Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ԵՕԹԸ

Տան մէջ ըմբոստ մը կա՞յ

Տան մէջ ըմբոստ մը կա՞յ

1, 2. (աՀրեայ կրօնական առաջնորդներուն անհաւատարմութիւնը շեշտելու համար Յիսուս ի՞նչ առակ տուաւ։ (բՅիսուսի առակէն ի՞նչ կը սորվինք պատանեկութեան մասին։

ԻՐ ՄԱՀՈՒԸՆԷ քանի մը օր առաջ, Յիսուս Հրեայ կրօնական առաջնորդներու խումբի մը, միտք գրգռող հարցում մը հարցուց։ Ան ըսաւ. «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի. մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. ‘Որդեա՛կ, գնա այսօր այգիիս մէջ գործէ’։ Անիկա պատասխանեց. ‘Չեմ ուզեր երթալ’։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։ Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. ‘Կ’երթամ, Տէ՛ր’, սակայն չգնաց։ Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց»։ Հրեայ առաջնորդները ըսին. «Առաջինը»։—Մատթէոս 21։28-31

2 Այս հարցումով Յիսուս Հրեայ առաջնորդներուն անհաւատարմութիւնը կը շեշտէր։ Անոնք երկրորդ որդւոյն կը նմանէին. կը խոստանային Աստուծոյ կամքը կատարել, ապա՝ իրենց խոստումը չէին պահեր։ Բայց շատ ծնողներ կ’ընդունին որ Յիսուսի օրինակը հիմնուած էր ընտանեկան կեանքի լաւ հասկացողութեան մը վրայ։ Ինչպէս Յիսուս լաւ կերպով ցոյց տուաւ, յաճախ դժուար է գիտնալ թէ դեռատիները ի՛նչ կը խորհին, կամ՝ նախատեսել թէ ի՛նչ պիտի ընեն։ Դեռատի մէկը կրնայ իր պատանեկութեան շրջանին շատ դժուարութիւններ յարուցանել եւ ապա պատասխանատու, յարգելի չափահաս մը դառնալ։ Ասիկա ի մտի պէտք է ունենանք, երբ պատանեկան ըմբոստութեան մասին կը խօսինք։

Ո՞վ Է ԸՄԲՈՍՏԸ

3. Ինչո՞ւ ծնողներ շուտով ըմբոստութեան պիտակը պէտք չէ փակցնեն իրենց զաւկին վրայ։

3 Ժամանակ առ ժամանակ կը լսէք պատանիներու մասին, որոնք ուղղակիօրէն կ’ըմբոստանան իրենց ծնողներուն դէմ։ Թերեւս անհատապէս կը ճանչնաք ընտանիք մը, ուր անղեկավարելի պատանի մը կայ։ Սակայն, միշտ դիւրին չէ գիտնալ թէ երախայ մը իրապէս ըմբոստ է թէ՝ ոչ։ Մանաւանդ, դժուար է հասկնալ թէ ինչո՛ւ նոյն ընտանիքէն եղող կարգ մը երախաներ կ’ըմբոստանան, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Եթէ ծնողներ կասկածին որ իրենց զաւակներէն մէկը բացայայտ ըմբոստութիւն կը զարգացնէ, ի՞նչ պէտք է ընեն։ Ասոր պատասխանելէ առաջ, պէտք է բացատրենք թէ իրապէս ո՛վ ըմբոստ մըն է։

4-6. (աԸմբոստ մը ի՞նչպէս յայտնի կ’ըլլայ։ (բԾնող մը ի՞նչ ի մտի պէտք է ունենայ, երբ իր դեռատի զաւակը երբեմն անհնազանդ գտնուի։

