Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՀԻՆԳ

Ձեր զաւակները իրենց մանկութենէն մարզեցէք

Ձեր զաւակները իրենց մանկութենէն մարզեցէք

1, 2. Զաւակները մեծցնելու համար, ծնողներ որմէ՞ օգնութիւն պէտք է հայցեն։

«ԱՀԱ տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են», բացագանչեց գնահատող ծնող մը շուրջ 3,000 տարիներ առաջ։ (Սաղմոս 127։3) Արդարեւ, ծնողական ուրախութիւնը Աստուծմէ տրուած թանկագին պարգեւ մըն է, որ մատչելի է գրեթէ բոլոր ամուսնացած անհատներուն։ Սակայն, երախայ ունեցողները շատ շուտով կ’անդրադառնան որ ծնող ըլլալը՝ ուրախութեան կողքին, իր հետ պատասխանատուութիւններ ալ կը բերէ։

2 Մասնաւորաբար մեր օրերուն, զաւակներ մեծցնելը հսկայական պարտականութիւն մըն է։ Այսուհանդերձ, շատեր յաջողութեամբ կատարած են ասիկա, եւ ներշնչեալ սաղմոսերգուն կը նշէ թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է. «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները»։ (Սաղմոս 127։1) Որքան մօտէն հետեւիք Եհովայի խրատներուն, այդքան աւելի լաւ ծնող մը պիտի ըլլաք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»։ (Առակաց 3։5) Մինչ զաւակ–մեծցնելու քսանամեայ յայտագրին կը ձեռնարկէք, պիտի ուզէ՞ք Եհովայի խրատներուն ականջ տալ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑԷՔ

3. Զաւակներ մեծցնելու մէջ հայրեր ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունին։

3 Աշխարհի տարածքին, բազմաթիւ տուներու մէջ, տղամարդիկ զաւակ մեծցնելը գլխաւորաբար կիներու գործը կը համարեն։ Ճիշդ է որ ըստ Աստուածաշունչին, գլխաւորաբար հայրն է որ ապրուստը կը ճարէ։ Սակայն անիկա կը նշէ որ տան մէջ ալ ան պատասխանատուութիւններ ունի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դուրսի գործդ կանոնաւորէ եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր ու տունդ ետքը շինէ»։ (Առակաց 24։27) Աստուածաշունչին համաձայն, հայրեր ու մայրեր միասնաբար պէտք է մեծցնեն իրենց զաւակները։—Առակաց 1։8, 9

4. Ինչո՞ւ մանչերը աղջիկներէն գերադաս պէտք չէ նկատուին։

4 Ձեր զաւակները ի՞նչպէս կը նկատէք։ Տեղեկագրութիւններ կ’ըսեն որ Ասիոյ մէջ, «աղջիկ նորածիններուն բարի գալուստ չի մաղթուիր»։ Հարաւային Ամերիկայի մէջ աղջիկներու հանդէպ նախապաշարումը տակաւին առկայ է, նոյնիսկ «շատ զարգացած ընտանիքներու» մէջ։ Իրականութեան մէջ, աղջիկները երկրորդ դասի պատկանող զաւակներ չեն։ Յակոբ, վաղեմի նշանաւոր հայրերէն մէկը, իր բոլոր զաւակները՝ մինչ այդ ծնած իր աղջիկներն ալ՝ նկարագրեց որպէս ‘Աստուծոյ ինծի պարգեւած զաւակները’։ (Ծննդոց 33։1-5. 37։35) Յիսուս ալ իրեն բերուած բոլոր «տղաքը» (մանչ թէ աղջիկ) օրհնեց։ (Մատթէոս 19։13-15) Վստահ կրնանք ըլլալ որ ան Եհովայի տեսակէտը արտացոլացուց։—Բ. Օրինաց 16։14

