խաղցած դերը։ Աստուածաշունչը մեզի կը բացատրէ որ մեր կեանքէն ո՛ր թերութիւնները դուրս պէտք է ձգենք եւ ո՛ր յատկանիշները մշակենք։ Այս գիտութիւնը ինքնին զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունի, ինչպէս Հարաւային Եւրոպայէն երիտասարդ մը ասոր անդրադարձաւ։ Ան իրական խնդիր մը ունէր. վայրագ բնաւորութեան տէր մէկն էր։ Իր կեանքը կռիւով կանցնէր եւ իր վայրագութիւնը դրսեւորելու համար, կռբամարտութիւն սորվեցաւ. ասով հանդերձ, ան տակաւին չէր կրնար զսպել իր վայրագ բնաւորութիւնը։ Երբ բանակին մէջ էր, ան զինուորակից մը ծեծելով խնդիր ունեցաւ։ Բանակէն դուրս ելլելէ ետք, ան ամուսնացաւ, բայց այս անգամ սկսաւ իր կինը ծեծել։ Ընտանեկան վիճաբանութեան մը ընթացին, ան նոյնիսկ իր հօրը զարկաւ, զայն գետին փռելով։ Ան իրապէս ցասկոտ եւ վայրագ երիտասարդ մըն էր։

6, 7. Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւնը ինչպէ՞ս օգնեց Հարաւային Եւրոպայէն երիտասարդի մը՝ որ իր անձնաւորութիւնը փոխէ։

6 Հետագային, ան Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց Եհովայի Վկաներուն հետ եւ հետեւեալին նման խրատներ լսեց. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք ..., որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։1719) Ասիկա իրեն օգնեց անդրադառնալու թէ իր վայրագ բնաւորութիւնը որքան գէշ տկարութիւն մըն էր։ Անդրադառնալով որ կռբամարտութիւնը Քրիստոնէական խաղաղ անձնաւորութեան հետ ներդաշնակ չէր, լքեց զայն։ Սակայն, տակաւին իր վայրագ բնաւորութեան հետ իրական պայքար կը մղէր։

7 Աստուածաշունչի սկզբունքներուն մասին յաւելեալ գիտութիւնը օգնեց իրեն։ Անիկա զտեց իր խղճմտանքը, որ իր կարգին, իր յարձակողական բնաւորութիւնը զսպելու նպաստեց։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ բաւական յառաջանալէ ետք, առիթով մը անծանօթ մը բարկացաւ իր դէմ եւ նախատինքներ տեղացուց իր վրայ։ Այս երիտասարդը, ըստ սովորութեան, զգաց որ զայրոյթ մը կը պատէր զինք։ Ապա, ուրիշ ոյժ մը զգաց իր մէջ. ամօթի զգացում մը՝ որ արգելք հանդիսացաւ իր բարկութեան տեղի տալու։ Փոխանակ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանելու, ան զսպեց իր բարկութիւնը։ Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեան շնորհիւ, հիմա ան, նոր անձնաւորութիւնով, փոխուած անհատ մըն է։

Աստուած Ճանչնալ

8. (ա) Նոր անձնաւորութիւնը որո՞ւն պատկերին պէս եղած է։ (բ) Նոր անձնաւորութիւնը ձեւափոխող ճշգրիտ գիտութիւնը որո՞ւ մասին գիտութիւն ստանալ պէտք է բովանդակէ։

8 Ճիշդ է որ շատեր գիտեն շիտակը ընել, սակայն մարմնաւոր տկարութիւններու տեղի կու տան։ Յստակ է, ուրեմն, որ շիտակի եւ սխալի մասին պարզապէս ճշգրիտ գիտութիւն ունենալը ինքնին բաւարար չէ։ Վերոյիշեալ երկու անհատներուն փոփոխութեան նպաստող ուրիշ բան մը կար։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Նախապէս մէջբերուած համարը կըսէր. «Հագէ՛ք այն նորը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)] գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս»։ (Կողոսացիս 3։10) Նկատեցէք թէ, ճիշդ ինչպէս որ Ադամ սկիզբը Աստուծոյ պատկերին պէս ստեղծուեցաւ, նմանապէս նոր անձնաւորութիւնը Աստուծոյ պատկերին պէս եղած է։ (Ծննդոց 1։26) Հետեւաբար, այդ երկու երիտասարդներուն օգնած ճշգրիտ գիտութիւնը իր մէջ պէտք էր բովանդակէր Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքերը. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան [գիտութիւն ստանան (ՆԱ)] քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3

9. Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալը ինչպէ՞ս կօգնէ մեզի մեր անձնաւորութիւնը փոխելու։

