Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍԸ

Երբ ընտանիքին մէկ անդամը հիւանդ է

Երբ ընտանիքին մէկ անդամը հիւանդ է

1, 2. Սատանան ի՞նչպէս ողբերգութիւնն ու հիւանդութիւնը գործածեց, փորձելով Յոբին ուղղամտութիւնը բեկանել։

ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ կարելի է Յոբը թուել անոնց մէջ, որոնք ընտանեկան ուրախ կեանք մը ունեցած են։ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ՝ «բոլոր արեւելքցիներէն մեծ»։ Ան եօթը տղայ եւ երեք աղջիկ ունէր. ընդամէնը՝ տասը զաւակ։ Ան իր ընտանիքին պէտքերը լաւ կերպով հոգալու ի վիճակի ալ էր։ Ամենէն կարեւորը, ան հոգեւոր հարցերուն վրայ կը հսկէր եւ հետաքրքրուած էր թէ զաւակները Եհովայի առջեւ ի՛նչ կեցուածք ունէին։ Այս բոլորը սերտ եւ ուրախ ընտանեկան կապեր հաստատած էին։—Յոբայ 1։1-5

2 Յոբի վիճակը Եհովա Աստուծոյ մեծագոյն թշնամիին՝ Սատանայի՝ աչքէն չվրիպեցաւ։ Սատանան, որ անդադար կը ջանայ Աստուծոյ ծառաներուն ուղղամտութիւնը բեկանել, յարձակում գործեց Յոբի վրայ, անոր ուրախ ընտանիքը քանդելով։ Ապա ան «Յոբը՝ ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով զարկաւ»։ Սատանան ողբերգութիւնը եւ հիւանդութիւնը գործածեց, յուսալով Յոբի ուղղամտութիւնը բեկանել։—Յոբայ 2։6, 7

3. Յոբի հիւանդութեան ախտանիշները ի՞նչ էին։

3 Աստուածաշունչը չի յիշեր Յոբի հիւանդութեան անունը։ Սակայն, անոր ախտանիշներուն մասին կը խօսի։ Իր մարմինը որդերով ծածկուած էր եւ իր մորթը քոսոտելով կը փտէր։ Յոբի շունչը զզուելի էր, իսկ իր մարմինը՝ գարշահոտ։ Ան ցաւով կը գալարուէր։ (Յոբայ 7։5. 19։17. 30։17, 30) Տանջալից վիճակի մէջ, Յոբ մոխիրի վրայ նստաւ եւ խեցիի կտորով մը ինքզինք կը քերէր։ (Յոբայ 2։8) Ի՛րապէս խղճալի երեւոյթ մը ունէր։

4. Ամէն ընտանիք ժամանակ առ ժամանակ ի՞նչ փորձառութեան առջեւ կը գտնուի։

4 Եթէ այսպիսի լուրջ հիւանդութենէ մը տառապէիք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր հակազդեցութիւնը։ Ներկայիս Սատանան Աստուծոյ ծառաները հիւանդութեամբ չի զարներ, ինչպէս ըրաւ Յոբի։ Սակայն, մարդկային անկատարութեան, առօրեայ ճնշումներուն եւ մեր ապրած շրջապատին ի տես, պարզապէս կ’ակնկալուի որ ժամանակ առ ժամանակ ընտանիքի անդամներէն մէկը հիւանդանայ։ Որքան ալ կանխարգելիչ միջոցներու դիմենք, բոլորս ալ հիւանդութիւններու հակամէտ ենք, թէեւ քիչեր Յոբի չափ կը տառապին։ Երբ հիւանդութիւնը մեր տան սեմէն ներս մտնէ, իրապէս դժուար կացութիւն մը կրնայ յառաջանալ։ Ուստի, տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կ’օգնէ որ մարդկութեան հնագոյն թշնամիին հետ գլուխ ելլենք։—Ժողովողի 9։11. Բ. Տիմոթէոս 3։16