5. Իր ընտանիքին չափը որոշելու համար, զոյգ մը ի՞նչ բաներ նկատի պէտք է առնէ։

5 Ձեր համայնքին մէջ կիներէն կը սպասուի՞ որ կարելի եղածին չափ շատ զաւակ բերեն։ Իրականութեան մէջ, ամուսնացած զոյգը ի՛նք պիտի որոշէ թէ քանի զաւակ պիտի ունենայ։ Բայց եթէ ծնողքը բազմաթիւ զաւակներ կերակրելու, հագուեցնելու եւ անոնց ուսում տալու միջոցը չունի, ի՞նչ պիտի ընէ։ Անշուշտ, զոյգ մը այս բաները նկատի պիտի առնէ, երբ կ’որոշէ իր ընտանիքին մեծութիւնը։ Բոլոր զաւակներուն հոգ տանելու անկարող եղող կարգ մը ծնողներ, անոնցմէ քանի մը հատը մեծցնելու պատասխանատուութիւնը ազգականներու կը վստահին։ Այս սովորութիւնը ընդունելի՞ է։ Իրականութեան մէջ՝ ո՛չ, քանի որ ասիկա ծնողներուն վրայէն չի վերցներ զաւակներուն հանդէպ իրենց պարտականութիւնները։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Իրենց պատասխանատուութիւններուն գիտակից զոյգեր կը ջանան իրենց «ընտանիքին» չափը սահմանափակել, որպէսզի կարենան ‘իրենցիններուն հոգ տանիլ’։ Ասոր համար անոնք կրնա՞ն յղարգելման միջոցներու դիմել։ Ասիկա ալ անձնական որոշում մըն է, իսկ եթէ ամուսնացած զոյգ մը ասոր համամիտ ըլլայ, դարձեալ անձնական հարց է թէ յղարգելման ի՛նչ միջոցներ պիտի գործածէ։ «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ (Գաղատացիս 6։5) Այսուհանդերձ, որեւէ տեսակի վիժում պատճառող յղարգելման միջոց հակառակ է Աստուածաշունչի սկզբունքներուն։ Եհովա Աստուած «կեանքի աղբիւր»ն է։ (Սաղմոս 36։9) Ուստի, կեանք մը յղացուելէն ետք զայն փճացնելը, Եհովայի հանդէպ յարգանքի լուրջ պակաս ցոյց կու տայ եւ մարդասպանութեան համարժէք է։—Ելից 21։22, 23. Սաղմոս 139։16. Երեմեայ 1։5

ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԻՔԸ ԼԵՑՈՒՑԷՔ

6. Մանուկի մը մարզումը ե՞րբ պէտք է սկսի։

6 Առակաց 22։6–ը կ’ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը՝ որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ Երախաները մարզելը ծնողական ուրիշ հսկայական պարտաւորութիւն մըն է։ Բայց այդ մարզումը ե՞րբ պէտք է սկսի։ Շա՛տ կանուխ։ Պօղոս առաքեալ նշեց որ Տիմոթէոս ‘իր մանկութենէն’ մարզուած էր։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15) Հոս գործածուած Յունարէն բառը կրնայ ակնարկել նորածինի կամ նոյնիսկ տակաւին ծնելիք մանուկի մը։ (Ղուկաս 1։41, 44. Գործք 7։18-20) Հետեւաբար, Տիմոթէոս մարզում ստացաւ իր վաղ հասակէն. ինչ որ յանձնարարելի է։ Երախայ մը մարզելու համար մանկութիւնը իտէալ ժամանակ մըն է։ Նոյնիսկ մանուկ մը գիտութեան ծարաւը ունի։

7. (աԻնչո՞ւ անհրաժեշտ է որ երկու ծնողներն ալ սերտ յարաբերութիւն մը մշակեն մանուկին հետ։ (բԵհովայի եւ իր միածին Որդւոյն միջեւ ի՞նչ յարաբերութիւն գոյութիւն ունէր։