9 Սակայն, Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել մեր անձնաւորութիւնը փոխելու։ Անիկա այս փոփոխութիւնը ընելու շարժառիթ մը կու տայ մեզի։ Երբ Աստուածաշունչի մեր ուսումնասիրութեամբ Աստուած ճանչնանք, իր աստուածային յատկութիւններուն մասին կը սորվինք եւ մեզի հանդէպ իր ցոյց տուած սէրը կը տեսնենք։ Ասիկա մեզ կը մղէ, որ փոխադարձենք այս սէրը։ (Ա. Յովհաննու 4։19) Այն ատեն կրնանք հնազանդիլ Յիսուսի որակած առաջին եւ մեծագոյն պատուէրին. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։37) Աստուծոյ սէրը պատճառ կըլլայ որ փափաքինք զինք հաճեցնող նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ։ Անիկա մեզ կը մղէ, որ փափաքինք իրեն աւելի նմանիլ, որքան ալ ծանր ըլլայ մղելիք պայքարը։

Խորապէս Արմատ Կապած Տկարութիւններ

10, 11. Ճշգրիտ գիտութիւնը ինչպէ՞ս օգնեց Հիւսիսային Ամերիկայէն երիտասարդ կնոջ մը՝ որ սկսի իր անձնաւորութիւնը փոխել։

10 Կարգ մը պարագաներուն, անհատը բառին բուն առումով իրական պայքար մը պէտք է մղէ։ Հիւսիսային Ամերիկայէն երիտասարդ կին մը ծանր պայքարեցաւ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու համար։ Իր մանկութեան շրջանին, սեռային բռնաբարումի զոհ դառնալով, ան մեծցաւ վայրագ ընտանիքի մը մէջ եւ վերջապէս թմրեցուցիչներու անձնատուր եղաւ։ Այս մոլութեան գոհացում տալու համար, ան ստիպուեցաւ պոռնկութիւն ընել։ Ան նաեւ զբօսաշրջիկները կը նեղէր եւ անոնցմէ կը գողնար, այնպէս որ շատ աւելի բանտերու եւ խաղատուներու մէջ անցուցած էր իր ժամանակը, քան թէ՝ իր տանը։

11 Երբ Եհովայի Վկաները հանդիպեցան իրեն, ան, բազմաթիւ վիժումներէ ետք, ապօրինի զաւկի մը ծնունդ տուած էր։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչէն իր լսած բաներէն ախորժեցաւ եւ սկսաւ ուսումնասիրել զայն։ Ան շուտով Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն մը կերտեց եւ իր կեանքին մէջ վերաճշդումներ ըրաւ։

12, 13. Նկարագրեցէք որ ճշգրիտ գիտութիւնը, անգամ մը որ արմատ կապէ, ի՛նչպէս կը ներգործէ փոփոխութիւն կատարելու։

12 Սակայն, ծանր պայքար մը կը սպասէր իրեն, քանի որ հին անձնաւորութիւնը խոր արմատ կապած էր իր մէջ։ Առիթով մը, ան իրեն տրուած լաւ խրատէն վիրաւորուեցաւ եւ իր ուսումնասիրութիւնը դադրեցուց, վերադառնալով իր պիղծ ապրելակերպին։ Սակայն ան չէր կրնար մոռնալ իր մէջ սերմանուած Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները։ Ան կընդունի. «Ամէն վայրկեան յանցապարտութեան զգացում մը ունէի եւ Բ. Պետրոս 2։22–ի խօսքերը մտքիս մէջ կը տողանցէին. Շունը նորէն իր փսխածին կը դառնայ ու լուացուած խոզը՝ ցեխի մէջ թապլտկելու»։

13 Վերջապէս իր ստացած գիտութիւնը զինք մղեց որ ուրիշ հաստատ ջանք մը ընէ։ Ան կըսէ. «Սկսայ Եհովայի համար դուռը բաց ձգել եւ իրմէ անդադար օգնութիւն խնդրել»։ Այս անգամ նոր անձնաւորութիւնը աւելի հաստատ կերպով արմատ կապեց իր մէջ, հակառակ անոր որ նոյնքան ծանր պայքար պէտք էր մղէր։ Օր մը, իր տկար մէկ պահուն, ան գինովութեան ու անբարոյութեան տեղի տուաւ։ Այս անգամ, սակայն, իր հակազդեցութիւնը ցոյց տուաւ որ ան իրապէս փոխուելու վրայ էր։ Ան ինքնիրմէ գանեցաւ։ «Շա՜տ աղօթեցի ու ուսումնասիրեցի», կըսէ ան։ Վերջապէս, Աստուծոյ Խօսքը իր կեանքին մէջ այնքան զօրաւոր ազդեցութիւն մը բանեցուց որ ան գործունեայ Քրիստոնեայ մը դարձաւ, մաքուր, պատուաբեր կեանք մը վարելով։ Հիմա բազմաթիւ տարիներէ ի վեր, ան բոլորովին տարբեր անհատ մըն է, իր ետին ձգած ըլլալով իր բռնաբարուած, թմրեցուցիչի մոլին եղած, անկարգ ապրելակերպը։