4 Պարզ բացատրութեամբ, ըմբոստը այն անհատն է որ կամովին եւ յարատեւաբար անհնազանդ է, կամ իր վրայ եղած հեղինակութեան կ’ընդդիմանայ եւ անոր դէմ կը յոխորտայ։ Անշուշտ, «մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է»։ (Առակաց 22։15) Հետեւաբար, կը պատահի որ բոլոր երախաներն ալ երբեմն ընդդիմանան ծնողական կամ ուրիշ հեղինակութեան։ Ասիկա մասնաւորաբար յայտնի կ’ըլլայ պատանեկութեան շրջանին, երբ ֆիզիքական եւ զգացական փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ։ Ոեւէ անհատի կեանքին մէջ փոփոխութիւնը կրնայ ճնշում յառաջացնել. իսկ պատանեկութիւնը փոփոխութիւններով լեցուն ժամանակաշրջան մըն է։ Ձեր դեռատի տղան կամ աղջիկը մանկութենէն դուրս գալով՝ չափահասութեան ճամբուն մէջ կը մտնէ։ Այս պատճառաւ, պատանեկութեան տարիներուն, կարգ մը ծնողներ եւ երախաներ դժուար պահեր կ’անցընեն։ Յաճախ ծնողներ բնազդաբար կը ջանան դանդաղեցնել այդ փոխանցումը, մինչ պատանիները կ’ուզեն զայն արագացնել։

5 Ըմբոստ պատանի մը ծնողական արժէքները կ’արհամարհէ։ Բայց մի՛ մոռնաք որ անհնազանդութեան քանի մը արարք՝ մէկը ըմբոստ չի դարձներ։ Իսկ երբ հարցը հոգեւոր նիւթերու գայ, կարգ մը երախաներ թերեւս սկիզբը Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ շատ քիչ հետաքրքրութիւն ցոյց տան, կամ՝ բնաւ չտան, բայց կրնան ըմբոստ չըլլալ։ Որպէս ծնողք, ձեր զաւկին պիտակ մը փակցնելու մէջ արագ մի՛ ըլլաք։

6 Արդեօք բոլո՞ր պատանիներն ալ այդ տարիներուն ծնողական հեղինակութեան դէմ կ’ըմբոստանան։ Բնա՛ւ երբեք։ Արդարեւ, ըստ ապացոյցներու, պատանիներու միայն փոքրամասնութիւն մը այդ տարիներուն լուրջ ըմբոստութիւն կը յայտնաբերէ։ Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ երախայի մը մասին որ յամառօրէն եւ միշտ կ’ըմբոստանայ։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասոր դրդապատճառը։

ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ

7. Սատանայական շրջապատը ի՞նչպէս կրնայ ազդել զաւկի մը որ ըմբոստանայ։

7 Ըմբոստութեան գլխաւոր պատճառը սատանայական աշխարհի միջավայրն է։ «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Սատանայի զօրութեան ներքեւ եղող աշխարհը վնասակար մշակոյթ մը զարգացուցած է, որու դէմ Քրիստոնեաները պէտք է պայքարին։ (Յովհաննու 17։15) Այդ մշակոյթը մեծաւ մասամբ անցեալէն աւելի բիրտ, աւելի վտանգաւոր եւ աւելի վատ ազդեցութիւններով լեցուն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13) Եթէ ծնողներ իրենց զաւակները չդաստիարակեն, չտոգորեն եւ չպաշտպանեն, դեռատիները շատ դիւրութեամբ կը կլանուին «այն ոգի[ով]՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ»։ (Եփեսացիս 2։2) Ասոր կողքին կայ նաեւ ընկերներուն ճնշումը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ (Առակաց 13։20) Նմանապէս, ան որ այս աշխարհի հոգիով թաթախուած անհատներուն հետ ընկերակցի, շատ հաւանական է որ այդ հոգիէն վարակուի։ Երիտասարդները յարատեւ օգնութեան կը կարօտին, եթէ կ’ուզենք որ անոնք գնահատեն թէ աստուածային սկզբունքներուն հնազանդիլը լաւագոյն ապրելակերպի հիմը կը կազմէ։—Եսայեայ 48։17, 18