7 «Երբ առաջին անգամ երախաս տեսայ, ուղղակի սիրահարեցայ անոր», կ’ըսէ մայր մը։ Նոյնն է պարագան շատ մայրերու։ Ծնունդէն ետք, երբ միասնաբար ժամանակ կ’անցընեն, մայր–զաւկի միջեւ եղող այդ գեղեցիկ կապը երթալով կը զօրանայ։ Կաթ տալը այդ մտերմութիւնը կ’աւելցնէ։ (Բաղդատել՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7։) Մանուկի մը զգացական կարիքները լեցնելու համար, մօր մը գգուանքը եւ իր երախային հետ խօսիլը՝ կենսական են։ (Բաղդատել՝ Եսայեայ 66։12։) Իսկ ի՞նչ է հօրը տեղը։ Հայրն ալ իր նորածինին հետ մտերիմ կապ մը պէտք է ստեղծէ։ Ասոր մէջ Եհովա անձամբ օրինակ կը հանդիսանայ։ Առակաց գրքին մէջ, կը տեսնենք այն կապը որ գոյութիւն ունի Եհովայի ու իր միածին Որդւոյն միջեւ։ Հոն Որդին ներկայացուած է որ կ’ըսէ. «Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն, . . . ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի»։ (Առակաց 8։22, 30. Յովհաննու 1։14) Նմանապէս, լաւ հայր մը ջերմ, սիրալիր յարաբերութիւն մը կը մշակէ իր զաւկին հետ, անոր կեանքին սկիզբէն իսկ։ Ծնող մը կ’ըսէ. «Կարելի եղածին չափ սէր ցոյց տուէք։ Չկայ երախայ մը, որ ողջագուրումէ եւ համբոյրներէ մեռած է»։

8. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան մանուկներուն միտքը խթանել, անոնց վաղ հասակէն իսկ։

8 Բայց մանուկները աւելիին կարիքը ունին։ Ծնունդէն իսկ, անոնց ուղեղը պատրաստ է տեղեկութիւններ ընդունելու ու ամբարելու, իսկ ասոր գլխաւոր աղբիւրը ծնողքն է։ Որպէս օրինակ առէք լեզուն։ Հետազօտողները կ’ըսեն թէ երախայի մը ո՛րքան լաւ խօսիլը եւ կարդալը «կը կարծուի որ սերտօրէն կապակցութիւն ունի իր ծնողքին հետ երախային ունեցած սկզբնական փոխյարաբերութեան բնոյթին հետ»։ Ձեր զաւկին հետ խօսեցէք եւ անոր համար ընթերցանութիւն ըրէք մանկութենէն իսկ։ Շուտով, ան պիտի ուզէ ձեզ ընդօրինակել եւ շատ չանցած անոր կարդալ պիտի սորվեցնէք։ Հաւանաբար, ան դպրոց յաճախելէն առաջ իսկ կարողանայ կարդալ։ Ասիկա մասնաւորաբար օգտաշատ կրնայ ըլլալ այն երկիրներուն մէջ, ուր ուսուցիչները քիչ, իսկ դասարանները խճողուած են։

9. Ամենէն կարեւոր նպատակակէտը ի՞նչ է, զոր ծնողներ պէտք չէ մոռնան։

9 Քրիստոնեայ ծնողներու գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է իրենց զաւկին հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանիլ։ (Տես՝ Բ. Օրինաց 8։3։) Ի՞նչ նպատակակէտ հետապնդելով։ Անոնց նպատակակէտն է իրենց զաւկին օգնել որ քրիստոսանման անձնաւորութիւն մը զարգացնէ՝ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնի։ (Եփեսացիս 4։24, ՆԱ) Ասոր համար անոնք պէտք է կերտումի պատշաճ նիւթեր եւ շինարարութեան յարմար կերպեր գործածեն։

