Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վստահ յոյս՝ մեռելներուն համար

Վստահ յոյս՝ մեռելներուն համար

ԱՄՈՒՐԻ կին մը՝ 25 տարեկան՝ գրեց. «1981–ին, մայրս՝ որ զիս որդեգրած էր, խլիրդէն մահացաւ։ Իր մահը շատ ծանր եղաւ ինծի եւ իմ որդեգիր եղբօրս համար։ Ես 17 տարեկան էին, իսկ եղբայրս՝ 11։ Իր կարօտը կը քաշէի։ Քանի որ ինծի սորվեցուցած էին որ ինք երկինք գացած էր, ուզեցի կեանքիս վերջ դնել, որպէսզի իրեն հետ ըլլամ։ Ան իմ լաւագոյն բարեկամուհիս էր»։

Մահուան ձեզմէ սիրելի մը խլելու զօրութիւնը շատ անիրաւ կրնայ թուիլ։ Իսկ ասիկա երբ պատահի, անգամ մը եւս ձեր սիրելիին հետ խօսելու, խնդալու կամ զինք ձեր թեւերուն մէջ առնելու անկարելիութիւնը անտանելի է։ Պարզապէս գիտնալը թէ ձեր սիրելին երկինք գացած է, այդ ցաւը չի սրբեր։

Սակայն, Աստուածաշունչը շատ տարբեր յոյս մը կու տայ։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Սուրբ Գիրքը կը նշէ որ կարելի է մեր սիրելի ննջեցեալներուն վերամիանալ մօտ ապագային, ո՛չ թէ մեզի անծանօթ եղող երկնքին մէջ, այլ, հո՛ս երկրի վրայ, խաղաղ ու արդար պայմաններու ներքեւ։ Այդ ժամանակ, մարդիկ կատարեալ առողջութիւն վայելելու ակնկալութիւնը պիտի ունենան եւ անգամ մը եւս մեռնելու պէտք պիտի չունենան։ ‘Բայց վստահաբար անիկա լոկ ցանկութիւն մըն է’, կրնան ըսել ոմանք։

Անոր վստահ յոյս մը ըլլալուն համոզուելու համար ի՞նչ պէտք է ընէք։ Խոստումի մը հաւատալու համար, պէտք է վստահ ըլլաք որ զայն տուողը թէ՛ կը կամի եւ թէ կարող է զայն պահել։ Արդ, ո՞վ է խոստացողը որ մեռելները դարձեալ պիտի ապրին։

Հ.Դ. 31–ին, Յիսուս Քրիստոս բացայայտօրէն ըսաւ. «Ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ ու կը կենդանացնէ, այնպէս ալ Որդին որոնք կ’ուզէ կը կենդանացնէ։ Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։21, 28, 29) Այո, Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ որ հիմա մեռած միլիոնաւորներ դարձեալ պիտի ապրին այս երկրին վրայ՝ յաւիտեան խաղաղ ու դրախտային պայմաններու ներքեւ ապրելու հեռանկարը ունենալով։ (Ղուկաս 23։43. Յովհաննու 3։16. 17։3. համեմատել՝ Սաղմոս 37։29 եւ Մատթէոս 5։5) Քանի որ Յիսուս տուած է խոստումը, վստահ ենք որ ան իր խոստումը կատարելու կամեցողութիւնը ունի։ Բայց արդեօք կարո՞ղ է ասիկա ընել։

Այդ խոստումը ընելէն երկու տարուընէ նուազ ժամանակ մը ետք, Յիսուս ուղղակի ապացուցանեց որ ինք թէ՛ կը կամի եւ թէ կարող է յարուցանել։

«Ղա՛զարոս, Դուրս Եկուր»

