Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը եւ դուք

Աստուածաշունչը եւ դուք

Գլուխ 14

Աստուածաշունչը եւ դուք

Արդի քննադատներ կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչը հակա–գիտական, ու հակասական է. թէ անիկա պարզապէս առասպելներու հաւաքածոյ մըն է։ Իսկ ասոր հակառակը, Յիսուս ըսաւ. «Քու [Աստուծոյ] խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննու 17։17) Իրողութիւնները աւելի թիկունք կը կանգնին Յիսուսի, քան թէ՝ քննադատներուն։ Անոնք ցոյց կու տան որ Աստուածաշունչը պատմականօրէն ճշգրիտ է։ Ասկէ զատ, անոր յատկանշական ներդաշնակութիւնը, անոր մարգարէութիւններուն ճշգրտութիւնը, անոր խոր իմաստութիւնը եւ մարդոց կեանքերը բարեփոխելու անոր զօրութիւնը, բոլորն ալ կ’ապացուցանեն որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ գրաւոր Խօսքն է։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Ամբողջ] գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Իրողութիւնները ի՞նչ կը փաստեն Աստուածաշունչին մասին։ (բ) Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի այն իրողութիւնը թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքն է։

ՄԵԾ կարեւորութիւն ունի այն իրողութիւնը թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։ Ասիկա կը նշանակէ որ Աստուած իրապէս հաղորդակցութեան մէջ եկած է մարդոց հետ։ Ան պատասխանած է մեր շատ մը հարցումներուն եւ լուծումը ցոյց տուած՝ մեր բազմաթիւ խնդիրներուն։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ թէ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած ապագայի ակնկալութիւնը իրական է։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն կը տիրէ եւ յարմար ժամանակին մեր երկրէն ամէն անարդարութիւն, հարստահարութիւն եւ տառապանք պիտի վերցնէ։

2. Երբ գիտնաք թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, ասիկա ի՞նչ ընելու պէտք է մղէ ձեզ։

2 Արդ, հետեւեալ հարցումը կը յարուցուի. Ի՞նչ պիտի ընէք երբ գիտնաք թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է. ասիկա առնուազն պէտք է քաջալերէ ձեզ որ զայն քննէք։ Սաղմոսերգուն խոստացաւ որ այսպէս վարուողները ուրախ պիտի ըլլան, երբ գրեց. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, ... հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ»։—Սաղմոս 1։1, 2

Օգնութիւնը Ընդունեցէք

3, 4. (ա) Ինչպէս Աստուածաշունչը ինքնին ցոյց կու տայ, ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ Աստուածաշունչի կարգ մը մասեր դժուարիմաց գտնենք։ (բ) Որո՞նք միշտ յօժարակամ են մարդոց օգնելու, որ Աստուածաշունչը աւելի լաւ հասկնան։

3 Շատ հաւանաբար, Աստուածաշունչը կարդալով պիտի նկատէք որ կարգ մը մասեր դժուարիմաց են։ (Բ. Պետրոս 3։16) Աստուածաշունչի Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ արձանագրուած դէպք մը կեկրորդէ ասիկա։ Յիսուսի մահէն քիչ ետք, Եթովպիացի մը Աստուածաշունչի Եսայեայ գիրքին մարգարէութիւններէն կը կարդար։ Քրիստոնեայ աւետարանիչ Փիլիպպոս այս մարդուն քով գնաց ու անոր հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Քանի որ այս Եթովպիացին չէր հասկնար, խնդրեց Փիլիպպոսէն որ օգնէ իրեն։—Գործք 8։30, 31

4 Միացեալ Նահանգներուն մէջ, տիկին մը նոյն վիճակին մէջ կը գտնուէր։ Ան Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կը կարդար, բայց իր ընթերցանութենէն անոր շատ մը կարեւոր ուսուցումները չէր հասկցած։ Եհովայի Վկաներուն հետ խօսակցութիւններ ունենալէ ետքն էր որ ան հասկցաւ Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները, ի միջի այլոց, Աստուծոյ Թագաւորութեան կարեւորութիւնը եւ մարդկութեան վրայ անոր բերելիք բազմաթիւ օրհնութիւնները։ Եթէ դուք ալ խնդրէք, Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի որ աւելի լաւ հասկնաք Աստուածաշունչէն ձեր կարդացածը։

