Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՎԵՑ

Ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ բարգաւաճին

Ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ բարգաւաճին

1, 2. Պատանեկութեան տարիները ի՞նչ դժուարութիւններ եւ ուրախութիւններ կրնան բերել։

ՏԱՆ մէջ պատանի մը ունենալը հինգ կամ տասը տարեկան երախայ մը ունենալէն բոլորովին տարբեր է։ Պատանեկութեան շրջանը իր հետ կը բերէ իր դժուարութիւններն ու խնդիրները, բայց նաեւ՝ իր ուրախութիւնները եւ հատուցումները։ Յովսէփի, Դաւիթի, Յովսիայի եւ Տիմոթէոսի նման տիպարներ ցոյց տուին որ երիտասարդներ կրնան պատասխանատուութեան զգացումը ունենալ եւ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն մը մշակել։ (Ծննդոց 37։2-11. Ա. Թագաւորաց 16։11-13. Դ. Թագաւորաց 22։3-7. Գործք 16։1, 2) Այսօր ալ կան շատ պատանիներ, որոնք նոյն համբաւը կը վայելեն։ Հաւանաբար անոնցմէ քանի մը հատը կը ճանչնաք։

2 Սակայն, ոմանց պատանեկութեան տարիները շատ անհանդարտ կ’անցնին։ Անչափահասները շատ վերիվայրումներ կ’ունենան։ Պատանիներ ու պատանուհիներ կը փափաքին աւելի անկախ ըլլալ եւ իրենց ծնողքին կողմէ իրենց վրայ դրուած սահմանափակումներուն համար կրնան ընդվզիլ։ Բայց այդ պատանիները տակաւին անփորձ են եւ իրենց ծնողներուն սիրալիր եւ համբերատար օգնութեան կը կարօտին։ Այո, պատանեկութեան տարիները կրնան խայտալի ըլլալ, բայց շփոթեցուցիչ ալ ըլլալ, թէ՛ ծնողքին եւ թէ պատանիներուն համար։ Այդ տարիներու ընթացքին ի՞նչ օգնութիւն կարելի է տալ պատանիներուն։

3. Ծնողներ ի՞նչ կերպով իրենց անչափահաս զաւակներուն կեանքի մէջ լաւ պատեհութիւններ կրնան տալ։

3 Աստուածաշունչի խրատին հետեւող ծնողներ, իրենց պատանի զաւակներուն կարելի եղած ամէն առիթ կու տան, որպէսզի այդ փորձութիւններէն յաջողութեամբ անցնելով, պատասխանատու չափահասներ դառնան։ Բոլոր երկիրներու եւ բոլոր ժամանակներու մէջ, Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկող ծնողներ եւ զաւակներ յաջողութեամբ օրհնուած են։—Սաղմոս 119։1

ՊԱՐԿԵՇՏ ԵՒ ՍՐՏԲԱՑ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

4. Ինչո՞ւ մտերիմ խօսակցութիւնը մասնաւորաբար կարեւոր է պատանեկութեան տարիներուն։

4 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին»։ (Առակաց 15։22) Եթէ մտերիմ խօսակցութիւնները անհրաժեշտ էին երբ երախաները պզտիկ էին, հիմա որ պատանիներ եղած են, անիկա մասնաւորաբար կենսական է, քանի որ պատանիները հաւանաբար աւելի քիչ ժամանակ կ’անցընեն տան մէջ եւ շատ աւելի՝ դպրոցական ընկերներուն եւ ուրիշ բարեկամներու հետ։ Եթէ մտերիմ խօսակցութիւն՝ ծնող–զաւկի միջեւ պարկեշտ ու սրտբաց հաղորդակցութիւն մը՝ չըլլայ, պատանիները օտարներ կը դառնան տան մէջ։ Արդ, հաղորդակցութեան գծերը ի՞նչպէս կարելի է բաց պահել։