Շատ սրտայոյզ տեսարան մըն էր։ Ղազարոս ծանրօրէն հիւանդացած էր։ Անոր երկու քոյրերը, Մարիամ եւ Մարթա, Յորդանան Գետի անդիի կողմը գտնուող Յիսուսի լուր ղրկեցին, ըսելով. «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է»։ (Յովհաննու 11։3) Անոնք գիտէին որ Յիսուս կը սիրէր Ղազարոսը։ Ան իր հիւանդ բարեկամը տեսնել պիտի չուզէ՞ր։ Զարմանալիօրէն, փոխանակ անմիջապէս Բեթանիա երթալու, Յիսուս յաջորդ երկու օրերը իր եղած վայրը կեցաւ։—Յովհաննու 11։5, 6

Ղազարոս մեռաւ, իր հիւանդ ըլլալուն պատգամը ղրկուելէն քիչ ետք։ Յիսուս գիտցաւ երբ Ղազարոս մեռաւ, եւ որոշեց բան մը ընել այս մասին։ Երբ Յիսուս վերջապէս հասաւ Բեթանիա, իր սիրելի բարեկամը չորս օրէ մեռած էր։ (Յովհաննու 11։17, 39) Յիսուս կրնա՞ր ետ կեանքի բերել մէկը, որ այդքան երկար ժամանակէ մեռած էր։

Լսելով որ Յիսուս կու գար, Մարթա, աշխոյժ կին մը, դուրս վազեց զինք դիմաւորելու համար։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 10։38-42) Անոր վշտէն յուզուած, Յիսուս զինք վստահեցուց, ըսելով. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Երբ Մարթա ապագայ յարութեան շուրջ իր հաւատքը յայտնեց, Յիսուս պարզօրէն ըսաւ՝ «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։—Յովհաննու 11։20-25

Երբ գերեզման հասաւ, Յիսուս ըսաւ որ անոր մուտքի քարը մէկդի ընեն։ Ապա, բարձրաձայն աղօթելով, հրամայեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։—Յովհաննու 11։38-43

Բոլորին աչքերը գերեզմանին յառած էին։ Ապա, մթութեան մէջէն կերպար մը երեւցաւ։ Անոր ոտքերն ու ձեռքերը պատանքով կապուած էին, իսկ երեսը վարշամակով պատուած էր։ «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ», հրամայեց Յիսուս։ Վերջին արձակուած պատանքը ինկաւ։ Այո, ան Ղազարոսն էր՝ չորս օրէ մեռած մարդը։—Յովհաննու 11։44

Իրապէս Պատահեցա՞ւ Ասիկա

Ղազարոսի յարութեան պատմութիւնը Յովհաննու Աւետարանին մէջ ներկայացուած է որպէս պատմական իրողութիւն մը։ Մանրամասնութիւնները այնքան վառ են, որ փոխաբերութիւն մը չի կրնար ըլլալ։ Անոր պատմական արժէքը հարցի տակ դնելը պիտի նշանակէր Աստուածաշունչի բոլոր հրաշքները՝ մէջը ըլլալով Յիսուսի յարութիւնը՝ հարցի տակ դնել։ Իսկ Յիսուսի յարութիւնը մերժելը, կը նշանակէ քրիստոնէական հաւատքը ուրանալ որպէս ամբողջութիւն։—Ա. Կորնթացիս 15։13-15

Իրականութեան մէջ, եթէ Աստուծոյ գոյութիւնը կ’ընդունիք, յարութեան հաւատալու դժուարութիւն պէտք չէ ունենաք։ Բացատրենք. Անհատ մը որ իր վերջին փափաքը եւ կտակը կրնայ պատկերիզի վրայ քաշել եւ իր մահուընէ ետք, իր ազգականներն ու բարեկամները կրնան տեսնել ու լսել, թէ իր ստացուածքը ինչպէս պէտք է բաժնուի։ Հարիւր տարի առաջ, այսպիսի բան մը խելքէ մտքէ դուրս էր։ Իսկ ներկայիս, աշխարհի հեռաւոր մասերը բնակող կարգ մը մարդոց համար, պատկերիզի արուեստագիտութիւնը հրաշքի մը նման անհասկնալի բան մըն է։ Եթէ Ստեղծիչին կողմէ հաստատուած գիտական սկզբունքներ գործածելով մարդիկ կրնան այսպիսի տեսանելի ու լսելի տեսարաններ վերակառուցանել, Ստեղծիչը ասկէ աւելի ընելու կարող պէտք չէ՞ ըլլայ։ Ուստի, տրամաբանական չէ՞ որ կեանքը Ստեղծողը կարող ըլլայ զայն վերստեղծել։

