Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Չի՛ կրնար ըլլալ»

«Չի՛ կրնար ըլլալ»

ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ (Ա.Մ.Ն.) մարդ մը կը պատմէ. «Տղաս՝ Ճոնաթանը, քանի մը մղոն հեռուն գտնուող ընկերներուն այցելութեան գացած էր։ Կինս՝ Վալենդինան, երթեւեկէն վախնալով, չէր սիրեր որ ան հոն երթայ։ Բայց տղաս կը սիրէր էլէկթրոնիքը եւ իր ընկերները խանութ մը ունէին, ուր կրնար իր սորվածը փորձել։ Ես տունն էի՝ արեւմտեան Մէնհէթըն, Նիւ Եորքի մէջ։ Կինս Բորթօ Ռիքօ իր ընտանիքին այցելութեան գացած էր։ Խորհեցայ որ Ճոնաթանը շուտով պիտի վերադառնայ։ Ապա դրան զանգը զարնուեցաւ։ ‘Վստահաբար ինք ըլլալու է’։ Բայց ինք չէր։ Ոստիկան մըն էր, շտապ օգնութեան բժշկական անձնակազմին հետ։ Ոստիկանը հարցուց. ‘Այս վարորդին արտօնագիրը կը ճանչնա՞ք’։ ‘Այո, տղուս՝ Ճոնաթանինն է’։ ‘Գէշ լուր մը ունինք։ Արկած մը պատահեցաւ եւ ... ձեր տղան, ... ձեր տղան սպաննուեցաւ’։ Առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ՝ ‘Չի՛ կրնար ըլլալ’։ Այդ ցնցիչ դէպքը վէրք մը բացաւ մեր սրտին մէջ, որ մինչեւ հիմա՝ տարիներ ետք, դեռ չէ գոցուած»։

‘Գէշ լուր մը ունինք։ Արկած մը պատահեցաւ եւ ... ձեր տղան, ... ձեր տղան սպաննուեցաւ’։

Պարչելոնայէն (Սպանիա) հայր մը կը գրէ. «Սպանիոյ մէջ, 1960–ական տարիներուն ուրախ ընտանիք մըն էինք։ Կար Մարիան՝ կինս եւ մեր երեք զաւակները, Դաւիթը, Փագիթօն եւ Իզապէլը, որոնց տարիքներն էին յաջորդաբար 13, 11 եւ 9–ը։

«1963 Մարտ ամսուան մէջ օր մը, Փագիթօն դպրոցէն տուն եկաւ, գլխու զօրաւոր ցաւով մը։ Շուարեցանք թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ պատճառը, բայց ասիկա երկար չտեւեց։ Երեք ժամ ետք ան մեռաւ։ Ուղեղային արիւնազեղում մը յանկարծ վերջ դրաւ իր կեանքին։

«Փագիթոյին մահը 30 տարի առաջ տեղի ունեցաւ։ Հակառակ ասոր, մինչեւ օրս այդ կորուստին խոր ցաւը տակաւին մեր հետ է։ Անկարելի է որ ծնողներ զաւակ մը կորսնցնեն եւ չզգան որ իրենցմէ բան մը կորսնցուցած են, ո՛րքան ժամանակ ալ անցնի կամ որքան ուրիշ զաւակներ ալ ունենան»։

Զաւակ կորսնցուցած ծնողներու այս երկու փորձառութիւնները ցոյց կու տան թէ զաւկի մը մահը որքա՜ն խորունկ ու մնայուն վէրք մը կը բանայ։ Որքա՜ն ճիշդ են բժիշկի մը խօսքերը, որ գրեց. «Զաւկի մը մահը սովորաբար աւելի ողբալի է եւ խոր վէրք կը բանայ, քան տարեց անհատի մը մահը, քանի որ զաւակ մը տան մէջ վերջին անհատն է որու մահը կ’ակնկալուի։ ... Ոեւէ զաւկի մահը՝ տակաւին չիրականացուած ապագայ երազներու, յարաբերութիւններու [որդի, հարս, թոռնիկ] կորուստն է»։ Խոր կորուստի այս զգացումը կրնայ նաեւ կիրարկուիլ վիժումով երախայ մը կորսնցնող ոեւէ կնկայ։