5. Պատանիները ի՞նչպէս պէտք է նկատեն իրենց ծնողքին հետ հաղորդակցելու հարցը։

5 Ասոր մէջ թէ՛ պատանիները եւ թէ ծնողները դեր ունին։ Ճիշդ է որ պատանիները շատ աւելի դժուարութիւն կ’ունենան իրենց ծնողներուն հետ խօսելու, քան երբ աւելի փոքր էին։ Սակայն, մի՛ մոռնաք որ «ժողովուրդը առանց խոհականութեան [կամ՝ առաջնորդութեան] կը կործանի, բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ»։ (Առակաց 11։14) Այս խօսքերը կիրարկելի են բոլորին՝ երիտասարդ թէ տարեց։ Ասոր գիտակցող պատանիներ պիտի հասկնան որ տակաւին խոհեմ առաջնորդութեան կարիքը ունին, քանի որ առաջուընէ աւելի բարդ հարցերու դիմաց կը գտնուին։ Պէտք է ընդունին որ իրենց հաւատացեալ ծնողները իրապէս որակելի են որպէս խրատատուներ, քանի որ կեանքի մէջ աւելի մեծ փորձառութիւն ունին եւ տարիներու ընթացքին իրենց սիրալիր հետաքրքրութիւնը ապացուցանած են։ Հետեւաբար, իրենց կեանքի այս հանգրուանին, իմաստուն պատանիները իրենց ծնողներէն պէտք չէ հեռանան։

6. Սիրալիր եւ իմաստուն ծնողներ ի՞նչ կեցուածք պիտի ունենան իրենց պատանիներուն հետ հաղորդակցելու համար։

6 Բաց հաղորդակցութիւն գոյանալու համար, ծնողներ ամէն ջանք պէտք է թափեն որ մատչելի ըլլան, երբ պատանին կարիքը կը զգայ խօսելու։ Եթէ ծնող մըն էք, վստահ եղէք որ գոնէ ձեր կողմէ հաղորդակցութեան գիծը բաց ըլլայ։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ։ (Ժողովողի 3։7) Երբ ձեր պատանին զգայ որ խօսելու ժամանակն է, այդ ատեն ձեզի համար՝ լռելու ժամանակ է։ Թերեւս դուք այդ ժամանակը տրամադրած էիք անձնական ուսումնասիրութեան, հանգստանալու կամ առտնին գործեր ընելու համար։ Սակայն, եթէ ձեր պատանի զաւակը կ’ուզէ ձեզի հետ խօսիլ, ջանացէք ձեր ծրագիրները վերաճշդումի ենթարկել եւ անոր մտիկ ընել։ Ապա թէ ոչ, թերեւս անգամ մը եւս չփորձէ խօսիլ։ Յիշեցէք Յիսուսի օրինակը։ Անգամ մը ան հանգստանալու յայտագիր մը ըրած էր։ Բայց երբ ժողովուրդը շուրջը հաւաքուեցաւ իրեն մտիկ ընելու համար, ան հանգստանալը մէկդի ըրաւ եւ սկսաւ անոնց սորվեցնել։ (Մարկոս 6։30-34) Ընդհանրապէս պատանիներ կը նկատեն որ իրենց ծնողները զբաղած կեանք մը կը վարեն, բայց կ’ուզեն վստահ ըլլալ որ երբ իրենց ծնողքին պէտք ունին, անոնք հոն են։ Ուստի, մատչելի եւ հասկացող եղէք։

7. Ծնողներ ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափին։

7 Փորձեցէք յիշել թէ երբ պատանի էիք, ի՛նչպէս էիք, եւ ձեր զուարթամտութիւնը մի՛ կորսնցնէք։ Ծնողներ պէտք է հաճոյք առնեն իրենց զաւակներուն ընկերակցութենէն։ Երբ ծնողներ ազատ պահեր ունենան, ի՞նչպէս կ’անցընեն։ Երբ անոնք յաճախ ուզեն իրենց ազատ ժամերուն առանց իրենց զաւակներուն բաներ ընել, պատանիները շուտով պիտի նկատեն ասիկա։ Եթէ անչափահասները սկսին խորհիլ որ դպրոցի ընկերները իրենց մասին աւելի կը մտածեն քան իրենց ծնողները, ասիկա խնդիրներու դուռ կրնայ բանալ։