8. Ի՞նչ ազդակներ զաւակ մը ըմբոստութեան կրնան առաջնորդել։

8 Ըմբոստութեան սատարող ուրիշ ազդակ մը՝ ընտանեկան մթնոլորտը կրնայ ըլլալ։ Օրինակ, եթէ ծնողներէն մէկը գինեմոլ, թմրեցուցիչի մոլի, կամ իր կողակիցին հանդէպ վայրագ է, կեանքի նկատմամբ պատանիին հայեացքը կրնայ խեղաթիւրուիլ։ Նոյնիսկ յարաբերաբար հանդարտ տուներու մէջ, ըմբոստութիւն կրնայ ծագիլ, երբ երախայ մը զգայ որ իր ծնողքը իրմով հետաքրքրուած չէ։ Սակայն, պատանեկան ըմբոստութիւնը միշտ դուրսի ազդեցութիւններէն կախեալ չէ։ Կարգ մը երախաներ կռնակ կը դարձնեն ծնողական արժէքներու, նոյնիսկ երբ ծնողքը աստուածային սկզբունքներ կը կիրարկէ եւ մեծ չափով զիրենք կը պաշտպանէ շուրջի աշխարհէն։ Ինչո՞ւ։ Հաւանաբար, մեր խնդիրներուն ուրիշ մէկ աղբիւրին՝ մարդկային անկատարութեան պատճառաւ։ Պօղոս ըսաւ. «Մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ադամ անձնասէր ըմբոստ մըն էր եւ իր ամբողջ սերունդին վատ ժառանգութիւն մը թողուց։ Կարգ մը պատանիներ իրենց նախահօր նման, կը նախընտրեն ըմբոստանալ։

ԹՈՅԼԱՏՈՒ ՀԵՂԻՆ ԵՒ ԽԻՍՏ ՌՈԲՈՎԱՄԸ

9. Զաւակ մեծցնելու մէջ ո՞ր ծայրայեղութիւնները կրնան ըմբոստութիւն յառաջացնել զաւկի մը մէջ։

9 Պատանիներու ըմբոստութեան առաջնորդող ուրիշ պատճառ մը, զաւակներ մեծցնելու նկատմամբ ծնողներու ունեցած սխալ հայեցողութիւնն է։ (Կողոսացիս 3։21) Բծախնդիր ծնողներէն ոմանք իրենց զաւակները խստօրէն կը կրթեն։ Ուրիշներ թոյլատու են, իրենց անփորձառու պատանիները պաշտպանելու համար ոչ մէկ ուղեգիծ տալով։ Միշտ դիւրին չէ այս երկու ծայրայեղութիւնները հաւասարակշռել։ Իսկ իւրաքանչիւր զաւակ իր անհատական կարիքները ունի։ Մէկը միւսէն աւելի հսկողութեան կրնայ կարօտիլ։ Այսուհանդերձ, սուրբ գրային երկու օրինակներ մեզի պիտի օգնեն տեսնելու՝ խստութեան կամ թոյլ ըլլալու մէջ ծայրայեղութեան երթալուն վտանգները։

10. Հեղի, որ հաւանաբար հաւատարիմ քահանայապետ մըն էր, ի՞նչպէս տկար ծնող մըն էր։

10 Հեղին՝ վաղեմի Իսրայէլի քահանայապետը՝ զաւակներ ունէր։ Ան 40 տարի ծառայեց եւ անշուշտ Աստուծոյ Օրէնքէն քաջատեղեակ էր։ Շատ հաւանաբար, Հեղի իր քահանայական պաշտօնը բաւական հաւատարմութեամբ կը կատարէր եւ թերեւս իր տղոց՝ Ոփնիի ու Փենէհէսի, լրիւ կերպով սորվեցուցած էր Աստուծոյ Օրէնքը։ Սակայն, Հեղի շատ թոյլատու կը գտնուէր իր տղոց հանդէպ։ Ոփնի եւ Փենէհէս պաշտօն կատարող քահանաներ էին, բայց անոնք «անպէտ» մարդիկ էին, որոնք միմիայն իրենց որովայնը լեցնելով եւ անբարոյ ցանկութիւնները գոհացնելով հետաքրքրուած էին։ Սակայն երբ անոնք սրբազան վայրի մէջ անպարկեշտ արարքներ ըրին, Հեղի քաջութիւնը չունեցաւ զանոնք պաշտօնանկ ընելու։ Ան պարզապէս հարեւանցի յանդիմանեց զանոնք։ Հեղի թոյլատու գտնուելով, իր տղաքը՝ Աստուծմէ աւելի պատուեց։ Որպէս հետեւանք, իր տղաքը Եհովայի մաքուր պաշտամունքին դէմ ըմբոստացան եւ Հեղիի ամբողջ տունը չարիքի հանդիպեցաւ։—Ա. Թագաւորաց 2։12-17, 22-25, 29. 3։13, 14. 4։11-22