Ի՞ՆՉ Է ՁԵՐ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

5. Ընտանիքի անդամները սովորաբար ի՞նչպէս կը հակազդեն ժամանակաւոր հիւանդութեան մը պարագային։

5 Միշտ դժուար է երբ մեր առօրեայ սովորութիւնները խախտին, ի՛նչ պատճառով ալ ըլլայ անիկա, իսկ մանաւանդ այս է պարագան, երբ այդ խախտումին պատճառը երկարատեւ հիւանդութիւնը ըլլայ։ Նոյնիսկ կարճատեւ հիւանդութիւն մը վերաճշդումներ, զիջումներ եւ զոհողութիւններ կը պահանջէ։ Ընտանիքին առողջ անդամները պէտք է լուռ կենան, որպէսզի հիւանդը հանգստանայ։ Անոնք կարգ մը գործունէութիւններէ պէտք է հրաժարին։ Շատ մը ընտանիքներու մէջ, նոյնիսկ փոքրերը կը մեղքնան իրենց հիւանդ քոյր–եղբայրներուն կամ ծնողներուն, թէեւ անոնց երբեմն պէտք է յիշեցնել որ նկատառու ըլլան։ (Կողոսացիս 3։12) Ժամանակաւոր հիւանդութեան պարագային, ընդհանրապէս ընտանիքը պատրաստ է հարկ եղածը ընելու։ Արդարեւ, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ կը յուսայ նոյնքան հոգատարութեան առարկայ դառնալ՝ երբ հիւանդանայ։—Մատթէոս 7։12

6. Երբ ընտանիքի անդամ մը լուրջ եւ երկարատեւ հիւանդութեան մը բռնուի, երբեմն ի՞նչ հակազդեցութիւններ կը տեսնուին։

6 Բայց երբ հիւանդութիւնը շատ լուրջ ըլլայ եւ խանգարումները՝ հիմնական եւ երկարատեւ, այդ պարագային ի՞նչ կարելի է ընել։ Օրինակ, եթէ ընտանիքէն մէկը կաթուած մը ունենայ, Ալզայմըրի հիւանդութեամբ անկարող դառնայ, կամ ուրիշ հիւանդութեամբ մը ուժաթափ ըլլայ. . . ։ Իսկ եթէ ընտանիքի անդամ մը մտային հիւանդութենէ, զոր օրինակ, շիզոֆրէնիայէ տառապի, ի՞նչ կրնանք ընել։ Սիրելի էակի մը տառապանքը տեսնելով, մեր առաջին հակազդեցութիւնը կ’ըլլայ խղճալ՝ նեղուիլ։ Սակայն խղճալուն կը հետեւին ուրիշ հակազդեցութիւններ։ Երբ ընտանիքի անդամներ տեսնեն որ հիւանդ անհատին կացութիւնը շատ կ’ազդէ իրենց, կամ իրենց ազատութիւնը կը կաշկանդուի, անոնք կրնան ընդվզիլ։ Անոնք թերեւս սկսին հարց տալ. «Ասիկա ինչո՞ւ եկաւ գլխուս»։

7. Յոբի հիւանդութեան նկատմամբ ի՞նչ եղաւ անոր կնոջ հակազդեցութիւնը, եւ ան հաւանաբար ի՞նչ բան մոռցած էր։

7 Հաւանաբար այսպիսի բան մը անցաւ Յոբի կնկան մտքէն։ Մի՛ մոռնաք որ ան արդէն իր զաւակները կորսնցուցած էր։ Մինչ այս աղէտները մէկը միւսին կը յաջորդէր, անկասկած ան երթալով աւելի շփոթեցաւ։ Վերջապէս, երբ նախապէս գործունեայ ու աշխոյժ ամուսնոյն տառապանքն ու զզուելի հիւանդութիւնը տեսաւ, այնպէս կ’երեւի թէ ան մոռցաւ այն հիմնական ազդակը որ բոլոր ողբերգութիւնները կը գերազանցէ, որ է, իր եւ իր ամուսնոյն ունեցած յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Յոբի] կինը ըսաւ անոր. ‘Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր’»։—Յոբայ 2։9