Ի՛ՆՉ ԽՕՍԻԼ

8. Ի՞նչպէս կարելի է երախաներուն մէջ պարկեշտութեան, ծանր աշխատանքի եւ լաւ վարքի հանդէպ գնահատութիւն զետեղել։

8 Եթէ ծնողներ տակաւին իրենց զաւակներուն մէջ պարկեշտութեան ու ծանր աշխատանքի հանդէպ գնահատութիւն քանդակած չեն, պայման է որ ասիկա ընեն անոնց պատանեկութեան շրջանին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10) Նաեւ, անոնց համար շատ կարեւոր է ստուգել որ իրենց զաւակները ամբողջ սրտով կ’ընդունին բարոյական ու մաքուր կեանք մը վարելու կարեւորութիւնը։ (Առակաց 20։11) Ծնող մը այս մարզերուն մէջ շատ աւելի կը խօսի իր անձնական օրինակով։ Ճիշդ ինչպէս որ անհաւատ ամուսիններ կրնան ‘առանց խօսքի շահուիլ իրենց կիներուն վարուելակերպովը’, նոյնպէս ալ պատանիները կրնան շիտակ սկզբունքներ սորվիլ իրենց ծնողքին վարքովը։ (Ա. Պետրոս 3։1) Տակաւին միայն ասիկա ալ բաւարար չէ, քանի որ երախաները գէշ օրինակներ ալ կը տեսնեն եւ տունէն դուրս հրապուրիչ պրոպականդներու տարափ մը գոյութիւն ունի։ Հետեւաբար, հոգածու ծնողներ պէտք է իրենց պատանիներուն տեսակէտը գիտնան անոնց տեսած ու լսած բաներուն շուրջ եւ ասիկա իմաստալից խօսակցութեան կարիքը ցոյց կու տայ։—Առակաց 20։5

9, 10. Ինչո՞ւ պայման է որ ծնողներ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն սեռային հարցերու մասին, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնան ընել։

9 Ասիկա մասնաւորաբար ճշմարիտ է երբ կարգը սեռի վերաբերեալ նիւթերուն գայ։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն հետ սեռի մասին խօսելու կ’ամչնա՞ք։ Նոյնիսկ երբ այս է պարագան, այս մասին խօսելու ջանք թափեցէք, ապա թէ ոչ ձեր զաւակները ուրիշէ մը պիտի սորվին անոր մասին։ Եթէ ձեզմէ չսորվին, ով գիտէ ի՜նչ խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ պիտի ստանան։ Աստուածաշունչին մէջ Եհովա չի քաշուիր սեռային հարցերու մասին խօսելու. ուստի ծնողներ ալ պէտք չէ ամչնան։—Առակաց 4։1-4. 5։1-21

10 Երախտապարտ ենք որ Աստուածաշունչը սեռային վարքի մասին յստակ ցուցմունքներ կը պարունակէ, եւ Դիտարանի Ընկերութիւնը օգտաշատ տեղեկութիւններ հրատարակած է, ցոյց տալով որ այս ցուցմունքները տակաւին կիրարկելի են արդի աշխարհին մէջ։ Ինչո՞ւ չօգտուիլ անոնցմէ։ Օրինակ, ինչո՞ւ ձեր աղջկան կամ տղուն հետ վերաքաղ չընէք «Սեռ եւ Բարոյագիտութիւն» մասը՝ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գրքէն։ Արդիւնքը կրնայ հաճելիօրէն ձեզ զարմացնել։

11. Ծնողներ ո՞ր ամենէն ազդու կերպով կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել թէ ի՛նչպէս կրնան Եհովայի ծառայել։