11. Հեղիի սխալ ընթացքէն ծնողներ ի՞նչ կրնան սորվիլ։

11 Երբ այս դէպքերը պատահեցան, Հեղիի տղաքը արդէն չափահասներ էին, բայց այս պատմութիւնը կրթութիւնը զլանալուն վտանգը կ’ընդգծէ։ (Բաղդատել՝ Առակաց 29։21։) Կարգ մը ծնողներ սիրալիր եւ թոյլատու ըլլալու միջեւ տարբերութիւնը շփոթելով, կը թերանան յստակ, անխախտ եւ տրամաբանական կանոններ դնելու եւ զանոնք պարտադրելու մէջ։ Անոնք սիրալիր կրթութիւն կիրարկելը կ’անտեսեն, նոյնիսկ երբ աստուածային սկզբունքներ կը խախտուին։ Արդ, թոյլատու գտնուելով, իրենց զաւակները ի վերջոյ ո՛չ մէկ կարեւորութիւն կու տան ծնողական կամ որեւէ ուրիշ հեղինակութեան։—Բաղդատել՝ Ժողովողի 8։11։

12. Ռոբովամ հեղինակութեան գործադրութեան մէջ ի՞նչ սխալ գործեց։

12 Իսկ Ռոբովամ հեղինակութեան հարցով միւս ծայրայեղութեան գնաց։ Ան Իսրայէլի միացեալ թագաւորութեան վերջին թագաւորն էր, բայց բարի թագաւոր մը չէր։ Ռոբովամ երկիր մը ժառանգած էր, որու բնակիչները իր հօրը՝ Սողոմոնի՝ իրենց վրայ դրած ծանր բեռներուն համար դժգոհ էին։ Ռոբովամ հասկացողութիւն ցոյց տուա՞ւ։ Ո՜չ. երբ պատուիրակութիւն մը իրմէ խնդրեց որ հարստահարող պայմաններէն ոմանք վերցնէ իրենց վրայէն, ան իր տարեց խրատատուներուն հասուն խրատներուն ականջ չտուաւ եւ պատուիրեց որ ժողովուրդին բեռը աւելի ծանրացնեն։ Իր ամբարտաւանութիւնը հիւսիսային տասը ցեղը ըմբոստութեան մղեց եւ թագաւորութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ։—Գ. Թագաւորաց 12։1-21. Բ. Մնացորդաց 10։19

13. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան խուսափիլ Ռոբովամի սխալէն։

13 Ծնողներ Ռոբովամի պատմութենէն կրնան կարգ մը կարեւոր դասեր սորվիլ։ Անոնք աղօթքով ‘Տէրը պէտք է խնդրեն’ եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներու լոյսին ներքեւ զաւակ մեծցնելու իրենց կերպերը քննութեան ենթարկեն։ (Սաղմոս 105։4) «Բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ», կ’ըսէ Ժողովողի 7։7–ն։ Լաւ ծրագրուած սահմանագծեր առիթ կու տան պատանիներուն որ բարգաւաճին, միեւնոյն ատեն վնասներէ պահպանելով զանոնք։ Սակայն, երախաները պէտք չէ ապրին մթնոլորտի մը մէջ, որ ա՛յնքան անթեք եւ կաշկանդիչ ըլլայ, որ անոնց արգելք հանդիսանայ տրամաբանական չափով անկախութիւն եւ ինքնավստահութիւն զարգացնելու։ Երբ ծնողներ թոյլ կեցուածքի եւ յստակօրէն նշուած սահմանագծերու միջեւ ջանան միջինը գտնել, այդ պարագային պատանիներէն շատեր նուազ հակումը պիտի ունենան ըմբոստանալու։

ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔՆԵՐԸ ԼԵՑՆԵԼԸ ԿՐՆԱՅ ԱՐԳԵԼՔ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱԼ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ

Շատ հաւանաբար, զաւակները աւելի կայուն չափահասներ պիտի ըլլան, եթէ ծնողները օգնեն որ իրենց պատանեկան խնդիրներուն հետ գլուխ ելլեն