Ղազարոսի կեանքի վերահաստատուելու հրաշքը Յիսուսի եւ յարութեան վրայ հաւատք աւելցնելու ծառայեց։ (Յովհաննու 11։41, 42. 12։9-11, 17-19) Անիկա շատ սրտայոյզ կերպով կը յայտնէ Եհովայի եւ իր Որդւոյն յարուցանելու կամեցողութիւնը։

‘Աստուած Պիտի Տենչայ’

Ղազարոսի մահուան առիթով Յիսուսի տուած պատասխանը կը յայտնէ Աստուծոյ Որդւոյն գորովալից զգացումները։ Այս առիթով իր ունեցած խոր զգացումները կը նշեն մեռելները յարուցանելու իր բուռն ցանկութիւնը։ Կը կարդանք. «Մարիամ, երբ Յիսուսին եղած տեղը հասաւ, զանիկա տեսաւ, անոր ոտքը իյնալով՝ ըսաւ անոր. ‘Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ’։ Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ, եւ ըսաւ. ‘Ո՞ւր դրած էք զանիկա’։ Ըսին իրեն. ‘Տէ՛ր, եկուր ու տես’։ Յիսուս լացաւ։ Ուստի Հրեաները կ’ըսէին. ‘Նայեցէք որչա՜փ կը սիրէր զանիկա’»։—Յովհաննու 11։32-36

Յիսուսի սրտանց կարեկցութիւնը հոս կը տեսնուի երեք արտայայտութիւններով. «հառաչեց», «խռովեցաւ» եւ «լացաւ»։ Այս սրտայոյզ տեսարանին մասին արձանագրութեան բնագիր լեզուին մէջ գործածուած բառերը կը նշեն որ Յիսուս այնքան խորապէս յուզուեցաւ, իր սիրելի բարեկամին՝ Ղազարոսի՝ մահուան համար ու անոր քրոջ լալը տեսնելով, որ Իր աչքերէն արցունքներ հոսեցան։ *

Յատկանշական է որ Յիսուս նախապէս երկու ուրիշ անհատներ յարուցանած էր։ Ան իրապէս մտադրեց Ղազարոսն ալ յարուցանել։ (Յովհաննու 11։11, 23, 25) Այսուհանդերձ, ան «լացաւ»։ Ուստի, մարդիկը ետ կեանքի բերելը Յիսուսի համար պարզ արարք մը չէր։ Այս առթիւ յայտնաբերուած գորովալից եւ խոր զգացումները յստակօրէն ցոյց կու տան մահուան աւերները չքացնելու իր խոր ցանկութիւնը։

Ղազարոսի յարութեան ժամանակ Յիսուսի գորովալից զգացումը կը ցոլացնէր մահուան աւերները չքացնելու իր բուռն ցանկութիւնը

Քանի որ Յիսուս Եհովա Աստուծոյ «էութեան՝ բուն պատկեր»ն է, իրաւացիօրէն մեր երկնաւոր Հօրմէն ալ նոյնը կ’ակնկալենք։ (Եբրայեցիս 1։3) Յարութիւն կատարելու Եհովայի կամեցողութեան մասին, հաւատարիմ մարդը՝ Յոբ ըսաւ. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ ... Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս [«գործին պիտի տենչաս», ՆԱ]»։ (Յոբայ 14։14, 15) Հոս՝ «պիտի տենչաս» թարգմանուած բնագիր լեզուին բառը կը նշէ Աստուծոյ բուռն ձգտումը եւ ցանկութիւնը։ (Ծննդոց 31։30. Սաղմոս 84։2) Յստակ է ուրեմն, որ Եհովա մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէ յարութեան։