11 Ծնողներ ու զաւակներ ո՞ր կարեւորագոյն նիւթին մասին պէտք է խօսակցին։ Պօղոս առաքեալ անոր ակնարկեց՝ երբ գրեց. «[Ձեր զաւակները] մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Զաւակները կարիքը ունին Եհովայի մասին շարունակաբար սորվելու։ Մանաւանդ, պէտք է սորվին զինք սիրել եւ պէտք է փափաքին անոր ծառայել։ Ասոր մէջ ալ անոնք շատ բան կը սորվին ձեր օրինակէն։ Եթէ անչափահասներ տեսնեն որ իրենց ծնողները Աստուած կը սիրեն ‘իրենց բոլոր սրտով, իրենց բոլոր հոգիով ու իրենց բոլոր մտքով’, եւ թէ ասիկա անոնց կեանքին մէջ լաւ պտուղներ կը յառաջացնէ, անոնք ալ ազդուելով պիտի ուզեն նոյնը ընել։ (Մատթէոս 22։37) Նոյնպէս, եթէ անչափահասներ տեսնեն որ իրենց ծնողները հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունին նիւթական բաներու շուրջ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելով, ասիկա իրենց պիտի օգնէ որ նոյն մտավիճակը զարգացնեն։—Ժողովողի 7։12. Մատթէոս 6։31-33

Ընտանիքին համար կենսական է Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը

12, 13. Եթէ կ’ուզենք որ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը յաջողի, ո՞ր կէտերը ի մտի պէտք է ունենանք։

12 Ամէն շաբաթ Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը անչափահասներուն հոգեւոր արժէքներ հաղորդելու մեծապէս կը նպաստէ։ (Սաղմոս 119։33, 34. Առակաց 4։20-23) Կենսական է կանոնաւորաբար ընել այս ուսումնասիրութիւնը։ (Սաղմոս 1։1-3) Ծնողներ եւ զաւակներ պէտք է գիտակցին որ ուրիշ բաներ ընտանեկան ուսումնասիրութեան շուրջ պէտք է դառնան եւ ոչ թէ հակառակը։ Նաեւ, շիտակ կեցուածք մը կարեւոր է, որպէսզի ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը ազդեցիկ ըլլայ։ Հայր մը ըսաւ. «Գաղտնիքը այն է որ վարիչը հանգիստ բայց յարգալից մթնոլորտ մը ստեղծէ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին. անպաշտօն բայց ոչ՝ անհակակշիռ։ Թերեւս միշտ դիւրին չըլլայ ճիշդ հաւասարակշռութիւնը պահել եւ անչափահասները յաճախ կարիքը ունին իրենց կեցուածքը բարեճշդելու։ Եթէ մէկ կամ երկու անգամ չյաջողիք, յարատեւեցէք եւ դարձեալ փորձեցէք»։ Այս հայրը ըսաւ որ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութենէն առաջ, աղօթքով մասնայատուկ օգնութիւն կը հայցէր Եհովայէ, որպէսզի բոլոր մասնակցողները շիտակ տեսակէտը ունենային։—Սաղմոս 119։66

13 Ընտանեկան ուսումնասիրութիւն վարելը հաւատացեալ ծնողներու պատասխանատուութիւնն է։ Ճիշդ է որ թերեւս կարգ մը ծնողներ սորվեցնելու պարգեւը չունին եւ կրնայ ըլլալ որ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը հետաքրքրական դարձնելու կերպեր չեն կրնար գտնել։ Այսուհանդերձ, եթէ ձեր պատանիները «գործով ու ճշմարտութիւնով» կը սիրէք, պիտի փափաքիք անոնց խոնարհ ու պարկեշտ կերպով օգնել, որպէսզի հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ (Ա. Յովհաննու 3։18) Թերեւս անոնք երբեմն գանգատին, բայց հաւանաբար պիտի զգան որ խորապէս հետաքրքրուած էք իրենց բարօրութեամբ։

14. Երբ պատանիներուն հոգեւոր բաներ կը հաղորդենք, Բ. Օրինաց 11։18, 19–ն ի՞նչպէս կարելի է կիրարկել։

14 Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը միակ առիթը չէ հոգեւոր գետնի վրայ կարեւոր եղող հարցեր շօշափելու համար։ Կը յիշէ՞ք Եհովա ինչ պատուիրեց ծնողներուն։ Ան ըսաւ. «Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգիին մէջ պահեցէք ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատնոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ»։ (Բ. Օրինաց 11։18, 19. տես նաեւ՝ Բ. Օրինաց 6։6, 7։) Ասիկա չի նշանակեր որ ծնողներ անդադար պէտք է քարոզեն իրենց զաւակներուն։ Սակայն սիրալիր տան գլուխ մը իր ընտանիքի անդամներուն մէջ հոգեւոր հայեցակէտեր զետեղելու առիթները օգտագործելու մէջ միշտ արթուն պէտք է ըլլայ։