ՁԵՐ ԶԱՒԿԻՆ ՄԷՋ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՆԴԱԿԵՑԷՔ

10. Երախաները ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է զարգացնեն։

10 Շինարարութեան մը որակը մեծաւ մասամբ անոր համար գործածուած նիւթերու տեսակէն կախեալ է։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ քրիստոնէական անձնաւորութիւնը կերտելու լաւագոյն նիւթերն են՝ «ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր»։ (Ա. Կորնթացիս 3։10-12) Ասոնք կը ներկայացնեն կարգ մը յատկութիւններ, ինչպէս՝ հաւատք, իմաստութիւն, ներատեսութիւն, հաւատարմութիւն, յարգանք եւ սիրալիր գնահատութիւն Եհովայի եւ իր օրէնքներուն հանդէպ։ (Սաղմոս 19։7-11. Առակաց 2։1-6. 3։13, 14) Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան վաղ հասակէն իրենց զաւակներուն օգնել, որպէսզի այս յատկութիւնները զարգացնեն։ Շատո՜նց ուրուագծուած գործելակերպի մը հետեւելով։

11. Իսրայելացի ծնողներ ի՞նչպէս կ’օգնէին իրենց զաւակներուն, որպէսզի բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը զարգացնեն։

11 Իսրայէլ ազգը Աւետեաց Երկիրը մտնելէն քիչ առաջ, Եհովա Իսրայելացի ծնողներուն ըսաւ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Այո, ծնողները պէտք է օրինակներ, ընկերներ, հաղորդակիցներ եւ ուսուցիչներ ըլլան։

12. Ինչո՞ւ կենսական է որ ծնողներ լաւ օրինակ հանդիսանան։

12 Օրինակ եղէք։ Եհովա նախ ըսաւ. «Այս խօսքերը . . . քու սրտիդ մէջ թող ըլլան»։ Ապա աւելցուց. «Զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր»։ Հետեւաբար, աստուածային յատկութիւնները նախ ծնողներուն սրտին մէջ պէտք է ըլլան։ Ծնողքը պէտք է սիրէ ճշմարտութիւնը եւ զայն ապրի։ Միայն այն ատեն է որ երախային սրտին կրնայ հասնիլ։ (Առակաց 20։7) Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ երախաները աւելի կ’ազդուին իրենց տեսածով, քան թէ՝ լսածով։—Ղուկաս 6։40. Ա. Կորնթացիս 11։1

13. Իրենց զաւակներուն ուշադրութիւն ընծայելով, Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչպէս Յիսուսի օրինակին հետեւած կ’ըլլան։

13 Ընկեր եղէք։ Եհովա Իսրայելացի ծնողներուն ըսաւ. ‘Ձեր զաւակներուն հետ խօսեցէք երբ տան մէջ նստած էք եւ երբ ճամբուն մէջ կը քալէք’։ Ասիկա կը նշանակէ որ ծնողքը որքա՛ն ալ զբաղած ըլլայ, պէտք է զաւակներուն հետ ժամանակ անցընէ։ Յիսուս զգաց որ կ’արժէր երախաներուն ժամանակ տրամադրել։ Իր ծառայութեան վերջին օրերուն, «մանր տղաք բերին իրեն. որպէս զի անոնց դպչի»։ Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց։ «Զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։ (Մարկոս 10։13, 16) Երեւակայեցէք, Յիսուսի կեանքին վերջին ժամերը կը համրուէին, բայց տակաւին ան երախաներուն համար ժամանակ տրամադրեց եւ անոնց ուշադրութիւն ընծայեց։ Ի՜նչ հոյակապ դաս մը։

14. Ինչո՞ւ օգտակար է որ ծնողներ ժամանակ անցընեն իրենց զաւկին հետ։

14 Հաղորդակցիլ գիտցէք։ Ձեր երախային հետ ժամանակ անցընելը պիտի օգնէ որ անոր հետ հաղորդակցիք։ Որքան յաճախ հաղորդակցիք, այդքան լաւ պիտի նկատէք թէ անոր անձնաւորութիւնը ի՛նչպէս կը զարգանայ։ Բայց մի՛ մոռնաք որ հաղորդակցիլը միայն խօսիլ չի նշանակեր։ Պրազիլիոյ մէջ մայր մը ըսաւ. «Մտիկ ընելու՝ սրտովս մտիկ ընելու՝ արուեստը զարգացուցի»։ Անոր համբերութիւնը պտղաբեր եղաւ, երբ տղան սկսաւ իր զգացումները մօրը հետ բաժնել։