Աստուածաշունչին Խրատը Կիրարկեցէք

5. Ըստ Աստուածաշունչին, ո՞ր ընթացքը ուրախութիւն կը բերէ։

5 Մեզի քաջալերութիւն տրուած է ոչ միայն Աստուածաշունչը կարդալ, այլ նաեւ մեր կարդացածը գործադրել։ (Սաղմոս 119։2) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը հետեւեալ քաջալերութիւնը կու տայ. «Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ»։ (Սաղմոս 34։8) Արդարեւ, անիկա կը հրաւիրէ մեզ որ Աստուած փորձենք։ Ջանացէք Աստուծոյ սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ, ցոյց տալով որ Աստուծոյ կը վստահիք գիտնալու համար թէ ի՛նչ բան լաւագոյնն է ձեզի համար։ Միայն այն ատեն պիտի տեսնէք թէ իրապէս ասիկա է ուղիղ ընթացքը։ Բոլոր անոնք, որոնք այսպիսի վստահութիւն մը ունին Աստուծոյ վրայ, իրապէս ուրախ են։

6. Մեր օրերուն, Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ջանալ ապրիլը գործնակա՞ն է։ Բացատրեցէք։

6 Ոմանք կըսեն թէ անկարելի է Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ այս անպարկեշտ, անբարոյ, վայրագ աշխարհին մէջ։ Սակայն, իրողութիւնը այդ է թէ շատեր անոնց համաձայն կապրին։ Որո՞նք են անոնք։ Ափրիկէի մէջ, երիտասարդ մը այսպիսի անհատներու խումբ մը գտաւ։ Ան գրեց. «Այս վերջին տարիներուն, հոս Զիմպապուէի մէջ նկատած եմ որ միայն դուք էք՝ Եհովայի Վկաներդ՝ որ իրապէս կը ջանաք Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ ...։ Մինչեւ հիմա դուք միակ խումբն էք, որ ձեր ապրելակերպով, ոչ միայն քարոզներով ու գրութիւններով, կրցաք զիս համոզել թէ Աստուած սէր է եւ Իր Աւետարանը՝ զօրեղ։ Դուք Աւետարանը կապրիք եւ զայն կը քարոզէք, մինչդեռ շատեր Աւետարանը կը քարոզեն, բայց զայն չեն ապրիր»։

Ընդունեցէք Անոր Հեղինակութիւնը

7. Մեր օրերուն, ի՞նչպիսի սովորութիւններ հակառակ են Աստուածաշունչի ըսածին։

7 Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ Աստուածաշունչը «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Երբեմն, սակայն, Աստուածաշունչին ըսածը ժողովրդական չէ։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը կը դատապարտէ միասեռականութիւնը, բայց մեր օրերուն, անիկա լայնօրէն ընդունուած ապրելակերպ մըն է։ (Հռովմայեցիս 1։2427. Ա. Կորնթացիս 6։911. Ա. Տիմոթէոս 1։911) Աստուածաշունչը նաեւ կըսէ որ անծին մանուկի մը կեանքը թանկագին է եւ զայն գիտակցաբար պէտք չէ բնաջնջել, բայց ամէն տարի շուրջ 50 միլիոն վիժումներ կը կատարուին համայն աշխարհի մէջ։ (Ելից 21։22, 23. Սաղմոս 36։9. 139։1416. Երեմեայ 1։5) Ի՞նչ կրնանք ընել երբ այսպիսի հարցերու մասին Աստուածաշունչին թելադրութիւնը ընդունիլը անհատապէս դժուար գտնենք։

8, 9. Երբ Աստուածաշունչի կարգ մը կէտեր ընդունիլը սկիզբը դժուար գտնենք, ի՞նչ պէտք է յիշենք, եւ որո՞ւ չափանիշները միշտ պէտք է ընդունինք։

8 Քրիստոնեաները սորված են որ միշտ իմաստութիւն է Աստուծոյ Խօսքին հետեւիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչին ըսածին հետեւիլը, ուշ կամ կանուխ, միշտ լաւագոյն արդիւնքը կու տայ։ (Առակաց 2։111) Իրողութիւնը այն է թէ մարդոց իմաստութիւնը շատ սահմանափակ է։ Անոնք իրենց արարքներուն վերջնական հետեւանքը չեն կրնար նախատեսել։ Երեմիա մարգարէն խոստովանեցաւ. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։—Երեմեայ 10։23

9 Կը բաւէ որ ձեր շուրջը ակնարկ մը նետէք այս խօսքին ճշգրիտ ըլլալը տեսնելու համար։ Աշխարհը հարուածող շատ մը խնդիրները ուղղակիօրէն Աստուծոյ Խօսքին խրատին չհետեւելուն հետեւանքներն են։ Մարդկութեան երկար, խռովեալ պատմութիւնը ցոյց տուած է որ մարդիկ բարոյական հարցերու մէջ չեն կրնար լաւ որոշումներու յանգիլ։ Աստուած անհունօրէն մեզմէ իմաստուն է։ Ուստի, փոխանակ մեր անձնական իմաստութեան ապաւինելու, ինչո՞ւ չընդունինք իր ըսածը։—Առակաց 28։26. Երեմեայ 17։9