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔ

15, 16. (ա) Կրթութիւնը ի՞նչ է։ (բՈ՞վ պէտք է կիրարկէ կրթութիւնը, իսկ որո՞ւ պատասխանատուութիւնն է անոր անսալ։

15 Կրթութիւնը սրբագրութիւն տուող մարզում մըն է եւ անիկա հաղորդակցութիւն կը բովանդակէ։ Կրթութիւնը աւելի սրբագրութեան գաղափարը կու տայ, քան թէ՝ պատիժի. թէեւ պատիժն ալ կրնայ մաս կազմել անոր։ Երբ աւելի փոքր էին, ձեր զաւակները կրթութեան կարիքը ունէին, հիմա որ պատանիներ եղած են, տակաւին որոշ չափով անոր կարիքը ունին, թերեւս աւելիով։ Իմաստուն պատանիներ գիտեն որ ասիկա ճիշդ է։

16 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ, բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ’ըլլայ»։ (Առակաց 15։5) Այս համարէն շատ բան կը սորվինք։ Անիկա այն գաղափարը կու տայ որ կրթութիւն պէտք է տրուի։ Եթէ պատանիի մը յանդիմանութիւն չտրուի, անիկա չի կրնար ‘յանդիմանութեան հնազանդիլ’։ Եհովա ծնողներուն, մասնաւորաբար հօրը, կու տայ կրթութիւն մատակարարելու պատասխանատուութիւնը։ Սակայն, այդ կրթութեան մտիկ ընելու պատասխանատուութիւնը՝ պատանիին կ’իյնայ։ Եթէ ան իր հօրը ու մօրը իմաստուն կրթութեան ականջ տայ, այդ պարագային աւելի շատ պիտի սորվի եւ աւելի քիչ սխալներ պիտի գործէ։ (Առակաց 1։8) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ, բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ»։—Առակաց 13։18

17. Ծնողներ ի՞նչպիսի հաւասարակշռութեան կարիքը ունին, երբ կրթութիւն կը մատակարարեն։

17 Ծնողներ հաւասարակշռութեամբ պէտք է կրթեն իրենց պատանիները։ Անոնք պէտք է խուսափին շատ խիստ ըլլալով իրենց զաւակները բարկացնելէ, թերեւս անոնց ինքնավստահութեան վնաս հասցնելով։ (Կողոսացիս 3։21) Այսուհանդերձ, ծնողներ շատ թոյլատու ըլլալով իրենց զաւակները այս կենսական մարզումէն պէտք չէ զրկեն։ Այսպիսի թոյլտուութիւն կրնայ աղիտալի ըլլալ։ Առակաց 29։17–ն կ’ըսէ. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ»։ Սակայն, 21–րդ համարը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ, վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ»։ Թէեւ այս համարին մէջ խօսքը ծառայի մասին է, անիկա նոյնքան կիրարկելի է տան մէջ գտնուող ոեւէ պատանիի։

18. Կրթութիւնը ի՞նչ բանի ապացոյց է, իսկ երբ ծնողներ յարատեւաբար կրթեն իրենց զաւակները, անոնք ի՞նչ բանէ խնայուած կ’ըլլան։

18 Ճշմարտութեան մէջ, պատշաճ կրթութիւնը զաւկին հանդէպ ծնողքին սէրը կ’ապացուցանէ։ (Եբրայեցիս 12։6, 11) Եթէ ծնող մըն էք, գիտէք թէ դժուար է յարատեւ, տրամաբանական կրթութիւն մատակարարել։ Խաղաղութեան սիրոյն, թերեւս աւելի հեշտ է յամառ անչափահասին թոյլ տալ որ ուզածը ընէ։ Սակայն այս կացութեան մէջ գտնուող ծնող մը վերջապէս անոր տոյժը պիտի կրէ, անղեկավարելի ընտանիք մը ունենալով։—Առակաց 29։15. Գաղատացիս 6։9