15. Զբօսանքի հարցով ի՞նչ կարիքներ պէտք է յիշուին։

15 Երախաները՝ «ծիծաղելու ժամանակ . . . ու կաքաւելու ժամանակ», ուրիշ խօսքով, զբօսնելու ժամանակ պէտք է ունենան։ (Ժողովողի 3։1, 4. Զաքարեայ 8։5) Զբօսանքը օգտաշատ կ’ըլլայ, երբ ծնողք եւ զաւակներ իրարու հետ կը զուարճանան։ Շատ դժբախտաբար, բազմաթիւ տուներու մէջ զբօսանք կը նշանակէ՝ հեռատեսիլ դիտել։ Թէեւ հեռատեսիլի յայտագիրներէն ոմանք հաճելի կրնան ըլլալ, սակայն մեծաւ մասամբ անոնք լաւ արժէքները կը քանդեն եւ հեռատեսիլ դիտելը ընտանիքի մը մէջ հաղորդակցութիւնը կը խեղդէ։ Հետեւաբար, ձեր զաւակներուն հետ շինի՛չ բան մը ըրէք։ Երգեցէք, խաղեր ըրէք, բարեկամներու հետ ընկերակցեցէք, հաճելի վայրեր այցելեցէք։ Այսպիսի գործունէութիւններ զարկ կու տան հաղորդակցութեան։

16. Ծնողներ Եհովայի մասին ի՞նչ պէտք է սորվեցնեն իրենց զաւակներուն, եւ ասիկա ի՛նչպէս պէտք է ընեն։

16 Ուսուցիչ եղէք։ «[Այս խօսքերը] քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր», ըսաւ Եհովա։ Բովանդակութիւնը ձեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ եւ ի՛նչպէս սորվեցնել։ Նախ՝ «քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ»։ (Բ. Օրինաց 6։5) Ապա, «այս խօսքերը . . . կրկին անգամ սորվեցուր [«քանդակէ», ՆԱ]»։ Եհովայի եւ իր օրէնքներուն հանդէպ սրտանց սէր զարգացնելու միտումով տուէք այդ դաստիարակութիւնը։ (Բաղդատել՝ Եբրայեցիս 8։10։) ‘Քանդակել’ կը նշանակէ՝ կրկնելով սորվեցնել։ Ուստի, Եհովա ձեզի կ’ըսէ որ ձեր զաւակներուն մէջ բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը զարգացնելու գլխաւոր կերպն է յարատեւաբար խօսիլ իր մասին։ Անոնց հետ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելը ասիկա ընելու կերպ մըն է։

17. Ծնողներ ի՞նչ պէտք է զարգացնեն իրենց զաւակներուն մէջ եւ ինչո՛ւ։

17 Շատ ծնողներ գիտեն որ մանուկի մը սրտին մէջ տեղեկութիւններ զետեղելը դիւրին չէ։ Պետրոս առաքեալ իր հաւատակիցները յորդորեց հետեւեալ խօսքերով. «Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք [«փափաք մշակեցէք», ՆԱ]»։ (Ա. Պետրոս 2։2) «Փափաք մշակեցէք» արտայայտութիւնը կը թելադրէ որ շատեր բնական անօթութիւն մը չեն զգար հոգեւոր կերակուրի հանդէպ։ Ծնողներ կերպեր պէտք է փնտռեն, որպէսզի իրենց զաւկին մէջ այդ տենչը զարգացնեն։