14, 15. Ծնողներ ի՞նչպէս պէտք է նկատեն իրենց զաւկին մէջ եղած փոփոխութիւնը։

14 Թէեւ ծնողներ կ’ուրախանան տեսնելով իրենց դեռատի զաւակներուն մանկութենէն դէպի չափահասութիւն ֆիզիքական աճումը, բայց թերեւս անոնք չախորժին, երբ իրենց չափահասութեան դիմող պատանիները սկսին իրենց անձնական ջանքերուն ապաւինիլ։ Այս փոխանցումի շրջանին, մի՛ զարմանաք երբ ձեր պատանի զաւակը պարբերաբար յամառ գտնուի, կամ ձեզի հետ չշաղուի։ Ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ Քրիստոնեայ ծնողներու նպատակակէտը պէտք է ըլլայ հասուն, կայուն եւ պատասխանատու Քրիստոնեայ մը մէջտեղ բերել։—Բաղդատել՝ Ա. Կորնթացիս 13։11. Եփեսացիս 4։13, 14։

15 Որքան ալ դժուար ըլլայ, ծնողներ պէտք է ձերբազատուին միշտ ժխտականօրէն պատասխանելու իրենց սովորութենէն, երբ իրենց պատանիները աւելի անկախութիւն կը խնդրեն։ Երախայ մը պէտք ունի իր անհատականութիւնը զարգացնելու։ Ճիշդ է որ կարգ մը դեռատիներ վաղ հասակէն կը սկսին որոշ չափով հասուն տեսակէտներ զարգացնել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, զոր օրինակ, թէ Յովսիա Թագաւորը «երբ դեռ պատանի էր [շուրջ 15 տարեկանին], իր հօրը Դաւիթի Աստուածը փնտռել սկսաւ»։ Այս ուշագրաւ անհատը արդարեւ պատասխանատուութեան գիտակից մէկն էր։—Բ. Մնացորդաց 34։1-3

16. Մինչ զաւակներուն յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը տրուի, անոնք ի՞նչ պէտք է դիմագրաւեն։

16 Սակայն, ազատութիւնը իր հետ պատասխանատուութիւն ալ կը բերէ։ Հետեւաբար, ձեր ծաղկող չափահասին թոյլ տուէք որ իր կարգ մը որոշումներուն եւ արարքներուն հետեւանքները ստանձնէ։ «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ» սկզբունքը, կը կիրարկուի թէ՛ պատանիներու եւ թէ չափահասներու։ (Գաղատացիս 6։8) Կարելի չէ երախաները յաւիտեան մեր թեւերուն տակ պահել։ Բա՜յց, եթէ ձեր զաւակը ուզէ բան մը ընել որ լիովին անընդունելի է. . .։ Որպէս պատասխանատու ծնողք, պէտք է գիտնաք՝ «Ո՛չ» ըսել։ Իսկ մինչ պատճառները կը բացատրէք, ձեր ո՛չը բնաւ այոյի պէտք չէ փոխուի։ (Բաղդատել՝ Մատթէոս 5։37։) Բայց եւ այնպէս, փորձեցէք հանդարտութեամբ «Ո՛չ» ըսել, քանի որ «մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ»։—Առակաց 15։1

17. Պատանիի մը կարգ մը կարիքները ի՞նչ են, զորս ծնող մը պէտք է լեցնէ։

17 Դեռատիները կարիքը ունին հաստատ կրթութեան տուած ապահովութեան, նոյնիսկ երբ միշտ համաձայն չգտնուին տրուած սահմանափակումներուն եւ կանոններուն հետ։ Ընդվզեցուցիչ է երբ ծնողի մը տրամադրութեան համաձայն կանոնները յաճախ փոխուին։ Իրականութեան մէջ, եթէ պատանիներուն քաջալերութիւն եւ օգնութիւն տրուին իրենց երկչոտութիւնը, ամչկոտութիւնը եւ ինքնավստահութեան պակասը յաղթահարելու, շատ հաւանական է որ աւելի կայուն չափահասներ դառնան։ Պատանիները կը գնահատեն նաեւ երբ վստահութիւն ցոյց տանք իրենց հանդէպ, զոր իրենց ընթացքով շահած են։—Բաղդատել՝ Եսայեայ 35։3, 4. Ղուկաս 16։10. 19։17։