ԳՈՐԾ ԵՒ ԽԱՂ

19, 20. Ծնողներ ի՞նչպէս իմաստուն կերպով վարուած կ’ըլլան, երբ իրենց պատանիներուն զբօսանքները նկատի առնեն։

19 Անցեալին, երախաներէն սովորաբար կ’ակնկալուէր որ տան մէջ կամ ագարակը աշխատելով օգտակար ըլլային։ Ներկայիս, պատանիներէն շատեր բաւական ազատ ժամեր ունին։ Այդ ժամանակը լեցնելու համար, առեւտրական աշխարհը անհաշուելի նիւթեր կը հայթայթէ։ Ասոր վրայ աւելցուցէք Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներու նկատմամբ աշխարհի ունեցած անտարբերութիւնը եւ ա՛յն ատեն պիտի ըմբռնէք հաւանական աղէտին տարողութիւնը։

20 Հետեւաբար, լաւ դատողութիւն ունեցող ծնողներ զբօսանքի նկատմամբ վերջնական որոշում տալու իրենց իրաւասութեան կառչած կը մնան։ Մի՛ մոռնաք սակայն, որ պատանիները երթալով կը մեծնան։ Ամէն անցնող տարի ան պիտի փափաքի որ իր հետ չափահասի մը նման վարուիք։ Ուստի, իմաստութիւն է որ ծնող մը զբօսանքի ընտրութեան մէջ աւելի թոյլատու գտնուի, մինչ պատանին կը մեծնայ. այնքան ատեն որ անոր ընտրութիւնները դէպի հոգեւոր հասունութիւն իր յառաջդիմութիւնը կը մատնանշեն։ Երբեմն, պատանի մը կրնայ երաժշտութեան, ընկերակցութեան եւ ուրիշ մարզերու մէջ ոչ–իմաստուն ընտրութիւն մը ընել։ Երբ այսպիսի բան մը ըլլայ, պատանիին հետ այս մասին պէտք է խօսուի, որպէսզի ապագային աւելի լաւ ընտրութիւններ ընէ։

21. Զբօսանքի համար տրամաբանական ժամանակ յատկացնելը ի՞նչպէս պիտի պաշտպանէ պատանին։

21 Զբօսանքի որքա՞ն ժամանակ պէտք է յատկացուի։ Կարգ մը երկիրներու մէջ պատանիներուն այն տպաւորութիւնը կու տան որ անոնք անդադար պէտք է զուարճանան։ Հետեւաբար, անչափահաս մը կրնայ իր յայտագիրը այնպէս մը ընել, որ մէկ ‘հաճոյք’էն միւսը անցնի։ Ծնողքին պարտականութիւնն է անոնց սորվեցնել որ ուրիշ բաներու ալ ժամանակ պէտք է տրամադրեն, ինչպէս՝ ընտանիքին, անձնական ուսումնասիրութեան, հոգեւոր՝ հասուն անհատներու հետ ընկերակցութեան, քրիստոնէական ժողովներու եւ առտնին գործերու։ Ասիկա արգելք պիտի ըլլայ որ «այս կեանքին ցանկութիւններ»ը Աստուծոյ Խօսքը խեղդեն։—Ղուկաս 8։11-15