18. Ծնողներ քաջալերուած են որ Յիսուսի ուսուցումին ո՞ր կերպերը ընդօրինակեն։

18 Յիսուս օրինակներ գործածելով, անհատներուն սրտին հասաւ։ (Մարկոս 13։34. Ղուկաս 10։29-37) Սորվեցնելու այս կերպը մասնաւորաբար ազդեցիկ է երախաներու պարագային։ Անոնց Աստուածաշունչի սկզբունքներ սորվեցուցէք, հետաքրքրական ու վառ պատմութիւններու միջոցաւ, թերեւս Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքին մէջինները գործածելով։ * Երախաները անոր մասնակից ըրէք։ Իրենց հմտութիւնները թող գործածեն Աստուածաշունչի դէպքերը գծագրելով կամ զանոնք դերակատարելով։ Յիսուս ալ հարցումներ կը գործածէր։ (Մատթէոս 17։24-27) Ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին այս կերպը գործածեցէք։ Փոխանակ պարզապէս Աստուծոյ մէկ օրէնքը կրկնելու, հետեւեալին նման հարցումներ հարցուցէք. Եհովա ինչո՞ւ տուաւ այս օրէնքը։ Ի՞նչ կը պատահի եթէ զայն պահենք։ Ի՞նչ կը պատահի եթէ զայն չպահենք։ Այսպիսի հարցումներ կ’օգնեն երախային որ տրամաբանէ եւ տեսնէ թէ Աստուծոյ օրէնքները գործնական եւ լաւ են։—Բ. Օրինաց 10։13

19. Եթէ ծնողներ զաւակներուն հետ իրենց գործառնութեանց մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւին, զաւակները ի՞նչ մեծ օգուտներ պիտի քաղեն։

19 Օրինակ, ընկեր, հաղորդակից եւ ուսուցիչ մը ըլլալով, կրնաք օգնել ձեր զաւկին որ Եհովա Աստուծոյ հետ անձնական մտերմութիւն զարգացնէ իր վաղ հասակէն։ Այս յարաբերութիւնը պիտի օգնէ որ ձեր զաւակը ուրախ Քրիստոնեայ մը ըլլայ։ Ան պիտի ջանայ իր հաւատքին համաձայն ապրիլ, նոյնիսկ երբ իր շրջապատին կողմէ ճնշումի մատնուի կամ փորձութիւններ դիմագրաւէ։ Միշտ օգնեցէք իրեն որ այս թանկագին յարաբերութիւնը գնահատէ։—Առակաց 27։11

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔԸ

20. Ի՞նչ է կրթութիւնը, եւ անիկա ի՞նչպէս պէտք է գործադրուի։

20 Կրթութիւնը, միտքը եւ սիրտը սրբագրող մարզում մըն է։ Երախաները յարատեւաբար անոր պէտքը ունին։ Պօղոս խրատ տուաւ հայրերուն որ ‘իրենց որդիները մեծցնեն Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը’։ (Եփեսացիս 6։4) Ծնողներ սիրով պէտք է կրթեն, ինչպէս Եհովան կ’ընէ։ (Եբրայեցիս 12։4-11) Սիրով տրուած կրթութիւնը՝ տրամաբանութեան վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ։ Հետեւաբար, մեզի ըսուած է որ ‘խրատի [«կրթութեան», ՆԱ] մտիկ ընենք’։ (Առակաց 8։33) Կրթութիւնը ի՞նչպէս պէտք է տրուի։

21. Երբ իրենց զաւակները կը կրթեն, ծնողներ ո՞ր սկզբունքները ի մտի պէտք է ունենան։

21 Կարգ մը ծնողներ կը խորհին որ զաւակ կրթել կը նշանակէ անոնց հետ սպառնագին խօսիլ, կշտամբել, կամ նոյնիսկ անարգել զանոնք։ Սակայն, նոյն նիւթին ներքեւ, Պօղոս կը զգուշացնէ. «Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք»։ (Եփեսացիս 6։4) Բոլոր Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ ‘հեզահոգի ըլլան քաղցրութեամբ խրատելով հակառակ կեցողները’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25) Քրիստոնեայ ծնողներ, գիտակցելով հանդերձ որ պէտք չէ թոյլ ըլլան, կը ջանան այս խօսքերը ի մտի ունենալ՝ երբ իրենց զաւակները կը կրթեն։ Անշուշտ, կան պահեր, երբ անոնց հետ տրամաբանելը բաւարար չէ եւ հարկ կ’ըլլայ որոշ պատիժ մը տալ անոնց։—Առակաց 22։15