Աստուծոյ Խօսքով Փոխուած Ժողովուրդ մը

14, 15. (ա) Աստուծմէ եկած ի՞նչ ոյժ կը ներգործէ Աստուածաշունչին միջոցաւ։ (բ) Այսօր ճշմարիտ Քրիստոնեաներու կարգ մը յատկանիշները ի՞նչ են։

14 Հեզ անհատներու կեանքերուն վրայ Աստուածաշունչին բանեցուցած զօրաւոր ազդեցութիւնը ցոյց կու տայ թէ անիկա պարզ մարդկային արտադրութիւն մը չէ։ Որպէս Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը, անիկա Աստուծոյ հոգիին ներգործութիւնը յառաջացնող միջոց մըն է։ Այն հոգին որ կարելի դարձուց որ Յիսուս հրաշքներ կատարէ, նոյն հոգին է որ այսօր մեզի կօգնէ մեր տկարութիւնները յաղթահարելու եւ Քրիստոնէական անձնաւորութիւն մը զարգացնելու։ Արդարեւ, Քրիստոնեայի մը մշակելիք հիմնական յատկութիւնները՝ սէրը, խնդութիւնը, խաղաղութիւնը, երկայնամտութիւնը, քաղցրութիւնը, բարութիւնը, հաւատարմութիւնը, հեզութիւնը եւ ժուժկալութիւնը՝ Աստուածաշունչին մէջ կոչուած են «հոգիին պտուղը»։—Գաղատացիս 5։22, 23

15 Ներկայիս, այս հոգին կը ներգործէ, ոչ թէ՝ քանի մը անհատներու վրայ, այլ՝ Եհովայէ սորվածեւ իրմէ եկող «խաղաղութիւնը» վայելող միլիոնաւորներու վրայ։ (Եսայեայ 54։13) Որո՞նք են այս անհատները։ Զանոնք բնորոշելու համար Յիսուս հետեւեալ նշանը տուաւ, երբ ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Քրիստոնէական սէրը հոգիին պտուղներէն մէկն է, իսկ Քրիստոնեայի մը նոր անձնաւորութեան՝ հիմնական մէկ երեսակը։ Արդեօք կա՞յ խմբակցութիւն մը՝ որ Յիսուսի ըսած կերպով սէր կը ցուցաբերէ։

16, 17. Լրագիրներէն կարգ մը բացատրութիւններ մէջբերեցէք, որոնք կօգնեն բնորոշելու թէ որո՛նք են Եհովայէ սորվածեւ «խաղաղութիւն» վայելող անհատները։

16 Ահաւասիկ Հիւսիսային Ամերիկեան լրագրի մը (New Haven Register) ուղղուած նամակի մը մէկ մասը. «Եթէ դուք ալ, ինծի պէս ձանձրացած կամ բարկացած էք անոնց հաւատափոխ ընելու աշխատանքէն, այսուհանդերձ, պէտք է սքանչանաք անոնց նուիրումին, մաքրութեան, օրինակելի վարքին եւ առողջ ապրելակերպին վրայ»։ Գերմանական օրաթերթ մը (Münchner Merkur) այս նոյն խումբին մասին կը խօսէր, երբ ըսաւ. «Անոնք [Գերմանիոյ] Դաշնակցային Հանրապետութեան մէջ ամենէն պարկեշտ եւ ամենէն ճշդապահ հարկատուներն են։ Օրէնքներուն հանդէպ անոնց յարգանքը կարելի է տեսնել թէ՛ անոնց ինքնաշարժ վարելու կերպէն եւ թէ ոճրագործներու վիճակագրութենէն»։

17 Սակայն, այս լրագիրները որո՞նց մասին կը խօսէին։ Այդ նոյն խումբին մասին, որու ակնարկուած էր Արժանթինի Պուէնոս Այրէս քաղաքի օրաթերթի մը (Heralde) մէջ։ Այս լրագիրը ըսաւ. «Տարիներու ընթացքին, Եհովայի Վկաները փաստած են որ ծանր աշխատող, զգաստ, խնայասէր եւ աստուածավախ քաղաքացիներ են, որոնց ազգը իրապէս պէտք ունի»։ Զամպիոյ մէջ կատարուած ընկերաբանական ուսումնասիրութիւն մը, որ հրատարակուած էր պարբերաթերթի մը (American Ethnologist) մէջ, այս նոյն խումբին կակնարկէ, ըսելով. «Եհովայի Վկաները կրօնական ուրիշ յարանուանութիւններէն աւելի մեծ յաջողութիւն կը գտնեն ամուսնական միութիւնները կայուն պահելու մէջ»։