22. Պատանիի մը կեանքին մէջ զբօսանքը ի՞նչ բանով հաւասարակշռուած պէտք է ըլլայ։

22 Սողոմոն Թագաւոր ըսաւ. «Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։ Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայելելը Աստուծոյ պարգեւն է»։ (Ժողովողի 3։12, 13) Այո, ուրախութիւնը հաւասարակշռուած կեանքին մաս կը կազմէ։ Բայց՝ ծանր աշխատանքն ալ։ Ներկայիս պատանիներէն շատեր ծանր աշխատանքէն քաղուած գոհունակութեան, կամ խնդիր մը ձեռք առնելով զայն լուծելէն առթած ինքնարժեւորութեան զգացումը չեն վայելեր։ Ոմանց պատեհութիւն չի տրուիր որ հմտութիւն մը կամ արհեստ մը սորվին, որպէսզի հետագային կարենան իրենց ապրուստը ճարել։ Ասիկա իրական մարտահրաւէր մըն է ծնողներուն համար։ Հոգ կը տանի՞ք որ ձեր զաւակները այսպիսի պատեհութիւններ ունենան։ Եթէ յաջողիք ձեր պատանիներուն սորվեցնել որ ծանր աշխատանքին արժէքը գնահատեն եւ նոյնիսկ անկէ հաճոյք առնեն, ասիկա առողջ մտավիճակ մը պիտի զարգացնէ որ կենսատեւ օգուտներ պիտի բերէ։

ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵՆԷՆ՝ ՉԱՓԱՀԱՍՈՒԹԻՒՆ

Ձեր զաւակներուն հանդէպ սէր եւ գնահատութիւն արտայայտեցէք

23. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան քաջալերել իրենց պատանիները։

23 Նոյնիսկ երբ ձեր պատանիին հետ խնդիրներ ունենաք, տակաւին հետեւեալ խօսքերը ճիշդ են. «Սէրը բնա՛ւ չիյնար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։8) Բնաւ ետ մի՛ կենաք ձեր սէրը արտայայտելէ, զոր անկասկած կը զգաք։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Իւրաքանչիւր զաւակս կը գովե՞մ, երբ յաջողութեամբ խնդիրներ լուծէ կամ արգելքներ յաղթահարէ։ Իմ զաւակներուս հանդէպ սէրս եւ գնահատութիւնս յայտնելու առիթներ կը փնտռե՞մ, առաջ որ այդ պատեհութիւնները վերջ գտնեն’։ Թէեւ երբեմն անհասկացողութիւններ կրնան ըլլալ, բայց եթէ պատանիները վստահ ըլլան որ ձեր կողմէ սիրուած են, շատ հաւանական է որ զայն փոխադարձեն։

24. Սուրբ գրային ո՞ր սկզբունքը տակաւին ի զօրու կը մնայ զաւակներ մեծցնելու հարցին մէջ, բայց ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենալ։

24 Անշուշտ, մինչ երախաները չափահասութեան կը դիմեն, վերջապէս ծանրակշիռ որոշումներու դիմաց պիտի գտնուին։ Երբեմն թերեւս ծնողքին հաճելի չըլլան այդ որոշումները։ Եթէ երախան որոշէ որ այլեւս Եհովա Աստուծոյ պիտի չծառայէ, այդ պարագային ի՞նչ։ Ասիկա կրնայ պատահիլ. նոյնիսկ Եհովայի հոգեղէն որդիներէն ոմանք իր խրատը մերժեցին եւ ըմբոստներ եղան։ (Ծննդոց 6։2. Յուդա 6) Երախաները համակարգիչներ չեն, որ զանոնք յայտագրենք մեր ուզած կերպով վարուելու։ Անոնք ազատ կամք ունեցող արարածներ են, իրենց տուած որոշումին համար Եհովայի առջեւ պատասխանատու ըլլալով։ Այսուհանդերձ, Առակաց 22։6–ը ճշմարիտ կը մնայ, որպէս ընդհանուր օրէնք. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։

25. Ծնողներ ո՞ր լաւագոյն կերպով Եհովայի կրնան իրենց երախտագիտութիւնը յայտնել ծնողական առանձնաշնորհումին համար։

25 Ուստի, ձեր զաւակներուն հանդէպ անսահման սէր ցոյց տուէք։ Զանոնք մեծցնելու համար, կարելի եղածին չափ սուրբ գրային սկզբունքներուն հետեւեցէք։ Աստուածապաշտ վարքի մէջ օրինակ հանդիսացէք։ Այս կերպով է որ ձեր զաւակներուն լաւագոյն առիթը պիտի տաք պատասխանատուութեան գիտակից ըլլալու եւ աստուածավախ չափահասներ դառնալու։ Ասիկա լաւագոյն կերպն է որով ծնողներ իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն Եհովայի, իրենց ծնողական առանձնաշնորհումին համար։