22. Եթէ զաւակ մը պատիժի կարիքը ունի, անիկա ի՞նչ բան պէտք է հասկնայ։

22 Կարելի չէ նոյն կրթութիւնը տալ ամէն երախայի։ Ոմանք ‘խօսքով չեն հասկնար’։ Անհնազանդութեան համար երբեմն տրուած պատիժը կրնայ անոնց կեանքը փրկել։ (Առակաց 17։10. 23։13, 14. 29։19) Բայց երախայ մը պէտք է հասկնայ թէ ինչո՛ւ կը պատժուի։ «Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան»։ (Առակաց 29։15. Յոբայ 6։24) Ասկէ զատ, պատիժը իր սահմանները ունի։ «Քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ», ըսաւ Եհովան իր ժողովուրդին։ (Երեմեայ 46։28բ) Աստուածաշունչը բնաւ համամիտ չէ ցասումով կամ խստութեամբ տրուած ծեծերուն, որոնք կը ջախջախեն եւ նոյնիսկ կը վիրաւորեն երախան։—Առակաց 16։32

23. Երախայ մը ի՞նչ բան պէտք է նկատէ, երբ իր ծնողքին կողմէ պատիժ կը ստանայ։

23 Երբ Եհովա զգուշացուց իր ժողովուրդը որ զինք պիտի յանդիմանէր, ան նախ ըսաւ. «Մի՛ վախնար . . . վասն զի ես քեզի հետ եմ»։ (Երեմեայ 46։28ա) Նմանապէս, ծնողական պատիժը՝ ի՛նչ ձեւի ալ ըլլայ՝ պէտք չէ լքուած ըլլալու զգացումը տայ երախային։ (Կողոսացիս 3։21) Ընդհակառակը, երախան պէտք է զգայ որ կրթութիւնը կը տրուի, քանի որ իր ծնողքը ‘իրեն հետ’՝ իր կողքին է։

ՁԵՐ ԶԱՒԱԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՑԷՔ ՉԱՐԻՔՆԵՐԷ

24, 25. Այս օրերուն երախաները ո՞ր գարշելի սպառնալիքին դէմ պաշտպանուելու կարիքը ունին։

24 Չափահասներէն շատեր իրենց մանկութեան մասին կը մտածեն որպէս ուրախ ժամանակ մը։ Անոնք կը վերյիշեն ապահովութեան ջերմ զգացում մը, վստահութիւն մը թէ ի՛նչ ալ ըլլար պարագան, իրենց ծնողքը երեսի վրայ պիտի չձգէին զիրենք։ Ծնողներ կը փափաքին որ իրենց զաւակները այդ զգացումը ունենան, սակայն ներկայ այլասերած աշխարհին մէջ շատ աւելի դժուար է զաւակները ապահով վիճակի մէջ պահել։

25 Վերջին տարիներուն, ահաւոր սպառնալիք մը երեւան եկած է՝ սեռային գետնի վրայ երախաներու լլկումը։ Տասը տարուան ընթացքին, Մալէզիայի մէջ երախաներու լլկումը քառապատկուած է։ Գերմանիոյ մէջ, ամէն տարի 300,000 երախաներ սեռային գետնի վրայ կը լլկուին, մինչ հետազօտութեան մը համաձայն, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն մէկուն մէջ տարեկան թիւը կը հասնի 9,000,000–ի։ Ողբալի է որ այս երախաներէն շատերը իրենց իսկ տան մէջ կը լլկուին, իրենց ճանչցած եւ վստահած անհատներուն կողմէ։ Բայց զաւակները մեծապէս պաշտպանուած պէտք է զգան իրենց ծնողքին կողմէ։ Ծնողներ ասիկա ի՞նչպէս կրնան ընել։