18. Պատանիներուն մասին կարգ մը քաջալերական ճշմարտութիւններ ի՞նչ են։

18 Ծնողները կրնան հանգստանալ գիտնալով որ երբ տան մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ սէր տիրէ, սովորաբար երախաները կը ծաղկին։ (Եփեսացիս 4։31, 32. Յակոբու 3։17, 18) Կան բազմաթիւ պատանիներ, որոնք մինչեւ իսկ գինեմոլութեան, բռնութեան կամ ուրիշ վնասակար ազդեցութիւններու ներքեւ եղող ընտանեկան վատ շրջանակի մը մէջ մեծնալով հանդերձ, լաւ չափահասներ եղած են։ Հետեւաբար, եթէ տան մէջ մթնոլորտ մը ստեղծէք, ուր պատանիները ապահով կը զգան եւ գիտեն թէ սէր, գուրգուրանք եւ հոգածութիւն պիտի գտնեն՝ նոյնիսկ երբ անոր ընկերակցին տրամաբանական սահմանափակումներ եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ եղող կրթութիւն՝ շատ հաւանական է որ անոնք պիտի դառնան այնպիսի չափահասներ, որոնցմով հպարտ պիտի զգաք։—Բաղդատել՝ Առակաց 27։11։

ԵՐԲ ԵՐԱԽԱՆԵՐԸ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԻՅՆԱՆ

19. Մինչ ծնողներ պէտք է մարզեն մանուկ մը իր քալելիք ճամբուն մէջ, սակայն երախան ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի։

19 Ծնողական լաւ հովանաւորութիւն մը վստահաբար առաւելութիւն մըն է։ Առակաց 22։6–ը կ’ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել այն երախաներուն մասին, որոնք լաւ ծնողներ ունենալով հանդերձ, լուրջ խնդիրներու մէջ կ’իյնան։ Ասիկա կարելի՞ է։ Այո՛։ Առակացի այս խօսքերը պէտք է հասկցուին, իր ծնողքին «մտիկ» ընելու եւ հնազանդելու երախային պատասխանատուութիւնը շեշտող ուրիշ համարներու լոյսին տակ։ (Առակաց 1։8) Ընտանեկան համերաշխութիւնը պահպանուելու համար, ծնողը եւ զաւակը երկուստեք Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու մէջ պէտք է համագործակցին, ապա թէ ոչ՝ դժուարութիւններու պիտի հանդիպին։

20. Երբ զաւակ մը իր անխոհեմութեան պատճառաւ մոլորի, ծնող մը ի՞նչպէս իմաստուն կերպով հարցին պէտք է մօտենայ։

20 Երբ պատանի մը իր ճամբան շեղէ եւ խնդիրներու մէջ իյնայ՝ ծնող մը ի՞նչպէս պէտք է հակազդէ։ Այդ ժամանակ է որ պատանիները օգնութեան կարիքը ունին։ Եթէ ծնողներ յիշեն որ անփորձ պատանիի մը հետ է իրենց գործը, այդ պարագային աւելի հակումը պիտի ունենան իրենց զայրոյթը զսպելու։ Պօղոս ժողովքի հասուն անհատներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք»։ (Գաղատացիս 6։1) Ծնողներ նոյն կերպով կրնան վարուիլ՝ անխոհեմաբար սխալ գործող պատանիի մը հետ։ Մինչ յստակօրէն կը բացատրեն թէ ինչո՛ւ իր ընթացքը սխալ էր եւ թէ ի՛նչպէս կրնայ զայն կրկնելէ զգուշանալ, ծնողներ պէտք է պարզեն որ սխալ վարքն է վատը եւ ո՛չ թէ՝ պատանին։—Բաղդատել՝ Յուդա 22, 23։

21. Քրիստոնէական ժողովքին օրինակին հետեւելով, ծնողներ ի՞նչպէս պէտք է հակազդեն, երբ իրենց զաւակը լուրջ մեղք մը գործէ։