8. Երբ ընտանիքի անդամ մը շատ հիւանդ է, ո՞ր համարը պիտի օգնէ միւս անդամներուն որ պատշաճ տեսակէտ մը պահեն։

8 Շատեր յուսախաբ կ’ըլլան, նոյնիսկ կը զայրանան, երբ ուրիշի մը հիւանդութեամբ իրենց կեանքը հիմնական փոփոխութեան ենթարկուի։ Սակայն, կացութեան վրայ խորհող Քրիստոնեայ մը պիտի անդրադառնայ որ ասիկա իրեն առիթ կու տայ որ իր սիրոյ հարազատութիւնը ցոյց տայ։ Իրական սէրը «երկայնամիտ է, . . . [եւ] իրենը չի փնտռեր . . .։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4-7) Ուստի, փոխանակ թոյլ տալու որ բացասական զգացումներ ձեզ պատեն, կենսական է որ լաւագոյն կերպով զանոնք զսպէք։—Առակաց 3։21

9. Երբ ընտանիքի անդամ մը լուրջ հիւանդութիւն ունենայ, ո՞ր խոստումը հոգեւոր եւ զգացական գետնի վրայ կրնայ օգնել ընտանիքին։

9 Ի՞նչ կարելի է ընել ընտանիքին հոգեւոր եւ զգացական բարօրութիւնը պահպանելու համար, երբ անոր անդամներէն մէկը լուրջ հիւանդութիւն մը ունի։ Անշուշտ, իւրաքանչիւր հիւանդութիւն մասնայատուկ հոգածութիւն եւ խնամք կը պահանջէ եւ յարմար պիտի չըլլար այս հրատարակութեամբ յանձնարարել բժշկական կամ տնային խնամքի որեւէ տեսակ։ Այսուհանդերձ, հոգեւոր առումով, Եհովա «բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ»։ (Սաղմոս 145։14) Դաւիթ Թագաւոր գրեց. «Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։ Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։ Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա, . . . Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ»։ (Սաղմոս 41։1-3) Եհովա իր ծառաները հոգեւորապէս առողջ կը պահէ, նոյնիսկ երբ անոնք իրենց կարողութենէն վեր զգացական գետնի վրայ փորձութեան մէջ ըլլան։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Իրենց տան մէջ լուրջ հիւանդութիւն ունեցող ընտանիքի անդամներէն շատեր սաղմոսերգուին խօսքերը արձագանգած են, որ ըսաւ. «Շատ նեղացայ, ո՛վ Տէր, կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ»։—Սաղմոս 119։107

ԲՈՒԺԻՉ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

10, 11. (աՈրպէսզի ընտանիք մը հիւանդութեան հետ յաջողութեամբ գլուխ ելլէ, ի՞նչ բան կենսական է։ (բԿին մը իր ամուսնոյն հիւանդութեան հետ ի՞նչպէս գլուխ ելաւ։

10 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդուն հոգին իր հիւանդութեանը կը համբերէ, բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել»։ (Առակաց 18։14) Վիշտը կրնայ ընտանիքին տրամադրութեան ազդել, ինչպէս նաեւ՝ «մարդուն հոգի»ին։ Սակայն «հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է»։ (Առակաց 14։30) Ընտանիքի մը անդամներուն կեցուածքէն եւ անոնց ունեցած տրամադրութենէն կախեալ է թէ ընտանիքը յաջողութեամբ պիտի դիմագրաւէ՞ լուրջ հիւանդութիւն մը թէ՝ ոչ։—Բաղդատել՝ Առակաց 17։22։