Յարութեան խոստումին իրապէս կրնա՞նք հաւատալ։ Կասկած չկայ որ Եհովա եւ իր Որդին երկուքն ալ կը կամին եւ կարող են կատարել զայն։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար։ Դուք ձեր մեռած սիրելիներուն հետ, հո՛ս երկրի վրայ վերամիանալու հեռանկարը ունիք՝ բոլորովին տարբեր պայմաններու ներքեւ։

Եհովա Աստուած, որ սիրուն պարտէզի մը մէջ սկիզբ տուաւ մարդկութեան, խոստացած է վերահաստատել Դրախտը այս երկրին վրայ, այժմ փառաւորուած Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Իր երկնային Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։ (Ծննդոց 2։7-9. Մատթէոս 6։10. Ղուկաս 23։42, 43) Այդ վերահաստատուած Դրախտին մէջ, մարդկային ընտանիքը անվերջ կեանք վայելելու հեռանկարը պիտի ունենայ, ամէն հիւանդութենէ ու ախտերէ զերծ։ (Յայտնութիւն 21։1-4. համեմատել՝ Յոբայ 33։25. Եսայեայ 35։5-7) Գացած պիտի ըլլան նաեւ ամէն ատելութիւն, ցեղային կանխադատողութիւն, տոհմային բռնութիւն եւ տնտեսական կեղեքում։ Այսպիսի մաքրուած երկրի մը մէջ է որ Եհովա Աստուած պիտի յարուցանէ մեռելները Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։

Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին վրայ հիմնուած յարութիւնը, բոլոր ազգերուն ուրախութիւն պիտի բերէ

Այս հատուածին սկիզբը յիշուած Քրիստոնեայ կնոջ յոյսը հիմա ասիկա է։ Իր մօրը մեռնելէն տարիներ ետք, Եհովայի Վկաները օգնեցին իրեն, որ ուշադրութեամբ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։ Ան կը յիշէ. «Յարութեան յոյսին մասին սորվելէ ետք, սկսայ լալ։ Սքանչելի՛ էր գիտնալ որ մայրս դարձեալ պիտի տեսնէի»։

Եթէ ձեր սիրտն ալ կը տենչայ ձեր սիրելին դարձեալ տեսնել, Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի սորվելու թէ այս վստահ յոյսին ի՛նչպէս կրնաք տիրանալ։ Կրնաք անոնց հետ շփման մէջ գալ ձեր տան մօտերը գտնուող Թագաւորութեան Սրահ մը երթալով, կամ էջ 32–ի վրայ ցանկագրուած ամենամօտիկ հասցէին գրելով։

^ պարբ. 20 «Հառաչեց» թարգմանուած Յունարէն բառը ծագում առած է (էմ·պրի·մաօ·մէ) բայէն, որ կը նշանակէ վշտով կամ խորապէս յուզուած։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը նշէ. «Հոս անիկա կրնայ նշանակել որ Յիսուս ա՛յնքան խոր կերպով յուզուած էր, որ Իր սրտէն ակամայ հառաչանք մը ելաւ»։ «Խռովեցաւ» թարգմանուած բառը կու գայ Յունարէն բառէ մը (թա·րասսօ) որ կը նշէ «խռովութիւն»։ Բառարանագրի մը համաձայն, անիկա կը նշանակէ «ներքին իրարանցում մը պատճառել, ... մեծ ցաւ կամ վիշտ պատճառել»։ «Լացաւ» բայը կու գայ Յունարէն բայէ մը (տա·գրիյօ) որ կը նշանակէ, «արցունք թափել, լռելեայն լալ»։