26. Երախաները ապահով պահելու կերպերէն ոմանք ի՞նչ են, եւ գիտութիւնը ի՞նչպէս կրնայ պաշտպանել երախայ մը։

26 Քանի որ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ սեռային հարցերու մասին շատ քիչ տեղեկութիւն ունեցող երախաներն են որ սովորաբար անոր դէմ պաշտպանուած չեն, հետեւաբար ասոր արգելք հանդիսացող գլխաւոր քայլն է այս ուղղութեամբ որոշ բացատրութիւն տալ զաւկին, նոյնիսկ երբ անիկա տակաւին շատ փոքր է։ Գիտութիւնը կրնայ զինք պաշտպանել «չար մարդուն ճամբայէն, նենգութիւններ խօսող մարդէն»։ (Առակաց 2։10-12) Ո՞ր գիտութիւնը։ Շիտակ եւ սխալ բաներու շուրջ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն գիտութիւնը։ Նաեւ այն գիտութիւնը թէ կարգ մը չափահասներ սխալ բաներ կ’ընեն եւ թէ պզտիկները պէտք չէ անոնց հնազանդին, երբ իրենց կը թելադրեն որ անպատշաճ բաներ ընեն։ (Բաղդատել՝ Դանիէլ 1։4, 8. 3։16-18։) Միայն մէկ անգամ սորվեցնելով մի՛ գոհանաք։ Շատ երախաներ դաս մը կրկին պէտք է սորվին, որպէսզի յիշեն զայն։ Երբ անոնք քիչ մը մեծնան, հայր մը պէտք է սիրալիր կերպով յարգէ իր աղջկան ամօթխածութիւնը, իսկ մայր մը՝ իր տղուն, այս կերպով պատշաճութեան հարցին մէջ իրենց երախային զգացումը կը զօրացնեն։ Անշուշտ, որպէս ծնողք մօտէն հսկելով, զանոնք լաւագոյնս պաշտպանած կ’ըլլաք եղծանումի դէմ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՓՆՏՌԵՑԷՔ

27, 28. Երբ ծնողներ զաւակներ մեծցնելու մէջ դժուարութեան հանդիպին, ո՞ր Աղբիւրէն մեծագոյն օգնութիւնը կրնան ստանալ։

27 Արդարեւ, երախայ մը իր մանկութենէն մարզելը դիւրին չէ, բայց հաւատացեալ ծնողներ այս դժուարութիւնը առանձին չեն դիմագրաւեր։ Դատաւորներու շրջանին, Մանուէ անունով մարդ մը, երբ գիտցաւ որ հայր պիտի ըլլար, ան իր զաւակը մեծցնելու համար Եհովայէ առաջնորդութիւն հայցեց։ Եհովա անոր աղօթքներուն պատասխանեց։—Դատաւորաց 13։8, 12, 24

28 Նոյն կերպով այսօր ալ, երբ հաւատացեալ ծնողներ զաւակներ կը մեծցնեն, կրնան աղօթքով Եհովայի հետ խօսիլ այս մասին։ Ծնող ըլլալը ծանր գործ մըն է, բայց վարձատրութիւնն ալ մեծ է։ Հաուայիէն Քրիստոնեայ ամոլ մը կ’ըսէ. «Պատանեկութեան դժուար տարիները հասնելէ առաջ, 12 տարի ունիք ձեր մարզումը տալու համար։ Բայց եթէ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու համար ծանր աշխատած էք, ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի հնձէք, երբ անոնք բոլոր սրտով Եհովայի ծառայելու որոշում տան»։ (Առակաց 23։15, 16) Երբ ձեր զաւակը այդ որոշումը տայ, դուք ալ պիտի մղուիք բացագանչելու. «Տղաքը [եւ աղջիկները] Տէրոջը ժառանգութիւնն են»։

^ պարբ. 18 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։