21 Բա՜յց, եթէ պատանիի մը յանցագործութիւնը շա՛տ լուրջ է. . .։ Այդ պարագային երախան մասնաւոր օգնութեան եւ խոհեմ առաջնորդութեան կարիքը ունի։ Երբ ժողովքի անդամ մը լուրջ մեղք մը գործէ, անոր քաջալերութիւն կը տրուի որ զղջայ եւ օգնութեան համար երէցներուն դիմէ։ (Յակոբու 5։14-16) Զղջալէ ետք, երէցները անոր կ’օգնեն, որպէսզի հոգեւորապէս վերահաստատուի։ Ընտանիքին մէջ, ծնողներուն պարտականութիւնն է մոլորած պատանիին օգնել, թէեւ անոնք կրնան այս հարցը նկատի առնել երէցներուն հետ։ Անշուշտ, անոնք պէտք չէ փորձեն երէցներէն պահել իրենց զաւակներէն մէկուն գործած լուրջ մեղքերը։

22. Եհովան ընդօրինակելով, ծնողներ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ջանան որդեգրել, երբ իրենց զաւակը լուրջ մեղք մը գործէ։

22 Ծնողքի մը համար շատ դժուար է երբ իրենց զաւակները լուրջ խնդիրներու մէջ իյնան։ Զգացականօրէն ջախջախուած ըլլալով, անոնք կրնան ցասումով սպառնալ իրենց կամակոր զաւկին, բայց ասիկա կրնայ զինք աւելի դառնացնել։ Ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ անոր ապագան կրնայ կախեալ ըլլալ այս դժուար ժամանակին մէջ իր ստացած վերաբերմունքէն։ Նաեւ յիշեցէք թէ երբ իր ժողովուրդը շիտակ ճամբէն մոլորէր, Եհովա ներելու պատրաստակամութիւնը ցոյց կու տար՝ եթէ անոնք զղջային։ Լսեցէք իր սիրալիր խօսքերը. «‘Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ’ըսէ Տէրը. եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան»։ (Եսայեայ 1։18) Ծնողներու համար ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։

23. Իրենց զաւկին կողմէ գործուած լուրջ մեղքի մը դիմաց, ծնողներ ի՞նչպէս պէտք է հակազդեն, իսկ ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափին։

23 Ուստի, փորձեցէք կամակորները քաջալերել որ իրենց ընթացքը փոխեն։ Փորձառու ծնողներէն եւ ժողովքի երէցներէն ողջախոհ խրատներ փնտռեցէք։ (Առակաց 11։14) Ջանացէք անխոհեմաբար բան մը չըսել կամ ընել, որ ձեր զաւկին ձեզի վերադառնալը դժուարացնէ։ Խուսափեցէք անսանձ զայրոյթ եւ դառնութիւն յայտնելէ։ (Կողոսացիս 3։8) Շուտով ձեռնթափ մի՛ ըլլաք։ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 7) Մինչ չարութիւնը կ’ատէք, ձեր զաւկին հանդէպ կարծր եւ դառն ըլլալէ խուսափեցէք։ Ամենէն կարեւորը՝ ծնողները պէտք է ջանան լաւ օրինակ հանդիսանալ եւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը ամուր պահել։

Ի՞ՆՉՊԷՍ ՎԱՐՈՒԻԼ ԿԱՄԱԿՈՐ ԸՄԲՈՍՏԻ ՄԸ ՀԵՏ

24. Երբեմն ի՞նչ տխուր կացութիւն մը կը ստեղծուի քրիստոնէական ընտանիքի մը մէջ, եւ ծնող մը ի՛նչպէս պէտք է հակազդէ։

24 Կարգ մը պարագաներու, բացայայտ կ’ըլլայ որ պատանի մը վճռած է ըմբոստանալ եւ քրիստոնէական չափանիշները ամբողջովին մերժել։ Ուստի, մնացեալ անդամներուն բարօրութեան համար, ընտանեկան կեանքը պահպանելու կամ վերակառուցանելու վրայ պէտք է կեդրոնանաք։ Ուշադիր եղէք որ ձեր ամբողջ ոյժը ըմբոստ անհատին վրայ կեդրոնացնելով ձեր միւս զաւակները չանտեսէք։ Փոխանակ խնդիրը ընտանիքի միւս անդամներէն պահելու, անոնց հետ որոշ չափով խօսեցէք եւ զանոնք վստահեցուցէք։—Բաղդատել՝ Առակաց 20։18։