11 Քրիստոնեայ կին մը ամուսնութենէն միայն վեց տարի ետք, ստիպուեցաւ կաթուածով մը անկարող դարձած իր ամուսնոյն հոգ տանիլ։ «Ամուսինիս խօսակցութիւնը ծանրացած էր եւ գրեթէ անկարելի էր հետը խօսակցիլ», կը յիշէ ան։ «Մեծ դժուարութեամբ իր ըսածը հասկնալու համար, մտային շատ մեծ ջանք կը թափէի»։ Պահ մը երեւակայեցէք թէ ամուսինը որքան տանջանք ու յուսահատութիւն կրեց։ Այս զոյգը ի՞նչ ըրաւ։ Թէեւ քրիստոնէական ժողովքէն բաւական հեռու կը բնակէին, հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու համար, քոյրը իր կարելին ըրաւ, կազմակերպութեան վերջին տեղեկութիւններուն, ինչպէս նաեւ, Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մատակարարած հոգեւոր կերակուրին հետ շարունակելով քայլ պահել։ Ասիկա իրեն ոյժ տուաւ որ իր սիրելի ամուսնոյն հոգ տանի մինչեւ անոր մահը, որ չորս տարի ետք տեղի ունեցաւ։

12. Ինչպէս տեսանք Յոբի պարագային, երբեմն հիւանդ եղողը ի՞նչպէս կրնայ նպաստել իր ընտանիքին։

12 Յոբի պարագային, ինք՝ տառապողն էր, որ զօրաւոր մնաց։ «Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք», ըսաւ իր կնոջ։ (Յոբայ 2։10) Զարմանալի չէ որ Յակոբոս աշակերտ հետագային Յոբը որպէս համբերութեան աչքառու տիպար մը յիշեց։ Յակոբու 5։11–ի մէջ կը կարդանք. «Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։ Նոյնպէս ներկայիս, շատ մը պարագաներուն, ընտանիքի հիւանդ անդամին քաջարի կեցուածքը կը նպաստէ որ տան մէջ միւսները դրական տեսակէտ մը պահեն։

13. Լուրջ հիւանդութիւն ունեցող ընտանիք մը ի՞նչ բաղդատութիւն պէտք չէ ընէ։

13 Տան մէջ հիւանդ պարագայ ունեցողներէն շատեր կը համաձայնին, որ սովորաբար ընտանիքի անդամները սկիզբը դժուարութեամբ կը դիմագրաւեն իրողութիւնը։ Անոնք նաեւ կը նշեն որ չափազանց կարեւոր է որ անհատ մը ի՛նչ կերպով կը դիտէ կացութիւնը։ Սկիզբը, տան սովորոյթին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելը եւ վերաճշդումներ ընելը կրնան դժուար ըլլալ։ Բայց եթէ անհատը իրապէս ջանք թափէ, կրնա՛յ նոր կացութեան հետ հաշտուիլ։ Ասիկա ընելու համար, կարեւոր է որ մեր պարագաները չբաղդատենք ընտանիքին մէջ հիւանդութիւն չունեցողներու պարագային հետ, խորհելով որ անոնց կեանքը աւելի դիւրին է եւ թէ ‘ասիկա արդար չէ’։ Արդարեւ, ոեւէ մէկը չի գիտեր թէ ուրիշներ ի՛նչ բեռներ կը կրեն։ Բոլոր Քրիստոնեաներուն ալ հանգստութիւն կու տան Յիսուսի խօսքերը. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։—Մատթէոս 11։28

ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼ

14. Ի՞նչպէս կարելի է պատշաճ նախապատուութիւններ դնել։

14 Լուրջ հիւանդութեան մը դիմաց, լաւ է որ ընտանիք մը յիշէ ներշնչուած հետեւեալ խօսքերը. «Խորհրդատուներու շատութիւնով յաջողութիւն կ’ըլլայ»։ (Առակաց 15։22, ՆԱ) Ընտանիքի անդամները կրնան իրարու քով գալ եւ հիւանդութեան պատճառած կացութեան մասին խօսակցիլ։ Շատ տեղին պիտի ըլլայ ասիկա աղօթքով նկատի առնել եւ Աստուծոյ Խօսքին դիմել՝ առաջնորդութեան համար։ (Սաղմոս 25։4) Այսպիսի խօսակցութեան մը մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պէտք է առնուին։ Հաւանաբար, բժշկական, նիւթական եւ ընտանեկան որոշումներ կան, որոնք պէտք է նկատի առնուին։ Գլխաւորաբար ո՞վ պիտի խնամէ հիւանդը։ Ընտանիքի անդամները ի՞նչպէս կրնան համագործակցիլ։ Եղած կարգադրութիւնները ի՞նչպէս պիտի ազդեն ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին։ Գլխաւոր հոգատարին հոգեւոր եւ այլ կարիքներուն ի՞նչ կերպով հոգ պիտի տարուի։

15. Եհովա ի՞նչ օգնութիւն կրնայ հայթայթել այն ընտանիքներուն, որոնք լուրջ հիւանդութեան պարագայ մը ունին։

15 Եհովայի առաջնորդութեան համար սրտանց աղօթելը, իր Խօսքին վրայ խորհրդածելը եւ Աստուածաշունչի մատնանշած ճամբուն քաջութեամբ հետեւիլը, մեր ակնկալածէն աւելի օրհնութիւններ կրնան բերել։ Հիւանդութիւնը թերեւս չբարելաւուի։ Բայց ի՛նչ ալ ըլլայ կացութիւնը, Եհովայի ապաւինիլը միշտ լաւագոյն արդիւնքը կու տայ։ (Սաղմոս 55։22) Սաղմոսերգուն գրեց. «Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր. իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։—Սաղմոս 94։18, 19. տես նաեւ՝ Սաղմոս 63։6-8։

ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼ

Երբ ընտանիքը համագործակցի, խնդիրները կը լուծուին

16, 17. Երբ երախաներուն հետ կը խօսիք իրենց քրոջ կամ եղբօր հիւանդութեան մասին, ի՞նչ բաներ կրնաք անոնց հասկցնել։

16 Ընտանիքին մէջ լուրջ հիւանդութիւն մը երախաներուն խնդիրներ կրնայ յարուցանել։ Կարեւոր է որ ծնողներ երախաներուն հասկցնեն թէ ի՛նչ բանի կարիքը կայ եւ թէ իրենք ի՛նչպէս կրնան օգնել։ Եթէ հիւանդացողը երախայ մըն է, անոր քոյր–եղբայրներուն պէտք է հասկցնել որ հիւանդին տրուած յաւելեալ ուշադրութիւնը չի նշանակեր որ իրենք նուազ սիրուած են։ Փոխանակ թոյլ տալու որ ընդվզում կամ մրցակցութիւն զարգանայ, ծնողներ կրնան միւս երախաներուն օգնել որ իրարու հանդէպ աւելի մտերմութիւն ու անկեղծ սէր ցոյց տան, մինչ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հիւանդութեան պատճառած կացութեան հետ գլուխ ելլելու։

17 Անչափահաս երախաները յաճախ աւելի դիւրին կ’ընդառաջեն, եթէ ծնողները անոնց զգացումներուն կոչ ընեն, փոխանակ հիւանդութեան մասին մանրամասն բացատրութիւն տալու։ Ուստի, կարելի է անոնց կարգ մը տեղեկութիւններ տալ թէ հիւանդը ի՛նչ բաներէ կ’անցնի։ Եթէ առողջ երախաները տեսնեն թէ հիւանդութիւնը ի՛նչպէս արգելք կը հանդիսանայ որ հիւանդը իրենց ըրած բաներէն շատերը չկարենայ ընել, շատ հաւանաբար անոնց ‘եղբայրասիրութիւնը’ աւելնայ եւ աւելի «կարեկից» ըլլան։—Ա. Պետրոս 3։8

18. Աւելի չափահաս երախաներուն ի՞նչպէս կարելի է օգնել որ հիւանդութեան պատճառած խնդիրները հասկնան, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ իրենց։