Այրի կին մը կը բացատրէ. «Ամուսինս՝ Ռասըլ, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Խաղաղականի շրջանին մէջ որպէս բժիշկի օգնական ծառայած էր։ Ան քանի մը ահաւոր պատերազմներ տեսած ու անոնցմէ վերապրած էր։ Ան Միացեալ Նահանգներ վերադարձաւ եւ աւելի հանդարտ կեանք մը գտաւ։ Հետագային, ան ծառայեց որպէս Աստուծոյ Խօսքին քարոզիչ մը։ 60–ական տարիքին սկիզբը, սկսաւ սրտի հիւանդութեան ախտանշաններ ունենալ։ Ան ջանաց աշխոյժ կեանք մը վարել։ Ապա 1988–ի Յուլիս ամսուան մէջ օր մը սրտի զօրաւոր կաթուած մը ունեցաւ եւ մեռաւ։ Իր կորուստը զգետնեց զիս։ Նոյնիսկ չկրցայ հրաժեշտ տալ իրեն։ Ան միայն ամուսին մը չէր, այլ իմ լաւագոյն բարեկամս էր։ Իրարու հետ 40 տարի կեանք ապրած էինք։ Զգացի որ այսուհետեւ մասնայատուկ մինակութիւն մը պիտի դիմագրաւէի»։

Ասոնք միայն հազարաւոր ողբերգութիւններէն քանի մը հատն են, որ ամէն օր համայն աշխարհի մէջ կը հարուածեն ընտանիքները։ Սիրելի մը կորսնցուցած անհատներէն շատեր պիտի ըսեն թէ երբ մահը խլէ ձեր զաւակը, ձեր ամուսինը, ձեր կինը, ձեր ծնողը, ձեր բարեկամը, անիկա իրապէս Քրիստոնեայ Պօղոսի կոչածին նման՝ «վերջին թշնամին» է։ Ընդհանրապէս մահուան գուժին դիմաց անհատի մը առաջին հակազդեցութիւնը կ’ըլլայ չընդունիլ. «Չի՛ կրնար ըլլալ։ Չե՛մ հաւատար»։ Բայց յաճախ ասոր կը յաջորդեն ուրիշ հակազդեցութիւններ, ինչպէս պիտի տեսնենք։—Ա. Կորնթացիս 15։25, 26

Սակայն, վշտի զգացումները նկատի առնելէ առաջ, կարգ մը կարեւոր հարցումներու պատասխանենք։ Մահը այդ անձին վե՞րջը կը նշանակէ։ Մեր սիրելիները դարձեալ տեսնելու յոյս մը կա՞յ։

Իրական Յոյս մը Կա՛յ

Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Պօղոս, այդ «վերջին թշնամի»ին՝ մահուան, ձեռքէն ազատուելու յոյսը տուաւ։ Ան գրեց. «Վերջին թշնամին որ պիտի բնաջնջուի՝ մահը պիտի ըլլայ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։26, Անթիլիաս) Պօղոս ինչո՞ւ այսքան վստահօրէն կրնար ըսել ասիկա։ Քանի որ ինք սորված էր մեռելներէն յարութիւն առած մէկէ մը՝ Յիսուս Քրիստոսէ։ (Գործք 9։3-19) Անոր համար էր որ Պօղոս կրնար գրել. «Քանզի մարդով [Ադամով] եղաւ մահը, մարդով ալ [Յիսուս Քրիստոսով] մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան»։—Ա. Կորնթացիս 15։21, 22