25. (աՔրիստոնէական ժողովքի օրինակին հետեւելով, ծնողք մը ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէ, երբ զաւակ մը բացայայտ ըմբոստ մըն է։ (բԵթէ իրենց զաւակներէն մէկը ըմբոստանայ, ծնողք մը ի՞նչ ի մտի պէտք է ունենայ։

25 Յովհաննէս առաքեալ անուղղելի ըմբոստի մասին ըսաւ. «Զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք»։ (Բ. Յովհաննու 10) Ծնողներ թերեւս անհրաժեշտ տեսնեն նման կեցուածք մը որդեգրելու իրենց զաւկին հանդէպ, եթէ ան չափահաս է եւ ի՛րապէս ըմբոստ է։ Այսպիսի արարք մը որքան ալ դժուար եւ ցաւալի ըլլայ, երբեմն անհրաժեշտ է ընտանիքին մնացեալ մասը պահպանելու համար։ Ձեր ընտանիքը ձեր պաշտպանութեան եւ յարատեւ հսկողութեան կարիքը ունի։ Հետեւաբար, շարունակեցէք յստակ, եւ սակայն տրամաբանական, վարքագծեր դնել։ Ձեր միւս զաւակներուն հետ խօսեցէք։ Հետաքրքրուեցէք թէ դպրոցին եւ ժողովքին մէջ ի՛նչ է անոնց կացութիւնը։ Նաեւ, անոնց գիտցուցէք որ թէեւ ձեր ըմբոստ զաւկին արարքները հաճելի չեն ձեզի, բայց զինք չէք ատեր։ Չա՛ր արարքները դատապարտեցէք, ո՛չ թէ՝ ձեր զաւակը։ Երբ Յակոբի երկու որդիները իրենց անգութ արարքներով ընտանիքին վրայ նախատինք բերին, Յակոբ անոնց անզուսպ բարկութիւնը անիծեց, ո՛չ թէ՝ իր տղաքը։—Ծննդոց 34։1-31. 49։5-7

26. Խղճամիտ ծնող մը ի՞նչ բանով կրնայ մխիթարուիլ, երբ իր զաւակներէն մէկը ըմբոստանայ։

26 Ձեր ընտանիքին մէջ այսպիսի բան մը պատահելուն համար թերեւս յանցաւոր զգաք։ Բայց եթէ աղօթած ու ձեր կարելին ըրած էք, ձեր կարողութեան չափով Եհովայի խրատներուն հետեւելով, անտրամաբանօրէն դուք ձեզ մի՛ քննադատէք։ Մխիթարուեցէք այն իրողութեամբ թէ ոե՛ւէ մէկը չի կրնար կատարեալ ծնող մը ըլլալ, բայց խղճմտօրէն ջանացէք լաւ ծնող մը ըլլալ։ (Բաղդատել՝ Գործք 20։26։) Ընտանիքի մը մէջ բացայայտ ըմբոստ մը ունենալը մեծ վիշտ կը պատճառէ, բայց եթէ պատահի, վստահ եղէք որ Աստուած կը հասկնայ ձեզ եւ բնաւ չի լքեր իր նուիրուած ծառաները։ (Սաղմոս 27։10) Ուստի, մնացեալ երախաներուն համար, որոշեցէք ձեր տունը ապահով ու հոգեւոր ապաստանարան մը ընել։

27. Անառակ որդիին առակը յիշելով, ըմբոստ զաւկի մը ծնողները ի՞նչ կրնան յուսալ։

27 Մանաւանդ, բնաւ պէտք չէ յուսալքուիք։ Պատշաճ մարզումի ձեր նախկին ջանքերը կրնան վերջապէս մոլորեալ զաւկին սրտին դպչիլ եւ զինք զգաստացնել։ (Ժողովողի 11։6) Քրիստոնեայ ընտանիքներէն ոմանք նման փորձառութիւններ ունեցած են եւ ոմանք տեսած են իրենց կամակոր զաւակներուն վերադարձը, Յիսուսի անառակ որդւոյն առակին մէջի հօրը նման։ (Ղուկաս 15։11-32) Նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ ձեզի։