18 Աւելի չափահաս զաւակներուն պէտք է հասկցնել որ դժուար կացութեան մը առջեւ կը գտնուին եւ թէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամէ զոհողութիւն կը պահանջուի։ Բժիշկի այցեգիներուն եւ դեղերու վճարումներուն պատճառաւ, կրնայ ըլլալ որ ծնողքը կարողութիւն չունենայ իր ուզած չափով միւս երախաներուն պէտք եղածը հայթայթել։ Ասոր համար երախաները պիտի ընդվզին եւ խորհին որ կը զրկուի՞ն, թէ ոչ կացութիւնը հասկնալով հարկ եղած զոհողութիւնները պիտի ընեն։ Ասիկա մեծաւ մասամբ կախեալ է թէ հարցը ի՛նչպէս անոնց կը ներկայացնէք եւ թէ ընտանիքին մէջ ի՜նչ հոգի կը տիրէ։ Արդարեւ, շատ մը ընտանիքներու մէջ, ընտանիքի անդամի մը հիւանդութիւնը մարզած է երախաները որ Պօղոսի խրատին հետեւին. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»։—Փիլիպպեցիս 2։3, 4

ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԽՆԱՄՔԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ ՆԿԱՏԵԼ

19, 20. (աԵրբ ընտանիքի անդամ մը հիւանդ է, տան գլուխը ի՞նչ պատասխանատուութեան առջեւ կը գտնուի։ (բԹէեւ Աստուածաշունչը բժշկական գիրք մը չէ, սակայն հիւանդութիւնը ձեռք առնելու մասին ի՞նչ կերպով ուղղութիւններ կու տայ։

19 Հաւասարակշռուած Քրիստոնեաներ բժշկական խնամքներու շուրջ առարկութիւն չեն ըներ, այնքան ատեն որ անիկա Աստուծոյ օրէնքին հակառակ չէ։ Երբ ընտանիքի անդամ մը հիւանդանայ, հիւանդին տառապանքը նուազեցնելու համար օգնութեան կը փութան։ Անշուշտ, հարկ է արհեստավարժներու հակասական կարծիքները կշռել։ Ասկէ զատ, վերջին տարիներուն նոր հիւանդութիւններ եւ խանգարումներ երեւան եկած են, որոնցմէ շատերուն համար միաձայնութեամբ ընդունուած դարման մը չկայ։ Նոյնիսկ երբեմն դժուար է շիտակ ախտաճանաչումներ ձեռք ձգել։ Արդ, Քրիստոնեայ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։

20 Հակառակ անոր որ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը բժիշկ էր, եւ Պօղոս առաքեալ իր բարեկամին՝ Տիմոթէոսի՝ բժշկական խրատ մը տուաւ, սակայն Աստուածաշունչը բարոյական եւ հոգեւոր ուղեգիրք մըն է եւ ոչ թէ՝ բժշկական։ (Կողոսացիս 4։14. Ա. Տիմոթէոս 5։23) Հետեւաբար, բժշկական խնամքի հարցերուն մէջ, Քրիստոնեայ տան գլուխները հաւասարակշռուած որոշումներ պէտք է տան։ Թերեւս մէկէ աւելի մասնագէտներու կարծիքը առնեն։ (Բաղդատել՝ Առակաց 18։17։) Վստահաբար անոնք մատչելի լաւագոյն օգնութիւնը կը փափաքին իրենց ընտանիքի հիւանդ անդամին համար, եւ շատեր ասիկա կը փնտռեն սովորական բժիշկներու մօտ։ Ոմանք աւելի հանգիստ կը զգան ոչ–աւանդական ախտաբուժումներով։ Ասիկա ալ անձնական որոշում մըն է։ Առողջապահական խնդիրներու մէջ ալ Քրիստոնեաները ‘Աստուծոյ խօսքը իրենց ոտքերուն ճրագ ու իրենց շաւիղներուն՝ լոյս’ կ’ընեն։ (Սաղմոս 119։105) Անոնք կը շարունակեն Աստուածաշունչի ցուցմունքներուն հետեւիլ։ (Եսայեայ 55։8, 9) Հետեւաբար, անոնք կը մերժեն ախտաճանաչման այն կերպերը, որոնք ոգեհարցութեան հետ կապ ունին, եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները բեկանող բուժումներէն կը խուսափին։—Սաղմոս 36։9. Գործք 15։28, 29. Յայտնութիւն 21։8