Ոչ Ոք Կատարեալ Է

10, 11. (ա) Մարդկային բնոյթին եւ ներկայ աշխարհին պատճառաւ, ի՞նչ բաներ կրնան հարց ծագեցնել, երբ կը ջանանք Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպիսի ընկերակցութիւն փնտռել կը քաջալերէ մեզ, եւ այսպիսի ընկերակցութիւն մը ո՞ւր կրնանք գտնել։

10 Աստուածաշունչը ուրիշ մարզ մը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, որուն մէջ օգնութեան կը կարօտինք։ Բոլորս ալ մեղանչելու ժառանգական հակումը ունինք։ «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է»։ (Ծննդոց 8։21. Հռովմայեցիս 7։21) Այս հարցը աւելի բարդացած է, քանի որ կապրինք աշխարհի մը մէջ, որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն չի հետեւիր։ Հետեւաբար, օգնութեան կարիքը ունինք ոչ միայն Աստուածաշունչը հասկնալու, այլ նաեւ մեր սորված բաները գործադրելու համար։ Անոր համար Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ որ աստուածային չափանիշներուն համաձայն ապրիլ փափաքողներուն հետ ընկերակցինք։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Չարերուն ժողովը ատեցի ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։ ... Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ»։ Իսկ ուրիշ Սաղմոսի մը մէջ կը կարդանք. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին»։—Սաղմոս 26։5, 12. 133։1

11 Իրարու հետ ընկերակցիլը Եհովայի Վկաներուն պաշտամունքին կենսական մէկ մասն է։ Անոնք ամէն շաբաթ քանի մը ժողովներ ունին, պարբերաբար համաժողովներ կը կազմակերպեն, որոնց ընթացքին Աստուածաշունչը միասնաբար կուսումնասիրեն եւ նկատի կառնեն թէ անոր սկզբունքները ի՛նչպէս կրնան իրենց կեանքերուն մէջ կիրարկել։ Անոնք համաշխարհային եղբայրակցութիւնմը կը կազմեն, որու մէջ իւրաքանչիւր անդամ կը քաջալերուի եւ օգնութիւն կը ստանայ Աստուածաշունչի այս բարձր չափանիշները պահելու։ (Ա. Պետրոս 2։17) Ինչո՞ւ ներկայ չըլլաք անոնց ժողովներէն մէկուն եւ տեսնէք թէ այսպիսի ընկերակցութիւն մը ի՛նչպէս կրնայ ձեզի ալ օգնել։—Եբրայեցիս 10։24, 25

Աստուծոյ Խօսքին Համաձայն Ապրեցէք

12. Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը ըլլալը գիտնալը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

12 Հետեւաբար, օրհնութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ կը բերէ գիտնալը թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Կօրհնուինք, քանի որ մեր առօրեայ վարքին համար առաջնորդութիւն կը ստանանք, որ ուրիշ տեղ կարելի չէ ձեռք ձգել։ Նաեւ Աստուծոյ սիրոյ մասին կը տեղեկանանք, որ իր Որդին տուաւ մեզ փրկելու համար, որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենանք։ (Յովհաննու 3։16) Կըմբռնենք թէ Յիսուս հիմա կը տիրէ որպէս Թագաւոր եւ շուտով երկրէն պիտի վերցնէ ամբարշտութիւնը։ Իսկ վստահութեամբ կը սպասենք Աստուծոյ խոստացած արդար նոր երկնքին ու նոր երկրին։—Բ. Պետրոս 3։13

13. Ի՞նչ պատասխանատուութիւններ կը կրենք երբ կընդունինք որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։

13 Միշտ ի մտի ունեցէք, սակայն, որ մենք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու եւ անոր ըսածները սրտանց ընդունելու պատասխանատուութիւնը ունինք։ Աստուած անձամբ մեզ կը յորդորէ. «Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ»։ (Առակաց 3։1) Նոյնիսկ երբ շատեր Աստուածաշունչը կը նկատեն որպէս պարզապէս մարդոց խօսքը, մենք խիզախութեամբ պէտք է ընդունինք որ Աստուած ճշմարիտ է եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ։ (Հռովմայեցիս 3։4) Աստուծոյ իմաստութիւնը թող առաջնորդէ ձեր կեանքը։ «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ ...։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր»։ (Առակաց 3։5, 6) Այս կերպով, Աստուծոյ Խօսքին խոհեմօրէն հետեւիլը ձեր կեանքին վրայ նպաստաւոր ազդեցութիւն մը պիտի ունենայ, թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 187]

Ոչ միայն Աստուածաշունչը պէտք է կարդանք, այլ նաեւ մեր կարդացածը պէտք է գործադրենք

[Մէջբերում՝ էջ 188]

Աստուածաշունչին ըսածին հետեւիլը միշտ լաւագոյն արդիւնքը կու տայ