18, 19. Իտալիոյ եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս նկարագրուած են։

18 Իտալիոյ մէջ ալ լրագիր մը (La Stampa) Եհովայի Վկաներուն մասին կը խօսէր, երբ ըսաւ. «Անոնք ամենէն հաւատարիմ ու փափաքելի քաղաքացիներն են. անոնք տուրքերու մէջ խարդախութիւն չեն ըներ կամ իրենց գործին չեկած օրէնքներէն խուսափելու կերպ մը չեն փնտռեր։ Անոնց առօրեայապրելակերպին մաս կը կազմեն բարոյական իտէալներ՝ դրացիին հանդէպ սէրը, հեղինակութեան տիրանալու մերժումը, ոչ–բռնութիւնը եւ անձնական պարկեշտութիւնը (որոնք շատ մը Քրիստոնեաներուն համար միայն ամպիոնէն քարոզուած Կիրակնօրեայկանոններ են)»։

19 Հարաւային Ափրիկէի մէջ, Համալսարանի ուսուցչապետ մը, որ խտրականութեան զոհ եղաւ այդ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ցեղային օրէնքներուն պատճառաւ, Եհովայի Վկաները կը կոչէ «Աստուածաշունչի բարձր չափանիշներով դաստիարակուած մարդիկ» որոնք «իրապէս գունակոյր են»։ Ասիկա բացատրելով ան աւելցուց. «Ահաւասիկ մարդիկ որոնք ուրիշներու ոչ թէ մորթին գոյնը կը տեսնեն, այլ՝ անոնց ներքինը։ Այսօր Եհովայի Վկաները մարդկութեան միակ ճշմարիտ եղբայրակցութիւնը կը կազմեն»։

20. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ աչքի կը զարնեն որպէս տարբեր անհատներ։

20 Այս մեկնութիւնները ցոյց կու տան որ խումբ մը անհատներ գոյութիւն ունին, որոնք իրենց սրտերը բացած են Աստուածաշունչին եւ որոնց վրայ Աստուծոյ հոգին կը ներգործէ։ Նկատողութեան արժանի է նաեւ թէ ասոնք այդ նոյն ժողովուրդը կը կազմեն, զոր նախապէս բնորոշեցինք որպէս համայն աշխարհի մէջ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու Յիսուսի պատուէրին հնազանդողներ։ (Մատթէոս 24։14) Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ շատ մը կերպերով աչքի կը զարնեն։ Շատ մը մարզերու մէջ, անոնք ուրիշ մարդոցմէ տարբեր չեն։ Անոնք ունին մարմնաւոր նոյն տկարութիւնները, տնտեսական նոյն խնդիրները եւ հիմնական նոյն կարիքները։ Բայց որպէս խումբ մը, անոնք Աստուած կը սիրեն, Աստուածաշունչը լուրջի կառնեն եւ թոյլ կու տան որ անիկա իրենց կեանքերուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնէ։

21. Ատելութեամբ լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ Եհովայի Վկաներու նման ժողովուրդի մը գոյութիւն ունենալը ի՞նչ կը փաստէ։

21 Հիմա աւելի քան 200 երկիրներու մէջ, միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ կան։ Անոնց մէջ կը գտնուին ամէն ցեղի, լեզուի եւ ընկերային մակարդակի պատկանող անհատներ։ Այսուհանդերձ, անոնք միացած, խաղաղասէր, միջազգային եղբայրակցութիւն մըն են։ Ո՛ր երկրի մէջ ալ ապրին, անոնք լաւ քաղաքացիներ են, բայց ամէն բանէ առաջ, անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ են եւ բոլորն ալ աշխուժօրէն ուրիշներուն կը հաղորդեն այդ Թագաւորութեան բարի լուրը։ Իրապէս, անհաւատալի է որ ատելութեամբ լեցուն, պառակտուած այս աշխարհին մէջ, Եհովայի Վկաներուն նման խումբ մը կարենայ գոյութիւն ունենալ։ Անոնց գոյութիւն ունենալն իսկ զօրաւոր ապացոյց մըն է թէ Աստուծոյ հոգին տակաւին կը ներգործէ մարդոց վրայ։ Անիկա փաստ մըն է թէ Աստուածաշունչը արդարեւ «կենդանի է ու զօրեղ»։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 177]

Աստուածաշունչը մարդիկը իրապէս կը փոխէ

[Մէջբերում՝ էջ 181]

Աստուծոյ մասին գիտութիւնը կը մղէ անհատի մը որ փափաքի իրեն նմանիլ