21, 22. Ասիացի կին մը Աստուածաշունչի սկզբունքներէն մէկուն մասին ի՞նչ կերպով տրամաբանեց, եւ ի՞նչպէս փաստուեցաւ որ անոր տուած որոշումը շիտակ էր։

21 Երիտասարդ Ասիացի կնոջ մը պարագան նկատի առէք։ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու սկսելէն քիչ ետք, ան աղջիկ երախայի մը կանխահաս ծնունդ տուաւ, որ միայն 1,470 կրամ կը կշռէր։ Կինը ջախջախուած զգաց, երբ բժիշկ մը իրեն ըսաւ որ մանուկը մտային լուրջ դանդաղում պիտի ունենար եւ բնաւ քալելու կարող պիտի չըլլար։ Ան խրատեց որ մանուկը հաստատութեան մը յանձնէ։ Ամուսինը չկրցաւ որոշումի մը յանգիլ։ Ուստի կինը որո՞ւ դիմէր։

22 Ան կ’ըսէ. «Յիշեցի որ Աստուածաշունչէն սորված էի, թէ ‘տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. որովայնին պտուղը անոր պարգեւն է’»։ (Սաղմոս 127։3) Ան որոշեց այս «ժառանգութիւն»ը տուն բերել ու անոր հոգ տանիլ։ Սկիզբը շատ դժուար եղաւ, բայց Եհովայի Վկաներու տեղւոյն ժողովքին մէջ գտնուող Քրիստոնեայ բարեկամներու օգնութեամբ, կինը կրցաւ մանուկին հարկ եղած խնամքն ու մասնաւոր օգնութիւնը տալ։ Տասներկու տարի ետք, երախան Թագաւորութեան Սրահի մէջ տեղի ունեցած ժողովներու կը յաճախէր եւ հոն գտնուող երախաներուն ընկերակցութիւնը կը վայելէր։ Մայրը կը բացատրէ. «Որքա՜ն երախտապարտ եմ որ Աստուածաշունչի սկզբունքները զիս մղեցին որ շիտակը ընեմ։ Աստուածաշունչը ինծի օգնեց որ Եհովա Աստուծոյ առջեւ մաքուր խղճմտանք մը ունենամ եւ ոչ թէ կեանքիս մնացեալ օրերուն մէջ խղճահարուիմ»։

23. Աստուածաշունչը ի՞նչ մխիթարութիւն կու տայ հիւանդներուն եւ անոնց հոգ տանողներուն։

23 Հիւանդութիւնը յաւիտեան մեզի հետ պիտի չմնայ։ Եսայի մարգարէն մատնանշեց ժամանակի մը, երբ «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Այդ խոստումը պիտի կատարուի մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ։ Մինչ այդ սակայն, ստիպուած ենք հիւանդութեան ու մահուան դէմ պայքարիլ։ Բարեբախտաբար, Աստուծոյ Խօսքը մեզի առաջնորդութիւն եւ օգնութիւն կը մատուցանէ։ Աստուածաշունչի հայթայթած վարքի հիմնական կանոնները մնայուն արժէք ունին եւ անոնք անկատար մարդոց յարափոփոխ կարծիքներէն գերիվեր են։ Հետեւաբար, իմաստուն անհատ մը կը համաձայնի սաղմոսերգուին հետեւեալ գրութեան հետ. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ։ Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։ . . . Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են։ . . . Զանոնք պահելուն վարձքը շատ է»։—Սաղմոս 19։7, 9, 11