Յիսուս խոր վիշտ զգաց, երբ Նայինէն այրի կնոջ մը հանդիպեցաւ եւ իր մեռած որդին տեսաւ։ Աստուածաշունչի պատմութիւնը կ’ըսէ. «Երբ [Յիսուս Նային] քաղաքին դրանը մօտեցաւ, մեռել մը դուրս կը հանէին, իր մօրը մէկ հատիկ տղան։ Մայրը որբեւարի էր։ Քաղաքէն շատ ժողովուրդ անոր հետ էր։ Տէրը զանիկա տեսնելով՝ խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ անոր. ‘Մի՛ լար’։ Մօտենալով՝ դագաղին դպաւ ու տանողները կանգ առին. եւ ըսաւ. ‘Ո՛վ պատանի, քեզի՛ կ’ըսեմ, Ելի՛ր’։ Ու մեռելը ելաւ նստաւ ու սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս տուաւ զանիկա իր մօրը։ Եւ ամէնքն ալ վախով բռնուեցան ու Աստուած կը փառաւորէին՝ ըսելով. ‘Մեծ մարգարէ մը ելեր է մեր մէջ եւ թէ Աստուած իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրաւ’»։—Ղուկաս 7։12-16

Հոն՝ ականատեսներու դիմաց, Յիսուս անմոռանալի յարութիւն մը կատարեց։ Անիկա այս դէպքէն ժամանակ մը առաջ իր նախագուշակած յարութեան՝ «նոր երկինք»ի ներքեւ երկրի վրայ կեանքը վերահաստատելու մէկ օրինակն էր։ Այդ առիթով Յիսուս ըսած էր. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—Յայտնութիւն 21։1, 3, 4. Յովհաննու 5։28, 29. Բ. Պետրոս 3։13

Յարութեան մը ականատես եղողներուն մէջ կար Պետրոս, 12–էն կարգ մը ուրիշներուն հետ, որոնք Յիսուսի կ’ընկերակցէին իր ճամբորդութիւններուն մէջ։ Անոնք իրապէս լսեցին յարուցեալ Յիսուսի խօսքերը Գալիլիոյ Ծովուն մօտ։ Տեղեկութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Յիսուս ըսաւ անոնց. ‘Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք’։ Աշակերտներէն մէ՛կն ալ չէր համարձակեր անոր հարցնել. ‘Դուն ո՞վ ես’. վասն զի գիտէին թէ Տէրն է։ Այն ատեն Յիսուս եկաւ ու առաւ հացը եւ անոնց տուաւ, նոյնպէս ալ՝ ձուկը։ Այս երրորդ անգամն էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ»։—Յովհաննու 21։12-14

Հետեւաբար, Պետրոս ամբողջական համոզումով կրնար գրել. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը»։—Ա. Պետրոս 1։3

Պօղոս իր վստահ յոյսը արտայայտեց, երբ ըսաւ. «[Կը հաւատամ] այն ամէն բաներուն, որոնք օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ գրուած են։ Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։—Գործք 24։14, 15

Ուստի, միլիոնաւորներ կրնան իրենց սիրելիները դարձեալ երկրի վրայ ողջ տեսնելու հաստատ յոյսը ունենալ, բայց բոլորովին տարբեր պարագաներու ներքեւ։ Ի՞նչպիսի պարագաներ պիտի ըլլան անոնք։ Այս գրքոյկին վերջին մասին մէջ, մեր կորսնցուցած սիրելիներուն մասին Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած յոյսին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի տեսնենք, հետեւեալ խորագրին ներքեւ՝ «Վստահ յոյս՝ մեռելներուն համար»։

Բայց հիմա նկատի առնենք կարգ մը հարցումներ, որոնք կրնան տողանցել ձեր մտքին մէջ, եթէ սիրելիի մը կորուստին վրայ կ’ողբաք. Բնակա՞ն է այս կերպով ողբալ։ Այս կսկիծով ի՞նչպէս կրնամ ապրիլ։ Անոր հետ գլուխ ելլելու համար ուրիշներ ի՞նչ կրնան ընել։ Կսկիծի մէջ եղողներուն ի՞նչպէս կրնամ օգնել։ Իսկ գլխաւորաբար՝ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ մեռելներու համար վստահ յոյսի մը մասին։ Իմ սիրելիներս անգամ մը եւս պիտի տեսնե՞մ. եթէ այո՝ ո՛ւր։